ԱՊԱԿԱՅ ԱՓՍԷ

Երբ իյնանք, կը նայինք մեր շուրջը եւ կը փնտռենք մեզ օգնելիք մէկը: Կ՚ուզենք, որ մէկը գայ ու մեր վէրքը սպիացնէ, մեզ լսէ, հասկնայ ու բուժէ։ Մենք կ՚ակնկալենք, որ ան մեզի փաթթուի անկեղծօրէն:

Մարդիկ կը բուժեն իրենց ցաւը ուրիշի մէջ, մարդիկ կը գնահատեն զիրար եւ աշխարհը կը դառնայ աւելի լաւ վայր մը:

Վերջին շրջանին կը կարծեմ, թէ այս համերաշխութեան ու ընկերակցութեան հետքը այլեւս չկայ։ Մենք փախչած ենք ցաւ ունեցողներէն կամ վիրաւորուածներէն, հեռացած ենք բուժում փնտռողներէն։ Մեր մտածողութեան համակարգը, որ փոխուած է «միասնականութիւնը ուժ կու տայ»էն, «թող ինծի չմօտենայ, թող զիս չանհանգստացնէ»ին՝ համադրուելով մեր անժամանակութեան հետ:

Բոլորս ալ միշտ կը փորձենք տեղ մը հասնիլ, բայց ի վերջոյ ոչ մէկ տեղ կը հասնինք: Մենք զիրար չենք տեսներ եւ չենք լսեր, մենք մեզի կը նայինք միայն հայելիներով։ Մենք կը հետապնդենք մեր սեփական շահերը, կը թաքնուինք մեր անդորրութեան գօտիներէն ներս եւ կը մտածենք միայն մեր շքեղ եսի, մեր բարձր եսի մասին:

Կ՚ըլլայ այնպիսի ժամանակ մը, երբ կը մտածենք, թէ մեր մերձաւորները միշտ պիտի կանգնին մեր կողքին, կը վստահինք եւ անոնց կը մատուցենք մեր սիրտը, մեր ամենաթաքուն մտածումները՝ ապակէ ափսէի մը մէջ։ Անոնք յաճախ կը ձախողին այդ ապակէ ափսէն կրելէ եւ անոր ճիշդ կեդրոնը տեղադրած մեր սիրտը նոյնպէս կը փշրուի ափսէով միաժամանակ։ Երկար ժամանակ կը զբաղինք այդ ապակիի կտորները մեր սիրտէն մաքրելու համար, բայց իւրաքանչիւր կտորի հեռացումը պատճառ կը դառնայ արիւնահոսութեան։ Այլեւս յոգնած, ցաւէն ձանձրացած, մենք մեզ կը մեկուսացնենք՝ անգամ մը եւս «չկոտրուելու» վախով։

Սա մեր դարաշրջանի հիւանդութիւնն է եւ մենք կը սիրենք մեր առանձին ու եսասէր ուղիները: Մենք այլեւս չենք ալ ուզեր մեր նաւը տեղափոխել, յոյս ունինք, որ մէկը գայ եւ ազատէ մեզ, մինչ կը փորձենք առանձին ապրիլ մեր մութ քարայրներուն մէջ:

«Եթէ հանդիպիմ քեզ մեծ փողոցներէն մէկուն վրայ, եթէ ձեռքս մեկնեմ, քեզ տանիմ, նայիմ քու աչքերուն: Առանց խօսելու զիրար հասկնանք»։ Ինչպէս բանաստեղծի այս տողերը կը պատմեն, ո՞վ չ՚ուզեր առանց խօսելու հասկցուիլ, ո՞վ չ՚ուզեր իր խորքի վէրքերը տեսնող մէկը՝ առանց բառ մը օգտագործելու։

Ո՞վ մեզ կը գուրգուրայ ամենաքնքոյշ ձեւով եւ կը հաւաքէ մեր կոտրուած ոսկորները… Աշխարհի վրայ, ուր իւրաքանչիւր մարդ կը մտածէ միայն իր մասին, ո՞վ կրնայ բուժել մեր վէրքերը… Ո՞վ գիտէ…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022