ՍԷՐԸ, ՍԻՐԵԼՆ ՈՒ ՍԻՐՈՒԻԼԸ

«Քու վարդի հետ անցուցած ժամանակն է, որ աւելի կարեւոր կը դարձնէ զայն՝ քան միւսները», ըսաւ Փոքրիկ իշխանը:

«Մարդիկ մոռցած են այս ամենակարեւոր ճշմարտութիւնը։ Բայց դուն պէտք չէ մոռնաս։ Դուն միշտ պատասխանատու ես այն բոլորի համար, որ կ՚ընտելացնես։ Դուն այժմ պատասխանատու ես քու վարդի նկատմամբ»։

«Ես պատասխանատու եմ իմ վարդի նկատմամբ», կրկնեց Փոքրիկ իշխանը, որպէսզի հաստատէ սորվածները։

Յետոյ ան շարունակեց իր ճանապարհը։

ԱՆԹՈՒԱՆ ​​ՏԸ ՍԵՆԹ-ԷՔԶԻՒՓԵՐԻ

Սիրելը աշխարհի ամենամեծ, ամենահզօր միաւորող ուժն է… Սիրոյ մասին կը գրուին երկարաշունչ յօդուածներ, բանաստեղծութիւններ, երգեր… Եւ որքան որ մարդ խորհրդածէ սիրոյ մասին, անոր իմաստը կարծես աւելի կը խորանայ, աւելի կ՚ընդարձակուի, աւելի կը բարդանայ, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ անպայման տարբեր իմաստ մը կը վերագրէ անոր իր ներաշխարհին մէջ ու տարբեր աստիճաններով կը զգայ անոր զօրութիւնը։

Մարդիկ կրնան դիմակայել ամենադժուարին եւ իրականութիւն կը դարձնեն անհնարինը, եթէ անոնց մէջ սիրոյ նշոյլ մը կայ։ Սէրը կեանքի հրաշքն է, յոյսի ջատագովը, իւրաքանչիւր նոր պահուն մեզ կապող լաւագոյն բարեկամը։

Ո՞ր մութ գիշերը ցերեկի չի վերածուիր. ո՞ր չարիքը չի վերանար, երբ սիրով կը նայիս անոր. ե՞րբ խաւարը չի լուսաւորուիր, երբ կը մտածես սիրով. ճակատագրին լքուած, փլատակուած ո՞ր կառոյցը չի վերանորոգուիր սիրոյ ուժով։ Մեւլանան ըսած է. «Սիրով՝ պղինձը ոսկի կը դառնայ, սիրով կը բժշկուին նեղութիւնները, իսկ սէրէն կը յառնեն մեռելները»:

Սիրոյ նոյնիսկ տկար ճառագայթ մը կրնայ յառաջացնել այս բոլորը։ Իսկ սիրուիլը երջանկութիւն է, կեանքը իմաստաւորող, կեանքը երանգաւորող ու զայն ապրելու արժանի դարձնող հանգամանք մը…

Բայց ինչէ՞ն կախեալ է սիրոյ շարունակական գոյութիւնը։ Արդեօք պէտք է ամուր գրկե՞լ ձեր սիրելիները, որպէսզի օր մը անոնք յանկարծ չսահին ձեր ձեռքէն, թեւերէն, թէ՞ մարդիկ պէտք է յաղթահարեն փակուղիները դէպի իր սիրելիները, որպէսզի հասնին անոնց: Արդեօք պէտք է ձգտիլ կամ աշխատիլ միայն ձեր սիրա՞ծ բանին կամ ձեր սիրելիներո՞ւ համար:

Սիրելը պարզ երեւոյթ մը չէ, ան մեծ պայքար է, կը պահանջէ մաքառում, պատասխանատուութիւն: Պէտք է բծախնդրօրէն, հանգոյց առ հանգոյց հիւսել զայն, որպէսզի ձեւաւորուի, ամրապնդուի: Ծառը տնկելէ յետոյ պէտք է ձեռքերով սերմերուն կեանք տալ, պէտք է հոգ տանիլ անոր մասին, որպէսզի պաշտպանենք զայն արտաքին վնասներէն եւ դիտեք անոր հասուննալը, հասակ առնելը։ Որպէսզի ան ճիւղաւորուի եւ արմատաւորուի… Որպէսզի քամիի կամ նոյնիսկ փոթորիկի ժամանակ չկորանայ եւ չփտի… Արմատաւորուելէ յետոյ մի՛ վախնաք:

Այնքան դժուար է բաժնուիլ սրտի խորքէն, ուր բոյն հիւսած է սէրը… Մեծ աշխատանք մըն է սէրը, որ ամէն պահ աւելի կ՚ուժեղանայ: Կը շարունակէ գոյանալ քեզի հետ, քանի տակաւին կաս… Հեշտ չէ հասնիլ սիրոյ: Արուեստ մըն է ան, թատերական կատարում մը կարծես, կամ նկարիչի մը վրձինի ամենակարեւոր հարուածը։ Ըստ Էրիխ Ֆրոմի՝ սէրը գործողութիւն մըն է, այլ ոչ թէ կրաւորական զգացում։ Սիրոյ աշխոյժ բնոյթը կրնայ սահմանուիլ՝ որպէս տալ, այլ ոչ թէ ստանալ:

Սէրը ինքնարտայայտում է։ Սէրը կը ստեղծէ անհատը: Կը ձեւաւորէ անոր անհատականութիւնը, կենդանի է, միշտ կապուած է կեանքի հետ։ Այն գոյութիւն ունի քեզի հետ։ Սէրը կ՚իմաստաւորուի անոր քու վերագրած սահմանումով: Այն իր իմաստը ձեռք կը բերէ առանց փոխարէնը ակնկալելով։ Կը սպասէ ամուր բռնուիլ՝ փոխարէնը ոչինչ սպասելով եւ ողջ կեանքի ընթացքին կը գրկէ քեզ: Կենսական նշանակութեամբ կեանքի աղբիւր մըն է ան։ Քանի դուն կաս, այն կ՚աճի մէջդ, քեզի հետ, կը զարգանայ, կը տեղաւորուի քու ներաշխարհի ամենախոր ծալքերէն ներս։

Սէրը աշխարհի ամենալուրջ գործն է։ Սիրելու համար առաջնային է մաքուր սէրը… Ան հոգւոյ լրացումն է, գոհացումը, բոլորի գոյութեան աղբիւրը…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2023