ՄԵՐ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ ԱՆՀԱՏԻ ՎՐԱՅ Է, ԵՒ ՈՉ՝ ՀՈՂԻ, ՇԷՆՔԻ, ԿԱԼՈՒԱԾԻ…

Օրերս Հայաստան կը գտնուէր Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարչութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան՝ նախ մասնակցելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 30-րդ նիստին, ապա մօտէն հետեւելու ընկերակցութեան հայաստանեան եւ արցախեան ծրագրերուն:

ԺԱՄԱՆԱԿ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղի գլխաւոր գրասենեակին մէջ հարցազրոյց մը կատարեց սփիւռքահայ անուանի գործիչին, գրողին հետ:

*

-Պարոն Խանճեան, անցնող մէկ տարուան ընթացքին բազմիցս հնչեց այն միտքը, թէ հայութիւնը այս օրերուն իր ամենէն տխուր օրերը կ՚ապրի: Դուք ի՞նչ կ՚ըսէք այս մասին:

-Անպայմանօրէն մենք չենք յանցաւորը եւ մենք չենք մեղադրեալը, բայց ճիշդ է, որ մենք շատ դժուար օրեր կ՚ապրինք: Ես յաճախ, իմ Հայաստան այցելութիւններուս ընթացքին, մեր համայնքի հովիւներուն հետ կը խօսիմ, իրենց կ՚ըսեմ՝ Միջին Արեւելքը շատ յստակ կերպով անկումի մէջ է, կը հայաթափուի, իսկ մնացողները արդէն այդ նախորդներուն գիտակցութիւնն ու զգացումը կրնայ ըլլալ ունին, բայց կարողականութիւնը, գիտութիւնը չունին: Մշակոյթի, լեզուական եւ ամէն տեսակ անկումի մէջ ենք: Արեւմուտքի մէջ այդ անկումը շատոնց սկսած է, այնտեղ թէ՛ դիմագիծի եւ թէ՛ լեզուական անկում կայ: Ճիշդ է, ցաւալի է, որ յատկապէս Միջին Արեւելքն է մեզ յուսահատեցնողը, որովհետեւ միշտ արեւմտահայերու կրակը այնտեղ էր:

Եւ մեր Հայաստանի հովիւներուն կ՚ըսեմ՝ յոյսը դուք էք, որ այստեղ վառ պիտի պահէք կրակը՝ հաւատքի կրակը, կրօնի կրակը, անոր հետեւող բարոյականութեան կրակը, անցնիլ լեզուին, մշակոյթին եւ այլն եւ այլն: Կը պահանջեմ, որ այդ ուղղութեամբ աւելի հոգ տանին, չըլլան կիրակի օրուան ծառայողներ: Ամէն օր ընելիք կայ:

Ինչ կը վերաբերի պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակին, ապա ես երկրորդ անգամն է, որ պատերազմէն ետք Հայաստան կու գամ: Առաջին անգամը՝ 18 մայիսին էր: Նոյնիսկ հիւրանոցին մէջ առաջին տպաւորութիւնս այն էր, որ մահաքունի մէջ մտնող տեղ մը կու գամ, լոյսերն իսկ գոց էին, մարդ չկար, նաեւ տեղեկացայ, որ հիւրանոցին մէջ ալ շատ քիչ մարդ կար:

Չմոռնանք նաեւ քովիտը, որ իր մեծ ազդեցութիւնը նոյնպէս ձգած էր ամէն ինչի վրայ: Պատերազմէն ետք, անշուշտ, մարդոց զգացողութիւնները տարբեր էին, բայց կու գային. ցաւողն ալ կու գար ցաւին համար, սնանողն ալ կու գար ներշնչուելու համար:

Բայց մայիս 18-31 տարբերութիւն տեսայ Հայաստանի մէջ, վերջին օրերուն քաղաքը աւելի եռուն էր, աշխոյժ էր: Կեանք է, պիտի շարունակուի, պէ՛տք է շարունակուի: Նախ, քրիստոնէական զգացում է, որ մենք Աստուծոյ կը յանձնենք մեր մեռեալները եւ անոնց յիշատակով, յուշերով կ՚ապրինք, հաւատալով անշուշտ, որ Աստուած օր մըն ալ մեզի առիթ պիտի տայ յաւիտենական կեանք ունենալու, անոնց միանալու: Բայց այս մէկը տարբեր էր, ազգային ողբերգութիւն էր, երիտասարդներ զոհուեցան եւ միայն ընտանեական չէր ցաւը, միայն արիւն չհեղուեցաւ, հող, մեծ տարածքներ կորսնցուցինք:

Այո, ցաւը մեծ է, բայց ես կը մտածեմ այն մարդոց մասին, որոնք մէկ տարիէն աւելի, մինչեւ այսօր կ՚ողբան: Կը մտածեմ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ապրիլ այդ ողբին մէջ, այդ յուսահատութեան վերջը անձնասպանութիւն է… Ամէն մարդ կը հայհոյէ եղածին, ամէն տեսակ լեզու կը գործածուի այս վիճակը նկարագրելու համար, ամէն օր կոչ կայ ոճիր գործելու, բայց մէկը չ՚ըսեր, թէ ի՛նչ ընենք:

Եղաւ, կորսնցուցինք, եթէ դաւաճաններ, յանցագործներ ունինք, յանձնախումբ մը կազմենք եւ քննենք այս ամէնը: Այս առաջարկը Հայաստանի պատկան մարմիններուն հետ հանդիպումին կրկին ներկայացուցի եւ պատերազմէն մէկ ամիս ետք Միացեալ Նահանգներու մէջ ալ Սփիւռքի յանձնակատարին ներկայացուցած էի: Պէտք է ըլլայ պատերազմը ուսումնասիրող յատուկ յանձնախումբ մը, որ անկախ ըլլայ՝ անկախ կառավարութենէն, անկախ ընդդիմութենէն: Յանձնախումբը կ՚ուսումնասիրէ, թէ ինչո՞ւ եղաւ պատերազմը, ինչո՞ւ մենք այդ հանգրուանին հասանք եւ այս արդիւնքին յանգեցանք, որպէսզի դաս առնենք: Եւ անպայմանօրէն պատժելու համար չէ, այլ մարդիկ պիտի գիտնան իրականութիւնը, քանի որ պատահածը նորէն կրնայ պատահիլ: Սփիւռքն ալ դեր ունենալու է այս յանձնախումբին մէջ, ներկայացուցիչներ ունենալու է: Ես կը հաւատամ, որ մենք մասնագիտական կարողականութիւնը ունինք, եթէ ազատութիւնը տրուի այսպիսի քննութիւն մը ընելու համար:

-Պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը արցախցիներուն աջակցելու զանազան ծրագրեր իրականացուց եւ տակաւին կը շարունակէ: Ո՞ր քայլը մասնաւորապէս կարեւոր կը համարէք:

-Կարեւոր կը նկատեմ արցախցիները իրենց տունը վերադարձնելու ծրագիրը, որ յաջողութեամբ իրականացուցինք: Պատերազմին աւարտը յայտարարուեցաւ 9 նոյեմբերին, 10 նոյեմբերին մեր ընկերակցութեան ներկայացուցիչները Ստեփանակերտէն չհեռացան, իսկ պատերազմի ամբողջ շրջանին շարունակ մեր կեդրոնները կ՚այցելէին Մարտակերտ, Ասկերան, Հատրութ, այլ վայրեր, աջակցութիւն կը ցուցաբերէին, կացութեան կը նայէին, Շուշիի մեր ճամբարը մեծահասակներու հանգրուանի կեդրոն դարձած էր, անոնց բոլորին հոգ տարին…

Հակառակ անոր, որ Արցախը պարպուեցաւ եւ կ՚ըսուի, որ Ստեփանակերտի մէջ 400 մարդ հազիւ մնացած էր, մենք հոն էինք՝ հոն մնացածներուն օգտակար ըլլալու:

Նոյեմբեր 10-ին ես պահանջեցի մեր ներկայացուցիչներէն՝ Արցախի մէջ գտնուող մեր բոլոր կեդրոնները բանալ, պատրաստել եւ քաջալերել ժողովուրդը, որ կը գտնուէր Երեւան եւ այլ տեղեր, վերադառնալու Արցախ: Դեկտեմբեր 1-ին մեր կեդրոնները պատրաստ էին, եւ ժողովուրդը գնաց:

Կարեւոր էր, որ մենք հոն պատրաստ ըլլայինք վերադարձողները ընդունելու եւ Արցախ վերադառնալը յատկապէս մենք շատ կարեւոր կը նկատէինք: Ուրիշ ճար չկար, այսինքն կար՝ ատիկա Արցախ չվերադառնալն էր, բայց այդ պարագային մենք բոլորովին կորսնցուցած կ՚ըլլայինք ամբողջ Արցախը, բայց ժողովուրդին մեծամասնութիւնը վերադարձաւ: Յաջողեցանք այդ ժողովուրդը իր տունը վերադարձնել, որովհետեւ շատեր հաւանաբար մտածեցին եւ ըսին, թէ մեր տունը այնտեղ է եւ քանի առիթը կայ՝ վերադառնանք, գաղթական չըլլանք:

Հողին վրայ ապրելով է, որ կը պահենք հողը, ուրիշ միջոց չկայ, հողը կը սահմանուի իր վրայ ապրողին ինքնութեամբ: Եթէ մենք այդ հողին վրայ չապրինք, այդ հողը հայկական չ՚ըլլար, Արցախը չէր կրնար շարունակել մնալ հայկական: Նախաձեռնեցինք, դրական քայլ մը առինք, ձեռք երկարեցինք արցախցիներուն եւ կը շարունակենք օգտակար ըլլալ անոնց:

-Հակառակ անոր, որ Արցախի կարգավիճակը յստակ չէ, կրկին պատերազմի կոչեր կը հնչեն եւ այլն, այդ ամէնը ձեզի ետ չի՞ պահեր ձեր ծրագիրներէն:

-Երբե՛ք, եւ ասիկա շատ յստակ կերպով կ՚ըսեմ: Անճարակ չենք: Գիտակից ենք, եւ մենք, ի դէպ, կորսնցուցինք Շուշիի մեր կալուածները, ճամբարը, մանկապարտէզը, մեր «Շող» կեդրոնը, ուր հսկայական գումաներով ծախս ըրած էինք: Մենք դարձանք եւ նորէն ներդրում ըրինք Ստեփանակերտի մէջ, շարունակելով մեր ծառայութիւնը՝ նոր կեդրոններ բանալով, նոր ծախսեր ընելով, նոր դրամագլուխ յատկացնելով: Որովհետեւ մեր ներդրումը անհատի վրայ է, մարդու վրայ է, մարդ էակի վրայ է, եւ ոչ՝ հողի, շէնքի, կալուածի… Մենք պէտք է ոտքի կանգնինք, կենդանի մնանք, շարունակենք արարել, գործել, ապրիլ: Այդ կերպով Աստուծոյ երախտագէտ կ՚ըլլանք նաեւ մեզի տրուածին համար:

-Սփիւռքի մէջ կան բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, որոնք եւս ժամանակին մեծ ներդրումներ կատարած են Արցախի մէջ: Տեղեա՞կ էք, արդեօք անոնց մտայնութիւնները ի՛նչ են՝ ըրածին համար զղջալու կամ կրկին շարունակելու առումով:

-Առանց անհատներու կամ կազմակերպութիւններու անուններ տալու, ըսեմ, որ կայ այն մտայնութիւնը, այն համոզումը, որ վտանգաւոր է ներդրում ընելը եւ կան, որ կ՚ըսեն, թէ մենք չենք ուզեր կրկին ներդրում ընել: Կա՛ն այդպիսի մտայնութիւններ, բայց հակառակն ալ եղաւ. մենք քանի մը նուիրատուութիւններ ունեցանք, որ գիտակից կերպով ըրին Արցախի համար: Մենք հիմա Ստեփանակերտի մէջ մեր մանկապարտէզը կը մեծցնենք, պետութիւնը մեզի շէնք մը տուաւ եւ այդ շէնքը նորոգելու վրայ ենք, մի քանի հարիւր հազար տոլարներու ծախս է, արդէն այդ գումարները յատկացուցած ենք, որպէսզի մենք ծառայութիւնը ընենք Արցախի ժողովուրդին:

-Անկախ այն հանգամանքէն՝ ձեր համայնքի անդա՞մ են, թէ՝ ոչ. նշանակութիւն ունի՞:

-Բոլորովի՛ն: Մեր ծառայութեան դաշտին մէջ, 175 տարիէ ի վեր՝ Աւետարանական եկեղեցին եւ 102 տարի՝ Աւետարանչական եկեղեցին միշտ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ծառայած են մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ մեր համայնքի փոքր թիւէն դուրս: Երբեք համայնքային գոյն չենք տեսներ մեր ծառայութիւններու դաշտին մէջ: Հայ ժողովուրդին համար է մեր առաքելութիւնը, այդպէս ստեղծուած է, այդպէս կը շարունակուի եւ այդպէս յանձնառու ենք շարունակելու:

Մեր առաքելութեան կորիզը ընդհանրապէս այսօր յոյս ներշնչելն է: Ամէնուրեք, ուր կը գտնուի մեր հայրենակիցը, մեր ազգակիցը, ինչ վիճակի մէջ որ է՝ յոյս ներշնչել եւ այդ մէկը ընել գործնականօրէն, աշխատանքով:

Եթէ նորէն դառնանք Արցախին, ապա մենք Արցախի բնակիչներուն համար անձնական գործ մը ունենալու յատուկ օժանդակութեան ծրագիրի մը սկսանք եւ խոստացանք օժանդակութիւն հայթայթել երկու տարուան համար: Անձնական գործ սկսելով կը կայունանան, եկամուտ կ՚ունենան, եւ եթէ յաջողի, կը շարունակենք: Այսօր մօտաւորապէս քառասուն արցախցի ընտանիք այդ ծրագրին մէջ է եւ պատրաստ ենք քառասունը կրկնապատկելու, եռապատկելու: Ասիկա նաեւ յոյս, վստահութիւն ներշնչելու ծրագիր է, որ իրենք տակաւին մարդ են, այս հայրենիքի զաւակներն են, իրենց հոգացող կայ, իրենց մասին մտածող կայ, իրենց ձեռք երկարող կայ:

Ընդհանրապէս, ամէն մարդ պարտականութիւն ունի հիմա: Այս մտորումներով այսօր կ՚անդրադառնամ, որ եկեղեցի եւ պետականութիւն հաշտ չեն. չի կրնար ըլլալ: Անշուշտ, մենք կը հասկնանք եկեղեցի եւ պետականութիւն զանազանելը, բայց պէտք է հաղորդակից, ջերմ յարաբերութիւններ ըլլան, յատկապէս այսօր: Կրօնքի մասին չէ անշուշտ խօսքս, ամէն մարդու հաւատքը, կրօնքը իր եւ իր Աստուծոյ միջեւ է, բայց մեր եկեղեցին մեր պատուական եւ պատմական հաստատութիւններէն մէկն է, որ մեզ պահած է, այնպէս որ յարգանք պէտք է ունենալ եկեղեցւոյ հանդէպ, ինչ ալ որ ըլլան մարդոց մտայնութիւնները հաւատքին հանդէպ:

Ամէն մարդ իր դերը ունի կատարելիք այս մարզին մէջ, որքան ալ որ զբաղած է իր գործով, այս երեւոյթները պէտք է ցոյց տալ ժողովուրդին, ժողովուրդին օրինակ ծառայել, որպէսզի անոնք իրարու քով գան, մօտենան:

-Կառոյցները անշուշտ իրենց դերը ունին, իսկ անհատներ, մտաւորականներ կը տեսնէ՞ք, որոնց կը վստահի հայութիւնը, որոնց խօսքը առաջնորդող ըլլայ եւ որոնց կարելի է վստահիլ այս բոլոր գաղափարները տարածելու համար:

-Երբ նայիմ հայրենիքէն ներս, առաջին հերթին ես ինքզինքս կ՚այպանեմ, որովհետեւ կ՚ըսեմ, թէ հաւանաբար լաւ չեմ ճանչնար այսօրուայ մտաւորականութիւնը, բայց պատասխանս ժխտական է՝ չկայ, չեմ գիտեր, մէկը չկայ, որ ակնառու երեւի, գայ եւ յարգանք վայելէ, ժողովուրդը վստահի անոր: Եթէ ըլլար, կ՚երեւէր: Արտասահմանի մէջ կան, բայց աւելին կ՚ակնկալւի եւ ոչ միայն խօսքի առումով, այլ՝ գործի:

Կը խորհիմ, որ մեր կրօնական առաջնորդները աւելին պէտք է ընեն, միայն կոչերով չէ, գործնական քայլեր պէտք են: Իրենք հանգամանք ունին, դիրք ունին, կրնան ընել այդ մէկը՝ կարիքը կայ առաջնորդելու:

Գալով յուսահատութեան, կեանքը շարունակելու նիւթին, որ քիչ առաջ կը խօսէինք, ըսեմ, որ անցեալ շաբաթ զոհուածի ընտանիքի մը այցելեցի: Ընտանիքին հայրը զոհուած էր պատերազմին, երեք զաւակ ունէր, երրորդ զաւակը պատերազմի ընթացքին ծնած էր, երկու զաւակները եւ այդ վերջինը՝ երկու շաբթուան զաւակը, ձգելով կինը դիազննարանները կը պտտէր՝ ամուսինին մարմինը գտնելու, եւ ճանապարհին ինքնաշարժի արկածով մահացած է: Այդ երեք մանուկները իրենց հայրը, մայրը գրեթէ միաժամանակ կորսնցուցած են եւ անոնց հոգ տանողները այսօր մեծ հայրը, մեծ մայրն են: Փառք Աստուծոյ, երկու կողմէն ալ մեծ հայր, մեծ մայր կայ:

Շատ ցաւալի պատմութիւն է, բայց այդ ընտանիքին մէջ ո՛չ ատելութիւն զգացի, ո՛չ ոխ տեսայ, ո՛չ մազ փետտել տեսայ, այլ՝ կեանք տեսայ: Երեխաներուն համար կեանքը շարունակելու ճիգ տեսայ: Պարտականութիւն ունին: Բայց չէ՞ որ մենք բոլորս ալ ունինք այդ պարտականութիւնը, չէ՞ որ այս հայրենիքն ալ մեր երեխան է, բոլորիս երեխան է:

Ուրեմն, այդ եղերամայրերը, եղերահայրերը, որ անվերջ կ՚ողբան, չեն զգա՞ր, որ մեր հայրենիքը պէտք ունի կեանքի, ապրելու, յառաջ երթալու: Այդ է, որ պէտք է վերագտնենք եւ ապրինք:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2021