ՓԱՌԱՒՈՐ ԸՆԹԱՑՔ

Անց­նող շա­բա­թուան ըն­թաց­քին Ե­րե­ւա­նի մէջ Սփիւռ­քի միակ հայ­կա­կան հա­մալ­սա­րա­նի՝ Պէյ­րու­թի նշա­նա­ւոր Հայ­կա­զեա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 60-ա­մեայ յո­բե­լեա­նի առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցան հայ­կա­զա­նեա­կան օ­րեր: Մինչ այդ, նշա­նա­ւոր կրթա­կան այդ հաս­տա­տու­թեան յո­բե­լեա­նը տօ­նախմ­բուած էր Պէյ­րու­թի մէջ: Իսկ Հա­յաս­տա­նի մէջ ձեռ­նարկ­նե­րը դար­ձան ամ­փո­փու­մը այս տա­րուան Մա­յիս ամ­սուն սկիզբ ա­ռած եւ յա­ջորդ ա­միս­նե­րուն շա­րու­նա­կուած կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան յո­բե­լե­նա­կան տօ­նին:

Այդ առ­թիւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Ե­րե­ւա­նի մէջ ըն­դու­նած է հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գահ Վե­րա­պա­տուե­լի Տքթ. Փոլ Հայ­տոս­թեա­նը: Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը հաս­տա­տած է, որ Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի` ա­ւե­լի քան կէս դա­րու հայ­րե­նան­պաստ ու հա­յա­պահ­պան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հպար­տու­թիւն կը ներշն­չէ իւ­րա­քան­չիւր հա­յու:

Սերժ Սարգ­սեան բարձր գնա­հա­տած է Փոլ Հայ­տոս­թեա­նին անձ­նա­կան ներդ­րու­մը հա­մալ­սա­րա­նին եւ սփիւռ­քա­հայ տար­բեր կրթօ­ճախ­նե­րու մի­ջեւ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ի­մաս­տով, ինչ որ, ըստ նա­խա­գա­հին, կը նպաս­տէ ո՛չ միայն տուեալ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, այլ նաեւ միջ­հա­մայն­քա­յին կա­պե­րու սեր­տաց­ման:

Զրու­ցա­կից­նե­րը ջեր­մու­թեամբ յի­շած են 2012 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին Լի­բա­նան կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս Սերժ Սարգ­սեա­նի այ­ցը Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րան: Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը վստա­հե­ցու­ցած է, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ մնա­յուն կեր­պով պատ­րաստ են օ­ժան­դա­կե­լու Հայ­կա­զեան հա­յա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին, երբ կա­ռոյ­ցը ա­նոր անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ու­նե­նայ:

Այ­նու­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է հա­մալ­սա­րա­նի 60-ա­մեա­կին նուի­րուած յո­բե­լե­նա­կան հա­ւա­քոյթ մը, ո­րուն բա­ցու­մը կա­տա­րած է Հա­յաս­տա­նի Ս­­փիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան: Նա­խա­րա­րը խօ­սած է ու­սա­նող­նե­րու փո­խա­նակ­ման եւ փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մին մա­սին, որ սփիւռ­քա­հայ ու­սա­նող­նե­րուն կա­րե­լիու­թիւն պի­տի տայ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին եւ հա­յաս­տա­նեան այլ գի­տակր­թա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ մաս­նա­գի­տա­նա­լու հա­յա­գի­տու­թեան, սփիւռ­քա­գի­տու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ա­րա­բա­գի­տու­թեան մար­զե­րուն մէջ, իսկ Հա­յաս­տա­նի ու­սա­նող­նե­րուն՝ սփիւռ­քը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն ճանչ­նա­լու եւ ընտ­րած մար­զին մէջ մաս­նա­գի­տա­կան հմտու­թիւն­ներ ձեռք բե­րե­լու:

Հե­տա­գայ օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած է նաեւ հա­մալ­սա­րա­նի «Հայ­կա­զեան հա­յա­գի­տա­կան հան­դէ­ս­»ի 35-րդ հա­տո­րի շնոր­հան­դէ­սը: Սփիւռ­քի մա­մու­լի պատ­մու­թեան մէջ կա­րե­ւո­րա­գոյն տեղ ու­նե­ցող «Հայ­կա­զեան հա­յա­գի­տա­կա­ն հան­դէս»ի այս տա­րուան թի­ւը, որ ամ­բող­ջո­վին նուի­րուած էր 100-ա­մեա­կին, ե­րե­ւա­նեան ձեռ­նարկ­նե­րու յա­ջորդ օ­րե­րուն ներ­կա­յա­ցուած է նաեւ Թիֆ­լի­զի եւ Ա­խալ­քա­լա­քի մէջ, գոր­ծակ­ցու­թեամբ Ե­րե­ւա­նի Հայ­կա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու Ա­նի կեդ­րո­նին:

Ե­րե­ւա­նի, Թիֆ­լի­զի եւ Ա­խալ­քա­լա­քի մէջ Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի 60-ա­մեա­կի եւ հա­մալ­սա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան ամ­սա­գիր հան­դի­սա­ցող «Հայ­կա­զեան հա­յա­գի­տա­կա­ն հան­դէս»ի 35-րդ հա­տո­րի առ­թիւ հնչե­ցին շնոր­հա­ւո­րան­քի, ե­րախ­տի­քի, քա­ջա­լե­րան­քի, գնա­հա­տան­քի բա­զում խօս­քեր` ուղ­ղուած հա­մալ­սա­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան, աշ­խա­տա­կից­նե­րուն, մեծ ջան­քե­րու գ­­նով ամ­սա­գի­րը լոյս ըն­ծա­յող հայ մա­մու­լի մշակ­նե­րուն:

Ձեռ­նարկ­նե­րու ա­ւար­տէն ետք Հայ­կա­զեան հա­յա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Փոլ Հայ­տոս­թեան յայ­տա­րա­րեց. «Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նին ուղ­ղուած բո­լոր պար­գեւ­նե­րն ու պա­տիւ­նե­րը կը նուի­րուին այն նա­հա­տա­կին, ո­րուն ա­նունն էր Ար­մե­նակ Հայ­կա­զեա­ն»:

Եւ այդ մէ­կը ա­ռիթ ե­ղաւ կրկին յի­շե­լու հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նա­դի­րը՝ Ար­մե­նակ Հայ­կա­զեա­նը, որ տե­սուչն էր Գո­նիոյ Ճե­նա­նեան ա­ռա­քե­լա­կան հիմ­նար­կին, Թուր­քիոյ մէջ։ Ան շրջա­նա­ւարտ էր Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Եէյ­լի հա­մալ­սա­րա­նէն։ Ար­մե­նակ Հայ­կա­զեան թէեւ մի­ջո­ցը ու­նէր Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ փախ­չե­լու եւ խու­սա­փե­լու հա­կա­հայ հա­լա­ծանք­նե­րէն, այ­դու­հան­դերձ կը նա­խընտ­րէ շա­րու­նա­կել իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը։ Այդ­պէ­սով, ան կը կի­սէ իր հա­րա­զատ ժո­ղո­վուր­դին ճա­կա­տա­գի­րը եւ կը նա­հա­տա­կուի 1921 թուա­կա­նին, Խար­բեր­դի բան­տին մէջ։

Ար­մե­նակ Հայ­կա­զեա­նի ազ­գա­կան­նե­րը՝ Մե­րի Մե­խա­կեան եւ Ֆլո­րընս Մե­խա­կեան-Կերթ­մե­նեան, գոր­ծակ­ցու­թեամբ Ստե­փան Փի­լիպ­պո­սեա­նի, Ա­մե­րի­կա­յի Հայ ա­ւե­տա­րան­չա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան մօտ կը հաս­տա­տեն դրա­մագ­լուխ մը, ո­րով 17 Հոկ­տեմ­բեր 1955 թուա­կա­նին կը հիմ­նուի Հայ­կա­զեան գո­լէ­ճը, իբ­րեւ «ա­զատ ա­րուես­տի­ց» (liberal arts) բարձ­րա­գոյն ուս­մանց հաս­տա­տու­թիւն, պատ­րաս­տե­լու հա­մար ա­պա­գայ ու­սու­ցիչ­ներ եւ հո­գե­ւոր hո­վիւ­ներ:

Նո­րաս­տեղծ գո­լէ­ճին կը միա­նան Ու­սուց­չաց պատ­րաս­տու­թեան հիմ­նար­կը եւ Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան գո­լէ­ճի բարձ­րա­գոյն դա­սա­րան­նե­րը։

Հա­մալ­սա­րա­նը նախ կը մեկ­նար­կէ եր­կու դա­սա­րան­նե­րով, իբ­րեւ կրտսեր գո­լէճ, սա­կայն, հե­տա­գա­յին, պա­հանջ­նե­րէն մղուած, կ՚որ­դեգ­րէ քա­ռա­մեայ բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­կան ծրա­գիր։

Մին­չեւ 1991 թուա­կա­նը, Հայ­կա­զեա­նը կը կո­չուէր գո­լէճ: 1992 թուա­կա­նին, ա­նի­կա կը փո­խուի հա­մալ­սա­րա­նա­կան գո­լէ­ճի։ 28 Դեկ­տեմ­բեր 1996 թուա­կա­նին, Լի­բա­նա­նի Մշա­կոյ­թի եւ բարձ­րա­գոյն ուս­ման նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, թիւ 9657 հրա­մա­նա­գրով կ՚ար­տօ­նէ հա­մալ­սա­րան բա­ռին գոր­ծա­ծու­թիւ­նը։

Ա­ռա­ջին տա­րին, Հայ­կա­զեա­նը կ՚ու­նե­նայ 43 ու­սա­նող։ 1975 թուա­կա­նին, այդ թի­ւը կը բարձ­րա­նայ 650-ի։ Հայ­կա­զեա­նէն շրջա­նա­ւարտ­նե­րու թի­ւը 2014 թուա­կա­նին հա­սած է 3200-ի։ Ինչ­պէս կը տե­ղե­կա­նանք, այս ու­սում­նա­կան տա­րուան ա­ւար­տին նա­խորդ տա­րուը­նէ ա­ւե­լի շատ թի­ւով շրջա­նա­ւարտ­ներ կ՚ու­նե­նայ Սփիւռ­քի կրթա­կան բարձ­րա­գոյն այս կրթօ­ճա­խը: Հա­մալ­սա­րա­նը ու­նի իր նշա­նա­բա­նը՝ «Ճշմար­տու­թիւն, ա­զա­տու­թիւն, ծա­ռա­յու­թիւ­ն» (Truth, freedom, service):

ՄԱՍ­ՆԱ­ԳԻ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ ԵՒ ՎԿԱ­ՅԱ­ԿԱՆ­ՆԵՐ

Ինչ­պէս կը տե­ղե­կա­նանք հա­մալ­սա­րա­նի կայ­քէ­ջէն՝ կրթօ­ճա­խէն ներս կը տրուին հե­տե­ւեալ մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րը.

Ա­ռեւտ­րա­կան վար­չա­գի­տու­թիւն (Business Admininstration) հե­տե­ւեալ մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րուն շեշ­տադ­րու­մով` Հիւ­րըն­կա­լու­թեան վար­չա­գի­տու­թիւն (Hospitality Management), Տե­ղե­կա­տուա­կան հա­մա­կար­գի վար­չա­գի­տու­թիւն (Management Information Systems), Հա­շուա­պա­հու­թիւն (Accounting), Ֆի­նանս­ներ (Finance), Ծա­նու­ցու­մա­յին վար­չա­գի­տու­թիւն (Advertisement) եւ Ա­ռեւտ­րա­կան օ­րէնս­գի­տու­թիւն (Business Law), Տնտե­սա­գի­տու­թիւն (Economics), Ա­րա­բե­րէն, Հա­յա­գի­տու­թիւն, Անգ­լե­րէն լե­զու, Անգ­լիա­կան գրա­կա­նու­թիւն եւ Անգ­լե­րէ­նի ու­սու­ցում իբ­րեւ օ­տար Լե­զու (TEFL), Պատ­մու­թիւն, Կեն­սա­բա­նու­թիւն (Biology), Քի­միա­գի­տու­թիւն (Chemistry), Հա­մա­կարգ­չա­յին գի­տու­թիւն (Computer Science), Հո­գե­բա­նու­թիւն (Psychology), Ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն (Social Work)։

­Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ կը գոր­ծէ նաեւ Յա­րա­տեւ կրթու­թեան կեդ­րո­նը (Center for Continuing Education), որ զա­նա­զան ե­րե­կո­յեան դա­սըն­թացք­ներ եւ վար­ժանք­ներ կը տրա­մադ­րէ չա­փա­հաս­նե­րու։

Աշ­խա­տող ու­սու­ցիչ­նե­րու ման­կա­վար­ժա­կան հմտու­թիւն­նե­րը եւ գի­տե­լիք­նե­րը զար­գաց­նե­լու նպա­տա­կով նոյն­պէս կը կազ­մա­կեր­պուին դա­սըն­թացք­ներ եւ վար­ժանք­ներ (In-service Teacher Training Program)։ Հա­մալ­սա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը կը վկա­յուին Պսա­կա­ւոր ա­րուես­տից (BA), Պսա­կա­ւոր ա­ռեւտ­րա­կան վար­չա­գի­տու­թեան (BBA), Պսա­կա­ւոր գի­տու­թեանց (BS), Մա­գիստ­րոս ա­րուես­տից (MA) եւ Մա­գիստ­րոս ա­ռեւտ­րա­կան վար­չա­գի­տու­թեան (MBA) եւ Ման­կա­վար­ժու­թեան (Normal Diploma) վկա­յա­կան­նե­րով։

1995 թուա­կա­նին, հա­մալ­սա­րա­նը ի­րա­ւա­սու­թիւն կը ստա­նայ շնոր­հե­լու մա­գիստ­րո­սի աս­տի­ճան հե­տե­ւեալ չորս մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու մէջ.

Կրթու­թեան տնօ­րի­նում եւ վե­րահս­կում, Ընդ­հա­նուր հո­գե­բա­նու­թիւն, Դար­մա­նա­կան հո­գե­բա­նու­թիւն եւ Պան­դո­կի վար­չա­գի­տու­թիւն։

Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նը կը շնոր­հէ նաեւ «Պա­տուոյ տոք­թո­ր­»ի կո­չում­ներ հայ ազ­գա­յին կեան­քին մէջ մաս­նա­յա­տուկ ներդ­րում­ներ ու­նե­ցած ան­հատ­նե­րու։

Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նը ան­դամ է Ա­մե­րի­կեան Մի­ջազ­գա­յին գո­լէճ­նե­րու եւ հա­մալ­սա­րան­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան (AAICU)։ Ան նաեւ գոր­ծա­կից է հե­տե­ւեալ բարձ­րա­գոյն ուս­մանց հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն.

Յու­նաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րան

Գա­հի­րէի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րան

Պէյ­րու­թի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րան

Ֆրանք­լին գո­լէճ, Զուի­ցե­րիա

Ա­մե­րի­կեան Հա­մալ­սա­րան­նե­րու հիմ­նարկ, Ֆրան­սա

Լի­բա­նա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րան

Լոն­տո­նի Ա­մե­րի­կեան մի­ջազ­գա­յին հա­մալ­սա­րան, Ռիչ­մընտ գո­լէճ

Պուլ­կա­րիո­յ Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րան

Փա­րի­զի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րան

Ճոն Քա­պոթ հա­մալ­սա­րան, Ի­տա­լիա

Լա Վըրն հա­մալ­սա­րան, Յու­նաս­տան

Սէնթ Լուիզ հա­մալ­սա­րան, Սպա­նիա

Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րան

Շար­ժա­յի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րան

Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րան

ԼԻ­ԲԱ­ՆԱ­ՆԵԱՆ ՀԱ­ՄԱԼ­ՍԱ­ՐԱՆ

Հա­կա­ռակ հայ­կա­կան ըլ­լա­լու ծա­գու­մին՝ հա­մալ­սա­րա­նի դռնե­րը բաց են բո­լո­րի առ­ջեւ: Այս մա­սին բազ­միցս յայ­տա­րա­րած են հա­մալ­սա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, այս մա­սին ամ­րագ­րուած է հա­մալ­սա­րա­նի կա­նո­նադ­րու­թեան մէջ: Հայ­կա­զեա­նը կամր­ջած է հա­յը այլ լի­բա­նան­ցի­նե­րու եւ ա­րաբ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հետ: Կամր­ջած է նաեւ բո­լոր հա­յե­րը ի­րա­րու հետ: Հա­մալ­սա­րա­նը կամր­ջած է նաեւ իր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, հայ­կա­կա­նը, լի­բա­նա­նեա­նը մա­նա­ւանդ ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րան­նե­րու հա­մա­կար­գին հետ: Հայ­կա­զեա­նի մէջ ոչ մէկ հայ յա­րա­նուա­նա­կան խտրու­թիւն կայ եւ կամ ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ իս­կա­պէս միաս­նա­կա­նու­թիւն կայ, կայ նաեւ քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան, տար­բեր խա­ւե­րու, մա­կար­դակ­նե­րու, ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մար­դոց մէկ­տե­ղու­մը:

ԿԱ­ՐԵ­ՒՈՐ ՀԱ­ՅԱ­ԳԻ­ՏԱ­ԿԱՆ ԿԵԴ­ՐՈՆ

Յու­նուար 2012 թուա­կա­նին Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի Heritage պատ­մա­կան շէն­քին մէջ (Լի­բա­նան), բա­րե­րար Եր­ջօ Սա­մուէ­լեա­նի նուի­րատ­ւու­թեան շնոր­հիւ հիմ­նուած է Հայ­կա­կան սփիւռ­քի ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րո­նը, ո­րու տնօ­րէնն է Տքթ. Անդ­րա­նիկ Տա­գէ­սեան։

Սփիւռ­քի մէջ հա­յա­գի­տու­թեան աս­պա­րէ­զէն ներս ար­դէն ե­րեք տա­րի գոր­ծող այս կեդ­րո­նը նպա­տակ ու­նի ու­սում­նա­սի­րել հայ­կա­կան սփիւռ­քի, յատ­կա­պէս մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան գա­ղութ­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը, ու­շադ­րու­թիւն բե­ւե­ռե­լով ա­նոնց պատ­մու­թեան, մշա­կոյ­թին, հիւ­րըն­կալ եր­կիր­նե­րուն եւ Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ: Կեդ­րո­նի նպա­տակ­նե­րուն մէջ է նաեւ հարս­տաց­նել հայ­կա­կան սփիւռ­քի ան­ցեա­լի եւ ներ­կա­յի մշա­կոյ­թի եւ բնակ­չու­թեան մա­սին գի­տե­լիք­նե­րը, պահ­պա­նել եւ պաշտ­պա­նել հայ­կա­կան սփիւռ­քի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը։

Ցարդ կեդ­րո­նը կազ­մա­կեր­պած է հա­յա­գի­տու­թան նիւ­թե­րով չորս գի­տա­ժո­ղով եւ հրա­տա­րա­կած է ե­րեք կա­րե­ւո­րա­գոյն ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ՝ «Լի­բա­նա­նա­հայ գիր­քը, 1894-2012, Մա­տե­նա­գի­տա­կան ցան­կ», աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ Անդ­րա­նիկ Տա­գէ­սեա­նի եւ Ար­մէն Իւր­նէշ­լեա­նի, Պէյ­րութ, 2014 թուական։

«Սփիւռ­քա­գի­տու­թիւն տա­րե­գիր­ք», Ե­րե­ւան, 2012 թուական։

«Հայ­կա­կան անդր­սահ­մա­նա­յին տա­րա­ծա­կա­նու­թիւ­նը եւ ար­դի հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րը» գի­տա­ժո­ղո­վի նիւ­թեր (15-17 Մա­յիս 2013), խմբա­գիր՝ Անդ­րա­նիկ Տա­գէ­սեան, Պէյ­րութ, 2014 թուական։

ՀԱՆ­ԴԷ­ՍԸ 

Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թեան մէջ ա­ռան­ձին յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի է «Հայ­կա­զեան հա­յա­գի­տա­կան հան­դէ­ս­»ը, որ լոյս կը տես­նէ 1970 թուա­կա­նէն ի վեր Լի­բա­նա­նի մէջ։

Հան­դէ­սի հրա­տա­րա­կու­թեան մտայ­ղա­ցու­մը կը պատ­կա­նի Տքթ. Ե­րուանդ Քա­սու­նիին, որ ե­ղած է նաեւ ա­ռա­ջին տա­սը հա­տոր­նե­րուն խմբա­գի­րը։

Հան­դէ­սին հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րէն է ստեղ­ծել փոխ­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան կա­մուրջ մը՝ հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քա­հայ հա­յա­գէտ­նե­րու մի­ջեւ։

Տար­բեր տա­րի­նե­րու Հան­դէ­սի խմբա­գիր­ներ ե­ղած են՝ Ե­րուանդ Քա­սու­նին, Լե­ւոն Վար­դա­նը, Ժի­րայր Դա­նիէ­լեա­նը, Ա­րա Սան­ճեա­նը, Պա­րոյր Աղ­պա­շեա­նը, Կա­րօ Յով­հան­նէ­սեա­նը։ Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն, հան­դէ­սը ու­նե­ցած է ան­կա­նոն հրա­տա­րա­կու­թիւն (դադ­րած է 1985-1991 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ), սա­կայն 1991 թուա­կա­նէն ի վեր, կը շա­րու­նա­կէ հրա­տա­րա­կուիլ կա­նո­նա­ւո­րա­պէս։ ԺԱ. հա­տո­րէն ի վեր հան­դէ­սի խմբա­գիրն է Հայր Անդ­րա­նիկ Ծ. Վրդ. Կռա­նեան։ Խմբագ­րա­կան կազ­մին մաս կը կազ­մեն Տքթ. Ար­տա Էք­մէք­ճի, Տքթ. Ար­շա­լոյս Թո­փա­լեան, Տքթ. Անդ­րա­նիկ Տա­գէ­սեան (պա­տաս­խա­նա­տու քար­տու­ղար), Տքթ. Ար­մէն Իւր­նէշ­լեա­ն։ Հան­դէ­սը ու­նի նաեւ Խորհր­դա­տու մար­մին, բաղ­կա­ցած հա­յաս­տան­ցի եւ սփիւռ­քա­հայ մաս­նա­գէտ­նե­րէ։

«Հայ­կա­զեան հա­յա­գի­տա­կան հան­դէ­ս­»ի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն է հա­յա­գի­տա­կան լայ­նա­ծիր յօ­դուած­նե­րու հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը։ Ըստ խմբա­գիր­նե­րուն աշ­խար­հա­հա­յեաց­քին, հա­յու­թեան ա­ռըն­չուող ա­մէն նիւթ, ե­թէ ու­նի գի­տա­կան հիմք, հա­յա­գի­տու­թիւն է, ուս­տի այն­տեղ կը հրա­տա­րա­կուին այ­լաբ­նոյթ յօ­դուած­ներ, ա­ռանց բո­վան­դա­կա­յին սահ­մա­նա­փակ­ման։

Հան­դէ­սի իւ­րա­քան­չիւր հա­տոր, մա­նա­ւանդ ԺԱ. հա­տո­րէն ետք, ու­նի խմբագ­րա­կան խօսք, ուր կ՚ար­տա­յայ­տուին հա­յա­գի­տու­թեան տար­բեր խնդիր­նե­րու եւ նիւ­թե­րու շուրջ հան­դէ­սի խմբագ­րա­կան կազ­մին տե­սա­կէ­տերն ու կե­ցուածք­նե­րը։

Հան­դէ­սը լոյս կ­­՚ըն­ծա­յէ նաեւ մա­հագ­րա­կան­ներ, ո­րոնք ու­նին կեն­սագ­րա­կան եւ մա­տե­նա­գի­տա­կան լուրջ ար­ժէք, լոյս կը տես­նեն ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն, անգ­լե­րէն, ֆրան­սե­րէն եւ ա­րա­բե­րէն յօ­դուած­ներ։ Հա­յե­րէն յօ­դուած­նե­րը կ­­՚ու­նե­նան անգ­լե­րէն ամ­փո­փում, իսկ օ­տա­րա­լե­զու յօ­դուած­նե­րը՝ հա­յե­րէն։

Մին­չեւ հա­տոր ԼԴ.՝ 2014 թուա­կա­նը, «Հայ­կա­զեան հա­յա­գի­տա­կան հան­դէ­ս­»ը լոյս ըն­ծա­յած է ա­ւե­լի քան 1000 յօ­դուած, 15.500 էջ ընդ­հա­նուր է­ջա­քա­նա­կով։ Ե­րե­սու­նե­րորդ հա­տո­րէն ի վեր ա­նի­կա ու­նի ISBN (Գրքի մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­նիշ-թիւ) ճա­նա­չում։

Ա­ՌԱ­ՔԵ­ԼՈՒ­ԹԻՒՆ

Գա­լով Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նին՝ 60-ա­մեա­կը եւ հայ­րե­նի­քի մէջ յո­բե­լե­նա­կան տօ­նախմ­բու­մը ա­ռիթ դար­ձան ան­գամ մը եւս շեշ­տե­լու, որ Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նին ա­ռա­քե­լու­թիւնն է ո­րա­կա­ւոր կրթու­թեան ջամ­բու­մը քրիս­տո­նէա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ, ուր գե­րա­կայ սկզբունք­ներ են ա­կա­դե­մա­կան ա­զա­տու­թիւ­նը եւ ճշմար­տու­թեան ո­րո­նումն ու սփռու­մը։

Հա­մալ­սա­րա­նը կը ձգտի պատ­րաս­տել մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնք ու­նե­նան նաեւ ա­ռաջ­նոր­դի ու­նա­կու­թիւն­ներ, ծա­ռա­յե­լու հա­մար լի­բա­նա­նա­հայ եւ լի­բա­նա­նեան ըն­կե­րու­թեան։

Հա­մալ­սա­րա­նին ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծը եւ աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քը կը պա­հան­ջեն, որ ան պահ­պա­նէ եւ ջա­տա­գո­վէ իր հայ­կա­կան եւ մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան ժա­ռան­գու­թիւ­նը, հա­մաշ­խար­հա­յին պա­րու­նա­կին մէջ դի­տուած։

Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նը Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ վկա­յու­թեան գործ­նա­կա­նա­ցած տե­սիլք­նե­րէն մին է։ Այ­դու­հան­դերձ, հա­մալ­սա­րա­նին դռնե­րը բաց են ա­մէն ո­րա­կա­ւոր ու­սա­նո­ղի դի­մաց, ա­ռանց ցե­ղա­յին, քա­ղա­քա­ցիա­կան եւ դա­ւա­նան­քա­յին խտրա­կա­նու­թեան։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2015