ԱՄՕԹ Է՝ ԴՈՒՐՍԸ 21-ՐԴ ԴԱՐ Է

Աշխարհի չորս ծագերուն մէջ, մեր օրերուն, տարբեր լեզուներով յաճախակի կարելի է լսել սա արտայայտութիւնը՝ ամօթ է՝ 21-րդ դար է:

21-րդ դար. դար ազատութեան, շնութեան, փորձագիտութեան վերընթաց զարգացումի, վազքի: Երկրագունդն անգամ կարծես ըլլայ աճապարանքի մէջ: Չես հասցներ աչքդ թարթել, երբ այլեւս օրը լմնցաւ:

Ամօթ է, 21-րդ դար է, իսկ դուն չես կրնար օգտուիլ բջիջային հեռաձայններէ: Անհասկնալի ի՞նչ կայ, ամէն բան շատ յստակ է... այս նախատինքին յաճախ կ՚արժանանան մեծահասակները:

Ամօթ է, երբ 21-րդ դարուն տունդ չկայ լուացքի, սպասք լուալու մեքենայ: Սպասք լուալու մեքենայի բացակայութիւնը ինչ-որ տեղ ներելի է, իսկ լուացքի մեքենայի բացակայութիւնը աններելի, առաւել եւս անյարմար:

21-րդ դարուն փոխուած են բարքերն ու աւանդութիւնները: Կարգ մը երկիրներու մէջ այսօր ամօթ չէ պտտիլ մերկ կամ կիսամերկ, փողոցի մէջտեղը շնանալ, գործածել թմրանիւթեր: Նոյնիսկ սովորական երեւոյթ դարձած է սեռափոխութիւնը, միասեռականներու ամուսնութիւնները... Այսօր մարդը ունի ազատ կամարտայայտման իրաւունք: Եւ առանց կաշկանդուելու, երկար-բարակ խորհելու կրնայ բարձրաձայնել իր մտքին փչած ամէն մի յիմարութիւն, անհեթեթութիւն:

Քաւ լիցի, ես չեմ դատապարտեր 21-րդ դարը: Պարզապէս կ՚արձանագրեմ իրականութիւնը: Յիրաւի սա հարիւրամեակը մարդկութեան շնորհած է բազում յարմարութիւններ, որոնցմէ ամենաուշագրաւը փորձագիտութեան սրընթաց զարգացումն է: Այլեւս մարդը կոճակ մը սեղմելով կրնայ լուծել տարատեսակ հարցեր: Իսկ համացանցի առկայութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ մեզի առաջինը տեղեկանալ այն ամէնի մասին, ինչ-որ տեղի կ՚ունենայ աշխարհի մէջ՝ հետեւիլ լուրերու, գիտութեան ու գրականութեան զարգացումին, կենդանի կապ հաստատել մեր հեռաւոր բարեկամներու, ընկերներու հետ: Այսպիսով կիսով չափ լուծուած է նաեւ կարօտի խնդիրը:

Ահաւասիկ 21-րդ դարուն ամօթալի է ըլլալ անգրագէտ, չիրազեկուած, սակայն ամօթալի չէ տարրական գիտելիքներու բացակայութիւնը հոգեւորի մասին: 21-րդ դարու մարդը՝ քրիստոնեան չի ճանչնար իր Աստուածը: Տարին քանի մը անգամ կ՚այցելէ եկեղեցի, մոմ կը վառէ, շահադիտական նպատակներով երբեմն կ՚աղօթէ: Եւ այստեղէն-այնտեղէն քանի մը խեղաթիւրած միտք լսած է Աստուածաշունչէն, որոնց հետ կտրականապէս համամիտ չէ: Այլեւս Հայաստանի մէջ շատեր անգիր գիտեն տասն պատուիրաններն ու Տէրունական աղօթքը: Քով քովի շարած բառեր... Մարդ կ՚արտասանէ Տէրունական աղօթքը առանց իմաստը հասկնալու, այդ բառերու շարանը կը բխի ոչ թէ անոնց հոգիէն, այլ լոկ լեզուէն:

Մենք պարտաւոր ենք այբուբենը իմանալ, սակայն պարտաւոր չենք տարրական գիտելիքներ ունենալ հոգեւորի մասին: Ցաւալի ու ամօթալի երեւոյթ մըն է, որ հետզհետէ կը տարածուի աշխարհի, հայ իրականութեան մէջ: Մեր հոգիներու աչքերն ու ականջները վաղուց կուրացած ու խլացած են: Ոչ մէկը կը խորհի իր հոգեւոր առողջութեան մասին. բարձիթողի վիճակ մըն է: Մարդիկ Տէրը կը համարեն հրաշագործ մը, եւ անոր մասին կը յիշեն միայն այնժամ, երբ ինչ-որ փափաք կ՚ունենան: Իսկ թէ ի՞նչ կը սպասէ, կը պահանջէ մեզմէ Աստուած՝ ոչ մէկուն հոգն է: Մենք միայն կը սիրենք ցանկալ: Տալ, ըլլալ շնորհապարտ՝ չենք նախընտրեր: Եւ այդ ճանապարհին կը կորսնցնենք մեր ունեցածը, մեր ոտքը կը դպչի քարի, կ՚ենթարկուինք անթիւ ու անհամար փորձանքներու ու փորձութիւններու, եւ կը զարմանանք, թէ ինչո՞ւ այսպէս եղաւ, կամ մեր ո՞ր մեղքի համար մեզի այսքան պատիժ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2021