Խրիմեան Հայրիկ. Ամենայն Հայոց Հովուապետը

Նո­յեմ­բեր 10-ին կ­­՚ո­գե­կո­չենք 108-րդ ­տա­րե­լի­ցը հայ ժո­ղո­վուր­դին «Եր­կա­թէ ­Շե­րեփ» պատ­գա­մած ան­մո­ռա­նա­լի ՀԱՅ­ՐԻ­Կին՝ վա­նե­ցի Խ­­րի­մեան Մկր­­տիչ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի (1820-1907) վախ­ճան­ման։

Կ՚ո­գե­կո­չենք յի­շա­տա­կը Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Հո­վուա­պե­տին, որ իր հօ­տը ա­ռաջ­նոր­դեց պատ­մա­կա­նօ­րէն ծայր աս­տի­ճան բախ­տո­րոշ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ՝ մէկ ձեռ­քին հա­յու հա­ւատ­քին ­Խա­չը բարձր բռնած, միւս ձեռ­քին ալ հա­յու ի­րա­ւուն­քին ու ար­դա­րու­թեան ձեռք­բեր­ման «Եր­կա­թէ ­Շե­րեփ»ը։

Հա­յուն ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւ­նը ջեր­մաց­նող եւ մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­զա­րա­մեակ­նե­րու ու­ղին լու­սա­ւո­րող աստղ է ա­ւան­դը Խ­­րի­մեան ­Հայ­րի­կի, որ իր 87-ա­մեայ կեան­քը բնո­րո­շող ծա­ռա­յու­թեան ո­գիով, ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին նո­ւի­րո­ւած գործ­քով եւ հա­յոց ազ­գա­յին ու տոհ­միկ ար­ժէք­նե­րը ան­մա­հաց­նող գրա­կա­նու­թեամբ՝ ամ­բող­ջա­պէս նոյ­նա­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու ազ­գա­յին զար­թօն­քին ու ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին հետ։

Հա­յոց ան­մո­ռա­նա­լի ­Հայ­րի­կը ծնած էր 4 Ապ­րիլ 1820-ին՝ ­Վան։

Մա­նուկ տա­րի­քէն հօր­մէ որ­բա­ցած էր եւ յանձ­նո­ւած հօ­րեղ­բօր հո­գա­տա­րու­թեան, ո­րուն խրա­խու­սան­քով եւ օ­ժան­դա­կու­թեամբ կրցաւ ու­սա­նիլ։

1847-ին, ար­դէն ա­մուս­նա­ցած, ան­ցաւ ­Պո­լիս՝ հոն­կէ Եւ­րո­պա եր­թա­լու եւ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լու հա­մար։ ­Բայց նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը ստի­պե­ցին, որ ան մնայ ­Պո­լիս եւ հա­յոց լե­զո­ւի ու պատ­մու­թեան ու­սու­ցիչ դառ­նայ ­Խաս­գիւ­ղի ­Հա­յոց Աղջ­կանց ­վար­ժա­րա­նին մէջ։ ­Պո­լիս իր կե­ցու­թեան վեց տա­րի­նե­րը, ու­սուց­չու­թեան կող­քին, Խ­­րի­մեան նո­ւի­րեց գա­ւառ­նե­րէն ե­կած ե­րի­տա­սարդ պան­դուխտ­նե­րուն ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թիւն ջամ­բե­լու աշ­խա­տան­քին։

Ոչ միայն իր ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ աշ­խար­հա­կան կեան­քի այդ շրջա­նին, այ­լեւ՝ այ­նու­հե­տեւ եւս, թէ՛ 1853-1892 ա­ռաջ­նոր­դա­կան եւ պատ­րիար­քա­կան իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին, թէ՛ 1892-1907 Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան գա­հա­կա­լի իր տա­րի­նե­րուն, բա­ռին ա­մենէն ընդգր­կուն եւ խոր ի­մաս­տով լու­սա­ւո­րիչ մը ե­ղաւ Մկր­­տիչ Խ­­րի­մեան։

Խ­­րի­մեան ­Հայ­րի­կի կեան­քին ու գոր­ծին մղիչ ուժն ու կե­նա­րար ա­ռանց­քը դար­ձաւ հայ­րե­նի հո­ղին պաշ­տա­մուն­քը, որ­մէ ներշն­չո­ւե­ցաւ հայ­կա­կան գա­ւա­ռը ամ­բող­ջա­կան հո­գա­ծու­թեան տակ առ­նե­լու, պահ­պա­նե­լու եւ բա­րե­լա­ւե­լու իր հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գը։

1853-ին, ­Վան վե­րա­դար­ձին, Խ­­րի­մեան մա­հա­ցած գտաւ մայրն ու կի­նը եւ ան­ցաւ Աղ­թա­մար՝ հրա­ժեշտ տա­լով աշ­խար­հա­կան կեան­քին։ 1854-ին ձեռ­նադ­րո­ւե­ցաւ ­վար­դա­պետ եւ լծո­ւե­ցաւ ու­սուց­չա­կան ու գրա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան՝ հայ­րե­նի հո­ղին կառ­չած մնա­լու, ազ­գա­յին մեր ժա­ռան­գու­թեան տէր կանգ­նե­լու եւ հա­յոց ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ա­ւանդ­նե­րը վե­րա­նո­րո­գե­լու գա­ղա­փար­նե­րը տա­րա­ծե­լով։

Աղ­թա­մա­րի պահ­պա­նո­ղա­կան միա­բա­նու­թիւ­նը սկսաւ խորթ աչ­քով նա­յիլ ե­րի­տա­սարդ ­վար­դա­պե­տի աշ­խու­ժու­թեան եւ Խ­­րի­մեան ստի­պո­ւե­ցաւ հե­ռա­նալ Աղ­թա­մա­րէն։ Ան­ցաւ Էջ­միա­ծին, հոն­կէ՝ Ե­րու­սա­ղէմ եւ, ի վեր­ջոյ, հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս, ուր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան մշակ­ման ու ազ­գա­յին կեան­քի ժո­ղովր­դա­կան-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ղե­կա­վար­ման ի նպաստ ծա­ւա­լած բուռն պայ­քա­րին։ 1855-ին լոյս ըն­ծա­յեց «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան» ամ­սա­գի­րը, որ ա­ռա­ջին բե­մը դար­ձաւ ազ­գա­յին իր մտա­ծո­ղու­թեան մշա­կու­մին ու հիմ­նա­ւո­րու­մին։

1857-ին կրկին վե­րա­դար­ձաւ ­Վան, բայց այս ան­գամ ­Վա­րա­գայ ­Վան­քը հաս­տա­տո­ւե­լու եւ - Պոլ­սէն իր հետ բե­րած տպագ­րա­կան մե­քե­նա­յով - «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կան»ի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու, ինչ­պէս նաեւ ազ­գա­յին արթ­նու­թեան եւ լու­սա­ւո­րու­թեան ծա­ռա­յող գիր­քեր տպագ­րե­լու նպա­տա­կով։

1862-ին ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Տա­րօ­նի ա­ռաջ­նորդ եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Մ­­շոյ ­Սուրբ ­Կա­րա­պետ վան­քը, որ շու­տով դար­ձաւ հա­յոց ազ­գա­յին զար­թօն­քին ու ա­զա­տագ­րու­մի տեն­չե­րուն հո­գեմ­տա­ւոր հնո­ցը։ ­Լոյս ըն­ծա­յեց «Ար­ծո­ւիկ ­Տա­րօ­նոյ» թեր­թը, որ իր հայ­րե­նա­շունչ եւ ազ­գայ­նա­շունչ գա­ղա­փար­նե­րուն տա­րած­ման նոր բե­մը դար­ձաւ հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րու ամ­բողջ տա­րած­քին։

1868-ին իբ­րեւ ­Տա­րօ­նի ա­ռաջ­նորդ մաս­նակ­ցե­ցաւ Էջ­միած­նի մէջ կա­յա­ցած ­Գէորգ Դ. ­Կա­թո­ղի­կո­սի ընտ­րու­թեան, որ առ ի գնա­հա­տանք Խ­­րի­մեա­նի բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան՝ եպիս­կո­պո­սի աս­տի­ճան շնոր­հեց ար­դէն մեր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ «­Հայ­րիկ» ա­նո­ւա­նու­մին ար­ժա­նա­ցած մեծ հո­գե­ւո­րա­կա­նին։

Ան­սահ­ման ե­ղաւ Խ­­րի­մեան ­Հայ­րի­կի վա­յե­լած ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւ­նը ողջ հա­յու­թեան մօտ։ Եւ երբ 1869-ին Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քու­թեան նոր գա­հա­կալ մը ընտ­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ծա­գե­ցաւ, ժո­ղովր­դա­յին բուռն ու միա­հա­մուռ պա­հան­ջով Խ­­րի­մեան ­Հայ­րիկ ընտ­րո­ւե­ցաւ ­պատ­րիարք։ Այն­քա՜ն մեծ էին ­Հայ­րի­կին կա­պո­ւած յոյ­սե­րը, որ ­Պետ­րոս ­Դու­րեան, այդ ա­տեն տա­կա­ւին պա­տա­նի, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն նո­ւի­րեց ­Հայ­րի­կի ընտ­րու­թեան՝ գրե­լով.- «Ո՞վ է որ կու գայ. թա­գա­ւո՞ր մը. ո՛չ. սեւ սքեմ մը ու­սին՝ հա­յոց հայ­րիկն է որ կու գայ»…

­Բայց միայն ե­րեք տա­րի Խ­­րի­մեան ­Հայ­րիկ դի­մա­ցաւ պատ­րիար­քա­կան պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան։ Պոլ­սոյ պահ­պա­նո­ղա­կան խա­ւին ու քաղ­քե­նի ա­մի­րա­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան ճնշում­նե­րը եւ հա­լա­ծանք­նե­րը պատ­ճառ դար­ձան, որ ան հրա­ժա­րա­կան ներ­կա­յաց­նէ պատ­րիար­քա­կան իր պաշ­տօ­նէն։ ­Հայ­րիկ դար­ձեալ վե­րա­դար­ձաւ ­Վան, ուր նո­րո­վի թա­փով շա­րու­նա­կեց հո­գե­ւո­րա­կան, ման­կա­վար­ժա­կան եւ գրա­կան իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Այդ շրջա­նին էր, 1878-ին, որ երբ ­Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վին հայ­կա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը ղրկե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ստեղ­ծո­ւե­ցաւ, ­Ներ­սէս ­Վար­ժա­պե­տեան ­Պատ­րիարք Խ­­րի­մեան ­Հայ­րի­կը նշա­նա­կեց պա­տո­ւի­րա­կու­թեան նա­խա­գահ։ ­

Տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րած ազ­դա­րա­րու­թիւն­նե­րէ ու կաշ­կան­դում­նե­րէ ետք, ­սուլ­թա­նի հրա­մա­նով Խ­­րի­մեան ­Հայ­րիկ Ե­րու­սա­ղէմ աք­սո­րո­ւե­ցաւ 1891-ին։ ­Բայց հա­զիւ տա­րի մը ետք, երբ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան նոր գա­հա­կա­լի ընտ­րու­թեան կա­րի­քը ա­ռա­ջա­ցաւ, Խ­­րի­մեան ­Հայ­րիկ հայ ժո­ղո­վուր­դի միա­հա­մուռ պա­հան­ջով ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Սուրբ Էջ­միած­նի գա­հա­կալ։

Քաջ ­Հո­վի­ւի պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թիւն մը կտա­կեց Խ­­րի­մեան ­Հայ­րիկ՝ իբ­րեւ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս։ Իր կա­թո­ղի­կո­սու­թեան օ­րով ­Գէոր­գեան ­ճե­մա­րա­նը ա­ւե­լիով ճա­ռա­գայ­թեց իբ­րեւ հայ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու կե­նա­րար հնոց եւ հայ յա­ռա­ջա­դէմ մտքի զար­գաց­ման ու ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման խրա­խուս­ման դպրոց։ Իր կա­թո­ղի­կո­սու­թեան զու­գա­դի­պե­ցաւ նաեւ հայ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագ­րաւ­ման 1903-ի ցա­րա­կան տխրահռ­չակ հրա­մա­նա­գի­րը, ո­րուն դէմ հայ ժո­ղո­վուր­դի ծա­ւա­լած բուռն բո­ղո­քի շար­ժու­մին եւ ան­զի­ջող պայ­քա­րին խորհր­դա­նի­շը դար­ձաւ հա­յոց ծե­րու­նա­զարդ ­Հայ­րի­կը։

Մին­չեւ իր վեր­ջին շուն­չը Խ­­րի­մեան ­Հայ­րիկ յաղ­թա­հա­սակ կանգ­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ա­ռաջ­նոր­դի իր բարձ­րու­թեան վրայ։

10 ­Նո­յեմ­բեր 1907-ին վախ­ճա­նե­ցաւ Խ­­րի­մեան ­Հայ­րիկ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի մտքին ու սրտին մէջ ան­զու­գա­կան իր բար­ձուն­քը նո­ւա­ճած։

Հայ­րի­կի ա­ճիւն­նե­րը ի­րենց մնա­յուն դամ­բա­րա­նը ու­նե­ցան Ս. էջ­միած­նի ­Մայր ­Տա­ճա­րի մուտ­քին։

Իսկ հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ յա­ւերժ քան­դա­կո­ւե­ցաւ ­Պայ­քա­րի ա­ռաջ­նորդ ­Հա­յոց ­Հայ­րի­կի մար­տու­նակ պատ­գա­մը:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2015