ՎԷՊ ԿԱՐԴԱԼՈՒ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Գիրք կարդալը ունի բազում առաւելութիւններ՝ յատկապէս մտաւոր եւ հոգեբանական կարողութիւններու զարգացման առումով: Իւրաքանչիւր գիրք անսահման հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ՝ նոր գաղափարներու հաղորդ դառնալու համար: Հոգեբանութեան եւ առողջապահական գիտութիւններու ոլորտներու բազում հետազօտողներ կը յայտնեն, որ վէպ կարդալը օգտակար է հոգեկան առողջութեան համար։ Վէպերը տարբեր են այլ երկերէ, որովհետեւ անոնք չեն կրնար հեշտութեամբ դասակարգուիլ՝ ըստ որոշ ժանրերու կամ ենթաժանրերու։ Այս տեսակի վէպերը հիմնուած են կերպարներու վրայ եւ յաճախ ներշնչուած են իրական կեանքէն: Նրբօրէն հիւսուած պատումները ո՛չ միայն կը սնուցանեն մեր երեւակայութիւնը, այլեւ կը խթանեն մտածելու նոր եւ ստեղծագործ ձեւերը՝ կ՚օգնեն հասկնալ մեզի անծանօթ գաղափարները կամ մօտեցումները: Արդարեւ, ամենալաւագոյնը այս ժամանակներուն նստիլ եւ վէպ կարդալն է: Ինչպէս աւելի առաջ ալ նշեցինք, վէպ կարդալու առաւելութիւնները անսահման են, նոյնիսկ չափազանց օգտակար: Թոյլ տուէք բացատրել, թէ ինչո՞ւ...

ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԱԶԵՑՈՒՄ

2009 թուականին Սասեքսի համալսարանին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ վէպ կարդալը կրնայ զգալիօրէն նուազեցնել ճնշուածութեան մակարդակը (Cunningham & Macdonald, 2009): Այս հետազօտութեան ընթացքին մասնակիցներու ճնշուածութեան մակարդակը նուազած է 68 տոկոսով՝ ընդամէնը վեց վայրկեան ընթերցանութենէն յետոյ: Սա կը նշանակէ, որ ընթերցանութիւնը հոգեկան հանգստութիւն կու տայ՝ շեղելով մարդոց ուշադրութիւնը առօրեայ խնդիրներէն եւ զանոնք ներքաշելով պատմութիւններու մէջ: Ուրեմն, մասնագէտները կը յանձնարարեն՝ առօրեայ հեւքէն ազատելու համար կարդալ վէպեր։

ՄՏԱՅԻՆ ԵՒ ՀՈԳԵԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

2013 թուականին իրականացուած ուսումնասիրութիւնը ապացուցանած է, որ վէպ կարդալը կրնայ զարգացնել համակրական զգացումի ու կարեկցանքի ընդունակութիւնները (Bal & Veltkamp, ​​2013): Վիպային հերոսներու կեանքին ու յուզական վիճակներուն ներթափանցելը կրնայ ընթերցողը մղել ունենալու առաւել համակրական զգացում՝ իրեն ծանօթ մարդոց նկատմամբ: Մասնագէտները նաեւ կ՚ըսեն, որ վէպերը կրնան օգտակար հանդիսանալ ընթերցողներուն, որպէսզի դառնան աւելի լայնախոհ եւ հասկացողութեան տէր՝ հնարաւորութիւն տալով անոնց աւելի լաւ հասկնալ տարբեր մշակոյթները եւ ուրիշներու փորձառութիւները: Նեղ աշխարհի մը մէջ ապրելու փոխարէն, կարելի է սահմանները ընդլայնել՝ իւրաքանչիւր վէպի հնարաւորութիւններով։

ՃԱՆԱՉՈՂԱԿԱՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

2011-ին տեղի ունեցած այլ ուսումնասիրութենէ մըն ալ ծնունդ առած է այլ տեսութիւն մը, ըստ որու բարդ գեղարուեստական ստեղծագործութիւնները կրնան զարգացնել աւելի բազմակողմանի մտածելակերպի եւ քննադատական ​​վերլուծութեան հմտութիւններ (Kidd & Castano, 2013): Վէպ կարդալը կը խրախուսէ ճանաչողական ճկունութիւնը եւ ստեղծագործական ընդունակութիւնները այնպիսի պատմութիւններով, որոնք կը բացայայտեն զանազան տեսանկիւններ։ Այսինքն, ըստ հետազօտողներու, վէպ մը կարդալու ժամանակ ուղեղը կը զարգանայ ու կը ծաղկի։

ՈՒՂԵՂԻ ԳՈՐԾԱՌՈՅԹՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒՄ

2013 թուականին հրապարակուած այլ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին կարդալու սովորութիւնը կրնայ կանխել ճանաչողութեան կորուստը ծերութեան ժամանակ: Ըստ անոր արդիւնքին՝ ընթերցանութիւնը կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ ուղեղի գործառոյթներու պահպանման համար:

Այս բոլոր տուեալները ի յայտ կը բերեն ընթերցանութեան մասին հասարակաց յայտարար մը՝ պէտք է ներգրաւուիլ կերպարներու պատմութիւններու մէջ, որոնք կը զարդարեն մերձաւոր, հեռաւոր կամ երեւակայական աշխարհները։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2023