ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Հարցում մը.

Լաւ պահ մը համաձայնինք, որ այս բոլորին մեղաւորն ու պատճառը հիներն են։ Սակայն, երկուքուկէս տարիէ ի վեր հիները չկան ու «նոր»երը փոխարինած են անոնց։ Այդ նորերը իրենց կապերով, հետախուզական հնարաւորութիւններով եւ այլնով, չէի՞ն նկատած որ մեր հակառակորդը ինչպէս կը զինուի, ինչ զինատեսակներու կը տիրանայ՝ մանաւանդ օդային. վստահաբար այդ տեղեկատուութեան կը տիրապետէին չէ՞. լաւ ինչո՞ւ համապատասխան քայլերու չէին ձեռանրկուած, կանխելու համար աղէտի այսքան ահաւորութիւնը։

Պարզապէս հարցում։

Յ.Գ. Միայն մի՛ ըսէք, որ հիները արգելք հանդիսացած են, հիները այսպէս ու այնպէս ըրած են։

Երբ իսկական ԴԱՒԱՃԱՆԸ կը փորձէ կեղծ դաւաճաններ հնարել ու յայտնաբերել, պէտք է հասկնալ, որ այդպիսին դաւաճաններու ամենէն տականք կերպարն է։

Երկուքուկէս տարի մարդը ոէչ մէկ քննադատութիւն լսած ու նկատի առած է, ընդհակառակը ցանկացած քննադատի դարձուցած է բիցցայակեր... Ու այսքանէն յետոյ զարմանա՞լ, որ հողեր ծախելէն ետք իր համակիրները սթափ եւ տրամաբանօրէն մօտենային կատարուած վաճառքին։

Հող, հայրենիք, ինքնիշխանութիւն, ինքնութիւն կը կորսնցնենք եւ տակաւին մարդիկ կը շարունակեն իրենք զիրենք ստրուկի կարգավիճակին մէջ պահել, կը շարունակեն կուռքի նման պաշտել ու աստուածացնել...։ Պարզապէս ահաւոր է։ Մեր սերունդները պիտի չներեն մեզի։

Ռուբէն Ռուբինեանը կ՚ըսէ. «Փաստ է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին համատարած հրաժարականի պահանջք չկայ»… Ուրեմն երկրի Նախագահը, երկու Կաթողիկոսները, ընդդիմադիրները, Սփիւռքի զգալի մասը կը պահանջեն, որ Վարչապետին աթոռը զբաղեցնող արարածը հրաժարական տայ, բայց եւ այնպէս իշխանական թրաշամանուկներուն համար այդ բոլորը աչք լեցնող չեն, բաւարար չեն… Այս ի՜նչ չարիք բերինք մեր գլուխին, այս ինչ անհայրենիք ու անթասիպ արարածներ բերինք Ազգային ժողով, որ այսօր բարոյականութեան ամէն չափ ու սահման կորսնցուցած կը ծաղրեն իրենց սեփական ժողովուրդն իսկ:

Այսօր (19 դեկտեմբեր 2020) անոնք, որոնք մեր երկրի գերագոյն գլխաւոր խեղկատակին ետեւէն դէպի Եռաբլուր կ՚երթան, անոր չափ իրենք եւս կ՚անարգեն մեր զոհերուն յիշատակը, որովհետեւ մարդասպանին հետ քալողը ինք եւս մարդասպան է:

Խունկ եւ աղօթք մեր նահատակ հերոսներու յիշատակին:

Խօսքս զօմպիներուն է։

Կը հասկնամ ձեր ԵՍը չէք ուզեր տրորուած տեսնել, բայց գոնէ այս օրհասական պահուն՝ արժէք, սկզբունք, Հայրենիք աւելի վեր դասեցէք ձեր ԵՍէն ու ձեր զօմպիութենէն դուրս եկէք, որպէսզի ձեր զաւակներուն անէծքին չարժանանաք։

Ծանօթներ եւ անծանօթներ, պահ մը մտովի երկուքուկէս տարի առաջ գացէք եւ մտածեցէք, թէ այդ ատեն այսքան ատելութիւն ունէի՞ք ձեր հարազատներուն, բարեկամներուն, ընկերներուն եւ ծանօթներուն նկատմամբ։ Պահ մը մտածեցէք ու փորձեցէք պատճառը հասկնալ եւ դուրս եկէք ձեր ՄԱՀԱՑՈՒ ԹՄԲԻՐԷՆ…

Բոլոր անոնց, որոնք կը վայրահաջեն, թէ խօսելու իրաւունք միայն սահմանին կանգնած զինուորները ունին...

Հարցում.

- Այդ զինուորները այլ մոլորակներէ՞ եկած են։ Այդ զինուորները ծնող, զաւակ, ընտանիք, հարազատ չունի՞ն, որոնք կրնան մտահոգուիլ եւ խօսիլ։

- Հայրենիքը միայն այդ զինուորներո՞ւնն է, որ խօսելու իրաւունքը միայն իրենցն է։ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին, որ լոյս աչքով (չնայած ծախու արարքը գիշերը՝ խաւարին մէջ կատարուեցաւ) ականատես կը դառնայ իր Հայրենիքի հողերու ծախուելուն, պէտք է լո՞ւռ մնայ։

- Բոլոր տղայ երեխաներ ունեցող ծնողները՝ որոնց զաւակները ապագայի ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ պիտի դառնան, իրաւունք չունի՞ն խօսելու, արտայայտուելու, մտահոգուելու։

Վերջ տուէք ձեր զգացական ու անհիմն «գոհար»ներուն։ Սթափեցէ՛ք, Հայրենիք կորսնցուցինք, եւ եթէ նոյն այս մտայնութեամբ, թէ՝ «բա ժամանակն էր, որ Հայրենիքը զոհուէր իր զինուորին համար» վաղը-միւս օր անհայրենիք պիտի մնանք ու թափառական դառնանք։ Ձեր բերանները բանալէն առաջ քիչ մը մտածեցէք։ Դարձեալ կը կրկնեմ. ՀԱՅՐԵՆԻՔ է, որ կորսնցուցինք։

Յ.Գ. Պահ մը պատկերացնենք, եթէ Հայաստանը կառավարող իւրաքանչիւր կառավարիչ նման կերպով մտածէր, թէ «Հայրենիքը պէտք է զոհուէր իր զինուորին համար», այսօր մենք երբեւէ որպէս ժողովուրդ գոյութիւն կ՚ունենայի՞նք: Բաւարար է նախկինները մեղադրելով մեր այսօրն ու ապագան գերեզմանենք: Մեր անձնապաշտութիւնը մեզ դէպի անդունդ կը տանի՝ այրելով յետդարձի բոլոր կամուրջները, զգաստանանք ու սթափինք:

• Լաւ ինչքան ստրկամիտ կարելի է ըլլալ։ Հող ծախած ենք, հող, հազարաւոր լուսաւոր տղաք նահատակած, բայց նստած կը խօսինք, թէ Ալիեւին վիճակը լաւ չէ, Ատրպէյճանի մէջ խլրտումներ կան, եւ այլն... Լաւ այսքա՞ն ալ խաւարամիտ։ Գոնէ յարգեցէ՛ք մեր հերոս նահատակները ձեր լռութեամբ։

Լաւ, հասկցանք, որ երկրին մէջ տակաւին «անվերապահօրէն» վստահողներ կան գործող իշխանութեան, որ կը շարունակէ սուտը որպէս ճշմարտութիւն ներկայացնել իրեն վստահողներուն։

Նոյն ժամանակ, սակայն, ամբողջ աշխարհը կը խօսի հետեւեալի մասին, թէ Արցախի վերջին պատերազմին «բոլորը շահեցան բացի Հայաստանէն», ինչ բանը յստակ կը դարձնէ, թէ աշխարհը Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կը դիտարկէ որպէս ՊԱՐՏՈՒԱԾ (չեմ խօսիր այն պետութիւններուն մասին, որոնք հարցին ծալքերը լաւ կը ճանչնան, ու կը գիտակցին որ կատարուածը պարզ պարտութիւն մը չէր, այլ...)։

Հիմա հարցում.

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ, որ պարտուած իշխանութիւնը պիտի կարենայ իր շահերը պաշտպանել ո՛չ միայն երկրէն ներս, այլեւ՝ Միջազգային Ատեաններէն ներս։ Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին, որ պետութիւններ ու պետութիւններու ներկայացուցիչներ կատարուածէն ետք լուրջի առնեն կամ լուրջ ու կառուցողական աշխատանքներ ունենան պարտուած իշխանութեան հետ։

Յ.Գ. Մեր Հայրենիքէն կտոր մը ծախեցինք։ Հազարաւոր նահատակներ տուինք։ Հազարաւոր գաղթականներ ունեցանք։ Յոգնակիով կը գրեմ, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր բաժին մեղաւորութիւնը ունի այս ամէն ինչին մէջ։ Գոնէ հիմա սթափինք ու մեր արժանապատուութիւնը պահպանենք, առանց այն ալ տրորուած արժանապատուութիւնը։ Յանուն մեր նահատակներու յիշատակին։

Տակաւին կան «մարդիկ», որոնք կը շարունակեն պաշտպանել ու արդարացնել իրենց կուռքը։ Շարունակեցէք ստրուկներու նման պաշտել, բայց մի՛ մոռնաք, որ արիւնը ձեր վիզին պիտի մնայ։ Սթափեցէք։ Արժանապատուութիւն ունեցէք։ Անհաւասարակիշիռի մը պատճառով ձեր մարդ տեսակը մի՛ ոչնչացուցէք ձեր մէջէն։ Արդէն ողորմելի դարձած էք ձեր կուրութեան ու կռապաշտութեան պատճառով։ Սթափեցէք, մեր բոլորին ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ է, որ զոհասեղանին վրայ դրուած է։ Անձերը կարեւոր չեն, մանաւանդ անոնք, որոնք մեր Հայրենիքին մէկ մասը առանց ամչնալու ծախեցին։ Սթափինք։ Տէր կանգնինք մեր Հայրենիքին, որպէսզի մեր զաւակներու նախատինքին չարժանանանք։

Հողը ծախեց ու հիմա իր սեփական ժողովուրդին կը սպառնայ, նոյն այդ ժողովուրդին զաւակներով։ Զօմպիներ, կը տեսնէ՞ք ձեր փայփայած #կուռքին արարքները։ Շարունակեցէք երկրպագել ու փառաբանել։

Ողբամ զքեզ Ազգ իմ սիրելի:

Մեր այսօրուան դժբախտ իրականութեան գլխաւոր պատճառները կուսակցամոլութիւնն ու անձնապաշտութիւնն են, որոնց առկայութեան պարագային աւելորդ է խօսիլ Հայրենիքի, հայրենասիրութեան եւ այլ արժէքներու մասին։

Ազգային ժողովի գործող իշխանութեան պատգամաւորներէն մէկուն արտայայտութիւնը.

«Մարդիկ բազմաթիւ սթաթիւսներ կը գրեն, քոմենթներ կը գրեն, կարդացէք եւ ուսումնասիրեցէք»…։

Փաստօրէն այդ մարդոց միակ ԻՐԱՒԱԿԱՆ դաշտը դիմատետրն է, այն ժամանակ երբ իրենք հարիւրաւոր ֆէյքեր կը պահեն ու կ՚աճեցնեն։

Երկիր ղեկավարելու իրենց առաջնահերթութիւնը։

Մէկ բան պէտք է յստակ ըլլայ բոլորիս համար։ Իշխանութիւն մը, որ երկուքուկէս տարի ատելութիւն տարածած է, սեւերու եւ սպիտակներու, հիներու եւ նորերու բաժնած է իր ժողովուրդը, չի՛ կրնար այս օրհասական պահուն դէպի խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդել մեր Հայրենիքն ու ժողովուրդը։ Աւելի՛ն. մէկը որ նկատի չ՚ունենար իր ժողովուրդին մէկ հատուածին կարծիքը եւ թշնամանքով ու ատելութեամբ կ՚արտայայտուի անոնց նկատմամբ (խօսքս չի վերաբերիր այդ հատուածին ճիշդ կամ սխալ ըլլալու մասին, խօսքը կը վերաբերի երկրի առաջին դէմքի պահուածքին ու վերաբերմունքին), չի՛ կրնար, այլեւ բարոյական իրաւունքը չունի շարունակելու ղեկավարել…

Ձուկին գլուխը եթէ նեխած է, իմաստ չունի մարմինի անդամները ախտահանելը...

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ 

Վաղարշապատ 

Շաբաթ, Յունուար 16, 2021