ԱՊԱԳԱՅԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Կը գոյատեւեն ո՛չ թէ ամենախելացին կամ ամենաուժեղը, այլ՝ փոփոխութեան առաւել յարմարողները։ 

ՉԱՐԼԶ ՏԱՐՈՒԻՆ

Աշխատանքի եւ ընդհանուր առմամբ կեանքի համար «դրական» ապագայի ուրուագծումը կը կոչուի ապագայապաշտութիւն (futurism), իսկ անոնք, որոնք կ՚ընդունին այս տեսակէտը կը կոչուին ապագայապաշտ (futurist)։ 

Ապագայապաշտութիւնը ժամանակակից արուեստի ու հասարակական շարժում մըն է, որ ծագած է Իտալիոյ մէջ, 20-րդ դարու սկիզբին (յատկապէս 1909-1920 թուականներու միջեւ): Այս շարժման հիմնական նպատակներն են՝ ամբողջովին մերժել անցեալի գեղագիտական ​​արժէքներն ու աւանդոյթները՝ պնդելով, որ աշխարհի ապագան «արդիականութիւնն» է, երկրները (յատկապէս Իտալիան) արդիականացնելով հեռացնել անցեալի ծանրութենէն եւ «քաղաքացուած քաղաքակրթութիւն», «մեքենայացում» եւ «արագութիւն» հասկացողութիւնները հիմք դարձնել ընկերային կեանքէ ներս:

Ապագայի մասին մեր ընկալումները յաճախ անհանգստացուցիչ կամ բացասական են։ Այնուամենայնիւ, ապագայի մասին մեր դիրքորոշումները կրնան փոխուիլ։ Մինչ այժմ կ՚ըսուէր, որ անոնք, որոնք աւելի առաջ «կը կարդան» կամ կը կանխատեսեն ապագան եւ համապատասխանաբար կը պատրաստուին, երջանիկ եւ յաջող կ՚ըլլան։ Մինչդեռ ապագայապաշտներ կ՚ըսեն, թէ պէտք չէ «համակերպուիլ» ապագայի հետ, այլ կարելի է զայն նախագծել։ Մենք կը մտածէինք, որ տեղ մը ապագայ կայ եւ կը փորձէինք այդ մէկը կանխատեսել, եթէ պատրաստուած ըլլանք, յաջող եւ երջանիկ կ՚ըլլանք։ Բայց եւ այնպէս, ապագայապաշտութեան «ապագայի» սահմանումը այլ է։ Նախապէս ապագայի մասին մեր պատկերացումները այնպէս էին, որ մենք «փասիւ» ենք, սակայն այժմ կը գիտակցինք, որ կրնանք «աքթիւ» ըլլալ։ Ըստ ապագայապաշտութեան, իրականութեան մէջ այդ «ապագան» մենք կը կառուցենք՝ օգտագործելով գիտելիք, փորձագիտութիւն, բանականութիւն, զգացումներ։ Ապագայապաշտութիւնը «դրական ապագայի ուրուագիծ» մըն է, իսկ ապագայապաշտը՝ «դրական ապագան ուրուագծող»։ Այս ուղղութեամբ մենք կը փափաքինք ձեռք բերել իրազեկուածութիւն եւ անհրաժեշտ միջոցներ։ 

Նախապէս ուժ եւ յաջողութեան կը տիրանային անոնք, որոնք գիտելիքներ ունէին։ Այսօր գիտելիքը, տեղեկատուութիւնը հեշտութեամբ հասանելի է բոլորին։ Մենք կ՚ըսենք, որ մտած ենք սիպերնասիոնի (Արդիւնաբերական գործողութեան կամ առաջադրանքի վերահսկում՝ համակարգիչով տեղեկատուութեան մշակման միջոցաւ) դարաշրջան եւ այստեղ էական նշանակութիւն ունին նոր մօտեցումներ եւ նոր հարթակներ։ Այլ խօսքով, մենք տեղեկատուութիւնը կրնանք լաւագոյնս օգտագործել՝ մարդկութեան եւ ընդհանրապէս տիեզերքի համար. ապագայապաշտութիւնը ապագայ հնարաւորութիւններու, տուեալներու եւ այլն, տեղեկատուութեան մը վերածուելով ուսումնասիրումն ու ծրագրաւորումն է։

Բոլորս այսօր տեղեկատուութիւնը օգտագործելով լաւագոյնը յայտնաբերելու որոնումի մէջ ենք։ Ապագայապաշտութիւնն ալ կը համարուի այս շրջանի ամենաօգտակար փիլիսոփայութիւններէն մին։ Ամէն ինչ սրընթաց կը փոխուի, իւրաքանչիւր ասպարէզ, իւրաքանչիւր մասնագիտութիւն կը վերաիմաստաւորուի։ Իրականութեան մէջ փոփոխութիւնը կարեւոր չէ, այլ անհրաժեշտութիւն է։ Փոփոխութիւնը վիճելի, նախընտրելի փաստ մը չէ։ Ամբողջ կեանքը արդէն կառուցուած է «փոփոխութեան» հիման վրայ։ Նոյնիսկ ըսելը, որ բան մը չենք ըներ, փոփոխութիւն է։ Անոնք, որոնք գիտակցաբար կը հետեւին ու կը յարմարին փոփոխութիւններուն, աւելի ազատ են, աւելի հանգիստ, աւելի ինքնավստահ, իսկ միւսները՝ անընդհատ դժուարութիւններու կը հանդիպին։ Չփոխուիլ հնարաւոր չէ։ 

Ապագայապաշտութիւնը տեսակէտ եւ մօտեցում է բոլոր իրավիճակներու համար։ Ան չի ներկայացներ որեւէ մասնագիտութիւն, սեռ, ազգ կամ կրօն, ան չի կրնար պատկանիլ որոշ անձի, հաստատութեան կամ հասարակութեան։ Անոնք, որոնք կը ձգտին մարդկութեան բարօրութեան, համակեցութեան, կրնան կեանքի իւրաքանչիւր երանգը, ընթացքը դիտել՝ ապագայապաշտ մօտեցումով։ Իւրաքանչիւր անհատ, ընկերութիւն, հիմնարկ կամ պետութիւն կրնայ կերտել իր ապագան՝ հեռատեսօրէն օգտագործելով իր միտքը, գիտելիքն ու փորձագիտութիւնները, որոշելով իր ապագայ տեսլականը եւ հաշուի առնելով այն իրադարձութիւնները, որոնք կ՚ազդեն իր ապագայի վրայ։

Ապագայապաշտները, պարզ խօսքով, կը բացատ-րըւին՝ որպէս «մարդիկ, որոնք կը մտածեն ապագայ բեմագրութիւններու մասին եւ ունին հեռատեսութիւն»։ Ապագայապաշտ ըլլալու համար յատուկ ուսում չի պահանջուիր։ Ապագայի համար բազմաթիւ բեմագրութիւններ ստեղծելը, երազանքները եւ ապագայի դրական ուրուագծումը բաւական են «ապագայապաշտ» դառնալու համար։ 

Իրազեկուածութիւնը կարեւոր է լաւ ապագայի համար։ Բաշխուած վկայականները կարեւոր չեն, ապագային յաջողութեան հասնիլ կարելի չէ այսօրուայ իրողութիւններով։ Այդ պարագային կարելի չէ ձեռքբերումներ ունենալ։ Յառաջընթաց արձանագրելու համար անհրաժեշտ է բաց ըլլալ փոփոխութիւններու, զարգացնել տեսլականը եւ միշտ երազել։ Կարեւոր չէ ձեր ապագայ մասնագիտութիւնը, քանի որ ամէն ինչ կը փոխուի։ Իւրաքանչիւր ասպարէզ, իւրաքանչիւր մասնագիտութիւն կը վերաիմաստաւորուի։ Այստեղ կարեւորն է՝ հմտութիւնը։ Կարեւոր է հասկնալ, թէ անհրաժեշտութեան պարագային ինչպէ՛ս պէտք է համադրել գիտելիքը, հմտութիւններն ու փորձագիտութիւնները։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 16, 2021