ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՊԱՏՄԱԳԻՐՆ ՈՒ ՄԵԾ ԱՐՈՒԵՍՏԱԲԱՆԸ՝ 150 ՏԱՐԵԿԱՆ

Հայ մամուլի պատմութիւնը ուսումնասիրողներու սեղանի գիրքերէն են «Հայոց պարբերական մամուլը» հատորները, որոնց հեղինակին՝ անմահ արուեստաբան, հետազօտող, գեղարուեստագէտ Գարեգին Լեւոնեանին 150-ամեայ յոբելեանը կը լրանայ այս տարի:

Յիշենք եւ մեծարենք հայ մամուլի եւ արուեստի մեծ պատմաբանը, որուն պատմական հատորները երբեք չեն խամրիր վերիվայրումներու ներքոյ եւ ժամանակի փոշին չի նստիր այդ գիրքերուն վրայ, անոնք կը մնան միշտ այժմէական եւ փնտռուած:

Հայ մամուլի պատմութեան այդ անփոխարինելի հատորներուն կողքին մեծ արուեստաբանը մեր սեղանին դրած է նաեւ հայկական նկարչութեան, աշուղական երաժշտութեան, հայ գրականութեան, հայ թատրոնի, հայ գիրքի եւ տպագրական արուեստի ուսումնասիրութեան վերաբերող մեծածաւալ գիրքեր, որոնք արուեստաբաններու եւ հետազօտողներու անբաժանելի գիրքերէն են:

ՄՐՑԱՆԱԿ՝ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

«Հայոց պարբերական մամուլը» հատորը Գարեգին Լեւոնեան հրատարակած է 1895 թուականին՝ իր ծննդավայր Ալեքսանդրապոլի մէջ: Գիրքին մէջ ան ընդգրկած է հայ պարբերական մամուլի պատմութեան սկզբնաւորումէն մինչեւ 1894 թուականը, այսինքն՝ շուրջ մէկ հարիւրամեակ ընդգրկող ժամանակահատուածի մամուլի պատմութիւնը, եւ այդ գիրքը դարձած է առաջին ամբողջական եւ համակարգուած պատմա-մատենագիտական տեսութիւնը, ուր տասնամեակ առ տասնամեակ ցոյց կը տրուին աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ հրատարակուած պարբերականները՝ համապատասխան մատենագիտական տուեալներով, ինչպէս նաեւ ծանօթութիւններու կարգով կը ներկայացուին իւրաքանչիւր պարբերականի մասին արտայայտուած մատենագրական կարծիքներն ու գնահատականները։ Աշխատութիւնը, Պոլսոյ մէջ, տակաւին ձեռագիր վիճակով, արժանացած է Սահակ-Մեսրոպեան առաջին մրցանակին։

Այդ գիրքը հրատարակելէն 40 տարի ետք՝ 1934 թուականին, Գարեգին Լեւոնեան հրատարակած է «Հայոց պարբերական մամուլը» երկրորդ գիրքը՝ լրացուած: Այս մէկը առաջին հրատարակութենէն կը տարբերի նիւթի լիակատարութեամբ, ժամանակի ընդգրկումով, ուր քննած է արդէն 140 տարուան մամուլին պատմութիւնը, ընդգրկելով 40 տարուան ընթացքին ի յայտ եկած նոր անունները, շտկումներ եւ յաւելումներ կատարելով նաեւ հին անուններու ցանկին մէջ:

Աշխատութեան բուն մասը կը կազմէ «Ժամանակագրական մայր ցուցակը»՝ պարբերականներուն մասին հաղորդող էական մատենագիտական տուեալներով, որոնք մինչեւ այսօր հիմք կը ծառայեն հետազօտողներուն: Ատկէ ետք, հայ պատմաբաններ ու հայագէտներ՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, զանազան տարիներ կազմած են հայ մամուլի պատմութեան այլեւայլ ձեռնարկներ, սակայն բոլորն ալ իբրեւ հիմք առած են Լեւոնեանի հատորները:

ԱՇՈՒՂ ՋԻՒԱՆԻԻ ՈՐԴԻՆ

Մամուլի պատմութիւնը ուսումնասիրելէն զատ Լեւոնեան մեծ հետաքրքրութիւն ունէր նաեւ աշուղական արուեստի բնագաւառին հանդէպ: Այդ մէկը պատահական չէ: Գարեգին Լեւոնեան որդին է հայ աշուղական երգարուեստի ազգային դպրոցի ներկայացուցիչ, ժողովրդական երգիչ Գուսան Ջիւանիին (Սերոբ Լեւոնեան-Պէնկոյեան): Սակայն Գարեգին փոքր տարիքէն երբեք չէ ապաւինած հօր փառքին եւ ինք հարթած է իր ճանապարհը՝ ուսանելով լաւագոյն կրթական կեդրոններուն մէջ եւ ստեղծելով իր գրական, մանկավարժական ուղին: Ալեքսանդրապոլի մէջ Լեւոնեան ուսանած է տեղի Սուրբ Փրկիչի չորսդասեան դպրոցին մէջ, ապա ուսումը շարունակած է Ալեքսանդրապոլի պետական վարժարանէն ներս։

1895 թուականին ընտանիքով տեղափոխուած են Թիֆլիզ, ուր Գարեգին Լեւոնեան մտերմացած է ժամանակի արեւելահայ նշանաւոր գրական գործիչներուն՝ Սունդուկեանին, Աղայեանին, Պռոշեանին, Մուրացանին, Թումանեանին եւ այլոց հետ։

1896 թուականին ուսումնառութեան նպատակով մեկնած է Մոսկուա, ուր նկարչութեան դասերու հետեւած է, այնուհետեւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ նախ կարճ ժամանակով սորված է ակադեմիկոս Տիմիթրեւի նկարչական արուեստանոցին մէջ, ապա ընդունուած է տեղի արուեստի ակադեմիան, որ աւարտած է 1897 թուականին։ Ի դէպ, Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ուսանելու տարիներուն, Գարեգին Լեւոնեան ռուս եւ արտասահմանեան գրականութեան դասականներուն մասին «Նոր դար»ի էջերուն մէջ յօդուածներ տպագրած է։

Իբրեւ հրապարակագիր, ան գործածած է հետաքրքրական գրչանուններ, որոնցմէ են Գօշ, Գրասէր, Ճռինչ, Մէֆիստոֆէլ, Շաւարշ, Վաղինակ եւ այլն:

1902-1906 թուականներուն Գարեգին Լեւոնեան գեղարուեստի պատմութիւն եւ նկարչութիւն դասաւանդած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ։ 1906 թուականին ուսանած է Լայփցիք:

Թիֆլիզի մէջ նոյնպէս Լեւոնեան մանկավարժական գործունէութիւն սկսած է. հոս ան տուած է նկարչական դասընթացքներ եւ դպրոցներու համար պատրաստած է նկարչութեան ուսուցիչներ, կազմած եւ հրատարակած է դասագիրքեր («Հայկական վայելչագրութիւն եւ գեղագրութիւն», 1908, «Գծագրութիւն եւ նկարչութիւն», 1909)։

1910-1911 թուականներուն ան դասաւանդած է Ներսիսեան դպրոցը, խորհրդային իշխանութեան տարիներուն՝ Երեւանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ, իսկ 1912-1913 թուականներուն ճամբորդած է Արեւմտեան Եւրոպա։ Իր ճամբորդական տպաւորութիւնները ամփոփած է «Աշխարհէ-աշխարհ կամ 20000 վերստ Եւրոպայի մէջ» ուղեգրութիւններուն մէջ։

«ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏ» ՀԱՆԴԷՍԸ

Կոմիտասի հետ Գարեգին Լեւոնեան (բաւական լուրջ պատրաստութենէ ետք) Թիֆլիզի մէջ հիմնադրած եւ ապա ինք խմբագրած է «Գեղարուեստ» գրական-գեղարուեստական պատկերազարդ հանդէսը՝ հայ առաջին արուեստագիտական պարբերականը, որուն շուրջ համախմբուած են ժամանակի հայ արուեստի, գրականութեան ու գիտութեան լաւագոյն ներկայացուցիչները: Հանդէսը իր տասնչորսամեայ (1908-1922) գոյութեան ընթացքին ունեցած է սահմանափակ հրատարակութիւններ (ընդամէնը եօթ գիրք), բայց հոն տպագրուած են արուեստի բոլոր ճիւղերուն վերաբերեալ պատմական եւ տեսական յօդուածներ, գեղագիտութեան եւ արուեստի փիլիսոփայութեան մասին նիւթեր, ինչպէս նաեւ գրականութեան, գրականագիտութեան հիմնախնդիրներուն նուիրուած ուսումնասիրութիւններ: Լեւոնեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ուսումնասիրողներ կը գրեն, որ միայն այս՝ «Գեղարուեստ» հանդէսի հրատարակման փաստը բաւական է, որ Գարեգին Լեւոնեանի անունը մնայ մեր մշակոյթի եւ մամուլի պատմութեան մէջ, իբրեւ այդ ասպարէզին ամենանուիրեալներէն մէկը:

Գեղարուեստը հրատարակուած է նիւթական մեծ դժուարութիւններով, սակայն այսօր անոր էջերը անփոխարինելի գանձարաններէն են հայ մշակոյթը ուսումնասիրողներուն համար: Թիւ հինգը Լեւոնեան տպած է Վենետիկի մէջ՝ Ս. Ղազար կղզիի միաբանութեան տպարանէն ներս (1913 թուականին), զայն կոչելով «Արտասահմանեան բացառիկ թիւ 1»: Բայց հինգերորդ թիւէն ետք ամսագիրին տպագրութիւնը ընդհատուած է շուրջ հինգ տարի եւ միայն 1918 թուականին Թիֆլիզի մէջ լոյս կը տեսնէ վեցերորդը, 1922 թուականին՝ վերջինը՝ եօթներորդը:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

1925 թուականին Գարեգին Լեւոնեան ընտրուած է Խորհրդային Հայաստանի Հնութիւններու պահպանութեան կոմիտէի անդամ, 1939 թուականին՝ Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու ակադեմիոյ Հայկական մասնաճիւղի պատմութեան եւ գրականութեան կաճառի գիտական խորհուրդի անդամ։

Հայաստանի մէջ առաջին անձը, որուն շնորհուած է արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչում (1932), եղած է Գարեգին Լեւոնեան:

Հայաստանի մէջ նոյնպէս ան նշանակալի գործունէութիւն ունեցած է. ուսումնասիրած է Հայաստանի հարաւային շրջաններու մանրանկարչութեան եւ որմնանկարչութեան յուշարձանները, Արցախի եւ Ուտիքի մանրանկարչական արուեստը:

Արուեստի եւ մշակոյթի մեծ երախատաւորը մահացած է Երեւանի մէջ՝ 1947 թուականին, կեանքէն հեռանալով անժառանգ, սակայն կատարած գործը անմահացուցած է իր անունը:

Իր հայրը՝ աշուղ Ջիւանին ունեցած է վեց զաւակ, բոլորն ալ իրենց նշանակալի դերը ունեցած են իրենց ապրած ժամանակներուն: Գարեգին Լեւոնեանի եղբայրը՝ Պարոյր Լեւոնեան, օրինակ, եղած է Ալեքսանդրապոլի քաղաքագլուխ, կրտսեր եղբայրը՝ Լեւոն Լեւոնեանը՝ գիտնական Մոսկուայի մէջ եւ այլն:

ՀԱՅ ԱՇՈՒՂՆԵՐ

Աշուղներուն նուիրուած Լեւոնեանի աշխատութիւնը լոյս տեսած է 1892 թուականին՝ Ալեքսանդրապոլ: «Հայ աշուղներ» աշխատութեամբ առաջին անգամ հայ բանասիրութեան մէջ, ժամանակագրական համակարգուած յաջորդականութեամբ, հեղինակ առ հեղինակ կենսագրական եւ այլ տուեալներ կը հաղորդուին շուրջ երկհարիւրամեայ ժամանակաշրջան ընդգրկող 225 հայ աշուղներու մասին: Տեղեկատու մեծ գործ մըն է, որ ունի հանրագիտական եւ մատենագիտական արժէք։

Ատկէ ետք Լեւոնեան 1903-1906 թուականներուն գրած է այլ ծաւալուն աշխատութիւն մը՝ «Աշուղներուն մասին»։ Անոր մէջ հեղինակը քննած է աշուղներուն՝ իբրեւ ժողովրդական երգիչներու, խաղացած հասարակական դերը եւրոպական ու արեւելեան հին ազգերու եւ հայերու կեանքին մէջ։ Բազմակողմանիօրէն քննուած են աշուղական կենցաղին առանձնայատկութիւնները, աշուղներուն անձնական ու հասարակական կեանքին իւրայատկութիւնները, անոնց արտացոլումը աշուղական երգերուն մէջ, վերջիններուս բանաստեղծական ու հասարակական արժէքը։ Այդ գիրքով հայ իրականութեան մէջ Լեւոնեան առաջին անգամ ստեղծած է աշուղական արուեստի տեսութիւն։

ԻՐ ՀՕՐ՝ ՋԻՒԱՆԻԻՆ ՄԱՍԻՆ

1896 թուականին Լեւոնեան «Հանդէս» գրական եւ պատմական պարբերականին մէջ տպագրած է «Հայկական այժմեան քնարերգական բանահիւսութիւնը եւ աշուղ Ջիւանին» ուսումնասիրութիւնը, ուր մեր միջնադարեան եւ մանաւանդ 19-րդ դարու քնարերգութեան տեսադաշտին վրայ կ՚ուրուագծուի Ջիւանիի կեանքին եւ գրական վաստակին պատկերը, հեղինակը ըստ արժանւոյն գնահատած է Ջիւանիի խաղացած պատմական մեծ դերը աշուղական արուեստի ազգայնացման խնդրին եւ 19-րդ դարու երկրորդ կէսին ընդհանրապէս հայ ժողովրդական մտաւոր կեանքին մէջ։

1936 թուականին Լեւոնեան հրատարակած է Ջիւանիի երգերուն հաւաքածոն, որ մինչ այդ տպագրուածներէն ամենածաւալունն էր եւ կարեւոր աւանդ մըն էր ջիւանագիտութեան մէջ եւ փաստագրական կայուն հիմք մը՝ գալիք ուսումնասիրողներուն համար։

ՍԱՅԵԱԹ-ՆՈՎԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ

Գարեգին Լեւոնեան իր աշուղագիտական աշխատութիւններուն մէջ յաճախ անդրադարձած է Սայեաթ-Նովային՝ բնորոշելով ու գնահատելով անոր պատմական տեղն ու դերը հայ աշուղական բանաստեղծութեան ու արուեստի զարգացման մէջ։ Լեւոնեանի գլուխ գործոցը այս առումով «Սայեաթ-Նովա» աշխատութիւնն է՝ բանաստեղծին հայերէն խաղերուն լիակատար ժողովածոն, ընդարձակ ուսումնասիրութեամբ, արժէքաւոր ծանօթագրութիւններով, բառարանով եւ բազմալեզու մատենագիտութեամբ։ Ժողովածոն առաջին անգամ ամփոփած է Սայեաթ-Նովայի՝ մինչ այդ յայտնի կամ նորայայտ հայերէն բոլոր խաղերը, հետեւաբար եւ դարձած անոր գրական ժառանգութեան լիակատար հրատարակութիւնը՝ տուեալ ժամանակահատուածին համար։

ՊԱՂՏԱՍԱՐ ԴՊԻՐԻՆ ՄԱՍԻՆ

18-րդ դարու հայ գրական դէմքերէն Գարեգին Լեւոնեանի հետազօտութեան արժանացած է պոլսահայ քերական, բանաստեղծ ու երաժիշտ Պաղտասար Դպիրը։ 1919 թուականէն սկսեալ ան կը հետաքրքրուէր Պաղտասար Դպիրի կեանքով ու գրական ժառանգութեամբ՝ արդիւնքները հրապարակելով զատ յօդուածներով: Մինչ այդ Պաղտասար Դպիրին մասին քիչ յայտնի էր։ Լեւոնեան սկզբնաղբիւրներու հետազօտութեամբ վերականգնած է Պաղտասարին կենսագրութիւնը եւ հաւաստած, որ քերթողութիւն ուսուցանող Պաղտասարը եւ բանաստեղծ Պաղտասարը միեւնույն անձնիք են: Միաժամանակ ան ապացուցած է, որ Պաղտասար Դպիրը եղած է նաեւ երաժիշտ, եւ բարձր գնահատած է զայն որպէս բանաստեղծ:

Բազում են Լեւոնեանի աշխատութիւնները, ինչպէս՝ «Թատրոնը հին Հայաստանի մէջ», ինչպէս նաեւ իր յուշերը՝ իր ապրած ժամանակներէն, այլ գործեր, որոնց մէջ ի յայտ կու գան հետաքրքրական դրուագներ:

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ

Մեծարգոյ տիար

Գարեգին Լեւոնեան,

Այստեղ Թորգոմ Եպիսկոպոս Գուշակեանէն փոխ առի Ձեր «Գեղարուեստի» Գ.-րդ թիւը, որ սքանչելի պարունակութեամբ հիացում պատճառեց ինծի։ Կարդացի անոր մէջ Ձեր՝ ինձ ուղղած երկտող նամակը, որուն կու գամ պատասխանել եւ սիրով կը ղրկեմ քերթուած մը անոր մէջ հրատարակուելու սահմանուած։

Սոյն թիւին մէջ իմ «Ցեղին սիրտին» մասին եղած գրախօսականը ուրախացուց զիս, որուն առթիւ պարտական եմ շնորհակալ ըլլալ պր. Մարգարին՝ այդպէս շքեղ հանդէսի մը մէջ պատուած ըլլալուն համար Մուսաս։ Եթէ նիւթական անձուկ վիճակս ներած ըլլայ՝ որքա՜ն պիտի բաղձայի «Գեղարուեստին» գոնէ յաջորդ հրատարակուելիք հատորները ունենալ գրասեղանիս վրայ՝ իբրեւ զարդ եւ իբրեւ թանգարան Գեղեցկին։ 27 նոյեմբ., 1910, Սուազ։

Մնամ յարգանքներով՝

Դանիէլ Վարուժան

Հասցէս.

Daniel Varoujan

Ecole Arménienne, Sivas (Turquie)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2022