ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ՝ ՅՈՆԻԱԿԱՆԷՆ

Հայաստանէն դէպի Յունաստան զբօսաշրջային ծրարներ առաջարկող երեւանեան բազում ընկերութիւններէն մէկուն գրասենեակն ենք: Տոմսակներ, հիւրանոցներ եւ պտոյտներ առաջարկելուն զուգահեռ, գրասենեակի աշխատակցուհին կը հարցնէ. «Իսկ մուշտակի թուրեր կ՚ուզէ՞ք»: Հաւանաբար հայաստանցի այն սակաւաթիւ մարդոցմէ էինք, որ չէինք գիտեր՝ ինչ է «մուշտակի պտոյտ»ը: Աշխատակցուհին կը բացատրէ՝ ընկերութիւնը Յունաստանի մէջ մուշտակէ կարուած ձմեռնային վերարկուներ գնելու զեղչի կտրօններ կու տայ բոլոր անոնց, որոնք փափաք ունին հիմնական պտոյտին հետ նաեւ Յունաստանի նմանատիպ խանութները այցելել եւ իրենց հետ մուշտակ բերել եւ տեղւոյն վրայ կրնայ այդ մարդոց համար կազմակերպել «մուշտակի շրջապտոյտներ»՝ տրամադրելով ընտիր մուշտակէն հասկցող գիտակներ: Կը պարզուի, որ Յունաստան մեկնող հայաստանցիներուն մէջ շատ տարածուած են «մուշտակի պտոյտներ»ը, եւ հանգստանալու գացողներէն շատեր իրենց հետ մուշտակով վերարկուներ, ծածկոցներ, գլխարկներ կը բերեն վաճառելու կամ ձմրան ամիսներուն գործածելու:

Երեւանի 40 աստիճան ջերմութեան մուշտակի մասին մտածելը կը կրկնապատկէ տապը, հակառակ անոր որ կը յիշենք հայկական ժողովրդական առածը՝ «Մուշտակդ կարէ ամրան, մանգաղդ սրէ ձմրան…»: Մուշտակի սիրահար չենք, ուստի ժպիտով կը շրջանցենք առաջարկը…

 Յունաստանը վերջին տարիներուն կարմիր գոյնով յայտնուած է Հայաստանի զբօսաշրջային քարտէսին վրայ: Արդէն քանի մը տարի է կտրուկ ձեւով աւելցած է Հայաստանէն դէպի Յունաստանի զանազան քաղաքներ ուղիղ թռիչքները, որոնք կը կազմակերպուին յաւելեալ՝ հիմնական ժամանակացոյցէն դուրս: Միեւնոյն ատեն թէժացած է յունական լողափներուն վրայ հանգիստ առաջարկող ընկերութիւններուն միջեւ մրցակցութիւնը: Հայաստանցիները ծովափնեայ հանգիստի կը մեկնին դէպի Կրետէ, Ռոտոս, Քորֆու, Սամոթրաքի, Միքոնոս, Զաքինթոս, Նաքսոս, Փաթմոս եւ բազմաթիւ այլ կղզիներ:

Նկատի առնելով հայաստանցիներու մեծ հետաքրքրութիւնը դէպի յունական լողափի ամառնային հանգիստը, այս տարի առաջին անգամ Հայաստանէն ուղիղ չուերթներ նախատեսուած են դէպի յունական Փելոփոնէս պատմական թերակղզին: Երբ զբօսաշրջային ընկերութեան աշխատակիցը սեղանին դրուած գունաւոր քարտէսին վրայ կը ներկայացնէ թերակղզին՝ իր բոլոր պատմական վայրերով, գրաւիչ հանգիստի պայմաններով, կ՚որոշենք այդ ուղղութիւնը ընտրել:

Կը մեկնինք Փելոփոնէս՝ Յունաստանի պատմական կեդրոններէն մին, ուր հնագոյն վայրերը կը պատմեն քաղաքակրթութեան սկիզբին մասին: Կորնթոսի պարանոցով մայրցամաքին միացած կղզին գեղեցիկ է իր բոլոր վայրերով:

Արաքսոս օդանաւակայանին մէջ վայրէջք կը կատարէ Երեւանէն մեկնած օդանաւը, եւ բոլոր հայաստանցիները օդակայանէն Փելոփոնէսի զանազան վայրերը կը մեկնին՝ նախօրօք ամրագրած ըլլալով պանդոկները: Առանց ամրագրումներու հնարաւոր չէ արձակուրդային այս ամիսներուն ազատ սենեակ գտնել թերակղզիի պանդոկներուն մէջ: Մենք կը մեկնինք թերակղզիի կեդրոնական քաղաքին՝ Փաթրասին մօտակայքը գտնուող ծովափնեայ պանդոկ մը, եւ մեզի օդանաւակայանէն պանդոկ տեղափոխող նոյն հանրաշարժին մէջ միացած է ճերմակ ռուսերու մեծ խումբ մը: Պանդոկին մէջ ալ կը գտնենք Յունաստանի զանազան վայրերէն հոն հանգստանալու եկած երկրի բնակիչներ՝ յոյներ, եւ կը պարզուի, որ հայաստանեան զբօսաշրջիկներէն միակն ենք Հայաստանէն այսքան հեռու՝ Փելոփոնէսի հիւսիս-արեւմտեան հատուածին մէջ, Յոնիական ծովու Փաթրիակոս ծոցի ափին… Փաթրասը նոյնպէս հնագոյն ու գունագեղ քաղաք մըն է, ուղեկցողը կը բացատրէ, որ այստեղէն սկիզբ առած է եւրոպական քաղաքակրթութիւնը եւ քաղաքը կոչուած է Եւրոպայի պատուհան:

Յոնիական ծովը կը դիմաւորէ մեզ մեղմ ու անաղմուկ, կապոյտ ջուրերն ու ափամերձ մանր աւազը, հեռուն երեւցող լեռները, առատ կանաչ տարածքները երազային խաղաղութիւն կը բերեն քաղաքի աղմուկէն հեռացած մարդոց: Պանդոկի միջանցքներուն, ճաշարանին, սրճարանին, սպասասրահին մէջ ճերմակ ռուսերուն ռուսերէնը ականջ կը ծակէ: Սպիտակռուսերէնին հետ հաւասար ռուսերէնը նոյնպէս պետական լեզու է իրենց երկրին մէջ, սակայն անոնք կը նախընտրեն իրարու հետ միայն ռուսերէնով խօսիլ՝ «Այդպէս ընդունուած է վաղուց ի վեր, իսկ վերջին հանրաքուէէն ետք ալ արդէն ամրագրուած է ռուսերէնը իբրեւ պետական լեզու, այսօր մեր երկրի տասը տոկոսն ալ սպիտակռուսերէն չի խօսիր»,- կ՚ըսէ խումբի անդամ կիներէն մին, եւ կը զարմանայ. «Իսկ դուք ինչպէ՞ս յայտնուած էք ճերմակ ռուսերու խումբին հետ»:

«Այդպէս պատահած է»,- կը պատասխանենք ժպիտով, չգիտնալով, թէ իրապէս, ինչպէս է, որ այդպէս պատահած է:

Սակաւախօս, խաղաղ ժողովուրդ են ճերմակ ռուսերը, ինչպէս հիւսիսային շատ ազգեր, մեծ սէր ունին ծովին հանդէպ, անմիջապէս կը վազեն դէպի ջուրը եւ երկար ժամանակ կ՚անցընեն ջուրերուն մէջ, հակառակ անոր որ տարուան այս շրջանին Միջերկրականի այս հատուածը՝ Յոնիական ծովը, լեցուն է ծովամայրերով (մետուզա), որոնք ոչ միայն կը խածնեն, այլեւ՝ կ՚այրեն ոտք ու ձեռք, ուս եւ թիկունք, ինչ որ կը հանդիպի իրենց ճամբուն վրայ: Ճերմակ ռուսերը կ՚որսան ծովամայրեր, իրենց զաւակներուն ալ կը վարժեցնեն բռնել զանոնք գաւաթներու եւ հողաթափերու միջոցաւ եւ թաղել աւազին տակ եւ հրճուիլ, թէ ինչպէս աւազին վրայ դանդաղ կը հանգչի դոնդող կենդանաբոյսը, որ փորձած է տհաճութիւն պատճառել իրենց: Բայց կամաց-կամաց կը վարժուինք ծովեղիջներու առատութեան, մեր մարմիններու այրած մասին վրայ այրոցքը մեղմող յատուկ քսուկներ կը ծեփենք եւ կը շարունակենք վայելել Յոնիականը: Ինչպէս ծովափնեայ շատ վայրերու մէջ, այստեղ եւս կան լողաւազաններ, որոնք լեցուած են ծովի ջուրով եւ շատ են նաեւ այն մարդոց թիւը, որոնք լողաւազաններու մէջ կը լողան. ամէն մարդու համար չէ, որ տանելի է ծովամայրին անողոք խայթուածքը:

-Բարեւ։ Յաջորդ առաւօտեան սպասասրահին մէջ մեզի կը մօտենայ կին մը: Մեր՝ միակ հայ ըլլալու հանգամանքը ի չիք կը դառնայ:

-Բարեւ,- կը պատասխանենք: Եւ կը ծանօթանանք պինդ արեւայրուք ստացած կնոջ մը հետ, որ աթէնքահայ է եւ մայրաքաղաքէն Յոնիականի այս ափը եկած է հանգստանալու: Պանդոկի իր բարեկամ աշխատակիցէն տեղեկանալով, որ հայեր կան, փութացած է գտնելու հայրենակիցները, ինչպէս սովորաբար կ՚ըլլայ նման պարագաներուն:

Աթէնք ծնած բնիկ յունահայ Տիկին Սոֆիա Մինասեանը հաճելի զրուցակից է, շատ հետաքրքրասէր կին մը, որ տեղեակ է հայկական հարցերու, կուսակցական գըզ-ւըռտուքներու, միութենական անպատեհութիւններու մասին եւ իր փորձառութիւնը կը պատմէ համայնքային կեանքին մէջ ունեցած մասնակցութենէն, որմէ յետոյ անիմաստ «ըսի ըսաւ»ներուն պատճառով հեռացած է եւ այժմ մեկուսի կեանք կը վարէ համայնքէն հեռու, միայն եկեղեցի կը յաճախէ եւ հեռուէն կը հետեւի լուրերուն, ինչպէս նաեւ կը սպասէ միակ որդւոյն ամուսնութեան, որ կ՚ուշանայ եւ կինը այդ դժգոհութիւնն ալ կը յայտնէ: Հակառակ անոր, որ հայկական դպրոց չէ գացած, Հայաստան ալ երբեք չէ այցելած, բայց հայախօս ծնողքէն մաքուր հայերէն սորված է եւ կը գործածէ մայրենին, միայն «հ» տառին փոխարէն «խ» կ՚արտասանէ, որ հետաքրքրական հնչերանգ կու տայ յունական շեշտադրութեան: Ընթերցասէր է եւ իր հետ գիրք կը պտտեցնէ՝ ամերիկացի նշանաւոր գրող Հենրի Միլլերի «Այծեղջիւրի արեւադարձը», որ գրողին ինքնակենսագրական վէպն է: Կ՚ըսէ, որ նոյն գիրքին անգլերէնը նոյնպէս կարդացած է, ինչպէս նաեւ նոյն գրողին՝ «Խեցգեգետինի արեւադարձը» վէպն ալ կլլած է: Իսկ ես կը նախանձիմ անոր ունեցած ժամանակին, քանի որ «Խեցգետինի արեւադարձը», հայերէն թարգմանութեամբ արդէն երեք ամիս է սեղանիս վրան է եւ առիթ չունիմ բանալու վերջերս Զաւէն Պոյաճեանի աշխատասիրութեամբ հայերէնի թարգմանուած համաշխարհային այդ գլուխգործոցը, որ երկար տարիներ արգիլուած գրականութեան ցանկին վրայ էր:

Հաճելի է ծանօթանալ ընթերցասէր հայ կնոջ մը հետ, որ ամուսինը վաղուց կոր-սընցնելով, ճամբորդութիւնն ու ընթերցանութիւնը դարձուցած է իր նախասիրութիւնը եւ եօթանասունմէկ տարեկանին կը փորձէ տակաւին իմաստաւորել իր կեանքը: Տիկին Սոֆիան նաեւ գոց գիտէ ողջ Յունաստանը եւ մեզի օգտակար խորհուրդներ կու տայ, թէ ո՛ւր կարելի է երթալ եւ ի՛նչ նախընտրելի է տեսնել կարճ ժամանակի մը ընթացքին: Ան կը պատմէ Զաքինթոս կղզիի, Քաղկեդոնեան թերակղզիի Սպարտայի, Ողիմպոսի, Կորինթոսի պարանոցին, թանգարաններու, վանքերու, տօն օրերու, երկրի սովորոյթներուն մասին հետաքրքական պատմութիւններ՝ զուգահեռ բնորոշելով երկրի բնակչութեանը եւ ղեկավարութեանը, իբրեւ ոչ պիտանիներ: Ակամայ ուղեկցողի դեր ստանձնած այս հայուհին կը բարեկամանայ կարճ ժամանակի ընթացքին եւ որեւէ հարցով պէտք չունինք այլեւս դիմելու ո՛չ պանդոկի կառավարիչին, ո՛չ ալ պանդոկին մէջ տեղակայուած «Mouzenidis Travel»ի աշխատակիցներուն, որոնք նոյնպէս ռուսախօսներ են եւ կցուած են մանաւանդ ճերմակ ռուսերու զբօսաշրջային խումբին բացատրութիւններ տալու եւ անոնց ու բոլոր փափաքողներուն համար շրջագայութիւններ կազմակերպելու:

-Բարեւ:

Յաջորդ օրը եւս հայ կին մը կը յայտնուի սպասասրահի մեր սեղանին շուրջը: «Մէկ հայը քիչ է, երկու հայը շատ է». շուտով հայկական այս թեւաւոր խօսքը կը յիշեմ, բայց միշտ հետաքրքրական է հայ մը տեսնել, ուր ալ ըլլայ: Այս անգամ Մոսկուայէն է, եւ կրկին գիտնալով որ պանդոկին մէջ հայեր կան, փնտռած եւ գտած է: Տիկին Յասմիկ Գրիգորեանը Արեւմտահայոց ազգային համագումարի Մոսկուայի ներկայացուցիչն է, եւ ճամբորդութիւնը կը փորձէ համատեղել իրենց կազմակերպութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցելով ոեւէ հայու, ուր ալ ըլլայ եւ կը խնդրէ օգնել մօտակայ Փաթրաս քաղաքին մէջ հայեր գտնելու եւ անոնց նոյնպէս տեղեկութիւններ հաղորդելու իրենց կառոյցին մասին: Այս մէկը սակայն քիչ մը զաւեշտալի կը թուի՝ Յոնիականի հեռաւոր այդ ափերուն, ուր հայերէն բառ մը չես լսեր, հայու հետք ալ չկայ, հայ մը յայտնուած է, որ կը խօսի Արեւմտահայոց ազգային համագումարի ծրագիրներուն մասին եւ կ՚ուզէ նոր անդամներ գտնել այդ վայրին մէջ…

-Ճանս, շատ հեռու եկած ես, Աթէնքի մէջ պիտի փնտռես հայեր, այս կողմերը հայ չկայ,- կ՚ըսէ Տիկին Սոֆիան, եւ այդպէսով կը գոցուի Արեւմտահայոց ազգային համագումարին նիւթը:

Այդպէս ալ չգիտցանք, նախկին հայաստանցի, այժմ մոսկուաբնակ Տիկին Յասմիկը շարունակե՞ց իր որոնումները, թէ՞ ոչ, քանի որ յաջորդ օրը ուղղուեցանք Զաքինթոս կղզին… Կղզին իր գեղեցկութեամբ կը հմայէ, ինչպէս յունական որեւէ վայր: Կղզիին մեծ գլխով նշանաւոր ծովային կրիաները՝ «Քարեթթա-քարեթթա» անունով, իսկապէս հիացմունք կը պատճառեն: Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն զբօսաշրջիկներ, կենդանասէրներ կ՚այցելեն Զաքինթոս, մանաւանդ տեսնելու միջազգային Կարմիր գիրքին մէջ տեղ գտած հսկայ կրիաները, որոնք մօտ 80-200 քիլօ կը կշռեն, բայց այնպիսի դիւրութեամբ լող կու տան ծովին մէջ, որ իրենց հսկայ ըլլալը չես զգար: Անոնց կարելի է հանդիպիլ նաեւ այլ երկիրներու մէջ: Կարգ մը երկիրներու միջազգային օրէնքներուն համաձայն «Քարեթթա-քարեթթա» կրիաները պաշտպանուած են ծովին մէջ, իսկ Զաքինթոս կղզիի Տիոնիսիոս Սոլոմոս օդանաւակայանին մէջ ամրան եւ աշնան ամիսներուն, երբ կրիաներու ձուադրման շրջանը կը հասնի, գիշերուան տասներկուքէն մինչեւ չորսը արգիլուած են օդանաւերու թռիչքներն ու վայրէջքները, քանի որ գիշերային այդ ժամերուն օդանաւակայանին մօտ գտնուող ծովային տարածքին կրիաները իրենց հաւկիթները կ՚ածեն ջուրին մէջ: Անոնց բազմացումը կը հսկեն կրիաներու պաշտպանութեան ընկերութիւններ, որոնք հսկայական ջանք կը գործադրեն պահպանելու կրիաներու հազուագիւտ տեսակը՝ բնութեան, ջուրի, կենդանական եւ բուսական աշխարհի ներդաշնակութիւնը ամբողջացնելու համար:

Զաքինթոսէն պանդոկ կը վերադառնանք կարճ դադար մը առնելով Փաթրաս քաղաքին մէջ, որ ինքնաբաւ քաղաք մըն է եւ կը նկատուի Յունաստանի մեծութեամբ թիւով երրորդ քաղաքը: Հակառակ երրորդը ըլլալուն, քաղաքը փոքր կը թուի, բնակչութիւնն ալ՝ սակաւ, բայց գիշերային ժամերուն կեանքը կ՚աշխուժանայ: Խանութներուն մէջ սովորաբար անգլերէն չեն հասկնար եւ քանի մը բառով միայն կը փորձեն հաղորդակցիլ: Թաքսիի վարորդները բնաւ չեն հասկնար անգլերէն, բայց ճարպիկութիւն կը դրսեւորեն թէյավճար ստանալու համար: Յունաստանի մէջ թէյավճար կը սպասեն գրեթէ բոլորը՝ պանդոկի սպասուհիները, սրճարաններու ըս-պասեակները եւ սովորականի պէս կ՚ընդունին մանրադրամները:

Շատ գրաւիչ են եկեղեցիներու, հին վանքերու, աղօթատեղիներու առատութիւնը, եւ նաեւ այն, որ նմանատիպ շատ մը վայրերու մէջ արգիլուած է շորթեր, բաց զգեստներ կրել, բան մը որ չենք կրնար ըսել հայաստանեան սրբավայրերուն եւ եկեղեցիներուն մասին, ուր ամէն ոք ի՛նչ հագուստով ուզէ կրնայ մտնել, մանաւանդ Սեւանի մէջ վերջերս տեսանք թերակղզիի եկեղեցին լողազգեստներով մուտք գործող հայ տղամարդիկը, որոնք վէճի բռնուած էին հոգեւորականին հետ եւ կը պնդէին, որ ճիշդ այդպէս ալ պիտի յառաջանան… Տհաճ տեսարան էր, որ մինչեւ հիմա միտքիս մէջն է…

Հակառակ անոր որ Տիկին Սոֆիան իր դժգոհութիւնը սկսած էր յայտնել յոյներուն մասին ըսելով, թէ՝ ծոյլ են եւ աներես, սակայն ես ամէն տեղ գրեթէ կազմակերպուած տեսայ, մանաւանդ՝ զբօսաշրջային կեանքը եւ մանաւանդ քաղաքէ քաղաք հանրաշարժերու երթեւեկը: «Եթէ յոյներուն հետ բան մը պայմանաւորուիք եւ անոնք ըսեն «աւրիօ», այսինքն վաղը, բնաւ մի սպասէք, որ ստոյգ վաղը կ՚իրականացնեն, «աւրիո»ն անոնց քով անորոշ ապագան է: Անոնք միշտ աւելին կը խոստանան, բայց կէսն ալ չեն ըներ: Երկիրը շատ դրամ կայ, բայց կազմակերպուած չեն, անորոշ է ինչ կ՚ըլլայ ապագային»: Այս է Տիկին Սոֆիայի մօտեցումը իր համերկրացիներուն եւ երկրին վերաբերեալ, ուր ծնած է եւ կը բնակի:

Բայց անկախ այս բնորոշումէն, Յունաստանը սիրելի կը դառնայ եւ անշուշտ այդ մէկը նաեւ երկիրը ողողող երեք ծովերուն եւ պատմական անհաշիւ վայրերուն շնորհիւ է, որոնք իբրեւ նուէր տրուած են այս երկրի ժողովուրդին, եւ ծոյլ, թէ աներես, անոնք տէրն են պատմական այս հարստութեան եւ հրաշալի այս երկրին, որ Յունաստան կը կոչուի եւ կը գրաւէ զբօսաշրջիկներ աշխարհի բոլոր կողմերէն:

Յաջորդ օրն արդէն Փաթրաս-Աթէնք արագընթաց հանրաշարժով Աթէնք կը մեկնինք, ուր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցիի մէջ Աստուածայայտնութեան տօնի պատարագ կը մատուցուէր եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն: Արարողութեան աւարտին կը հանդիպինք բազմաթիւ ծանօթներու, որոնց մէջ նաեւ հայաստանցիներ, որոնք Յունաստան գացած են մանր-մունր աշխատանքներ կատարելու եւ հայրենիքի կարօտով հարցուփորձ կ՚՚ընեն: «Այստեղ մնալու տեղ չէ, քիչ մը աշխատինք, Հայաստան պիտի վերադառնանք: Հաց ու պանիր կեր, բայց քու հողիդ վրայ եղիր»,- հրաժեշտի պահուն կ՚ըսէ հայաստանցի տղամարդ մը եւ այդ տրամադրութեամբ ալ կը հեռանանք եկեղեցիէն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2017