ԵՐԵՒԱՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ՝ ԿՐԱՍՆՈՏԱՐԻ ՄԷՋ
Կրասնոտարի հայկական կեանքը տարուէ տարի կ՚աշխուժանայ եւ կ՚որակաւորուի՝ ի հեճուկս աշխարհաքաղաքական ոչ այնքան բարենպաստ միտումներու: Մերթ ցաւ կը զգաս, գիտակցելով, որ ատիկա մասամբ Մայր հայրենիքէն շարունակուող արտագաղթի հաշուին է, մերթ ալ կը մխիթարուիս, որ հայրենասիրական տրամադրութիւնները անվիճելի վերելք կ՚ապրին, եւ վերադարձներու բերքառատ ժամը երբեւէ կ՚այցելէ Աւետեաց երկիր:
«Վարդանեան» կրթամշակութային կեդրոնի հիմնադրմամբ Հարաւային Ռուսաստանի Հայոց Թեմը խթանեց ոչ միայն հայկական կրթութեան եւ մշակոյթի զարգացումը, այլեւ նոր լիցքեր հաղորդեց երիտասարդական կազմակերպութեան այլեւայլ ծրագրերու: Իրենց գոյութեան 12-րդ եւ 9-րդ տարին ապրող «Նարեկ» երգի-պարի խումբը եւ «Արմատ» դպրոցը այս կամարներուն տակ միահիւսեցին երկու հայկական պատմութիւն, որոնք հարստացան երիտասարդներու համարձակ նախաձեռնութիւններու երանգներով ու բոյրերով:
Հոկտեմբեր ամսուան ողջ ընթացքին «Վարդանեան» կեդրոնին մէջ գործող երեք կառոյցները կազմակերպեցին տարբեր ձեռնարկներ՝ քաղաքամայր Երեւանի 2797-ամեակին նուիրուած, որոնք ամփոփուեցան մեծ տօնական համերգով:
Կեդրոնի համբաւը արդէն տարածուած է Ռուսաստանի Հայոց Թեմի ողջ տարածքին մէջ եւ տարբեր բնակավայրերէ ցանկութիւն կը յայտնեն այցելելու եւ ըմբոշխնելու այստեղ թեւածող հայկական շունչն ու տրամադրութիւնը: Մանկավարժ Լուսինէ Ներսիսեան, չնայած երիտասարդ տարիքին, հասցուցած է հիմնադրել եւ զարգացնել Եսենտուկի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ «Զարթօնք» կիրակնօրեայ դպրոցը, իր խումբ մը սաներուն հետ ողջունելու եկած էր ձեռնարկը: Պայծառ ու խորունկ աչքերով այս պատանիներն ու երախաները Կրասնոտարի հանդիսատեսին անակնկալի բերին իրենց անափ խանդավառութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ շնորհքով:
Չնաշխարհիկ Երեւանին նուիրուած անկրկնելի երգերն ու բանաստեղծական խոստովանութիւնները բազմաթիւ յուզիչ եւ լուսաւոր պահեր պարգեւեցին ունկնդիրներուն եւ համոզեցին, որ այն հեռաւոր, փոքրիկ գեղազարդ երկիրը՝ իր գունագեղ մայրաքաղաքով, կը սպասէ բոլորին, կարօտ ունի բոլորին, կը ցաւի ամէն հեռացողի համար եւ կը հրճուի ամէն վերադարձով:
ԵՐԱԶԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ