ԽԱՉԻԿ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՕՐԸ
Նախիջեւան տանող ճանապարհին, ուր Հայաստանի բնութիւնը կատարեալ գեղեցկութեան պատկերներ կը գծագրէ, Երեւանէն 120 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ, Արփա գետի ձախ ափին հայոց երկրի սահմաններէն մէկն է՝ Խաչիկ գիւղը: 88-ի շարժումէն ետք, 1990 թուականին եւ աւելի յետոյ հեռատեսիլի լուրերով յաճախ կը լսէինք այս անունը. ղարաբաղեան շարժման եւ պատերազմի սկիզբէն հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկարութեամբ գտնուող բնակավայրերու կարգին պարբերաբար յարձակման եւ հրթիռակոծման կ՚ենթարկուէին նաեւ Վայոց ձոր մարզի գիւղերը, այդ կարգին՝ Խաչիկ գիւղը: Սահմանամերձ այս գիւղի բնակիչները մշտարթուն հսկած են հայրենիքի՝ իրենց բաժին հասած սահմանն ու այս հատուածի վրայ հակառակորդին թելադրած են խաղաղութիւն: Այսօր ալ Խաչիկը կը նկատուի սահմանամերձ գիւղ՝ Երեւանին մօտ գտնուող թերեւս ամենէն մօտ սահմանը, բայց այնտեղ խաղաղութեամբ կը բացուին առաւօտները: Խաչիկ գիւղը 27 քիլօմեթր ընդհանուր սահման ունի Ատրպէյճանի կազմին մէջ գտնուող Նախիջեւանի հետ. բարեբախտաբար, միակ վայրերէն է, ուր 1994 թուականէն ի վեր հակառակորդը չի խախտեր հրադադարի պայմանագիրը:
10 Հոկտեմբերին Խաչիկ գիւղին մէջ կը նշուէր համայնքի օրը, միաժամանակ գիւղին մէջ, արդէն երրորդ տարին ըլլալով, տեղի ունեցաւ Գաթայի համահայկական փառատօն: ԺԱՄԱՆԱԿ նոյնպէս ներկայ եղաւ գիւղին մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութիւններուն:
Գիւղը ունի հնագոյն եկեղեցի մը, որ գործօն չէր։ Համայնքի ղեկավարութիւնը, Խաչիկ համայնքի հոգեւոր պատասխանատու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու հոգեւոր սպասաւոր Արսէն Սարկաւագ Մատթէոսեան որոշած էին համայնքի օրուան առթիւ օծել եկեղեցիին խաչը, տեղադրել անոր գագաթին եւ զայն հռչակել գործօն: Տօնակատարութիւնը սկսաւ խաչի օրհնութեամբ՝ նոր օրհնուած Վայոց ձորի Թեմի Առաջնորդ Տ. Աբրահամ Արք. Մկրտչեան Յաղթութեան Միւռոնով օծեց եկեղեցւոյ խաչը: Սրբազան Հայրը հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով, որու վերջաւորութեան ըսաւ. «Թող Յաղթութեան Միւռոնով օծուած յաղթանակի նշան Սուրբ Խաչը միայն օրհնութիւն եւ յաղթանակ պարգեւէ ձեզի եւ հովանի ըլլայ մեր հայրենիքին ու եկեղեցւոյ»:
Հետաքրքրական է այս եկեղեցիին պատմութիւնը: Գիւղացիները պարզապէս Ժամ կը կոչեն զայն, բայց թեմին կողմէ զայն արձանագրուած է իբրեւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի: Եկեղեցին թուագրուած է 1888 թուականին: Ժամը կառուցող վարպետը, ըստ տեղեկութիւններու, եղած է Ուստա Բադամը, որ եկեղեցին կառուցած է համայնքի հաշւոյն: Ժամին մէջ առաջին ծիսակատարութիւնը տեղի ունեցած է 1901 թուականին։
Եկեղեցին ունեցած է գմբէթ, զանգակ, բայց 1940 թուականին կայծակը շանթահարած եւ փլած զանոնք։ 1960 թուականին թիթեղապատուած է տանիքը եւ վերաշինուած՝ գմբէթը, սակայն առատ ձիւնի սահքէն կրկին քանդուած է։ Ահաւասիկ, նորաօծ խաչի տեղադրմամբ եկեղեցին՝ Ժամը, նոր շունչ մը առաւ: Գիւղացիները, որ ներկայ էին խաչի օծման ու տեղադրման, ոգեւորուած էին, որ վերջապէս գիւղին մէջ կ՚ունենան աղօթավայր եւ ընտանեկան առիթները աւանդականօրէն, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծէսով նշելու վայր մը: Անոնք բոլորը շնորհակալութեան եւ գոհունակութեան խօսքեր յայտնեցին խաչի բարերարին՝ Համլէթ Մարգարեանին, որ համագիւղացի մըն էր: Համլէթ Մարգարեան նաեւ Վայոց ձորի Արտաբոյնք գիւղի եկեղեցիի խաչի բարերարն էր. այդ գիւղի եկեղեցիի խաչը նոյնպէս օծուեցաւ այդ օրը եւ տարուեցաւ Արտաբոյնք:
Խաչիկ գիւղի մօտակայքը նաեւ Քարակոփ կամ Խոտակերաց վանքը կը գտնուի, որ Հայաստանի նշանաւոր վանքերէն մին է, եւ որ նորոգուած է վերջին տարիներուն: Ան նոյնպէս խաչիկցիներու այցելավայրերէն մին է:
Գիւղի մշակոյթի կեդրոնի բակը տեղի ունեցած տօնակատարութեան ժամանակ մայրաքաղաք Երեւանէն, զանազան վայրերէ ժամանած հիւրերուն ներկայացուեցաւ Խաչիկ գիւղի պատմութիւնը: Այժմեան գիւղատեղիէն 1.5 քիլօմեթր դէպի արեւմուտք գտնուած է քար մը, որուն վրայ գրուած է. «Հիմնադրեցի գիւղը եւ զայն իմ անունով կոչեցի Խաչիկ։ Յիշեցէք Խաչիկ Վարդապետը»։
1828 թուականին, երբ Հայաստանը կը միանայ Ռուսաստանին, զանազան վայրերէ կու գան եւ կը բնակին Խաչիկի մէջ։ 1896 թուականի մարդահամարով գիւղը ունեցած է 600 ծուխ եւ 1350 բնակիչ։ Այսօր գիւղին մէջ 250 ընտանիք կայ եւ 600 բնակիչ: Ցաւօք, վերջին տարիներու արտագաղթը զգալի դարձած է այս գիւղին մէջ: Գաթայի փառատօնին նպատակն ալ այն է, որ ուշադրութիւն հրաւիրուի գիւղին վրայ, որ ան դառնայ գրաւիչ վայր մը, որպէսզի մարդիկ գան այս գիւղը, եւ ոչ թէ լքեն զայն:
Խաչիկցիները հիւրասէր մարդիկ են: Գիւղամէջի ճամբուն անոնք փռած են ամբողջ տարուան ընթացքին իրենց ստեղծած բերքն ու բարիքը՝ պտուղներ, բանջարեղէն, անուշներ, չիրեր, կաթնամթերք, ճաշեր, հացի տեսակներ, պտղահիւթեր, զորս առատօրէն կը հիւրասիրէին գիւղ եկած հայ եւ օտար հիւրերուն: Իսկ շուրջի սեղաններու վրայ օրուան «թագուհին» էր՝ հայոց աւանդական գաթան։
ԳԱԹԱՅԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Խաչի օծումէն ետք նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցաւ Գաթայի օրհնութիւն: Վայոց ձորի Թեմի Առաջնորդ Տ. Աբրահամ Արքեպիսկոպոս Մկրտչեան օրհնեց նաեւ հայկական գաթան: Գաթան՝ հայ ընտանիքներու տիրական անուշեղէնը, դարերու պատմութիւն ունի:
Դարեր առաջ մարդիկ ամէն ինչ կը կատարէին տիեզերական խորհուրդով: Նոյնիսկ խմորեղէնին մեր նախնիները աստղի կամ քառակուսիի տեսք կու տային: Աստղը կը խորհրդանշէր մարդը, քառակուսին՝ աշխարհի չորս կողմերը: Իսկ կլորը ուղղուած էր ընտանիքին փոխանցելու արեւուն ջերմութիւնը:
Հայ ընտանիքները կրօնական տօները կը դիմաւորէին կլոր գաթաներով: Տեառընդառաջին գաթան կը թխուէր յատուկ արարողութեամբ մը: Մեծ կարեւորութիւն կը տրուէր խմորի հունցման, թոնիրը վառելուն: Ատոր կը մասնակցէին ոչ միայն տունի, այլեւ՝ ամբողջ բակի եւ նոյնիսկ գիւղի կիները: Կնոջ մը գաթայ թխել գիտնալը հին Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ նախապայման մըն էր: Անոնք կը փորձէին գաթային հաղորդել ընտանիքի հանդէպ տածած սէրն ու ջերմութիւնը, որպէսզի ամբողջ տարին իրենց տունին մէջ խաղաղութիւն եւ յաջողութիւն տիրէր:
Հին ժամանակ կլոր գաթայի մէջ լուբիայի հատիկներ դրած են: Այդ մէկը եղած է ընտանիքի խորհրդանիշը: Լուբիան գոց է, ընտանիքն ալ գոց համակարգ է՝ իր ներսը ունենալով տունին անդամները: Լուբիայի հատիկներէն իւրաքանչիւրը ընտանիքին մէկ անդամը կը խորհրդանշէր։ Ի դէպ, հայոց մէջ եղած է ժամանակ մը, երբ գաթան կը կտրէին տունի արու զաւկի կռնակին վրայ: Այդ մէկը սէրն ու խաղաղութիւնը տուն հրաւիրելու իւրօրինակ տարբերակ մըն էր…
Մեր մամիկներու այս գլուխ գործոցը՝ գաթան, տաճարներու պէս հին է, լի՝ իմաստութեամբ: Ան այսօր ալ մեր կենցաղի մէկ մասնիկն է՝ ներծծուած հարսանիքներու ու տօներու բերկրանքով: Դժուար է այսօր պատկերացնել ընտանեկան կամ ազգային առիթ մը, ուր գաթան ներկայ չըլլայ: Ան Կաղանդի, Զատիկի, ծննդեան, կնունքի սեղանի զարդն է, ինչպէս նաեւ մեծ տեղ կը գրաւէ հայոց ուտեստային մշակոյթը օտարին ներկայացնելու ժամանակ: Շատ օտարներ գաթան կը պատկերացնեն իբրեւ Հայաստանի ապրանքանիշ, Հայաստանը կը ճանչնան նաեւ՝ գաթայով: Հայերը համոզուած են, որ ինչպէս ԻՒՆԷՍՔՕ-ն լաւաշն ու հարիսան հռչակեց հայկական, այնպէս ալ օր պիտի գայ, որ նոյն կառոյցը նաեւ հայկական գաթան հռչակէ մարդկութեան նիւթական գանձերէն մին:
Գաթայ բառացի կը նշանակէ «շերտ»: Այս բառով երբեմն կը բնորոշեն հայկական խոհանոցը, քանի որ հայկական ուտեստները արագ պատրաստուող ուտեստներ չեն, անոնք կը պատրաստուին փուլերով եւ շերտերով:
Հայկական գաթաները կ՚առանձանան իրենց զարդանախշերով, որոնք կը կրեն հինէն եկած իմաստային բնոյթ: Գաթաները նախշած են գաթանախշիչներով, որոնք ունեցած են իրենց ուրոյն դերը՝ հայկական փայտարուեստի մէջ, ամէն մէկ ընտանիք ունեցած է իր առանձին զարդանախշը...
Խաչիկ գիւղը հինէն ի վեր նշանաւոր եղած է թոնիրի մէջ պատրաստուող գաթայով: Պատահական չէ, որ Հայաստանի՝ վերջին շրջանի ուտելիքային փառատօներու մէջ Խաչիկ գիւղն ալ ընտրուած է Գաթայի փառատօնի իրականացման վայրը: Խաչիկցի կիները հիւրերը հիւրասիրելով իրենց թխած գաթան, կը նշեն, որ զայն կը հունցեն կաթով եւ անպայման կաթնասեր կ՚աւենցնեն խմորին: Անոնք համոզուած են, որ Հայաստանի զանազան վայրերու մէջ պատրաստուող գաթաներէն ամենէն համովը Խաչիկ գիւղի գաթան է, որովհետեւ առանձնայատուկ է ոչ միայն խմորը, այլեւ՝ խորիզը: Խաչիկցիները խորիզի մէջ կը դնեն ընկոյզ, քունջութ, իսկ գաթայի վրայ մը հոսեցնեն մեղրաջուր:
ԱՄԵՆԷՆ ՄԵԾ ԳԱԹԱՆ՝ ԽԱՉԻԿ ԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Գաթայի փառատօնի առթիւ Խաչիկ գիւղին մէջ պատրաստուած էր մինչեւ հիմա թխուած ամենէն մեծ գաթան: Արեւու տեսք ունեցող գաթան 2,5 մեթր էր, կը կշռէր 70 քիլօկրամ, խաչիկցի վարպետ-գաթագործները զայն պատրաստելու համար գործածած էին 120 հաւկիթ, 40 քիլօկրամ ալիւր, 15 քիլօկրամ շաքարաւազ, 2 քիլօկրամ բուսական, 7 քիլօկրամ տնական իւղ, քունջութ եւ մեղրաջուր: Ամենէն մեծ գաթան հատուեցաւ փառատօնի աւարտին եւ նախ բաժնուեցաւ տօնակատարութեան ներկայ զինուորներուն, Խաչիկի սահմանապահներուն, այնուհետեւ՝ հիւրերուն եւ ներկաներուն: Գաթագործները որոշեցին՝ յաջորդ տարի, արդէն աւանդական դարձած փառատօնին պատրաստել աւելի մեծ չափով գաթայ, որ կը գերազանցէ այս տարուան չափը եւ աւելի շատ թիւով մարդիկ կրնան համտեսել հայոց անուշաբոյր այս հրաշքը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024