ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽԱՐԻՍԽ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Մոնթեսորի» միջազգային ընկերակցութեան մեթոտաբանութեամբ մանկական նորահաստատ կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Ներկայ էին Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Վիլլա Մոնթեսորի» կեդրոնի հիմնադիր-տնօրէն Նոնա Վանեցեան լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, որ Մարիա Մոնթեսորիի մեթոտաբանութիւնը թոյլ կու տայ երեխաներուն իւրաքանչիւր տարիքի մէջ զարգանալ իր փափաքած ձեւով՝ խաղերու միջոցաւ։ Կեդրոնը բաղկացած է երեք մասէ՝ մանկապարտէզ, գոլէճ եւ դասապարապման կեդրոն։ «Մենք այստեղ երեխաները կ՚ուղղորդենք, թէ ինչպէս կարելի է զարգանալ։ Մեր կեդրոնին մէջ այդ մէկը կ՚իրականացուի խաղերու միջոցաւ եւ սաները կը ստանան իրենց գիտելիքները։ Մեզ մօտ չկան սովորական խաղալիքներ՝ անոնք ունին յատուկ մշակում եւ երեխան անոնցմէ չի յոգնիր։ Այստեղ կը սորվին ձայները, չափերը տարբերել, մաթեմաթիկի ընդունակութիւններ ապահովել՝ գումարել, հանել, բազմապատկել, բաժնել», ըսաւ Վանեցեան։
Նորահաստատ կեդրոնը հնարաւորութիւն ունի 160 երեխայ ընդունելու։ Այնտեղ կը դասաւանդուին հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, աշխարհագրութիւն, ինչպէս նաեւ կը գործէ երեխային ինքնուրոյն վարուելակերպի գօտի մը։