ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Ե.
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Եւ գիտելի է, որ ճշմարիտ վկան բոլոր սուտ կարծիքները կը խափանէ ու գաղտնի ճշմարտութիւնը կը յայտնէ եւ վկայուածը կը մեծացուցանէ, իսկ սուտ վկան հակառակ ասոր ճշմարիտը կը խափանէ ու ստութիւնը կը յայտնէ:
Եւ դարձեալ գիտելի է, թէ բոլոր վկաները երեքի կը բաժնուին, որ այն, թէ վկան մեծ է, քան վկայուածը, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ ըստ աշխարհի, եւ այն, որ վկայուածը մեծ է, քան վկան, ինչպէս Քրիստոս քան Յովհաննէսը: Եւ այն, որ վկան ու վկայուածը հաւասար են, ինչպէս Հայրը Որդիին մասին վկայեց:
Եւ դարձեալ, վկայութիւնները երեք բաժին են, որովհետեւ կան վկայութիւններ, որոնք վկայուածին շահին համար են, ինչպէս որ են աշխարհինները, եւ այն՝ որոնք վկայողներուն օգուտ են, ինչպէս հաւատքով վկաները եւ կան վկայութիւններ, որոնք ընդունողներուն օգուտ են, ինչպէս Յովհաննէսինը հրեաներուն համար:
Եւ դարձեալ, չորսն են վկաները. ոմանք խօսքով, ինչպէս Յովհաննէսը, ոմանք՝ գիրով, ինչպէս միւս մարգարէները, ոմանք գործով, ինչպէս սրբութեամբ, ոմանք արիւնով, ինչպէս վկաները:
Յովհաննէսը մարգարէներուն մէջ մեծ էր չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ դարձէն ետք բազմաթիւ տարիներ մարգարէ չերեւցաւ: Երկրորդ՝ սուրբ վարքին համար: Երրորդ՝ մարգարէացուածը տեսաւ: Չորրորդ՝ օրէնքներն ու շնորհները կը քարոզէր, այդ պատճառով առաքեալ ու մարգարէ կոչուեցաւ, եւ այլն:
ՃՐԱԳԻ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Յովհաննէս այն առկայծ ճրագն էր» (Յհ 5.35):
Մեկնութիւն. Ինչպէս այլ վարդապետներ ալ կ՚ըսեն, թէ այս համառօտ խօսքերով երեք պատճառ կը ցուցնէ՝ Յովհաննէսի ընդունելու վկայութեան համար:
Նախ՝ կարապետ ըլլալուն համար, ուստի կ՚ըսէ. «Ան էր ճրագը», այսինքն՝ առաքեալ եւ կարապետ, որովհետեւ ինչպէս որ ճրագը ինքն իրմէ լոյս չունի, այդպէս ալ Յովհաննէս Լոյսը չէր, այլ՝ Լոյսին համար վկայ մը (Յհ 1.8):
Երկրորդ՝ սիրոյ եւ նախանձախնդրութեան ջերմութեան համար, ինչպէս կ՚ըսէ. «...կը շողար» (Յհ 5.35), այսինքն՝ վառուած, որովհետեւ նախանձաւոր սիրոյն համար ան մահը ընդունեց:
Երրորդ՝ վարքի սրբութեան երեւումին համար, այդ պատճառով ալ ոմանք կարծեցին թէ ան Քրիստոսն է, այդ պատճառով կ՚ըսէ՝ կը շողար (Յհ 5.35):
Իսկ Ոսկեբերանը չորս կերպով կ՚ըսէ, թէ ճրագը համեմատուած է արդարութեան Արեգակին հետ, որ է Քրիստոս.
Նախ՝ որովհետեւ ճրագը լոյսը աւելի նուազ ունի քան արեգակը, այդպէս ալ Յովհաննէսը Քրիստոսի նկատմամբ:
Երկրորդ՝ որովհետեւ արեգակի լոյսէն կը ծածկուի, այդպէս ալ Քրիստոսի հրաշքներն ու մկրտութիւնը ծածկեցին Յովհաննէսինը:
Երրորդ՝ գիշերը կը լուսաւորէ, այդպէս ալ Յովհաննէսը անոնց ստուերացած միտքերուն մէջ: Եւ աղջամուղջին կ՚ըսէ, որովհետեւ տգիտութեամբ ու անհաւատութեամբ խաւարած էին: Իսկ ծագելը երեք կերպով է, այսինքն՝ սրբութեամբ, մկրտութեամբ եւ քարոզութեամբ:
Չորրորդ պատճառ. որովհետեւ ճրագը բնութեամբ լոյս չունի, այլ՝ հուրէն կը ստանայ, այդպէս ալ Յովհաննէս բոլոր շնորհները ի վերուստ ստացաւ: Իսկ Քրիստոս Արեգակը նախ՝ որովհետեւ բնութեամբ լոյս է, երկրորդ՝ անորոշելի, երրորդ՝ միշտ, չորրորդ՝ համայնից լոյս ու ճառագայթ:
ԴԱՐՁԵԱԼ ՃՐԱԳԻ ՅԱՏԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Ճրագի յատկութիւնը հաւաքելով տասը կերպով կ՚ըսեմ.
Նախ՝ ինչպէս ճրագը խաւարին մէջ կը լուսաւորէ իսկ արեգակին ծագելուն՝ կը նուազի, այդպէս ալ Յովհաննէսը նախքան Քրիստոս, հրեաներուն խաւարած միտքերը կը լուսաւորէր:
Երկրորդ՝ որովհետեւ ճրագը ուրիշէ մը ունի լոյսը, այդպէս ալ Յովհաննէս՝ Քրիստոսէն:
Երրորդ՝ որովհետեւ ճրագը միշտ չի՛ լուսաւորեր, այլ՝ շուտով կը շիջի, այդպէս ալ Յովհաննէս:
Չորրորդ՝ որովհետեւ ճրագը մէկ տեղ լոյս կու տայ, այդպէս ալ Յովհաննէս՝ միայն հրեաներու ազգին:
Հինգերորդ՝ ըստ մտաց, որովհետեւ «աչքը մարմինին ճրագն է» (Մտ 6.22: Ղկ 11.34), ըսաւ Տէրը, քանի որ ինչպէս մեր մարմիններուն մէջ ամենէն պատուականը աչքն է, այդպէս ալ մարգարէներուն մէջ ամենէն պատուականը Յովհաննէսն է:
Վեցերորդ՝ ճրագը լոյսին ընթացքը դէպի վեր ունի, այդպէս ալ Յովհաննէս իր քարոզութեան խօսքը Աստուծոյ Բանին ուղղուած էր, որ կ՚ըսէր. «Աստուծոյ Գառնուկը», եւ այլն:
Եօթներորդ՝ որովհետեւ ճրագին լոյսը պայծառ է, այդպէս ալ Յովհաննէս առաքինութեամբ պայծառ էր եւ ազատ՝ բոլոր ախտերէն:
Ութերորդ՝ որովհետեւ երբ ճրագ կը վառենք, նշանակ է գիշերուան գալուն, այդպէս ալ Յոհաննէս քարոզութեամբ նշանակ էր հրեաներու ազգին կորուստին, այսինքն՝ անհաւատութեան խորքին մօտենալուն:
Իններորդ՝ որովհետեւ ճրագը իր մէկ մասին մէջ ունի լոյսը, իսկ միւս բոլոր մասերը տգեղ կ՚երեւին, այդպէս ալ Յովհաննէս հոգիով պայծառ էր, իսկ մարմինով՝ մերկ ու անզարդ:
Տասներորդ՝ որովհետեւ ճրագը աշտանակի վրայ կը դրուի, այդպէս ալ Յովհաննէս քարոզութեամբ աւելի բարձրացաւ քան միւս բոլոր մարգարէները, որովհետեւ իր աչքերով զԱստուած տեսաւ ու մկրտեց, եւ Քրիստոսէն մարգարէներու ծնունդներուն մէջ՝ մեծը վկայուեցաւ:
Խօսք. «Եւ դուք ուզեցիք որոշ ատեն մը անոր լոյսով ուրախանալ» (Յհ 5.35):
Մեկնութիւն. Իրապէս որոշ ատեն մը, որովհետեւ թէեւ զինք Քրիստոսէն աւելի մեծ համարեցին, սակայն ետքէն նախանձեցան ու մահուան մատնեցին: Դարձեալ, կը ցուցնէ բոլոր բաներուն պատահիլը Յովհաննէսի գլխատումէն ետք, այդ պատճառով անոր մասին անցեալով կը պատմէ:
Այսքանը Յովհաննէսի առաջին վկայութեան մասին:
ՎԿԱՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԻՆ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Բայց Ես Իմ մասիս տրուած վկայութիւն մը ունիմ, որ աւելի մեծ է քան Յովհաննէսի տուած վկայութիւնը» (Յհ 5.36):
Մեկնութիւն. Այստեղ Ինքն Իր մասին երեք վկայութիւն կը բերէ. նախ՝ հրաշքներուն գործերը: Երկրորդ՝ Հօր ձայնը Յորդանանի ու Թաբօրի մէջ: Երրորդ՝ մարգարէներուն աստուածային գիրքերը, ինչպէս կ՚ըսէ. «Քննեցէ՛ք Գիրքերը» (Յհ 5.39):
Առաջինին համար կ՚ըսէ. «Բայց Ես Իմ մասիս տրուած վկայութիւն մը ունիմ, որ աւելի մեծ է քան Յովհաննէսի տուած վկայութիւնը». ասիկա չորս պատճառով.
Նախ՝ որովհետեւ աստուածային վկայութիւնը ամենատես գիտութեան եւ անփոփոխելի ըլլալուն համար աւելի մեծ է քան Յովհաննէսինը:
Երկրորդ՝ որովհետեւ հրաշագործութիւնը Աստուծոյ կարողութեանն է եւ ո՛չ թէ մարդու, ըստ այնմ. «Հրաշքներ ընող Աստուածը Դո՛ւն ես» (Սղ 77.14):
Երրորդ՝ որովհետեւ հրաշքներուն գործերը հրապարակային են ու մնացական, իսկ ոմանց վկայութիւնը լուծելի:
Չորրորդ՝ որովհետեւ բոլոր գործերը գործողին մեծութիւնը կը յայտնեն, ըստ այնմ. «Գործք Տեառն զՏէր օրհնեցէ՛ք» (Դն 3.57), այսինքն՝ յայտնեցէք ու փառաւորեցէք, նոյնպէս Քրիստոսի հրաշքներուն գործերը յայտնապէս կը ցուցնեն, թէ Քրիստոս Աստուած է, եւ թէ մարմինով կը կատարէր, մարմինը Աստուած էր, եւ Հոգիով իշխանութեամբ կը խօսէր, Հոգին Աստուած էր: Եւ թէ խօսքով հրաշքներ կը գործէր, Աստուծմէ էր Բանը: Եւ թէ Իր կամքով կը բժշկէր, Աստուծմէ էր կամքը, եւ նմանապէս մնացածը, ինչպէս կ՚ըսէ:
Խօսք. «...կատարած գործերս են, որ կը վկայեն Իմ մասիս» (Յհ 5.36):
Մեկնութիւն. Վարդապետներէն ոմանք ո՛չ միայն հրաշքները վկայական գործ կ՚ըսեն, այլեւ՝ Քրիստոսի սրբութեան եւ իմաստութեան գործերը, որոնցմով Ան ամբողջութեամբ աստուածային կ՚երեւար:
Այսքանը աստուածային գործերուն առաջին վկայութեան մասին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 48
Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024