ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՉԱՐԻՔՆԵՐԷՆ

Կ՚աճապարենք։

Դէպի ո՞ւր... մենք ալ չենք գիտեր։

Մեր աչքը կը յագենայ ոչ մէկ բանէ։ Զարմանալի արարած մը։ Աստուած աշխարհի երեսին մեզ ընծայեց անսահման իշխանութիւն։ Մեզ՝ մարդիկը այնքան շատ սիրեց ու կը սիրէ, որ ստեղծեց Իր կերպարանքով։ Մարդ արարածը միակ կենդանի էակն է, որ, ի վերուստ, օժտուեցաւ բանականութեամբ եւ ունի ազատ կամքի, ընտրութեան հնարաւորութիւն։ Գործածելով մեր ընտրութեան հնարաւորութիւնը, մենք՝ ամէն անգամ, ինքնակամ կ՚ընտրենք մեղքը։ Ատելով մեղքը՝ հմայուած, սիրահարուած ենք մեղքով։

Զարմանալի արարած...

Այսօր ալ մարդը կը փորձէ ինքզինքին կառավարիչ ստեղծել՝ արհեստական բանականութիւն, արհեստական ուղեղ։

Արհեստական բանականութիւնը պիտի կառավարէ մարդկութիւնը։ Այսպիսով՝ մարդը ոչ միայն զինքը կը ստրկացնէ, այլեւ կ՚ելլէ Արարչի դէմ։

Մարդուն ինչո՞ւ է պէտք տիրակալ, այն ալ արհեստական։

Իրականութեան մէջ մենք ունինք Տէր, որուն չենք ճանչնար, որմէ կը խուսափինք։

Մարդը այնքան շատ գայթակղեցաւ մեղքով, որ կը դժուարանայ գործել բարիք։ Դառնալ բարիի հետեւորդ։ Սակայն իւրաքանչիւրը կը բաղձայ բարիի մասին։

Կարծես գիտութիւնը կը տնքայ մեր կեանքի որակի բարձրացման համար։ Մինչդեռ գիտութեան յառաջընթացը տուրք կու տայ ծուլութեան արմատացումին։

Դէպի ո՞ւր կ՚աճապարեն... ոչ մէկը ունի պատասխանը։ Աւելի ու աւելի կը ծուլանանք։

Վերջին տասնամեակներու համեմատ այսօր մենք ունինք կեանքի առաւելագոյն պայմաններ։ Կը բաւէ սեղմել կոճակը եւ մեր փոխարէն ամէն բան կ՚ընեն գիտութեան վերջին գլուխգործոցները։ Այս մեքենաները նոյնպէս եկած են փոխարինելու մարդուն։ Այնքան ծուլացուցին մարդը, որ կոճակ մը անոր փոխարէն կ՚ընէ ամէն բան, անունը դնելով կեանքի, առօրեայի դիւրութիւն, յարմարաւէտութիւն։ Հոգ չէ, թէ վերջին տասնամեակներուն կրճատուեցաւ մարդու կեանքի միջին տեւողութիւնը։

Հոգ չէ, որ մարդը ծուլացաւ, անմիջապէս կը յոգնի։ Մարդը կորսնցուց իր առողջութիւնը։ Դեղերն է, որ մեզի ուժ կու տան հասնելու կոճակին եւ սեղմելու զայն։

Կոճակ մը մեր փոխարէն կ՚ընէ ամէն բան։ Այսօր մենք կը բանեցնենք միայն մեր ուղեղը։ Սակայն անկէ ալ յոգնեցանք։ Մարդը կ՚ուզէ ստեղծել արհեստական ուղեղ, որպէսզի այլեւս իրեն փոխարէն խորհի, արարէ սարք մը։

Վերջը ի՞նչ պիտի ընենք։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ մարդուն շահը...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2023