ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Թրքական արդի գրականութեան տիրական անուններէն Ահմէտ Համտի Թանփընար երէկ ոգեկոչուեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ուր 1930-ական թուականներուն պաշտօնավարած էր՝ որպէս գրականութեան ուսուցիչ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքիեան, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վարդապետ Չօփուրեան, Շիշլիի գաւառապետ Իտրիս Աքպըյըք, Շիշլիի կրթական տնօրէն Մուրատ Մուճահիտ Ենթիւր, «Քատիր Հաս» համալսարանի փոխ-վերատեսուչ Հասան Պիւլենտ Քահրաման, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն եւ Սիրան Սուրքի, Մխիթարեանի մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Քամար եւ ընկերները, դպրոցի պատասխանատուները եւ գրասէր հիւրեր։ Զանազան ատենախօսներ անդրադարձան Ահմէտ Համիտ Թանփընարի կեանքին ու գործունէութեան։ Երեկոյթը աւարտին հասաւ Զեքիեան Գերապայծառի խօսքով։

Ուրբաթ, Ապրիլ 13, 2018