ԿԸ ԿԱՐՕՏՆԱՄ ՔԵԶ…

Ներէ՛ զիս Արցախ։

Քեզ կորսնցնելու մէջ ես նոյնպէս ունիմ իմ առիւծի բաժինը։ Բազմիցս մեղանչեցի ու կը շարունակեմ։ Քեզ չգնահատեցի։ Իմ սիրտը ուզեց բացայայտել աշխարհը։ Քեզ գնահատելու, արժեւորելու սկսայ, երբ այլեւս շատ ուշ էր. երբ այլեւս քեզմէ կը գտնուէի հարիւրաւոր, հազարաւոր քիլօմեթրեր հեռու։

Ներէ՛ զիս ծննդավայր իմ։

Դուն ինծի համար պարզ ու հասարակ էիր, իսկ երբ բացայայտեցի, դուն անգին գանձ մըն ես։ Քեզի համար ես լաւ ու օրինակելի քաղաքացի մը չեղայ։ Թէպէտ շուրջիններս կը գնահատէին զիս, որպէս ազնիւ ու արդար տեսակ մը, սակայն ես երբեք չփայլեցայ ազնուութեամբ։ Ինքզինքէս երբեք գոհ չմնացի, քանզի կը սայթաքիմ յաճախ։

Ներէ՛ զիս հող իմ հայրենի։

Դուն այսօր ամենէն շատ կը զգաս իմ կարիքը։ Ես քեզմէ շատ հեռու եմ։ Կը սպասեմ պայծառ օրուան։ Այդ օրը, երբ բացուի Արցախի կեանքի ճանապարհը, այլեւս պիտի սկսինք խորհելու մեր ճամպրուկները գոցելու ու քու գիրկը վերադառնալու մասին։ Իմ զաւակները՝ արմատներով սեբաստա-արցախցի, իրենց յիսուն տոկոս արցախցիութիւնը կրնան պահպանել միմիայն քու ծոցիդ մէջ։ Ապրելով քու սահմաններէդ դուրս, թէկուզ Հայաստանի մէջ, անոնք հայ են, արմատներով՝ սեբաստա-արցախցի, սակայն ոչ մաքուր, բնիկ արցախցի։

Քու քաղցրահամ բարբառդ անոնք կրնան կրել ու փոխանցել միայն քու օդդ շնչելով, ապրելով քու գիրկիդ մէջ։

Արցախէն հեռու արցախցին կը հեռանայ ինքն իրմէ, իր սեփական հոգիէն։ Արցախցին ամբողջական է՝ մաքուր ու իսկական, միմիայն իր հողին մէջ։ Հայրենիքէն անուշ ու թանկ ուրիշ ի՞նչ կայ երկինքի տակ...

Կը կարօտնամ քեզ Արցախ։ Ճամբորդ մը դարձած եմ մտովի։ Յաճախ կը դեգերիմ ինծի հարազատ փողոցներուդ մէջ։ Ինքնաշարժով՝ սրընթաց անցնելով Ջրականը (Ճեպրայիլ), Հադրութի մայրուղիով կը սլանանք դէպի Ստեփանակերտ։ 2015 թուականի սեպտեմբերի 2-ն էր՝ Արցախի անկախութեան օրը։ Նախօրէին՝ իրիկնաժամին, ծանօթի մը հրաւէրով հասանք Ջրական։ Զինուորականներու ընտանիքի մը մէջ հիւրընկալուեցայ։ Ըլլալով հայ-ատրպէյճանական սահման՝ առաջնագիծ, առհասարակ Ջրականը բնակեցուած էր զինուորականներով ու իրենց ընտանիքներով։ Արցախի հարթավայրային գողտրիկ անկիւններէն մին էր այս մէկը։

Հասնելով իրիկնամուտին ես չհասցուցի բացայայտել Ջրականը իր ամբողջ գեղեցկութեամբ ու հմայքով։ Խոստացայ վերադառնալ։ Աւա՜ղ, ներկայիս անկարող եմ իմ խոստումը յարգել։ Աստուծոյ ողորմածութեամբ միայն օր մը պիտի կարենանք վերադառնալ։

Յաջորդ օրը առանց կանգառի անցայ Հադրութով։ Զմայլեցայ Արա լերան։ Ինքնաշարժը կը սլանար մեծ արագութեամբ։ Չհասցուցի ինչպէս հարկն է ծանօթանալ Հադրութին։ Ներքուստ վստահ էի, թէ շուտով պիտի հանդիպինք։ Աւա՜ղ...

Քեզմէ հեռու, քեզ կորսնցնելէ վերջ այդ յիշարժան վայրկեանները յաճախ կը ճեղքեն իմ ուղեղը։ Պատկերը՝ Արա լեռը իմ աչքերու դիմաց է։

Կը կարօտնամ քեզ իմ ծննդավայր Արցախ։ Ներէ զիս Աստուած, քեզ ու ծննդավայրս չգնահատելու համար։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 15, 2023