ՇՐՋԱՆԱԿ ԿԱԶՄՈՂԸ

Շրջանակ կը կազմեմ։

Ամէն առաւօտ կ՚երթամ խանութ, Արիստով փողոցի վրայ։

Վեր կը քաշեմ ցուցափեղկը, կը կանչեմ արեւը ներս։ Վերջինս մէկ անգամէն, կարծես անհամբեր, կը փռուի ապակեպատիս ետեւը հանգչող, կոկիկ շարուած, գոյնզգոյն շրջանակներուս վրայ, կը սկսի տաքցնել կոնքերը անոնց, որոնք, կարծես, ներքին դատարկութեամբն իրենց կը մսին, ու նկարի, պատկերի, ներկ ու կտաւի կը սպասեն։

Բառերուս, երեւակայութեանս եւ վիպապաշտութեանս վրայ մի զարմանաք։ Շրջանակներուս հետ է, որ կ՚անցընեմ օրերս. անոնց հետ է, որ կ՚ապրիմ, որ կը յարաբերիմ աւելի քան ուրիշ որեւէ էակի հետ։ Էակներ են իրենք ալ, եւ ես կը սիրեմ զանոնք, ու կը սիրեմ գործս։

Դուռը կը բանամ, եւ անոնք իրենց փայտի, ատաղձի եւ ներկի բոյրովը կ՚ընդունին զիս. արդէն լուսաւորուած՝ բարի լոյս կը մաղթեն։ Կը բանամ պատուհանները եւս, թթուածինով կ՚ողողեմ սրահը, եւ կ՚անցնիմ գործի։

Պիտի հանեմ նախորդ օրը ինծի բերուած կտաւները, նայիմ անոնց երկար, ու որոշեմ. շրջանակներէս ո՞ր մէկուն են արժանի անոնք։ Այդ սեւի՞ն, հաստ ու լայն, անկիւններուն նախշերով, որու դատարկին մէջ նայելով միշտ ծովային պատկերներ տեսած եմ։ Թէ՞ ոսկեգոյնին, բազմաշերտ ու նախշաւոր, որ պատրաստ է հմայք տալ իր մօտ ամէն եկողին։

Ընտրութիւնս կատարած, տեղադրեմ պիտի պատկերը շրջանակներէս մէկուն մէջ. ուշադիր, որ չվնասեմ ո՛չ անոր, ո՛չ իր հիւրին, որ հաւանաբար տարիներ, գուցէ դար մ՚ամբողջ հանգչի այնտեղ։ Եւ գործին ամենահետաքրքրական, ամենահաճելի պահին ականատեսն պիտի ըլլամ։ Ծննդաբերութիւն մըն է կարծես, կամ բեղմնաւորում մը, որ պտուղ կու տայ վերջապէս։ Ժամերով կամ օրերով իմ կողմէս պատրաստուած շրջանակներէն մէկը ահա, որ յստակ նկարագիր ունէր իր մէջ այնքան ատեն, որ նստած էր մէկուն վրայ դարակներուս, յանկարծ ձեւով մը պիտի հասուննայ, հեռանայ ինձմէ, կերպարանափոխուի, մասամբ գոյն փոխէ նոյիսկ, երբ գտնէ զինք երկար տենչացած, ու իր վաղուց սպասած նկարին։ Դուստրս հարս կու տամ կարծես։

Եւ առանց ցաւի, առանց դոյզն իսկ չարութեան, կու տամ շրջանակներս կեանքին, ու կը բաժնուիմ անոնցմէ։ Փոքրիկ թախիծ մըն է միայն, եւ արդէն իսկ սկսող յուզալից կարօտ մը, որ կ՚ընկերակցի բաժանումիս այդ ի սկզբանէ սպասուած, գիտակցուած, ու գրեթէ անխուսափելի, զորս ժպիտով մը կ՚օրհնեմ։

Շատ պարզունակ եմ, թերեւս մտածէք։ Նոյնիսկ տարօրինակ, գուցէ։

Գործս սիրող մըն եմ ես։

Ես շրջանակ կը կազմեմ։

ԵՐԱՄ

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2020