ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՀԱՄԵՐԳ
Երէկ երեկոյեան, «Նոթրը Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երաժշտական յատկանշական ձեռնարկ մը։ «Օքան» համալսարանի երաժշտանոցի շանի լսարանի աշակերտները հանդէս եկան համերգով մը։ «Ուսուցիչն ու աշակերտները բեմի վրայ» կարգախօսով կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը։ Արդարեւ, «Օքան» համալսարանի երաժշտանոցի շանի դասարանը կը մարզէ յայտնի սոփրանօ ու փոխ-տոցենթ Սեդա Քիւրքճիւօղլու։ Այս վերջինը ակադեմական մակարդակով մենակատար մըն է, որ գեղարուստի պարագային ունի գիտական բաւարարութեան աստիճան։ Երէկուան համերգի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեան Եասին Չըրայի։ Սոփրանօ Սեդա Քիւրքճիւօղլու կուռ ձայնով եւ կատարողական վարպետութեամբ խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ։ Հանդէս եկան նաեւ իր սաներէն Իսմիհան Աթթեփէ, Տողան Պալճը, Սերհան Պալի, Սիմկէ Նարին եւ Էնկին Շէն։ Մեներգներուն դաշնակով նուագակցեցաւ փոխ-տոցենթ Նուրթափ Սիւմէր։ Բոլորն ալ յաջողութեամբ մեկնաբանեցին դասական երաժշտութենէն գործեր։
Ունկնդիրները համերգի աւարտին ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Սեդա Քիւրքճիւօղլուն եւ իր սաները։