ՓՈՔՐԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀ
Փոքրերի աշխարհ միշտ պայծառ,
Ձայն, հնչիւն ու բառ,
Փոքրերի աշխարհ միշտ արդար,
Խաղ է երգ ու պար,
Օրը մեզ համար տօն է անդադար…
Այս երգին բառերը լաւագոյնս կը նկարագրեն մեր փոքրիկ հրեշտակները, անոնց ապրումներն ու զգացումները։ Մենք՝ մեծիկներս, որ ոչ վաղ անցեալին մաս կազմած ենք փոքրերու աշխարհին, չեմ գիտեր ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս լքեցինք զայն։ Թէ ե՞րբ մեծցանք՝ մանկութիւն, պատանեկութիւն-երիտասարդութիւն երկարուձիգ ճամբան ինչպէ՞ս յաջողեցանք ակնթարթի մը մէջ անցնիլ՝ յայտնի չէ։ Բաց աստի, մեր յիշողութեան ծալքերէն սրբելով երբեմնի քաղցրահամ ապրումներն ու զգացումները, կարծես բնաւ մանուկ չէինք եղած, այսպէս հասուն աշխարհ եկած ենք։
Տեղին է ըսուած՝ բնութիւնը կրկնութիւն է. մեր կեանքը նոյնպէս կրկնութիւն է։ Ի վերուստ մեզի շնորհուած է յանձինս մեր զաւակներու՝ երկար տարիներ անց, երբ այլեւս բոլոր յիշատակները խոր քունի մէջ են, մեր արտացոլանքը տեսնելու։ Եւ այսպէս, մեր մտքի յուշատետրակը թերթելու կը սկսինք մեր մանուկներուն հետ միասին։ Անոնց իւրաքանչիւր շարժումը, քայլը, թոթովանքը ակամայ մեզ կը փոխադրէ մաքրութեան ու ազնուութեան տարիներ։
Շատ յաճախ կը զարմանամ այն մայրիկներուն, որոնք կը գանգատին իրենց երեխաներէն, առաւել եւս կ՚ըսեն, թէ երեխան հոգ է, բոլոր ուշադրութիւնդ անոր վրայ պիտի կեդրոնացնես։ Ըստ իս, նման կարծրատիպը հաւասար է դրախտի պարտէզէն հրաժարելու։ Այդ փոքրիկ, անմեղ ու փխրուն արարածներն են, որ ունակ են մեզ գերերջանկացնելու, անասելի զգացումներ ու վայրկեաններ պարգեւելու։ Անոնց մասին հոգ տանիլը, անոնց հետ անցուցած իւրաքանչիւր երկվայրկեանը պարզապէս՝ երանութիւն է… Բաց աստի, ոմանք յաճախ կը գանգատին անքուն գիշերներէ, գերյոգնածութենէ։ Իսկ երբեւէ խորհած էք, որ այս ամէնը անցողիկ է, ընդամէնը երեք-չորս տարի, որմէ ետք այս դրախտային հաճոյքը պիտի սկսի լքել ձեզ։ Այլեւս պիտի չըլլան ձեզ ամուր գրկող փոքրիկ ձեռքերը, ձեզ ուշադիր ու հիացական զննող անմեղ աչուկները, միայն ձեր կարիքը ունեցող, ձեզմէ կախեալ մանուկները։ Այլեւս պիտի չկարենաք ձեր գիրկին մէջ վայելել անոնց հրեշտակային խաղաղ քունը, ականատես ըլլալու այդ պզտիկ սրտի բաբախիւններուն…
Այսօր՝ ես մայր եմ, մայր, ո՛չ հասարակ, այլ՝ հայ մանկան մը, որ վաղը պիտի մեծնա՛յ, պիտի պաշտպանէ՛ իր հայրենիքը, անթաքոյց սիրով պիտի սիրէ՛ իր հողն ու ջուրը, ինչպէս նաեւ աշխարհն ու համայն մարդկութիւնը… Աստուծոյ կամօք կը վայելեմ մայրութեան բերկրանքը, որու համար աղօթքներուս մէջ անդադար երախտապարտ կ՚ըլլամ Բարձրեալին։ Ոչ մէկ օր տրտնջացի, ընդհակառակը լիաթոք կը վայելեմ անոր ներկայութիւնը։
Ես ամէն վայրկեան երջանիկ եմ, քանզի տունը մանչուկս՝ փոքրիկ Զաւէնիկս իր փոքրիկ, փխրուն թեւերը լայնատարած բացած ամէն օր զիս կը դիմաւորէ։ Անոր գիրկը, փոքրիկ թաթիկներն ու կապուտակ աչուկները մի ամբողջ աշխարհ կ՚արժեն։ Ամէն անգամ անոր հետ գիրկընդխառնուելով կը ճախրեմ երկինքին մէջ… Ինքզինքս աշխարհի տէրը կը զգամ, պահ մը ի խորոց սրտի պոռալ, ճչալ կ՚ուզեմ՝
Կա՛նգ առ ակնթարթ՝
Տուր ինձ թեւերդ,
Որպէսզի կապեմ ոտքերից նրա,
Որ յաւերժ մնայ իմ էութեան հետ,
Այսքան խենդացնող հայեացքը նրա:
Շատ եմ խնդրում քեզ, կա՛նգ առ ակնթարթ,
Էլ որտե՞ղ գտնեմ այսքան ինձ գերող,
Այսքան կեանք ու շունչ, իմ մէջ ներշնչող՝
Հրեշտակների թագաւոր էակ
Արեւի լոյսից լուսէ մոլորակ:
Հապա՞, ակնթարթ,
Կարո՞ղ էս ասել,
Էլ ինչպէ՞ս թողնեմ նման մի հայեացք ու,
Քեզ հետ ես գամ...
Կա՛նգ առ՝ ակնթարթ:
(Պարոյր Սեւակ)
Անտեսելով հազարումէկ կարծիք, մեծաւ մասամբ՝ կը փորձեմ առաջնորդուիլ մայրական բնազդով։ Չէ՞ որ աշխատանքը, տան գործերը, ընկերներուն հետ ժամանցը կը սպասէ, իսկ փոքրիկս, այդ փոքրիկ մաքուր ու անբիծ արարածը՝ ի զօրու չէ համբերելու։ Այդ իսկ պատճառով՝ երբ որ իմ կարիքը ունենայ, ես միշտ անոր կողքին եմ։
Ըստ իս՝ երեխաները՝ փոքրիկ հրեշտակները երբեք իրենց աւելորդութիւններ թոյլ չեն տար, չեն շփանար։ Պարզապէս կը փորձեն ձեւով մը մեզի տեղեկացնել, թէ այդ պահուն ինչ կ՚ուզեն։ Եթէ երեխան մայրիկին ու հայիկին գիրկը քնանալ կ՚ուզէ, ուրեմն պէտք է յարգել անոր կամքը, եթէ ան կ՚ուզէ, որ իր հետ ժամանակ անցընէք, ուրեմն թող բոլոր գործերը սպասեն։
Երեխային պէտք է միայն ծով սէր, ուշադրութիւն ու փայփայանք, ան ուրիշ ոչ մէկ բանի կարիք ունի։ Չէ՞ որ այն, ինչ որ փոքրիկ գիտունիկները, հրաշամանուկները այսօր կը ստանան, վաղը մեզի պիտի վերադարձնեն։
Ամէն գիշեր մայր ու որդի՝ ձեռք ձեռքի կը քնանանք։ Իմ ափի մէջ ունենալով անոր փոքրիկ ձեռքը, կը գիտակցիմ, թէ օր մը այս փոքրիկ թաթիկը այլեւս իմ ափի մէջ պիտի չտեղաւորուի։ Անյագուրդ կը վայելեմ սա երջանկութեան երկվայրկեանները, քանզի այսպէս լաւ, այսպէս հոգեբաւ ու անկրկնելի այլեւս երբեք պիտի ըլլայ։
Գորշ ու մռայլ այս կեանքի միակ հրաշքը՝ ծնունդն է՝ մանկան ծնունդը…
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ