ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ՅԻՇԵԼ ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԸ

Իս­թան­պու­լի 34-րդ մի­ջազ­գա­յին գրքի տօ­նա­վա­ճա­ռը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ TÜYAP-ի Պիւ­յիւք­չեք­մե­ճէի  հա­մա­լի­րէն ներս շա­բա­թա­վեր­ջին եզ­րա­փա­կուե­ցաւ՝ հեր­թա­կան ան­գամ մագ­նի­սա­ցու­ցած ըլ­լա­լով գրա­սէր­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը։ Փա­ռա­տօ­նին շրջագ­ծով այս տա­րի եւս «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը ներ­կա­յա­ցաւ գրա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան՝ այս վիթ­խա­րի ու կա­րե­ւոր ձեռ­նար­կի ծի­րէն ներս հան­դի­սա­նա­լով պա­տու­հան մը՝ բա­ցուած դէ­պի հայ մշա­կոյ­թը։ Այս տա­րի եւս «Ա­րաս»ի տա­ղա­ւա­րը տօ­նա­վա­ճա­ռի բա­նուկ ան­կիւն­նե­րէն մին էր։ Իսկ շա­բա­թա­վեր­ջին, տօ­նա­վա­ճա­ռի եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նին «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը TÜYAP-ի հա­մա­լի­րէն ներս ի­րա­կա­նա­ցուց ա­սու­լիս մը, որ ձօ­նուած էր մե­ծա­նուն գրող Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի յի­շա­տա­կին։ Հարկ է նշել, որ «Ա­րաս» 2015-2016 հրա­տա­րա­կու­թեան շրջա­նին լոյս ըն­ծա­յե­լիք գոր­ծերն ալ ո­րո­շած է ձօ­նել Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նը ո­գե­կո­չե­լու նպա­տա­կին։

«Յի­շել Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նը» խո­րագ­րեալ շա­բա­թա­վեր­ջի ա­սու­լի­սը վա­րեց հրա­տա­րակ­չու­թեան գլխա­ւոր խմբա­գիր Ռո­պէր Քոփ­թաշ։ Ա­տե­նա­խօս­ներն էին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբա­գիր ու բա­նա­սէր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան, «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թէն գրող Գա­րին Գա­րա­գաշ­լը, թարգ­մա­նիչ Մեհ­մէտ Ֆա­թիհ Ուս­լու եւ «Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նէն Հա­զալ Հա­լա­վուտ։ Զե­կու­ցում­նե­րու ըն­թաց­քին, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, նշուե­ցաւ՝ որ ա­ւե­լի քան ինն­սուն տա­րի Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի գոր­ծե­րը լոյս չէին տե­սած թրքե­րէ­նով։ Վեր­ջին շուրջ տասն տա­րուան ըն­թաց­քին իր ար­տադ­րու­թեան թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը հա­սա­նե­լի են երկ­րի գրա­սէր­նե­րուն։ Այս հնա­րա­ւո­րու­թեան լոյ­սին տակ ա­տե­նա­խօս­նե­րը անդ­րա­դար­ձան Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի կեան­քի զա­նա­զան հանգ­րուան­նե­րուն եւ ա­նոնց իւ­րա­քան­չիւ­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած հո­գե­վի­ճա­կի հետ­քե­րուն՝ հե­ղի­նա­կի գոր­ծե­րուն վրայ։ Զա­պէլ Ե­սա­յեան ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ նաեւ՝ որ­պէս կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան։

Ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին ու­շագ­րաւ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան, որ յի­շե­ցուց, թէ Ա­տա­նա­յի կո­տո­րած­նե­րէն վերջ տեղ­ւոյն վրայ շփում­ներ ու­նե­նա­լէ յե­տոյ տե­ղե­կա­գիր մը պատ­րաս­տած պա­տուի­րա­կու­թեան կազ­մի վառ դէմ­քե­րէն մին էր Զա­պէլ Ե­սա­յեան։ Ան մեկ­նա­բա­նեց, թէ այդ վկա­յու­թիւն­նե­րը ինչ­պի­սի ազ­դե­ցու­թիւն մը գոր­ծած էին հե­ղի­նա­կի հո­գե­վի­ճա­կին եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Բաց աս­տի, Տէ­յիր­մեն­ճեան խօ­սե­ցաւ Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի Սո­վե­տա­կան Հա­յաս­տա­նի մէջ ապ­րած տա­րի­նե­րուն շուրջ։ Ան մատ­նան­շեց, թէ ա­ռա­ջին շրջան­նե­րուն Զա­պէլ Ե­սա­յեան ապ­րած էր ըն­կալ­ման դժուա­րու­թիւն­ներ եւ ու­նե­ցած՝ յու­սա­խա­բու­թիւն­ներ, ո­րոնց մա­սին թէեւ նա­խընտ­րած էր չբարձ­րա­ձայ­նել։ Յատ­կան­շա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լով Սթա­լի­նի բռնաճն­շում­նե­րու հանգ­րուա­նին ա­ռըն­չու­թեամբ՝ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան խօ­սե­ցաւ նաեւ այդ դժուա­րին շրջա­նին Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի կող­մէ իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն հետ մշա­կած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ Այդ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ի­րեն բա­ժին վի­ճա­կած ող­բեր­գու­թիւն­նե­րուն ակ­նար­կե­լէ վերջ՝ Տէ­յիր­մեն­ճեան յի­շե­ցուց, որ ցարդ ար­դէն ան­յայտ մնա­ցած են Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի սպա­նու­թեան կամ մա­հուան պատ­ճառ­նե­րը։

 Իր կարգին, Հազալ Հալավուտն ալ խօսեցաւ իգական սերունդէ երկու ժամանակակից գրողներու՝ Հալիտէ Էտիպ Ատըվարի եւ Զապէլ Եսայեանի մասին։ Ան կանգ առաւ անոնց յարաբերութիւններուն եւ իրենց արտադրած գրականութեան նմանութիւններուն վրայ։ Հալավուտ ըսաւ, թէ Հալիտէ Էտիպ Ատըվար Զապէլ Եսայեանը ճանչնալով, անոր գրակա-նութեան տեղեակ ըլլալով հանդերձ չէր նախընտրած զայն օրակարգի վրայ բերել։ Հալավուտ ընդգծեց, որ վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ Զապէլ Եսայեանի անուն լսելի դառնալուն գծով կարեւոր դեր մը ունեցած է նաեւ գրող Էլիֆ Շաֆաքի վերաբերմունքը։

Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի ձօ­նուած այս հա­ւա­քոյ­թը ար­ժա­նա­ցաւ կո­կիկ թի­ւով գրա­սէր­նե­րու հե­տաքրք­րու­թեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015