ԲԵՐԱՅԻ ՄԵԾ ՀՐԴԵՀԸ
«Իմ յիշողութիւններս» յուշագրութեան մէջ հայ բեմի մեծանուն դերասանուհի Ազնիւ Հրաչեայ կը նկարագրէ իր մուտքը թատրոն: Թատերական առաջին յաջողութիւնները մեծ ուրախութիւն պարգեւած էին դեռատի աղջնակին, մինչեւ այն օրը, երբ վրայ հասած է Բերայի մեծ հրդեհը: Ատկէ ետք արդէն անոր յուշագրութեան մէկ հատուածը տխուր երանգներ կը ստանայ: Դերասանուհին, որ մուտք գործած էր թատրոն եւ արժանացած Պետրոս Մաղաքեանին, հանդիսատեսին եւ ժամանակի մամուլին գնահատանքին, այսպէս կը նկարագրէ վրայ հասած Բերայի մեծ հրդեհը եւ իրենց կեանքը այդ օրերուն.
*
Թերեւս աւելորդ չըլլայ այստեղ քանի մը խօսք ըսել ծնողացս մասին:
Հայրս էր Գրիգորի Մինասեան, փաստաբան, ընդունակ եւ բանիմաց մարդ: Ծնած էր Անգարա, պապական ծնողքէ: Երեք տարեկան՝ որբ էր մնացած հօրմէ եւ մօրմէ, որ իրեն ձգած էին մեծ կարողութիւն: Իր հօրեղբայրը պէտք էր կառավարէր այդ հարստութիւնը, մինչեւ որ ինքը չափահաս ըլլար: Այդ հօրեղբայրը զինքը իր հետը Պոլիս բերելով կը դնէ գիշերօթիկ վարժարան եւ ինքը կը սկսի վաճառականութեամբ պարապիլ: Պոլսոյ մէջ մեծ վարկ ունէր, տասնեւութը տարեկան հասակին մէջ հայրս ուսումնարանէն ելլելով՝ կը պահանջէ իր հարստութիւնը, բայց հօրեղբայրը անոր ձեռքը հինգ հարիւր ոսկի դնելով գլխէն կը հեռացնէ: Հինգ կամ վեց ամիս յետոյ, այդ գումարը վերջացած ըլլալով հայրս կը դիմէ իր խնամակալին, որ նորէն հինգ-վեց հարիւր ոսկի տալով կը լռեցնէ զայն: Այսպէս քանի մը անգամներ կրկնելէ յետոյ, այլեւս կը մերժէ վճարել, ըսելով «Դուն սպառեցիր քու դրամներդ, ա՛լ ոչինչ ունիս իմ մօտս»: Հայրս կը ստիպուի դատարան դիմել, եւ դատէ դատ՝ խելամուտ կ՚ըլլայ օրէնքի բոլոր նրբութիւններուն, օրինագիրքը կ՚ուսումնասիրէ, կ՚իւրացնէ, եւ վերջ ի վերջոյ կը սկսի ասոր անոր դատը պաշտպանել եւ փաստաբանութիւնը իրեն պաշտօն կ՚ընէ: Այն ժամանակ, եթէ չեմ սխալիր՝ Պոլսոյ մէջ չկար հայ փաստաբան, հայրս առաջին հայ փաստաբանն էր, յետոյ եկան Եւրոպայէն համալսարանաւարտ հայ փաստաբաններ:
Մայրս էր Արմաւենի Մինասեան, ծնեալ Պօզաճեան, շատ գեղեցիկ, բարի, ողորմած, աղքատաց խնամող, անձնուէր: Երբ փողոցէն կ՚անցնէր, ամէն կողմէ կը գոչէին «Չարխ իշի րուպիէ», նմանեցնելով ճախարակէ անցած փայլուն րուպիէ ոսկիներուն: Շատ հարուստներ ուզեր էին ամուսնանալ հետը, բայց կաթոլիկ ըլլալնուն համար մեծ հայրս ու մեծ մայրս հաւանութիւն չէին տուած: Հայրս իմանալով, որ պապական մնալով պիտի չկրնայ ամուսնանալ անոր հետ, կ՚երթայ լուսաւորչականաց եկեղեցին, լուսաւորչականութիւն կ՚ընդունի եւ հինգ տարի յետոյ կ՚ամուսնանայ: Կ՚ունենան երկու աղջիկ եւ մէկ մանչ: Մանչը եւ մեծ աղջիկը մօրս նման հանդարտ տղաք էին, ես՝ հօրս նման անհանդարտ եւ համարձակ: Այդ պատճառաւ զիս շատ կը սիրէր, ես ալ կը պաշտէի զինքը, եւ սաստիկ ցաւ զգացի, երբ վախճանեցաւ:
Քոյրս եւ եղբայրս մեռան, ես մնացի մինակ: Հայրս շատ կը շահէր, բայց շատ ալ կը շռայլէր: Եւ երբ վախճանեցաւ, երեք հազար ոսկի ձգեց ինձ համար, ասոնք արժեթուղթեր էին, զորս մայրս կտուրին տակ պահած էր իբր ապահով տեղ: Այն տունը, ուր կը բնակէինք, մօրս էր:
Եկաւ յանկարծ Բերայի հրդեհը: Անկարող եմ նկարագրել այդ սոսկալի աղէտը, այդ սարսափելի օրը, ինչպէս որ էր: Այսքանը միայն պիտի ըսեմ, որ ամբողջ Բերա թաղը հրոյ ճարակ եղաւ, հարուստներ աղքատացան, մայրեր անզաւակ մնացին, զաւակներ անմայր, չկար ընտանիք մը, որու անդամներէն մէկը կամ երկուքը պակսած չըլլային: Շատ ընտանիքներ ալ խմբովին խեղդուած գտնուեցան քարաշէն տուներու մէջ: Հրդեհը լափեց ոչ միայն անբաւ հարստութիւն, այլեւ հազարաւոր կեանքեր: Բերան կը բռնկէր տասնուչորս կողմէ, կարծես կրակը երկինքէն կը թափէր: Շատ մարդիկ փողոցներուն մէջ այրեցան:
Աղէտը մեծ էր, ժողովուրդի լաց ու կոծի ձայնը հասաւ մինչեւ Սուլթանին ականջը, ուղարկեց հազարաւոր վրաններ եւ հաց:
Շատերու հետ մենք ալ էինք այժմ անտուն, աղքատ, կիսամերկ, բոպիկ, որովհետեւ փողոցէն կրակի վրայէն անցած ատեննիս իմ կօշիկներս եւ մօրս շրջազգեստը այրեցան:
Մեզ վիճակուած վրանն էր Հայոց գերեզմանատան մէջ: Ամէն մէկ վրանի տակ կար գերեզմանաքար մը: Մեր վրանը՝ պատահմամբ թէ վերին տնօրինութեամբ, կը գտնուէր ճիշդ այնտեղ, ուր էր սիրելի հօրս գերեզմանաքարը: Ես նկատեցի քարին վրայի արձանագրութիւնները եւ կարդացի «Աստ հանգչի Գրիգոր Մինասեան, Սրբուհի Մինասեան, Մագսուտ Մինասեան»։ Մայրս, որ լսեց, այնպիսի սոսկալի ճիչ արձակեց, որ մինչեւ այժմ կարծես կը հնչէ ականջիս.
-Գրիգո՛ր, քովիկդ տեղ տուր մեզի: Մենք ալ կ՚ուզենք թաղուիլ, մենք կենդանի թաղուած ենք ձեր մօտը, տե՛ս, սիրելի զաւակդ, աղք՛ատ, մե՛րկ:
Կը պոռար, եւ այնպիսի կսկծալի հառաչանքներ կ՚արձակէր, որ մօտակայ վրաններէն հաւաքուեցան մարդիկ եւ մեզ բռնի դուրս հանեցին, ուրիշ վրան մը փոխադրեցին:
Այդ գիշերը հողի վրայ քնացանք, մայրս ինձմէ գաղտնի, ես՝ մօրմէս գաղտնի լալով: Կը մտածէի, թէ ի՞նչ ընեմ, որ քանի մը ոսկի ձեռք անցընեմ, մօրս շրջազգեստ, ինձ կօշիկ եւ անկողին ձեռք բերեմ: Յանկարծ գտայ: Հասակէս երկայն ճոխ մազեր ունէի: Ուսումնարան յաճախած միջոցիս, վարսավիրայ մը շարունակ կ՚ըսէր իր քովի մարդոցը. «Ի՜նչ մազեր, ի՜նչ չէի տար»:
Առտուն կանուխ գացի գտայ այդ մարդը: Անոր խանութը Խըռնաուլայի ուսումնարանին մօտն ըլլալուն, ո՛չ այդ խանութը, ոչ ալ ուսումնարանը այրած էին:
-Ի՞նչ կու տաս մազերուս:
-Չորս ոսկի, պոռաց անմիջապէս:
-Շուտ կտրէ՛:
Տասը րոպէէն արդէն ամէն բան աւարտած էր: Անաստուածը վերջին ծայր կարճ էր ձգած մազերս:
Չորս ոսկին ձեռքս, իսկոյն մտայ մեր վրանը, մայրս, որ զիս տեսաւ, իսկոյն բացագանչեց.
-Հապա մազե՞րդ:
-Չորս ոսկիի ծախեցի, աւելորդ բեռ էին մազերս: Հիմա այս դրամով մեր նախնական պէտքերը կը հոգանք:
Մայրս ալ իր կարգին ինձ ցոյց տուաւ երկու ոսկի. պատմեց, թէ երկու մարդ են եկեր, զիս են փնտռեր եւ մօրս յանձներ են երկու ոսկի՝ պատուիրելով, որ ինձ լաւ սնունդ տայ: «Ան ապագային հայ բեմին առաջին զարդը պիտի ըլլայ,- ըսեր էին,- ան մեր յոյսն է»: Յետոյ, գերեզմանատան փոքրիկ մատուռը երթալով, բեմէն գորգ մը վերցուցեր էին, ըսելով. «Թող վարդապետը առանց խալիչայի քարոզէ», եւ տուեր էին մօրս: «Հիմակուհիմա գետինը փռէ՛ այս գորգը»: Ետքէն իմացայ, որ այդ մարդոց մէկն էր «Մամուլ»ի խմբագիր Գէորգ Այվազեանը, իսկ միւսը՝ կարծեմ «Մանզումէ»ի խմբագիր Կարապետ Փանոսեանը:
Բոլոր տէրութիւնները, նուիրատութիւններ ընելով նպաստներ էին ուղարկած հրկիզեալներուն: Հիմա կը բաժնէին վերմակ, անկողին, ճերմակեղէն, բրինձ, իւղ, վերջապէս ամէն բան, որու անմիջական պէտք կար, բաժանման գործը յանձներ էին «Գթութեան քոյրերուն», որոնք դժբախտաբար միայն իրենց ցանկացած մարդոց կու տային: Նպաստներու բաշխումը պէտք էր որ կատարուէր առանց կրօնի խտրութեան, բայց յանուն գթութեան, «Գթութեան քոյրեր»ը անգթութիւն կ՚ընէին՝ մեզ լուսաւորչականներս զրկելով: Յանկարծ գաղափար մը ունեցայ, երթալ իմաց տալ այս գարշելի արարմունքը Մեծ-Եպարքոսին, որու համար մեծ վրան մը սարքած էին Թաքսիմի պարտէզին մէջ:
Այո՛, բայց ինչպէ՞ս կարողանայի ներս հասնիլ: Դռնէն քիչ մը հեռու, պահապան զինուորներ կանգնած էին, իսկ անմիջապէս դրան առջեւը կային երկու համր եւ խուլ պահապաններ: Կերպով մը անցայ զինուորներուն մօտէն, եւ երբ հասայ դրան մօտ, սկսայ այդ համրերուն հետ նշաններով կատակել: Հազիւ տասը տարեկանի երեւոյթ ունէի: Անոնք չկարծեցին թէ ես կարող եմ համարձակուիլ այդպիսի քայլ մ՚ընել, երբ յանկարծ վրանէն ներս սողալով ինկայ փաշային ոտքերը: Ներսը շատ մարդիկ նստած կային, բայց ես անգիտակցաբար ուղղակի նպատակիս հասեր էի: Համրերը վազեցին ետեւէս, բայց փաշան արգիլեց անոնց ինծի դպչիլ:
-Ի՞նչ է քարակէօզ քըզըմ (սեւաչուի աղջիկս):
-Տէ՛ր, շնորհք ըրէք, ո՛չ հայր ունիմ, ո՛չ ազգական: Հրդեհը մոխիրի վրայ նստեցուց մայրս ու զիս: Նպաստներէն մեզի ոչինչ կը հասնի, քանի որ լուսաւորչական ենք: Ողորմեցէ՜ք:
-Ի՞նչ կ՚ըսես, փոքրի՛կ, ըսածներդ ճշմարտութի՞ւն են:
-Տէ՛ր իմ, կարող էք ստուգել:
Զիս այնտեղ պահեցին, եւ մարդիկ ուղարկեցին, որ քննեն, թէ արդեօք ճի՞շդ է ըսածս: Ճի՞շդ է, որ մենք ոչինչ ունինք:
Քառորդ ժամ մը յետոյ՝ իրողութինը հաստատուած էր. փաշան կանչեց իրեղէններու վերակացուն եւ հրամայեց տալ ինձ ինչ որ հարկաւոր էր: Մեծ պարկի մը մէջ լեցուցին վերմակներ, ճերմակեղէնի վերաբերեալ կտորներ, բրինձ եւ այլն եւ բեռը տալով զինուորի մը՝ փաշան հրամայեց անոր, որ ինձ ընկերանայ: Շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ մեկնեցայ:
Կէս ճամբան հանդիպեցայ խղճալի տեսարանի մը: Վրանի մը մէջ կար վեց հոգով ընտանիք մը. այր ու կին իրենց չորս երեխաներով: Ամուսնոյն մէկ ոտքը այրած էր: Թշուառութեան աղեխարշ պատկեր մըն էր. ատ խեղճերը կեղտոտութեան մէջ թաթխուած էին՝ գարշահոտութեան մէջ ապրելով: Երեխաները կը ճչային, ու մայրը կու լար:
Չէի ճանչնար այդ ընտանիքը, բայց կնոջ լացը տեսնելով մօտեցայ իսկոյն եւ ամէն ինչ հասկցայ: Առի պարկս զինուորին ձեռքէն եւ այդ խեղճերուն հետ կիսեցի ամէն ինչ որ փաշան տուած էր: Իսկ իմ բաժինս հասցուցինք մօրս մօտ, որ շատ ուրախացաւ:
Կարծեմ՝ չէր եղեր քառորդ ժամ մը որ ես դարձած էի տեղս, յանկարծ զինուորը կրկին երեւցաւ.- «Շո՛ւտ, փոքրի՛կ, փաշան քեզ կ՚ուզէ, շո՛ւտ ըրէ, շո՛ւտ»:
Մայրս որ լսեց, թէ փաշան զիս կը կանչէ, այլայլուեցաւ: Ես հանգստացուցի զինքը եւ զինուորին հետ նորէն գացի վրանը: Փաշան զիս որ տեսաւ, յանդիմանեց,- «Ես քեզի տուի, որ դուն ուրիշներո՞ւն բաշխես»:
-Տէ՛ր, ան ինձմէ աւելի պէտք ունէր, բոլորը չտուի, ինծի շատ էր, կիսեցի:
Փաշան զիս քովը նստեցուց եւ հրամայեց, որ ինձ տան առաջուան տուածնուն կրկնապատիկը, յետոյ՝ «Զաւակս, -ըսաւ,- առ մայրդ, եկուր իմ ապարանքս բնակէ, մեր տունը եւրոպացի օրիորդներ կան ուսուցչուհիի պաշտօնով: Ես կու տամ ձեզի երկու սենեակով բաժանմունք մը, եւ ձեր բոլոր պէտքերը իմ տանս մէջ կը հոգացուին»:
Ապա հրամայեց, որ թոյլ տան ինձ ազատ մուտք ունենալ իր վրանին մէջ:
Մօրս պատմեցի, թէ փաշան մեզ երկուքս իր տան մէջ կ՚ընդունէր:
-Ո՛չ, ըսաւ մայրս՝ սաստիկ յուզուած, ես չեմ երթար, քեզ ալ չեմ ձգեր, անոնք քեզ կը թրքացնեն:
Այդ րոպէին մեզ մօտ եկաւ Պետրոս Մաղաքեանը: Առաջարկեց ինձ Վարդովեանի կողմէն 16 ոսկի տասնեւհինգ օրուան համար:
-Թագաւորը թլփատութեան հանդէս կատարել կու տայ, եւ այդ առթիւ տեղի պիտի ունենան ժողովրդական ներկայացումներ: Ամբողջ խումբը վարձուած է: Ես կ՚ուզեմ, որ դուն ալ մասնակցիս, պիտի ներկայացնենք վոտվիլներ:
Ես ուրախութեամբ ընդունեցի անոր առաջարկութիւնը, որ իմ փրկութիւնս էր: Խեղճ մայրս այլեւս հարկադրուած՝ յօժարեցաւ զիս յանձնել Մաղաքեանին:
Գացինք անմիջապէս անշուք թաղ մը (արդէն առաջնակարգ ալ չէր մնացեր), վարձեցինք կտուրի մը տակ՝ մէկ ոսկի ամսականով, փոխադրեցինք մայրս այնտեղ, իսկ ես փոխադրուեցայ այն վրանը, ուր կը բնակէր ամբողջ խումբը:
Երբ Սուլթանը իր որդիներէն մէկը թլփատելու ըլլայ, մեծ հանդէսներ ու ժողովրդական խնջոյքներ սարքել կու տայ, որոնք կը տեւեն 15-20 օր: Թաշ-Քըշա եւ Կիւմիշ-Սույու զօրանոցները հիւանդանոցի էին վերածուած, հազարաւոր հիւանդներ (նոր թլփատուածներ) պառկած էին. երկու տարեկանէ սկսած մինչեւ յիսուն տարեկան մարդիկ կային հիւանդներուն մէջ: Թագաւորը ամէն գիւղ ու քաղաք կը յայտարարէ, թէ ով որ կը ցանկայ կատարելապէս ըլլալ միւսիւլման եւ աղքատութեան պատճառով չէ թլփատուած, կարող է գալ: Թլփատուողներուն համար պատրաստ է անկողին, ձեռք մը զգեստ, տասը մէճիտ փող եւ ճանապարահածախս: Եւ ահա ամէն կողմէ Պոլիս կու գան յանուն միւսլիւմանութեան արիւն թափելու եւ դրամներ ստանալու: Թուրք եւ թրքահայ թատերական խումբերը, ըմբշամարտեր, լարախաղացներ, թուրք ու եւրոպացի երգիչներ, բոլորն ալ վարձուած էին տէրութեան կողմէ: Տոլմապահչէի հրապարակին մէջտեղը շինուած էր մեծ բեմ մը: Մէկ խումբը միւսին ետեւէն ներկայացումներ կու տար անդադար: Մենք ընդհանրապէս վոտվիլներ կը խաղայինք, մեր ձայնը կը կորչէր նուագածութեանց եւ ժողովուրդի գոռում գոչումին մէջ: Ժողովուրդը մեր շարժումները տեսնելով միայն կը զուարճանար: Վերջացան հանդէսները եւ Մաղաքեան կրկին ինձ առաջարկեց մտնել Վարդովեանի խումբին մէջ, ուր ինքն ալ ռէժիսէօրութեան պաշտօն էր ստանձնած: Ինձ առաջարկեցին ամսական ութը ոսկի: Պայմանաւորուեցանք Վարդովեանի հետ, եւ փոխադրուեցանք Սկիւտար։ Ներկայացումները տեղի պիտի ունենային Ազիզիէ թատրոնին մէջ:
Քանի մը խօսք Մաղաքեանի մասին: Պետրոս Մաղաքեան կօշկակար եղած է, երբ Արեւելեան թատրոնը բացուած է: Իբրեւ սիրող, ամէն օր ներկայ կ՚ըլլայ եղեր փորձերուն: Արեւելեան թատրոնի դերուսուցութեան համար մասնաւորապէս հրաւիրուած է եղեր եւրոպացի մը, կարծեմ՝ Նոչի անուամբ: Մաղաքեան ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւի անոր, եւ սիրողը կը դառնայ դերասան: Արեւելեան թատրոնը փակուելէ յետոյ, կօշկակարութիւնը շարունակելով հանդերձ, իր առաջնորդութամբ կու տար ներկայացումներ: Մասնաւորապէս, «Ռիկոլեթթօ»ի մէջ խեղկատակի դերը կը կատարէր վերջին ծայր յաջող ու բնական: Դեռ կը յիշեմ՝ Պլանշի դերը կատարած ատենս, ես կը սիրահարուէի այդ չեչոտ երեսով տգեղ, կուզիկ մարդուն, այնքան ոգեւորութեամբ կ՚արտասանէր «Պլա՛նշ, որդեա՛կ իմ, չեմ կարող ըսել թէ որքա՜ն եւ ինչպէ՜ս կը սիրեմ քեզ»: Մանաւանդ վերջին տեսարանին, երբ կ՚իմանայ, թէ վիրաւորուածը իր աղջիկն է, ինչպիսի բուռն սիրով եւ քնքշութեամբ կ՚արտասանէր այս բառերը. «Պլա՛նշ, հոգեա՛կ, ո՞ւր է ցաւդ»: Ես կը մոռնայի, թէ Պլանշը չեմ, եւ թէ ան Թրիպուլէն չէ. աչքերէս արցունքը հեղեղի նման կը հոսէր: Նոյնպէս «Թափառական հրեայ»ի մէջ Տակոպէռի, Տոն Կրիկորիոյի, Աստղագէտի մէջ «Աստղագէտ»ի եւ Մոլիէրի Սքափէնի դերերը զորս կը կատարէր, իրեն համար մեծ յաղթանակներ էին: Այս դերերուն մէջ մինչեւ այսօր զինքը փոխարինող չէ եղած: Իբր ռէժիսէօր այնքան յաջող էր, որքան վերոյիշեալ դերերուն մէջ իբր դերասան: Ան եղաւ իմ մենտորս, կեանքիս առաջնորդը: Ան էր, որ կը ծանօթացնէր ինձ չարն ու բարին: Անոր մահէն յետոյ միայն կարողացայ իր ընտանիքին փոքրիկ ծառայութիւն մը մատուցանել՝ բարեկամներէս խնդրելով ընդունել տալ իր որդին Թուրքիոյ ծխախոտի ռէժիի ընկերութեան մէջ, եւ ընդունեցաւ, ու կարծեմ թէ մինչեւ ցարդ կը հայթայթէ իր մօր ու քրոջ օրապահիկը:
ԱԶՆԻՒ ՀՐԱՉԵԱՅ
Պաքու, 1904
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ