ՓՐՈՖ. ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ MIT-Ի ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԿՈՉՄԱՆ

Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու միշտ գիտական աշխարհի օրակարգին վրայ կը մնայ իր արձանագրած փայլուն յաջողութիւններով։ Ան 1993 թուականէն ի վեր ակադեմական գործունէութիւնը կը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու ամենահեղինակաւոր համալսարաններէն՝ Մասաչուսեցի փորձագիտական կաճառին (MIT) մէջ։ Տարօն Աճէմօղլու վերջերս արժանացած է MIT-ի բարձրագոյն կոչման ու ճանչցուած՝ որպէս «կաճառի փրոֆեսէօր»։ Կառավարութիւններու, նորարարութեան, վաստակի եւ համաշխարհայնացման նիւթերուն շուրջ Տարօն Աճէմօղլուի կողմէ կատարուած աշխատանքները միշտ լայն արձագանգ կը ստեղծեն ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ներկայ 2019 թուականին ան եղած է MIT-ի այս բարձրագոյն կոչման արժանացած երկու դասախօսներէն մին։ Միւս անունն է քաղաքագէտ Սիւզան Պերժէ։ Այսպէսով այս երկու գիտնականները մասնակից դարձած կ՚ըլլան այն շատ նեղ, շատ սակաւաթիւ ակադեմականներու խմբակին, որու անդամները կը կրեն MIT -ի կաճառի փրոֆեսէօրի տիտղոսը։ Ներկայիս MIT -է ներս կը գտնուի 11 «էմերիթուս» կաճառի փրոֆեսէօր։ Կայ նաեւ 12 կաճառի փրոֆեսէօր։ Հարկ է նշել, որ 2015 թուականէն ի վեր առաջին անգամ MIT-է ներս երկու գիտնականի շնորհուած է կաճառի փրոֆեսէօրի կոչում եւ այդ երկու գիտնականներէն մին է Տարօն Աճէմօղլու։

MIT-ի վերատեսուչ Ռաֆայէլ Ռէյֆ այս առթիւ ըսաւ. «Կաճառի փրոֆեսէօր մը ըլլալով՝ Տարօն Աճէմօղլու կը մարմնաւորէ MIT-ի բնոյթը. համարձակութիւն, նախանձախնդրութիւն եւ համաշխարհային մակարդակով իսկական ազդեցութիւն»։ Վերատեսուչը յիշեցուց, որ «Քլարք» մետայլը նուաճելէն ի վեր Տարօն Աճէմօղլու յառաջատար նպաստ մը բերած է տնտեսագիտութեան գրականութեան եւ արձանագրած՝ ակադեմական բացառիկ յաջողութիւն մը։ «Իր ստեղծագործութիւնը կը խտացնէ ազգերու, հաւաքականութիւններու եւ բանուորներու ճակատագրի նման խոր նիւթերու վրայ եւ մեր ժամանակներուն մէջ այդ բոլորի համաշխարհային մակարդակով աւելի լաւ ընկալման տեսակէտէ սա շատ կարեւոր պիտի ըլլայ», աւելցուց վերատեսուչը։

MIT-է ներս նուաճած կոչման զուգահեռ՝ Տարօն Աճէմօղլու այս ամիս ստացաւ նաեւ Համաշխարհային տնտեսութեան կաճառի «Կլոպալ տնտեսութեան» մրցանակը։

Յառաջիկայ սեպտեմբերին ալ լոյս պիտի տեսնէ Տարօն Աճէմօղլուի նոր գիրքը, որ կը կոչուի «Նեղ միջանցք»։ Սա պիտի ըլլայ իր հեղինակած հինգերորդ գիրքը։ Այդ գործը համաշխարհային հայեացք մը կ՚ապահովէ՝ զարգացման ու անհատական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու նիւթերուն վրայ։

Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու ցայսօր աւելի քան վեց տասնեակ տոքթորականի թեկնածուի գիտական խորհրդականը եղած է։ Ան ունի նաեւ աւելի քան 120 գիտական յօդուած։

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019