ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

Հայ Առաքելական եկեղեցին կը պատրաստուի Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին: Տիրամօր նուիրուած տօներէն ամենէն հինն է այս մէկը, որուն ուրախութեամբ կը սպասէ եւ կը դիմաւորէ հաւատացեալ ժողովուրդը:

Հայկական աւանդութեան համաձայն, Տիրամօր պատկերը տրուած է Բարթուղիմէոս առաքեալին, որ ալ զայն բերած է Հայք։ Այնուհետեւ Անձեւեաց գաւառին մէջ կառուցած են Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, ապա կուսանոց եւ Հոգեաց վանքը, իսկ պատկերը դրուած է այնտեղ։

Դարերու ընթացքին սրբապատկերին հետքերը կորսուած են, բայց մնացած է տօնը եւ Աստուածածնի անունը կրող եկեղեցիներ ու վանքեր ուխտի երթալու սովորութիւնը։ Հարիւրաւոր ուխտաւորներ այս շաբաթ, շաբաթապահք բռնելէ զատ, նաեւ ուխտի կ՚երթան Սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցիներ:

Այս կիրակի, Ս. Պատարագէն յետոյ, հաւատացեալները կը սպասեն օրհնուած ողկոյզներուն, որոնք դարեր շարունակ, աւանդութեան համաձայն, կը բաժնուին ժողովուրդին: Խաղողօրհնէքը խնդութիւն կը բերէ տօնի խորհուրդին եւ կը յիշեցնէ հնագոյն պատմութիւնը այն մասին, թէ ինչպէս օրհնուեցան առաջին հատիկները խաղողներուն: Աւանդութիւնը կ՚ըսէ, որ դրախտէն արտաքսուելէ յետոյ քանի որ մարդը իշխան էր կարգուած ամբողջ երկրի վրայ, ուստի ան անիծուելով՝ կ՚անիծուի նաեւ անոր ամբողջ իշխանութիւնը, այսինքն՝ ամբողջ երկիրը՝ իր կենդանիներով ու բոյսերով հանդերձ: Իսկ երբ Միածին Որդիի գալուստով կրկին կ՚օրհնուի մարդկային բնութիւնը, ապա վերստին կ՚օրհնուին նաեւ բոլոր զգալի արարածները: Սակայն բոլոր պտուղներէն առաւել կ՚օրհնուի խաղողին ողկոյզը, քանի որ Տէրը, խաղողին որթը, ամենազօրաւոր ծառերէն աւելի վեր բարձրացուց եւ պատուեց առաւել, քան միւս տնկիները՝ Իսկ Տիրոջը սիրով կապուածներուն ճիւղեր անուանեց եւ Հօրը՝ Մշակ, որպէսզի Հայրը, էտելով որթատունկը՝ զայն պտղաբեր ընէ արդարութեան գործին մէջ, իսկ էտուած ճիւղերը յաւիտենական կրակի նիւթ դարձնէ: Այնուհետեւ գինին՝ խաղողի արիւնը, Միածին Որդին Իր փրկական Արեան նիւթը ըրաւ եւ Վերնատանը Իր ձեռքերուն մէջ վերցնելով՝ օրհնեց՝ ըսելով. «Այս է Նոր ուխտի Իմ Արիւնը» որով մենք ազատուեցանք մեղքերու ծառայութենէն ու մահէն:

Այդպիսով խաղողը կրկնակի օրհնութեան արժանացաւ՝ օրհնուելով թէ՛ առաջին արարչութեան ժամանակ, թէ՛ երկրորդ, որ ամէն տարի որպէս մեր հանդերու ու այգիներու երախայրիք, կը նուիրենք Աստուծոյ, ինչպէս հին ժամանակ ընդունուած էր, որպէսզի այդ մասնաւոր ընծայով բոլոր պտուղները օրհնութիւն ընդունին:

Աստուածածնի Վերափոխման տօնին, պատարագէն յետոյ կատարուող Խաղողօրհնէքի արարողութեան ժամանակ սարկաւագի քարոզով կը գոհանանք բարերար Աստուծմէ, մեզ առատապէս պարգեւած՝ հանդերու ու այգիներու բերքին համար եւ կը խնդրենք, որ Ան օրհնէ տաճարին ընծայուած խաղողի այս պտուղներն Իր սկզբնական օրհնութեամբ եւ շնորհէ մեզի որպէս գինի ուրախութեան եւ կերակուր առողջութեան՝ հոգիի եւ մարմնի: Միաժամանակ ողջ հաւատացեալ ժողովուրդը կը դիմէ Սուրբ Աստուածածնի բարեխօսութեան, որուն միջոցով մեզի տրուեցաւ կեանքի եւ անմահութեան Պտուղը՝ Յիսուս Քրիստոս:

Հայ ժողովուրդը այս տարի կը խնդրէ նաեւ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը Արցախի համար, եւ մեծ յոյսերով կը հաւատայ, որ այս տօնը լոյս բերէ Արցախ աշխարհի վրայ եւ ճամբայ բանայ անոր պաշարուած զաւակներուն համար:

Գեղեցիկ, խորհրդաւոր եւ լուսաբեր Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ կը ներկայացնենք թերթիս հիմնադիրներէն Քասիմի մէկ գրութիւնը՝ նուիրուած մայրերուն, մանաւանդ իր մօրը՝ Մարիամ Գօչունեանին, որուն նաեւ անուանակոչութեան օրն է տաղաւար այս տօնը:

ՄԱՅՐԸ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ

ՔԱՍԻՄ

Վաղը մօրս անուան տօնն է:

Ո՛չ միայն իմ մօրս, այլ աշխարհի ամբողջ քրիստոնեայ մայրերուն, քոյրերուն ու կիներուն անուան տօնն է, զոր մեծահանդէս արարողութիւններով կը տօնէ Քրիստոնեայ Եկեղեցին, անգամ մըն ալ շեշտելու համար, թէ Ինք ո՛րչափ բարձր դիրք կ՚ընծայէ կիներուն եւ գլխաւորապէս՝ մայրերուն:

Մա՜յր: Ա՜խ, ի՜նչ քաղցր, ի՜նչ սիրատենչիկ, ի՜նչ գորովալից անուն, զոր սրտաբուխ գուրգուրանքով կը յեղյեղէ ամէն մարդ, երբ մանաւանդ ցաւ մը կամ վիշտ մը կ՚ունենայ:

Ա՜խ մայրիկ: Այս է յանկերգը ցաւատանջ հիւանդին ու յուսահատ վշտահարին, որ իր մահուան անկողինին մէջ, վերջին շունչը փչած ատեն մօրը կարօտէն ուրիշ բանի չի ցանկար:

Աշխարհի ամենէն ճարտար բժիշկներն ու դեղերը այնչափ չեն կրնար ազդել տառապող ցաւագարի մը վրայ, ո՛րչափ մօր մը խնամոտ գուրգուրանքն ու ջերմ համբոյրները: Հոգ չէ թէ պառաւ, ծեր, կորաքամակ ու հաշմած ըլլայ մայրը, անոր արիւնը կ՚եռեւեփի իր զաւակները տեսնելով, որոնց սպառնացող վտանգ մը, վիշտ մը կամ ցաւ մը առիւծի սիրտ կը հագցնէ տկար ու խեղանդամ մօր:

Ամուսինը կը զզուի, ծառան կը յոգնի, հիւանդապահը կը յուսահատի, զաւակը կը սրտնեղի, բայց մայրը անտրտունջ ու սիրայօժար կը նուիրէ իր անձը հիւանդ ու օգնութեան կարօտ զաւկին, գիշերներ ամբողջ լուսցնելով անոր սնարը ու դեղ դարման մատակարարելով սպառելու վտանգին տակ հեծող հոգեհատորին:

Եւ ո՞վ պիտի կրնար մօր մը չափ գնահատել արժէքը զաւկին: Այն տկար կինը՝ յաճախ տգէտ ու անուս, ի՜նչ զոհողութիւններով մեծցուցած է զաւակը, ինչե՜ր, ինչե՜ր քաշած է զայն կատարեալ մարդ տեսնելու համար. քանի՛ քանի՛ անգամ մահուան դուռը գացած եկած է զաւկին պատճառով:

Ծննդաբերութեան դառն երկունքը: Ո՜հ, Աստուած իմ. կա՞յ աշխարհի մէջ անկէ դժուա՛ր, անկէ վտանգաւոր վիճակ մը, որուն կ՚ենթարկուի ամէն մայր իր զաւկին համար: Մահուան սեմը երթալ, այս է ծննդաբերութիւնը, որուն սակայն աներկիւղ կը խիզախէ մայրը եւ զաւկին անդրանիկ ճիչը սփոփարար զեփիւռի մը նման կը մոռցնէ ամէն ցաւ ու տառապանք:

Ա՛լ անկէ ետքը կը սկսի մօր աշխատութիւնն ու տքնութիւնը, պէպէքը գիշերները մինչեւ լոյս կը ճուայ, մերթ ընդ մերթ խիթեր, ցաւեր կը զգայ, կաթ չ՚առներ, կը նիհարնայ. տան մէջ ամէն ոք կը գանգատի անոր առթած գլխացաւէն. մինակ մայրն է, որ գիշերները մինչեւ լոյս արթուն, լոյսի մը տմոյն ցոլքին տակ զաւկին որրանին հակած՝ կաթ կու տայ անոր, կէս քուն, կէս արթուն կ՚օրէ, ճերմակեղէնները կը փոխէ, օրօր կ՚երգէ, կ՚աղօթէ վրան եւ վերջապէս կ՚ընէ այն ամէնը սիրայօժար ու անտրտունջ, ինչ որ ամենէն մեծ վարձատրութիւն մը անգամ պիտի չկրնար ընել տալ:

Եթէ ընտանիքը աղքատ է եւ կինը ստիպուած է տնական ծախսերուն օգնել, այն ատեն ճշմարիտ մարտիրոս մըն է մայրը զոր ո՛րչափ բարձրացնենք, ո՛րչափ յարգենք, ո՛րչափ ներբողենք՝ քիչ է:

Ալ մարդկութեան սահմանը կը գլէ կ՚անցնի այնպիսին ու գերմարդկային էակներու կարգը կը դասուի. գիշերները հազիւ երկու երեք ժամ կը քնանայ եւ մնացած ժամանակը կը զոհէ աշխատելու եւ պէպէքը խնամելու:

Եւ ի պատիւ մայրերուն, ըսենք թէ անոնց մէջ բազմաթիւ են այս կարգի պաշտելի հրեշտակներ:

Եթէ զաւկին պէպէքութեան շրջանը միայն ըլլար, շատ կարճատեւ պիտի նկատուէր մօրը տառապանքը ու անձնուիրութիւնը: Եւ սակայն մայրական պարտականութիւնը անկէ ետքն է որ ընդարձակ սահման մը կ՚առնէ, ուր խեղճ կինը ամէն օր կը ստիպուի անխտիր աչքը չթարթել զաւկին վրայէն, որպէսզի իր այնչափ խնամքով ու անձնուիրութեամբ կառուցած մարդկային շէնքը անբարոյութեան խորշակէ մը չտապալի:

Զաւակը, տղայ ըլլայ թէ աղջիկ, ճշմարիտ մայրը շարունակ անոնցմով կը զբաղի, առտու իրիկուն սիրտ կը հատցնէ որ սխալ քայլ մը չառնեն անոնք, չար ընկերներու հետ չտեսակցին, անել ճամբաներ չուղղուին, մարդ ըլլան, պատուաւոր դիրք բռնեն, ուրիշին կարօտ չմնան եւ դեռ ասոնց նման հազարաւոր նկատումներ, որոնցմով կը մաշի մօր գորովալից սիրտը:

Եւ ահաւասիկ, հոս է գաղտնիքը մայրական անձնուիրութեան ու գուրգուրոտ խնամքին: Տարիներով նուիրուած այս զոհողութիւնները, տքնութիւններն ու սիրտմաշուքներն են որ թանկագին հանգամանք մը տուած են զաւկին, զոր իր կեանքին գինովը մեծցուած է մայրը ու չի կրնար լքել մինչեւ իր մահուան օրը:

Ասիկա ճշմարիտ մայրն է սակայն: Անդին դժբախտաբար կան կեղծ մայրեր, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի միջոցներով կը խուափին մայր ըլլալու նուիրական պարտականութենէն եւ իրենց սիրուն դիմագիծին, խնամուած արդուզարդին ու մեղրածորան կենցաղագիտութեան տակ կը ծածկեն որդեսպան մայրը, զոր ոչ միայն մարդկութիւնը, համայնքն ու եկեղեցին, այլեւ պատժական օրէնքն ալ խստիւ կը դատապարտէ՝ արիւնարբու ոճրագործի մը հաւասար պատիժ տնօրինելով անոր:

Մայրութեան այս նախատինքները՝ եթէ երբեք իրենց կամքէն անկախ պատճառներով զաւակ ծնին իսկ, բնաւ անոնցմով չեն զբաղիր. իրենց սիրտը նուիրուած է նորաձեւութեան, պչրանքի, արդուզարդի եւ մանաւանդ կարելի եղածին չափ թարմ երեւնալու: Հետեւաբար մայրական զգացումը, գորովը, նուիրականութիւնը բնաւ տեղ չունին հոն: Այս պչրամոլներուն տեսակէտով զաւակը ամենէն մեծ թշնամին է աշխարհիկ կեանքին ու վայելքներուն, ուստի տղացկանութեան շրջանէն ետք կը յանձնեն զայն ստնտուին ու իրենք եթէ այցելութիւններէ ու պտոյտներէ ժամանակ գտնեն, հազիւ հազ կը հաճին հեռուէ հեռու մէկ երկու փաղաքշական խօսք ուղղել անոր՝ միշտ զգուշանալով գրկելէ, որպէսզի պէպէքը չվարժուի իրենց ու միշտ փարած մնայ ստնտուին:

Տղաքներուն չափահասութենէն ետք աւելի համամարդկային է այս հրէշ մայրերուն վարմունքը հանդէպ իրենց զաւկըներուն:

Աղջիկները մանաւանդ պարզապէս հակառակորդներ են պչրամոլին: Կարգուելիք աղջիկ ունենա՜լ, Աստուած իմ, ի՜նչ դժբախտութիւն աշխարհիկ կնոջ համար, որ դեռ ինքզինքը իբր աղջիկ ծախելու յաւակնութիւնը ունի. ըսել է ա՛լ մօտան անցաւ իրեն, ըսել է պառաւցա՛ւ, քառասունն անցա՛ւ, ալ ոչ ոք ուշադրութիւն պիտի դարձնէ իրեն եւ ամէն մարդ աղջկանը վրայ պիտի սեւեռէ ակնարկը:

Այս յիմար մտածումները մղձաւանջը կը դառնան գձուձ մօր ու քանի՛ անոնց անդրադառնայ, նոյնքան վրէժխնդրութիւնը կը գրգռուի աղջկան հանդէպ, բնաւ դուրս ելլել չ՚ուզեր անոր հետ.

«Աղջիկ զաւկին ոտքը կոտրած պէտք է», կ՚ըսէ եւ խստիւ կ՚ընդդիմանայ անոր այցելութեան երթալուն. տան մէջ ալ սպասուհիի դիրքը կու տայ աղջկան եւ չի ներեր որ հիւրերու ներկայութեանը երեւնալով ընկերութիւններու մէջ մտնայ ու երկու խօսք փոխանակէ: Հագուստի, արդուզարդի, գոհարեղէնի մասին միշտ զաւկէն տասնապատիկ գերազանց կ՚ըլլայ անարժան մօր ըղձանքը, որ շարունակ իրմով կը զբաղի եւ մեծ հոգ կը տանի աղջիկը նսեմացնելու:

Անձնուիրութիւնը, զոհողութիւնը, մայրական վսեմ զգացումը բնաւ տեղ չունին այս կարգի կիներու սրտին մէջ, որոնք իրենց զաւկին սիրոյն գիշեր մը իսկ անքուն մնալ չեն յօժարիր, վախնալով որ քնատութիւնը կրնայ վնասել իրենց հռչակուած թարմութեան:

Այս կարգի մայրերը արժանի՞ են արդեօք մայր անուան եւ միթէ հասարակ պչրուհիները ասոնցմէ աւելի աւելի չե՞ն արժեր:

Հասարակ մահկանացուներու մէջ այս կարգի հրէշներ հազուադէպ են բարեբախտաբար, որովհետեւ եթէ գոյութիւն ունենան իսկ, ո՛վ կ՚ապրեցնէ զանոնք. դրացիներ, ազգականներ, ծանօթներ երեսը վար կ՚առնեն ու ամուսինը երբ տեսնայ որ կնոջը երակներուն մէջ խենթ արիւն մը շրջան կ՚ընէ, անմիջապէս օրական մէկ քանի տփոցով զգաստութեան կը բերէ մոլորած մայրը, եւ կը ստիպէ զայն երկու ճամբէն մէկը ընտրելու:

Անարժան մայրերու մթերքը սալօններու մէջ պէտք է փնտռել:

Մեր բարձր դաս կոչուած ընկերութիւններուն մէջ որո՞ւն բերնին ինկեր է կնոջ մը դիտողութիւն ընել, եթէ նոյնիսկ աշխարհի ամենէն դաժան անառակուհին ալ ըլլայ կինը, ծանօթներ, այցելուներ, բարեկամներ ստիպուած են խոնարհիլ անոր առջեւ, ամէն ըրածը գովել ու նոյնիսկ հիանալ տիկինին ազնուութեանը, գեղեցկութեանը, տաղանդին եւ մանաւանդ զաւակ մեծցնելու եղանակին վրայ:

-Այո՛, տիկին, ես հիացած եմ ձեր կորովին վրայ, դուք տիպար մայր մըն էք, գերմանական խստութեամբ կը մեծցնէք ձեր զաւակները. տղան պէտք չէ հասկնայ թէ մայրը զինքը կը սիրէ:

Եւ այս կարգի հացկատակներէ փաղաքշուած յիմար ու սնամիտ կին մը, աշխարհի աչքին փոշի նետած ըլլալուն վստահ՝ կը շարունակէ խստացնել իր դաժանութիւնները: Միւս կողմէ՝ ամուսինն ալ չի կրնար դիտողութիւն ընել, ինքն ալ կնոջմէն աւելի զբաղած չունի զաւակներովը, դրամը կը փոխարինէ ծնողական պարտականութիւնը. դաստիարակուհիներ, դասատուներ, սպասաւորներ իրենց պարտականութիւնը թող կատարեն, իրենք ալ էրիկ կնիկ կեանք պիտի վայելեն փոխադարձ զիջողութիւնով երեկոյթներու եւ հաւաքոյթներու մէջ:

Այս կարգի կեղծ մայրերուն տօնը չէ, որ վաղը կը կատարէ եկեղեցին: Անիկա կը պանծացնէ ճշմարիտ մայրը, որուն որչափ ալ յարգ ու պատիւ ընծայենք՝ քիչ է:

Աշխարհ այս մայրերուն շնորհիւ գոյութիւն ունի եւ ընտանիքներ անոնց գուրգուրոտ խնամածութեան տակ կը վայելեն երջանկութիւնը:

Ճշմարիտ մայրը խիստ է, անաչառ է, քննադատող է իր տան մէջ, անոր հեռատես աչքը ամենաթեթեւ պակասն իսկ կը տեսնայ եւ չի ներեր որ զաւկըներուն այնչափ զոհողութեամբ շահած դրամը պարապ տեղը վատնուի:

Անիկա պահապան հրեշտակն է տան, առտուն կանուխ ոտքի վրայ է ու իր ահեղագոչ շեշտերը տունը կը թնդացնեն. անիկա հրահանգներ կու տայ աջ ու ձախ ու զաւակները, աղջիկները, հարսերը, թոռները եւ նոյնիսկ դրացիները ուղղութեան հրաւիրելէ չի դադրիր:

Կը մաղթեմ, որ ամէն երդիքի տակ հնչէ ձայնը ճշմարիտ մայրերու, որոնց հետ իմ մօրս ալ կը շնորհաւորեմ վաղուան տօնը, որդիական ջերմ համբոյրներով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 12, 2023