ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԳԻՇԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ

Գրեթէ բոլորիս զգացումներուն, մարդկութեան տառապանքներուն եւ բոլոր տեսակի տագնապներուն յաճախ թարգման կը հանդիսանան գրողներ, որոնք երբեմն կը փորձեն բառերու ետին թաքցնել իրենց գաղափարները կամ մօտեցումները։ Նման հեղինակներու որպէս օրինակ կարելի է տալ Լուի-Ֆերտինանտ Սելինը, որ բազմաթիւ ընթերցասէրներու ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուի թէ՛ իր գրածներով եւ թէ իր ապրածներով։

Հեղինակի «Ճամբորդութիւն գիշերէն անդին» վէպը կը համարուի՝ որպէս ֆրանսական գրականութեան մէջ յեղափոխութիւն։ Վէպը ուշագրաւ է յատկապէս իր ոճով՝ խօսակցական լեզուի եւ կորճաբանութեան (jargon) իւրայատուկ համարդութեամբ։ Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն իր կեանքի բնականոն հունէն դուրս եկած եւ հոգեբանական բազմաթիւ փորձութիւններու ենթարկուած հեղինակի այս գիրքը ոմանց համար գլուխ-գործոց է, իսկ ոմանց համար՝ մռայլ ողբերգութիւն։ Հեղինակը այս գիրքով կը փոխանցէ իր կեանքը, դիրքորոշումները կամ փորձառութիւնիերը՝ գիրքի գլխաւոր հերոս Ֆերտինանտ Պարտամուի միջոցաւ։ Պարտամուն, ինչպէս հեղինակը նոյնպէս ըրած է, լքած է իր տունը եւ միացած՝ ֆրանսական բանակին՝ որպէս զինուոր եւ բժիշկ։ Զինուորագրուելէ երկու տարի վերջ սկսած է Առաջին աշխարհամարտը։ Նոյնիսկ իրեն համար արտառոց որոշմամբ գլխաւոր հերոսը կը մասնակցի պատերազմին եւ կը կարծէ, թէ սա խելագարութեան վիճակ է ամբողջ մարդկութեան համար։ 

Լուի-Ֆերտինանտ Սելին իր այս գիրքով ընթերցողը կը հրաւիրէ ականատես դառնալ մարդկութեան ամենագորշ ու թաքուն երեսակներուն։ 1932 թուականին լոյս տեսած վէպը ազնութեամբ կը բացայայտէ Առաջին աշխարհամարտի վերաբերեալ հեղինակի տպաւորութիւնները եւ միտքերը։ Համաշխարհային գրականութեան մէջ այս վէպի շնորհիւ հեղինակը կը հասնի պատկառելի դիրքի մը։ Կրելով մարդկութեան վէրքերը՝ որոնք կ՚արիւնին անցեալի փոշոտ էջերէն մինչ այժմ։ Գիրքի ընթերցողները անպայման կը հիանան Սելինի արտասովոր ոճով ու նուրբ «գեղարուեստականութիւնով»։ 

Իմ այս յօդուածովս կ՚ուզեմ ներկայացնել Սելինի վերոյիշեալ գիրքէն քանի մը հատուածներ, որոնք նաեւ հայելի կը հանդիսանան թէ՛ անցեալի, թէ՛ ներկայի եւ թէ միեւնոյն ժամանակ ապագայի ընկերային կամ քաղաքական հարցերու։

- Պատերազմը, մի խօսքով, այն ամէնն էր, զոր մենք չէինք հասկնար: 

- Ամենամեծ պարտութիւնը մոռնալն է, յատկապէս այն ինչ, որ «հոգիդ կը հանէ», մեռնիլ՝ առանց հասկնալու, թէ ինչ աստիճանի կրնան մարդիկ «անասուն» ըլլալ։ 

- Երբ մարդ չի կրնար երեւակայել, մեռնելը դժուար չէ, բայց եթէ ունի երեւակայութիւն, մեռնիլը շատ ծանր երեւոյթ է։ 

- Ոչ մէկ բանի մասին մարդ կը մտածէ սկիզբէն։ Բանտէն գոնէ կենդանի դուրս կու գաս, իսկ պատերազմէն՝ ոչ։ Մնացած ամէն ինչ բառեր են միայն։ 

- Բոլորիս համար պայման էր գոնէ ժամ մը եւս ապրիլ. ամէն ինչ սպանութեամբ «պարզուած» աշխարհի մը մէջ նոյնիսկ ժամ մը ինքնին «երեւոյթ» մըն է։ 

- Աշխարհի նեղութիւնները մարդիկը կը ձերբակալեն որեւէ տեղէն։ Այդ նեղութիւնները, կարծես ամէն անգամ, առանց բացառութեան կը յաջողին մարդիկը անպայման ձերբակալել։ 

- Եթէ այս աշխարհի վրայ էք, լաւագոյնն է այստեղէն դո՞ւրս գալը՝ խենթ ըլլաս կամ ոչ, վախնաս կամ ոչ։

- Այն ինչ, որ իսկապէս հետաքրքրական է, միշտ տեղի կ՚ունենայ գաղտնի ձեւով։ Մարդոց իրական պատմութեան մասին յստակ ոչինչ կայ։ 

- Ա՜հ ընկեր, հաւատայ, որ այս աշխարհը ստեղծուած է արհամարհելու համար մարդիկը։ 

- Կեանքը «տանելի» կ՚ըլլայ միայն մայրամուտէն վերջ։ 

- Մարդիկ յառաջիկային վրէժ կը լուծեն այն բարիքներուն համար, որոնք գործեցիք անոնց օգտին։

- Էապէս պէտք է ընդունիլ, թէ խելագարութեան ախտանշանն է՝  մարդոց անտեսանելի բաներով հետաքրքրուիլը կամ անոնց մասին մտահոգուիլը։ 

- Մարդոց վստահիլը համազօր է՝ ինքզինք քիչ մը սպաննել տալ անոնց։ 

- Գրեթէ ամէն վերջ կը սկսի չափազանցութեամբ։ 

- Միանգամայն մի՛ հաւատաք այն մարդոց, որոնք կ՚ըսեն, թէ տխուր են։ Նախ հասկցէք, թէ անոնք դեռ կրնա՞ն քնանալ։ Եթէ պատասխանը դրական է, ապա սա կը նշանակէ, թէ ամէն ինչ կարգին է։ Այս հարցումը բաւարար է։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020