ԿԵԱՆՔ՝ ՏՆԱՅԻՆ ԿԱԼԱՆՔԻ ՄԷՋ

Անցաւ գրեթէ ամիս մը, բանտարկուած ենք մեր սեփական յարկի տակ։ Անթիւ անհամար մեղքերու, սխալներու, թերութիւններու պատճառաւ կը կրենք պատիժ, սակայն չենք հասկնար, թէ ո՛ր մէկուն համար։ Ըստ սովորութեան, միայն կը գանգատինք ստեղ-ծըւած անպատեհ վիճակէն։

Մնա՛ տանը, տունէն դուրս մի՛ ելլեր. ահաւասիկ համայն աշխարհի կոչը։

Է՜հ… եթէ կարելի չէ, ուրեմն կարելի չէ… Օր մը զուարթ, օր մը դժկամ կը փորձենք հնազանդիլ։ Սակայն սա հնազանդութիւնը մեզմէ կը խլէ բաւական ջանք ու եռանդ։ Ինչեւէ…

Լուսաբացն ու մայրամուտը կը դիմաւորենք մեր երազի մէջ։ Հազիւ կէսօրին կ՚ար-թըննանք, ուշ գիշերին ալ կը քնանանք։ Ժամ մըն ալ անկողինի մէջ կը պառկինք, քանզի ընելիք բան մը կամ աճապարանք մը չունինք։ Ո՛չ դասի կամ մանկապարտէզ պիտի երթանք, ոչ ալ աշխատանքի։ Փառք Աստուծոյ աշխատանք ունինք, ան ալ գերժամանակակից. մեր բոլոր գործերը կը կարգադրենք համակարգչի ու համացանցի միջոցաւ։

Ի դէպ, կալանքէն քանի մը օր առաջ մայրս Արցախէն մեզի այցի եկաւ՝ թոռնիկէն կարօտն առնելու։ Եկաւ ու ինկաւ թակարդը։ Խեղճ կինը Ստեփանակերտի մէջ իր լայն ու ընդարձակ առանձնատունը ձգած, այժմ մեզի հետ՝ պզտիկ բնակարանի մը մէջ, որ նոյնիսկ պատշգամ չունի, պատիժ կը կրէ։

Մինչ երիտասարդներու արթննալը, ան կ՚ախտահանէ ամբողջ բնակարանը, շեշտը դնելով դռներու բռնակներուն, հեռաձայններուն վրայ։ Աւելի հակիրճ, այն մակերեսներու վրայ, ուր թագաժահրը կը սիրէ բոյն հիւսել երկարաժամկէտ։ Այսպէսով մայրս ամէն Աստուծոյ օր ինքզինքն ու մեզ կը պաշտպանէ աներեւոյթ, փխրուն թշնամիէն։ Կրնանք ըսել, թէ սա պահուն մեր տան մարտիկը մայրս է, որ բոլոր օր կը պտտի աւելն ու ախտահանիչ նիւթը ձեռքին։

Իսկ մենք՝ մենք ինչ ընենք։ Հազիւ անկողինէն կ՚ելլենք ու դատարկ ստամոքսով կը վազենք խոհանոց։ Ի դէպ, թագաժահրի պատճառաւ ես դարձայ հմուտ խոհարար։ Միայն տեսնէք, թէ ինչ ախորժաբեր ու անուշաբոյր ուտելիքներ, քաղցրաւենիքներ կը պատրաստեմ ընտանիքիս պարագաներուն համար։ Բոլորը գոհ են ու երջանիկ։

Արտակարգ իրավիճակի պայմաններու տակ մեր բարձր տրամադրութիւնն ու ժիրութիւնը կ՚ապահովէ տունին ամենապզտիկը։ Անոր շնորհիւ մենք յաճախ կը հեռանանք անհրապոյր ներկայէն ու կը թեւածենք մանկութեան անհոգ ու երջանիկ աշխարհին մէջ։ Հրեշտակային քունէն արթննալէ վերջ ան իւր անկեղծ ժպիտով կը ջերմացնէ միայնութեան պահերուն, սա անորոշ վիճակէն սառող մեր հոգիները։ Այդ փոքրիկ մարդուկը մեր տան արեւն է, մեր յոյսն ու լոյսը։

Իմ կենսուրախ բալիկը գիտէ, թէ մեզ ինչպէս կրնայ զբաղեցնել։ Մենք ամէն օր պտոյտ մը կը կատարենք դէպի մանկութիւն, երազային աշխարհ։ Կը խաղանք զանազան խաղեր։ Մեծ ուշադրութիւն կը դարձնենք մարզանքներուն։ Օրուայ հոլովոյթին քանի մը անգամ պահուըտուք ու բռնոցի կը խաղանք։ Կ՚ուսումնասիրենք կենդանական աշխարհը։ Կը թերթենք գունազարդ գիրքեր, պատմութիւններ կը պատմենք…

Քանզի մեր եռանդը կանուխ կը սպառի, իսկ մեր փոքրիկինը ոչ, ուստի մեզի օգնութեան կու գան համացանցին վրայ տեղ գտած անթիւ ու անհամար մանկական շարժանկարները։ Երբ այլեւս կ՚ունենանք հանգիստի կարիք, շարժանկարով մը կը շեղենք տան փոքրիկի ուշադրութիւնը։

Յաճախ կը ձանձրանանք։ Ձանձրոյթի պահերուն կ՚երեգենք թագաժահրին նուիրուած, վերջերս համացանցի մէջ տարածում գտած երգը։

Բանտարկեցիր մեզ մէջը տուներուն,
Կը նախանձինք մենք փողոցի շուներուն։
Վերջդ թող գայ մեր աշխարհէն հեռանաս
Մենք քեզ, դուն ալ մեզ մոռանաս։
Ձեռնուիլը մէկ փորձանք, համբուրուիլն է մեծ յանցանք։
Փռշտալը մեծ փորձանք, բայց՝ պայքարելէ վազ չանցանք։

Յիրաւի սկսած ենք նախանձելու պատուհանէն անդին ազատութիւնը, գարնանային հրաշագեղ եղանակը վայելող կենդանիներուն։ Չորս պատի արանքէն կը փորձենք հաղորդ դառնալ արտաքին աշխարհին։ Սակայն այս տարբերակը տեսակ մը շինծու է։

Շաբաթը անգամ մը մեզի համար տօն է. կ՚ելլենք առեւտուրի։ Անհամբեր կը սպասենք այդ օրուան, կը կարծենք, թէ լիաթոք պիտի վայելենք մաքուր օդն ու ազատութիւնը։ Աւա՜ղ, երբ փողոց դուրս գանք, անմիջապէս կը նշմարենք, թէ թագաժահրը ոչ միայն ֆիզիքապէս մեզ կը պահէ կալանքի տակ, այլեւ՝ հոգեպէս։ Այդ անազատ հոգեվիճակը կ՚արգիլէ մեզի վայելելու գարունը, ծաղկած ծառերն ու հաճելի եղանակը։ Դատարկ փողոցներ, կաթուածահար կեանք… Այսպէս ամէն անգամ ուրախ ու զուարթ կ՚ելլենք առեւտուրի ու յուսահատ կը վերադառնանք տուն։

Ժամերը կը թռին, օրերը կ՚անցնին ակնթարթի մէջ։ Մենք ալ կ՚ապրինք յոյսով ու հաւատով, թէ գեղեցիկ օր մը սա մղձաւանջային երազը պիտի աւարտի ու մենք կրկին պիտի վերադառնանք մեր բնականոն կեանքի հունին։ Վստահ եմ, թէ ամիսներ, տարիներ անց ժպիտով պիտի յիշենք քորոնաժահրը, նոյնիսկ կրնանք կարօտնալ մեր ծով դարձած ազատ ժամանակը…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020