ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

ՏՈՄԻՆԻՔԵԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ. ՄԱՔՍԱՆԵՆԳՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՁԵՒ ՄԸ

Մաքսանենգութիւնը դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցող ապօրինի միջոց մըն է՝ որ կը գործածուի արագ ձեւով հարստանալու համար։ Մաքսանենգները ընդհանրապէս ճարպիկ մարդիկ են, որոնք յաճախ կ՚օգտագործեն պարզամիտ, անմեղ անհատներ՝ որովհետեւ անոնք աչքի չեն զարներ, մաքսատուներու գործողութեանց ընթացքին։

Կը պատահի սակայն որ այդ անմեղ մարդիկը երբեմն զոհ կ՚երթան՝ կա՛մ կասկածի առիթ տալով եւ կամ ալ մատնութեան ենթարկուելով… Իսկ անոնց պատիժը կ՚ըլլայ բանտարկութիւն եւ տուգանք՝ որ կը տարուբերի ըստ մաքսանենգուած ապրանքի որակին եւ անշուշտ քանակին։

Հիմա անցնինք մեր բուն նիւթին։ Ուրեմն, Տոմինիքեան Հանրապետութեան մաքսատան պաշտօնատարներէն մին յայտնած, է թէ ձերբակալած են 40-ամեայ կին մը՝ որու ստամոքսին մէջ գտած են 70 հազար տոլար, իսկ անոր պայուսակին մէջ՝ 69 հազար տոլար։ Այդ կինը՝ որու ինքնութիւնը չեն յայտնած, կու գար Պրիւքսելէն։

Վերոյիշեալ ձերբակալութիւնը տեղի ունեցած է Տոմինիքեան Հանրապետութեան Փունթա Քանա ծովեզերեայ քաղաքի օդակայանին մէջ։ Ծովեզերեայ այդ քաղաքը զբօսաշրջիկներու նախընտրած մէկ վայրն է, Քարիպեան ծովու ափին։

Գալով մեր կնկան, որ 70 հազար տոլար պահած է իր ստամոքսին մէջ, ան այդ գումարը բաժնած է վեց մասերու եւ զետեղած յատուկ խցիկներու (capsule) մէջ։ Ի՜նչ երեւակայութիւն եւ ի՜նչ յանդգնութիւն…

Պատկան պաշտօնատարները կը խորհին, թէ այդ գումարը առընչութիւն ունի թմրեցուցիչներու մաքսանենգութեան հետ եւ հաւանաբար մանրակրկիտ քննութիւններ անպայման պիտի յայտնաբերեն՝ անոր ետին գործող իսկական դերակատարները:

ՃԱՇԱՐԱՆ՝ ԲԱՆՏԻ ՇՐՋԱՓԱԿԻՆ ՄԷՋ

Այո, տուեալ օրը՝ բանտարկեալները սպասարկեցին ընթրիքի մը, որու ընթացքին կային 138 հիւրեր։ 13-րդ դարէն մնացած այդ բանտը կը գտնուի Իտալիոյ Թոսքանա շրջանի Վոլթերրա քաղաքին մէջ։

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ բանտի այդ ճաշարանը՝ իր գոյութեան տասնմէկ տարիներու ընթացքին, ընթրիք սպասարկած է շուրջ 14 հազար հիւրերու եւ գոյացուցած՝ 140 հազար տոլար, որ կը գործածուի բարեսիրական նպատակներու։ Պէտք է նշենք սակայն, որ բանտի այդ ճաշարանը տարուան ընթացքին կը գործէ միայն ութ գիշեր ։

Չմոռնամ ըսելու, որ խմիչքն ու աղանդերները կը սպասարկուին բակին մէջ, իսկ պաշտօնական ընթրիքը՝ բանտի մատուռին մէջ։

Բանտի ճաշարանը աշխատող եւ բանտարկութեան իր շրջանը աւարտող երեսուն անձեր այսօր կ՚աշխատին ճաշարաններու մէջ եւ անոնցմէ մէկն ալ արդէն իսկ դարձած է ճաշարանապետ…

Ռոզարիոյ բանտարկեալներէն մին է, որ դատապարտուած է մարդասպանութեամբ եւ ենթարկուած քսանվեց տարուան բանտարկութեան։ Վիթոն ուրիշ բանտարկեալ մըն է, որ դարձեալ մարդասպանութեամբ դատապարտուած ըլլալով՝ ենթարկուած է ձկեանս բանտարկութեան։

Երբ անոնց հարցուցած են, թէ ի՞նչ հաճոյք կը ստանան աշխատելով բանտի ճաշարանին մէջ եւ սպասարկելով ընթրիք, անոնք պատասխանած են, թէ գէթ մի քանի ժամով՝ ազատութիւն կը ճաշակեն, բանտի շրջափակին մէջ։ Հոս պէտք է անմիջապէս յիշել, որ զինեալ բանտապահներ՝ տանիքներուն վրայէն կը հսկեն բանտարկեալներու իւրաքանչիւր շարժուձեւերը, որպէսզի յանկարծ միջադէպ մը չխանգարէ «ռոմանթիք» մթնոլորտը։

Մարիան՝ բանտի կառավարիչը, դիտել տուած է, որ արհեստավարժ խոհարարապետներ կը վարձուին, որպէսզի բանտ գան եւ յատուկ դասընթացքներով վարժեցնեն բանտարկեալները՝ թէ՛ կերակուր եփելու եւ թէ ալ ճաշը սպասարկելու։ Բանտարկեալները ծեծի ենթարկելէն աւելի լաւ չէ՞ այս մէկը, դուք ըսէք:

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Ուրբաթ, Օգոստոս 11, 2017