ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ. ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԵՐԱԺԻՇՏԸ, ՈՐ ՀԱՅ ԱՆՈՒՆԻՆ ՀՆՉԵՂՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ
Հայ ժողովուրդն ու հայկական մշակոյթը համաշխարհային հռչակի արժանացնող եւ միջազգային արուեստասէր հասարակութեան սիրելի դարձնող մեծանուն հայերու փաղանգին մէջ, իր բարձրադիր պատուանդանը ունի Արամ Խաչատրեան, որուն ծննդեան տարեդարձը կը տօնենք Յունիս 6-ի օրը։
Հայ թէ օտար արուեստաբաններու ընդհանուր եւ միաձայն գնահատականով՝ Արամ Խաչատրեան 20-րդ դարու երաժշտական արուեստի խոշորագոյն ներկայացուցիչներէն մէկն է, որ իրաւամբ կը նկատուի «հայկական նոր կոմպոզիտորական (երաժշտահանական) դպրոց»ի հիմնադիրը:
Մեծատաղանդ եւ ոգեշունչ արուեստագէտն է Արամ Խաչատրեան, որ իր բարձրարուեստ ստեղծագործութեամբ եւ խմբավարի, մանկավարժի ու նուիրեալ երաժիշտի մեծարժէք վաստակով՝ 20-րդ դարու երաժշտական արուեստին մէջ նոր, լայնահուն եւ հեռանկարային ուղիներ հարթեց ու հայ անունին պատուաբեր տեղ ապահովեց՝ համաշխարհային տարողութեամբ։
Իր ներշնչումն ու երաժշտական աւիշը առնելով հայկական երաժշտարուեստի ազգային հարուստ աւանդոյթէն՝ Արամ Խաչատրեան ստեղծեց նորարարական իր արուեստը, որ հարստացուց 20-րդ դարու դասական երաժշտութեան գանձարանը՝ «կենսայորդ խոհեր եւ յոյզեր, կիրք եւ կամք մարմնաւորող» իր գեղարուեստական ժառանգութեամբ։
Արամ Խաչատրեան ծնած էր Քոջորի (Թիֆլիզի մերձակայքը), 6 Յունիս 1903 թուականին։ Ծնողները սերած էին հինաւուրց Գողթան գաւառէն, որ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի կողմէ գովերգուած է իբրեւ շնորհալի երգիչ-երաժիշտներու հայրենիքը: Հայրը՝ Եղիա Խաչատրեան Վերին Ազա (այժմ՝ Նախիջեւանի մէջ գտնուող) գիւղէն էր. պատանի տարիքէն բնակելով Թիֆլիզ՝ հայրը տիրապետած էր կազմարարի արհեստին եւ ամուսնացած էր նոյն Նախիջեւանի Ներքին Ազա գիւղի ծնունդ Ղումաշի հետ: Համեստ կազմարար Եղիայի չորս որդիներուն աւագը՝ Սուրէնը, ճանչցուած թատերական գործիչ էր, բեմադրիչ։ Լեւոն որդին՝ երգիչ էր, խորհրդային համամիութենական ռատիոյի մենակատար: Արուեստասէր այս ընտանիքը պիտի փառաբանուէր ծնունդովը ընտանիքի կրտսեր որդւոյն՝ Արամի:
Վարպետին իսկ վկայութեամբ ու խոստովանութեամբ, մանկութեան տարիներու տպաւորութիւնները՝ ժողովրդական երաժշտութեան հարուստ մթնոլորտը, ժողովրդական տօնակատարութիւնները, առօրեայ կենցաղի մէջ հնչող աշուղներու երգն ու նուագը իրենց խոր դրոշմը դրած են անոր երաժիշտի կազմաւորման վրայ։
Պատանեկութեան այդ տարիներուն, Թիֆլիզի բազմերանգ, խայտաբղէտ, յուզառատ երաժշտական կենցաղին մէջ թարմ էին Ք. Կարա-Մուրզայի, Մակար Եկմալեանի եւ, յատկապէս, Կոմիտասի համերգներուն տպաւորութիւնները: Սոֆիա Արղութեանի ուսումնարանին մէջ, ուր իր կրթութիւնը ստացաւ ապագայ մեծ երաժիշտը, սիրուած էին երգի դասերը, որոնք հմտօրէն կը դասաւանդուէին Մակար Եկմալեանի աշակերտ, հետագային ականաւոր երաժշտագէտ եւ երգիչ Մուշեղ Աղայեանի կողմէ:
1913 թուականին տաղանդաւոր պատանին ընդունուած է Թիֆլիզի «Կոմերցիայի դպրոց»ը, բայց իր նախընտրութիւնը միշտ ալ եղած է երաժշտութիւնը։ Որոշ ժամանակ ինքնաշխատութեամբ փողային գործիքներ նուագելը սորվելով՝ պատանի Արամ ընդունուած է տեղական փողային նուագախումբի մը մէջ։ 1915-ի լուրերէն սահմռկած Խաչատրեաններու ընտանիքը, լքելով ամբողջ իր ունեցուածքը, գաղթած է Եկատերինոգրատ (Կրասնոտար), Խաչատրեանի մեծ եղբօր մօտ։ Բայց երբ զօրքերը չներխուժեցին Թիֆլիզ՝ Խաչատրեանի ընտանիքը վերադարձաւ տուն։
1921-ին, Արամ Խաչատրեանի աւագ եղբայրը՝ Սուրէնը զինք տարաւ Մոսկուա, ուր մինչ այդ նոթաներն իսկ չգիտցող Արամը ընդունուեցաւ հեղինակաւոր «Գնեսինի երաժշտական գոլէճ»ը։
Շուտով բացայայտուեցաւ Արամի երաժշտահանի (քոմփոզիթէօրի) տաղանդը եւ 1925 թուականին Գնեսին առաջարկեց Արամին՝ երաժշտահանական վարպետութեան դասերու հետեւիլ։ 1929 թուականին Արամ ընդունուեցաւ Մոսկուայի երաժշտանոցը, ուր ուսանեցաւ յայտնի ռուս երաժիշտ եւ ուսուցիչ Մեասկովսկիի մօտ։ Արամ երաժշտանոցը աւարտեց փայլուն գնահատականներով եւ ստեղծեց իր առաջին խոշոր աշխատանքը՝ «Առաջին սիմֆոնիա»ն։ Այս շրջանին ան ստեղծագործեց երաժշտական երկեր թատրոնի համար, մեծ առումով «Վալենսիական այրի» շարքը եւ «Դիմակահանդէս»ը, իսկ աւարտական տարիներու ընթացքին՝ «Դաշնամուրի եւ սիմֆոնիք նուագախումբի համար» համերգը։
1939-ին Խաչատրեան գրեց իր առաջին պալէն, որ սկիզբը «Ուրախութիւն» անունը ունէր, իսկ հետագային վերանայուեցաւ եւ վերանուանուեցաւ «Գայիանէ»՝ իր կարեւոր տեղը գրաւելով Արամ Խաչատրեանի մեծագոյն գործերու շարքին։
Համայնագիտական աղբիւրները կը վկայեն, թէ 1936-1947 թուականները ամենաբեղունը եղան Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործական կեանքին մէջ։ Ան գրեց երաժշտութիւն՝ տրամաթիք ներկայացումներու եւ շարժանկարներու համար։ Նաեւ՝ երգեր, եկեղեցական երաժշտութիւն եւ սիրուած «Ջութակի համերգ»ը։
1941 թուականին հրապարաուեցաւ վարպետի մեծահռչակ «Երկրորդ սիմֆոնիա»ն, 1943 թուականին՝ «Թաւջութակի եւ սիմֆոնիք նուագախումբի համար» համերգը, 1946 թուականին՝ «Երրորդ սիմֆոնիա»ն եւ 1947 թուա-կանին՝ «Պոետիկ սիմֆոնիա»ն։
1940-ականներուն ան շրջեցաւ ամբողջ Խորհրդային Միութիւնը՝ Լենինկրատ (Սէն Փեթերսպուրկ), Քիեւ, Երեւան, Թիֆլիզ, Սոչի, Խարքով։ 1950-ին մեկնեցաւ Հռոմ, որ դարձաւ վարպետին համաշխարհային շրջագայութեան առաջին քաղաքը։ Հետագայ տարիներուն ան շրջագայեցաւ քառասուն երկիր` բոլոր մայրցամաքներու վրայ։ Եղաւ նաեւ Յունաստան։ Իր շրջագայութիւններու ընթացքին վարպետը հանդիպումներ ունեցաւ բազմաթիւ հանրայայտ մշակութային գործիչներու հետ՝ ինչպէս Էրնեստ Հեմինկուէյ, Չարլի Շափլին, Սալվատոր Տալի։ 50-ականներէն սկսեալ Արամ Խաչատրեան թափ տուաւ իր ուսուցչական գործունէութեան՝ Գնեսինի հիմնարկին եւ Մոսկուայի երաժշտանոցին մէջ։
1956-ի Դեկտեմբեր 27-ին Խաչատրեանի գլուխգործոցներէն աշխարհահռչակ «Սպարտակ»ը առաջին անգամ բեմադրուեցաւ Կիրովի բեմին վրայ։
1973-ին պաշտօնական մեծ շուքով եւ Խորհրդային Միութեան ամբողջ տարածքին նշուեցաւ Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 70-ամեակը։
Վարպետը վախճանեցաւ 1978 թուականի Մայիսի 1-ին եւ յաւերժական իր հանգիստը գտաւ «Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոն»ին մէջ՝ հայ ժողովուրդի մեծ զաւակներուն՝ Կոմիտասի, Իսահակեանի, Սարեանի եւ միւս անմահներու կողքին։
Մեծն Արամ Խաչատրեանի ծննդեան տարեդարձը նշենք՝ հաղորդուելով սեփական արմատներուն հա-րազատ մնալու անոր պատգամով.
«Ես մեծացել եմ մի շրջապատում, որը լի է եղել ժողովրդական երաժշտութեամբ. հանրայայտ ծէսերը, տօները, տօնակատարութիւնները եւ տխուր իրադարձութիւնները մարդկանց կեանքում ուղեկցուել են երաժշտութեամբ, հայկական, ադրբեջանական եւ վրացական վառ մեղեդիներով եւ պարերով, որոնք կատարում էին աշուղներն ու երաժիշտները, որոնք եղել են այն տպաւորութիւնները, որ խորը հետք են թողել իմ յիշողութեան մէջ, որոնք ուղղորդել են երաժշտական մտածողութիւնս։ Նրանք կերտել են իմ երաժշտական գիտակցութիւնը եւ ընկած են իմ արտիստիկ անհատականութեան հիմքերում։ Վերջին տարիներին ինչ փոփոխութիւններ ու բարելաւումներ, որ տեղի են ունեցել իմ երաժշտական ճաշակում, ինչպէս նաեւ դեռ մանուկ հասակում մարդկանց հետ շփման միջոցով զարգացած սկզբանական հիմքերում, մշտապէս կը մնան իմ ողջ աշխատանքի սնուցման աղբիւր»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ