150-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ վաղը նախատեսուած է եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Բ.» օփերան պիտի ներկայացուի նոր ոգիով մը։ Արշակ Բ.-ի կերպարը մարմնաւորելու համար այս առթիւ Երեւան հրաւիրուած է օփերայի յայտնի երգիչ (պաս) Բարսեղ Թումանեան։
«Արշակ Բ.» օփերան առաջին անգամ ներկայացուած է 1868 թուականին՝ նոր էջ մը բանալով հայոց ազգային երաժշտարուեստի պատմութեան մէջ։ Ներկայ տարին կը զուգադիպի այս օփերայի առաջին ներկայացման 150-ամեակի յոբելեանին։ Այս հանգամանքը կը պայմանաւորէ ներկայ բեմադրութիւններու շարքի իմաստն ու մթնոլորտը։
Վաղուան ներկայացման ընդառաջ, երէկ տեղի ունեցաւ ընդհանուր փորձ մը, որու ընթացքին լրագրողները զրուցեցին արուեստագէտներուն հետ։ Բարսեղ Թումանեան այս առթիւ ըսաւ, որ տարիներու ընթացքին այս օփերայի բազմաթիւ բեմադրութիւնները եղած են։ Իր փափաքն է, որ մնայուն եւ լաւ ներկայացում մը ծնի եւ այդ մէկը աւելի լաւ արտայայտէ այդ ժամանակուան ազգային հարցերը։ «Ըստ իս՝ մենք ազգային պատմութիւնը ներկայացնելու խնդիր ունինք։ Ան ժամանակի ընթացքին յաճախ կը շեղուի իրականութենէն։ Նոյնն է նաեւ այսօր։ Ես կ՚աշխատիմ այս պատմութիւնը ուսումնասիրել զանազան աղբիւրներէ՝ պարսկական, բիւզանդական եւ այլն։ Պատկերը յաճախ կը փոխուի։ Ներկայացման ամբողջ իմաստը այն է, որ հարկաւոր է միասնական ըլլալ եւ ապրիլ անկախ Հայաստանի մէջ», ըսաւ Բարսեղ Թումանեան։