ՄԻԱՑԵԱԼ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐ

Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական բացառիկ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, «Երեւան» պատանեկան սիմֆոնիք նուագախումբը փայլուն համերգով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պարտէզին մէջ։ Երէկոյթի պատուոյ հիւրերն էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Ձեռնարկը ձօնուած էր մեծն Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին եւ հայկական երաժշտութեան արդի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեակին։ Այս կրկնակ յոբելեանները միացուած էին երէկուան բացառիկ երեկոյթով։ Երեւանի քաղաքապետարանի «Երեւանեան ամառ-2019» ծրագրի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու մասնակիցները որոտընդոստ ծափահարութիւններով իրենց գնահատանքն ու համակրանքը արտայայտեցին Տիգրան Մանսուրեանի վիթխարի վաստակին նկատմամբ։ Քաղաքապետ Հայկ Մարութեանն ալ բոլորին ներկայութեամբ շնորհաւորեց մաէսթրոն։

Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեամբ գործող 25 երաժշտական եւ արուեստի դպրոցներու շուրջ 250 սաներէն բաղկացեալ «Երեւան» պատանեկան սիմֆոնիք նուագախումբը եւ երգչախումբը ստեղծուած են նոյնպէս քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ։ Համերգի ընթացքին առաջին անգամ ունկնդիրներուն ներկայացուեցաւ Տիգրան Մանսուրեանի կողմէ յօրինուած «Երեւան» ստեղծագործութիւնը։ Այս խումբի գեղարուեստական ղեկավարն է Յարութիւն Արզումանեան, իսկ խմբավարը՝ Լիլիթ Եդիգարեան։ Երէկուան համերգի երգացանկը կազմը-ւած էր բացառապէս հայ վարպետներու ստեղծագործութիւններով։

Շաբաթ, Յուլիս 13, 2019