ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԱՆԴԱԿՈՒՆԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Գիւտ Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ս. Աթոռը թափուր էր։ Այդ ժամանակներուն կաթողիկոսական իշխանութիւնը միայն հոգեւորական շրջանակի մէջ հեղինակութիւն ունէր։ Այս թշուառ պայմաններուն տակ, 478-ին կաթողիկոս կ՚ընտրուի վախճանեալ Գիւտ Կաթողիկոսի գործակից՝ Ս. Յովհաննէս Մանդակունի Հայրապետը։    

Յովհաննէս Կաթողիկոս ծնած է Ծախնոտ գիւղին մէջ։ Արդէն իսկ իր մականունը ցոյց կու տայ, թէ ազնուական տոհմէ սերած է։ Կը պատմուի, թէ Սահակ Հայրապետի աշակերտներէն եղած է, սակայն Յովհաննէս գիրերու գիւտի ժամանակ նոյնիսկ ծնած չէր, ուստի անհնար է զինք կոչել Սահակի աշակերտներէն մին։ Ան իր մանուկ հասակին կանոնաւոր կերպով ուսած ու յաճախած է յունական դպրոց։ 484-ին Յովհաննէս Մանդակունի Հայրապետը կաթողիկոսական աթոռը Վաղարշապատէն Դուին փոխադրած է։

Ղազար Փարպեցիի բնութագրմամբ՝ ան բարեխօս. ուխտապահ. քաջ զինուոր ու զինուորներուն հաւատարիմ. հրեշտականման հովուապետ մըն էր։ Վարդանանց կռիւներու ժամանակ Մամիկոնեան զօրավարին կողքին կանգնած է եւ եռանդուն մասնակցութիւն բերած է երկրի քաղաքական կեանքին մէջ, հետեւողական պայքար մղած է պարսիկներու բռնապետութեան եւ պարսկական կողմնորոշում որդեգրած է խմբաւորման դէմ։ Այդ նպատակով գործակցած է պարսկական տիրապետութեան դէմ ապստամբած Վահան Մամիկոնեանի հետ, հայրապետական քարոզներով, օրհնութիւններով, հայրենասիրական կոչերով գօտեպնդած է հայ ռազմիկները Ներսեհապատի ճակատամարտի ընթացքին։ Վահան Մամիկոնեան մարզպանութեան տարիներուն ընթացքին կատարած է շինարարական գործեր, վերակառուցած է Վաղարշապատի, Դուինի եկեղեցիները եւ այլն։

Կաթողիկոսութեան տեղափոխումէն ետք, Յովհաննէս Կաթողիկոս կը սկսի բարեկարգութեանց։ Առաջին գործը կ՚ըլլայ տասը կանոններ սահմանել եւ զանոնք կ՚արձանագրէ կանոնագրքին մէջ եւ աւելի կարեւորութիւն կու տայ տասներորդ կանոնին, որ կ՚արգիլէր անուս եւ անարժան մարդիկը եկեղեցական ձեռնադրել։ Առաջին ինն կանոնները կը խօսին պահքի տօնի մասին, իսկ Շաբաթն ու Կիրակին պահքէ զերծ կը պահէ։ Կ՚արտօնէ ձուկ ուտել, ձէթ ու գինի խմել։ Ծնունդ եւ Յայտնութիւն իրարու միացած կը սեպէ։ Կ՚արգիլէ մարտիրոսութեան տօները Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերու ընթացքին  յիշատակել։

Պատմիչներու վկայութեամբ, Մանդակունի իր հայրապետութեան երկրորդ կէսին մեծապէս զբաղուած է ծիսական կարգերու դասաւորման եւ ճոխացման մէջ։ Ան է հեղինակը Գիշերային ժամերգութեան «Զարթուցեալքս» քարոզին եւ «Զքէն Գոհանամք» աղօթքին, ինչպէս նաեւ Ճաշու երրորդ, վեցերորդ ու իններորդ ժամերու աղուհացից մեծ քարոզներուն ու աղօթքներուն։ Հեղինակն է մկրտութեան եւ դրոշմի կարգերուն, սարկաւագի, քահանայի եւ եպիսկոպոսի ձեռնադրութեանց, Եկեղեցւոյ օրհնութեան, Աթանասի հետեւողութեամբ պատարագամատոյցին, Եկեղեցւոյ հիմնարկէքի, ժամահարի, սկիհի, մաղզմայի ու գիրքի օրհնութեան, խաղողի օրհնութեան, պսակի եւ ապաշխարութեան կանոններուն ու թաղման կարգին։ Մանդակունիի անունով մեզի հասած են «Խրատ վանականաց միանձանց» երկը, ուր հաւաքուած են հոգեւոր կենցաղավարութիւնը կարգաւորող հրահանգներ՝ ուղղուած մենակեաց վանականներուն։

Մանդակունի Հայրապետին կը վերագրուին նաեւ Երեկոյեան ժամերգութեան նշանաւոր «Լոյս զուարթ» օրհներգութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղուած երրորդ թուղթը եւ «Հանգիստ սրբոյն Յովհաննու առաքելոյ եւ աւետարանչի» Նոր կտակարանի պարականոն գիրքերը։ Վարդան Արեւելցի պատմիչի վկայութեամբ՝ Մանդակունի հատուածներ թարգմանած է նաեւ «Գործք Առաքելոց» գիրքէն։

Մանդակունի շատ աւելի յայտնի է իր ճառերով, քարոզներով, որոնց թիւը 40-ի կը հասնի։ Անոր կը վերագրուին «Յաղագս պահոցն քառասուներրորդացն» ճառը, ինչպէս նաեւ 26 ճառերէ բաղկացած ժողովածոյ մը, ուր հայրապետը կը շօշափէ քրիստոնէական բարոյականութեան վերաբերող տարբեր հարցեր։ Կը խօսի մարդ արարածի հոգեւոր կեանքը կազմակերպող կարեւորագոյն գործօններու՝ պահքի, ապաշխարութեան, պատուիրանապահութեան, վերջին դատաստանի գիտակցութեան մասին։ Յատուկ բաժինով մը զգաստութեան կոչ կ՚ուղղէ Եկեղեցւոյ սպասաւորներուն, որոնք պէտք է հաւատացեալներուն սորվեցնեն մեղքերէ եւ զանազան մոլորութիւններէ հեռու մնալ եւ առաջնորդուիլ Աստուծոյ ճանապարհով։

Յովհան Մանդակունի Հայրապետ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է ժամանակի քրիստոնեայ Արեւելքին մէջ ծաւալուած դաւանաբանական վէճերուն, Հայ Եկեղեցին կողմնորոշած է դէպի Աղեքսանդրեան դպրոցի դաւանաբանական սկզբունքները, պայքարած է Հայաստան ներթափանցած նեստորականութեան եւ քաղկեդոնականութեան դէմ։ Մանդակունիի օրօք ընդունուած է Քաղկեդոնի ժողովը լռելեայն դատապարտող բիւզանդական Զենոն կայսրի «Հենոտիկոնը», ինչպէս նաեւ թարգմանուած է յոյն աստուածաբան Տիմոթէոս Կուզի հականեստոր-հակաքաղկեդոնական «Հակաճառութիւն» խորագրեալ դաւանաբանական երկը։ Այս աշխատութեան մէջ նշանաւոր է Մանդակունի Հայրապետի «Ապացոյց յերկուց բնութեանց ասել զփրկիչն եւ կամ մի բնութիւն» քաղկեդոնականութեան դէմ ուղղուած գրութիւնը, զոր իբրեւ Հայ Եկեղեցւոյ քրիստոսաբանութեան դիրքորոշումը հաստատող դաւանաբանական կարեւորագոյն վաւերագիր՝ ներմուծուած է «Գիրք թղթոց» ժողովածոյին մէջ։

Մանդակունի նաեւ շարականագիր էր։ Անոր կը վերագրուին Յինանց «Գովեա Երուսաղէմ» կոչուած երգերը, Տիրոջ Տապանակի, Յովհաննէս Մկրիտչի նշխաներու «Այսօր ցնծա դասք» կանոնները, ինչպէս նաեւ Թարգմանչաց եւ Առաքելոց կանոններու հնագոյն շարականները։ 

Եզրակացնելով, կրնանք ըսել, որ Մանդակունիի կաթողիկոսական շրջանը կը բաժնուի երկու մասերու.

Ա) Առաջին շրջանը կը յատկանշուի անոր արիասրտութեամբ, որ կը հասնի ճակատամարտերու ընթացքին վիրաւորուելու աստիճանին։

Բ) Իսկ երկրորդ շրջանին մէջ աւելի կը յստականայ անոր եկեղեցաշէն ու ազգաշէն բարեկարգութիւններն ու աշխատութիւնները։

Վախճանած է 490 թուին, մօտաւորապէս 80 տարեկան հասակին։

Մեր ընթերցողները աւելի հաղորդ դարձնելու երանելի Հայրապետին գրութեանց, յորդորներուն հետ, հակիրճ տողերու մէջ գրաբարէն թարգամանաբար կը մէջբերենք ապաշխարութեան մասին անոր ճառը, զոր միաժամանակ պահեցողութեան այս շրջանին կարեւոր խրատանի մը կը հանդիսանայ մեր հաւատացեալ հայորդիներուն համար։

Բժիշկներու դեղերն ու բոյսերու արմատները կ՚առողջացնեն մարմնի ցաւերը, իսկ ապաշխարութեան արցունքները կը բժշկեն հոգիի մեղքերու վէրքերը, մանաւանդ, երբ ողորմութեամբ կ՚ապաշխարեն եւ տնանկներուն կը գթան։ Որովհետեւ բժիշկներու դեղերուն մէջ խառնուած շատ արմատներ կան, որոնք հիւանդութիւնները կը դադրեցնեն, բայց բան մը կայ, որ առաւել ազդեցիկ է՝ ցաւերը փարատելու համար։ Նոյնպէս ապաշխարութեան դեղերուն մէջ մեղքերը մաքրելու համար բազմաթիւ ճգնութիւններ կան, բայց մեղքերը քաւելու եւ վէրքերը բժշկելու համար ամենակարեւոր ու ամենաազդեցիկը բոլոր առաքինութիւններու մէջ ողորմութիւնն է. ողորմութիւն՝ ողբերու, հառաչանքներու ու գթագին արտասուքներու հետ։ Աճապարենք ապաշխարութեամբ մեր մեղքերէն դառնալ եւ մեր ունեցուածքէն ողորմութիւն տալը վաղուայ չձգենք։ Որովհետեւ գող է այն օրը, յափըշ-տակող է վախճանի օրը, անտեսանելի է այս աշխարհէն ելքը, յանկարծահաս է ու ստիպող, չի ձգեր, որ աղաչենք եւ խնդրենք, լանք ու ողբանք, ողորմութիւն տանք ու ապաշխարենք։ Որոգայթի պէս կը բռնէ, առիւծի նման կը յափշտակէ եւ առանց ողորմելու կը գերեվարէ։ Արտասուելով կը հառաչես ու կ՚ողբաս, բայց օգուտ չես գտներ։ Որովհետեւ ժամ առ ժամ ուշանալով՝ ապաշխարութեանդ ժամանակը կորսնցուցիր, որով կրնայիր մեղքերուդ բեռները թեթեւցնել ու անօրինութիւններուդ տիղմը մաքրել, արդարներուն երամակէն, երկնաւոր Հօր որդի եւ անանց բարիքներու ժառանգորդ դառնալ։

Եւ հիմա կա՛մ ըղձալի փափկութեան փափաքով եւ կա՛մ ահաւոր տանջանքներու սպառնալիքներու սարսափով՝ շտապենք ապաշխարել։ Բեռներու վրայ բեռներ չկապենք եւ ցաւերու վրայ ցաւ չաւելցնենք։ Սատանան թող մեզ չխաբէ, թէ երկար է այս կեանքը, թող մեզ պատրանքի մէջ չձգէ՝ երիտասարդութեան օրերուն ներշնչելով, թէ ծերութեան ժամանակ կ՚ապաշխարենք։ Չսպասե՛նք աններելի վախճանին եւ անողորմ պահանջողներուն, անվաստակ չծուլանանք եւ անվարձ չերթանք, այլ մեր մեղքերը քաւենք եւ ապաշխարենք, «նախանձինք» քաջերու քաջութեանն ու առաքինիներու առաքինութեան, որոնց սրտերը սրբուած են, իսկ մտքերը՝ լուսաւորուած, որոնք անմեղ են մեղքերէ եւ անարատ են անօրէնութիւններէ, որոնք մշտապէս երկնքի մասին կը խորհին ու հանապազ երկնայինի մասին կը հոգան, որոնք հողեղէն մարմին եւ հրեշտակային կենցաղավարութիւն ունին, որոնք վարդապետական գիրքերու եւ ուղեցոյց օրինակներու կարիք չունին, որովհետեւ անոնց մտքի ուղղութիւնն ու վարքի առաքինութիւնը աւելի բարձր են։

Եւ արդ, եթէ մեր եւ մեր երանելի նախնիներու գործերը իրարու հետ բաղդատենք, կը տեսնենք մեր վատթարութիւնն ու առաջին սուրբերու քաջութիւնը։ Անոնք իրենց անձերը նուիրեցին Քրիստոսի սիրոյն, արհամարհեցին իրենց ունեցուածքն ու հայրենիքը։ Աստուածպաշտութեան համար անոնք իրենց ծնողները, կիները ու զաւակները ձգեցին՝ Աստուծմէ չզրկուելու համար։ Իսկ մենք, որ մենք մեզ բան մը կը կարծենք, այդպիսին չենք, այլ մեր մարմնի հանգստութեան համար ամէն ինչ կ՚ընենք, կը հարստանանք եւ մեր սիրած բաները աւելի բարձր կը համարենք, քան՝ Աստուծոյ պատուիրանները։ Եւ ի՞նչը սիրելի կը համարենք. այգիի որթատունկն ու բանջարանոցի բոյսերը, պարտէզի ծառերը, գինիի կարասն ու չնչին անօթները առաւել յարգի ու պատուական կը համարենք, քան՝ Աստուծոյ սէրը։ Անոնք Քրիստոսի համար կը հալածուէին, կը նախատուէին, բանտերու ու կապանքներու կը մատնուէին, իսկ մենք Քրիստոսի համար ո՛չ նախատինքներուն կը դիմանանք, ո՛չ թշնամիներու խօսքերուն կը համբերենք եւ ոչ ալ մեր դրացիին զայրոյթին քաղցրութեամբ կը դիմադարձենք։

Քրիստոսի համար ժուժկալութեան կապանքներով ոչ մէկ մարմնական ցանկութիւն չենք կապեր, Քրիստոսի համար մեր տան մէջ իսկ մէկ օր չենք «բանտար-կըւիր», ո՛չ արցունքներով մեր մեղքերու բոցը կը մարենք եւ ոչ ալ ժուժկալութեամբ, իբրեւ երկաթէ եղունգներով, մեզմէ մեր անօրինութեան թարախը կը քերենք։ Անոնք իրենց թշնամիները կը սիրէին, իսկ մենք մեր հարազատներն անգամ կ՚ատենք։ Անոնք զիրենք հալածողները կ՚օրհնէին, իսկ մենք մեզի բարիք ընողներու մասին շարունակ կը բամբասենք։ Անոնք իրենց հայրերէն ստացած ունեցուածքը կը բաժնէին, իսկ մենք կը փորձենք ձեռքբերել այն ինչ որ չունինք։

Մեր աչքերը վէրքերու մէջ են՝ անպարկեշտ նայուածքով այս կամ այդ կողմ դեգերելով, մեր ականջները ցաւերու մէջ են՝ անվայելը ախորժելով, մեր լեզուները ցաւերու մէջ են բամբասանքով եւ երդումով, մեր սրտերը չար ցանկութեամբ ու պիղծ խորհուրդներով ցաւերու մէջ են, մեր ձեռքերը՝ յափշտակելով ու զրկելով, մեր ոտքերը՝ թատերական խաղերու ու անպարկեշտ տեղեր երթալով։ Մեր ամբողջ մարմինը ջրգողած է մեղքերով եւ այտուցուած անօրինութեամբ։ Եւ այսպէս, ցաւերու եւ մեղքերու վշտերու մէջ ենք մեր մարմնական բոլոր անդամներով, սակայն չենք մօտենար հոգիներու բժիշկներուն եւ ապաշխարութեան դեղ չենք խնդրեր, մեղքերու ախտերէն կը չարչարուինք եւ ապաշխարութեան արտասուքներով չենք բժշկուիր։ Ո՛չ ողբով մեր մեղքերու դառն թարախը կը սրբենք եւ ոչ արտասուքով չար նեխածութեան փտութիւնը կը լուանք։ Եթէ աղօթքններով, պահեցողութեամբ եւ ողորմութեամբ այստեղ չբժշկենք զանոնք, այնտեղ ահեղ հուրը եւ գեհենի բորբոքուն, անշէջ բոցը, հրահոսանք հրեղէն գետերը եւ խաւարով լի, մութ տարտարոսները, դառն դահիճները եւ անողորմ չարչարանքները, աղէտներու բազմաթիւ տառապանքները եւ աններելի տանջանքներու ահագին արհաւիրքները մեզի կը սպասեն։ 

Եւ արդ, իմանալով այս ամէնը՝ ապաշխարութեամբ քաւենք մեր մեղքերը, որովհետեւ մեղքերու պղծութիւնները ո՛չ միայն ահեղ դատաստանի օրը պիտի դատապարտուին, այլ նաեւ այստեղ խղճահարութեամբ մեզ պիտի չարչարեն։ Մինչդեռ ապաշխարութեան պտուղները ո՛չ միայն երկնքի մէջ կը վայելես, այլ նաեւ այստեղ կ՚ընդունիս հարիւրապատիկ ուրախութեամբ, անհոգութեամբ, պատուիրաններու գովութեամբ, անխղճմտանք մտքի ուրախութեամբ, առանց մարդոցմէ խրտչելու, առանց ծանօթներուն կասկածելու, առանց թշնամիները պարսաւելու, առանց սիրելիներու առջեւ ամչնալու, առանց դատաւորներէն վախնալու, պատուհասներէն զերծ, խաղաղ կեանք, հեշտ մահ, մշտնջենաւոր եւ փափաքելի փափկութիւններու ակնկալիք։ Իսկ այնտեղի ուրախութիւններու եւ անբաւ բարիքներու վայելչութեան մասին ո՞ր բերանը կրնայ պատմել։

Ա՛յս է արդարութեան վարձատրութիւնը, ա՛յս է ապաշխարութեան պտուղը։ Ուստի, մի՛ վախնար մեղքերուդ բազմութենէն մտնելու ապաշխարութեան մէջ։ Աստուծոյ դիմաց մի՛ իյնար, դատաւոր չէ Ան, այլ՝ Բժիշկ, սպաննող դահիճ մը չէ, այլ՝ գորովագութ Հայր։ Քեզ կը դիմաւորէ, ինչպէս անառակ որդին դիմաւորեց, կը համբուրէ քեզ՝ Իր բերանը աչքերուդ հպելով…։

Օգտագործուած աղբիւրներ

- Ակինեան Հ, Ն.. Տէր-Պօղոսեան Հ, Պետրոս. Յովհաննէս Ա. Կաթողիկոս (Մանդակունի. 480-502), Մատենագրական հետազօտութիւն. «Հանդէս ամսօրեայ». 1971։

- Ամատունի Վ,. Հին եւ նոր պարականոն կամ անվաւեր շարականներ. Վաղարշապատ. 1911։

- Բիւզանդացի Ն.. Երեք գիտելիք Յովհաննու Մանդակունւոյ. «Լումայ». թիւ 6. 1901։

- Գաթըրճեան Յ,. Սրբազան պատարագամատոյցք հայոց. Վիեննա. 1897։

- Դուրեան Ե.. Մանդակունւոյ ճառերուն մէկ նոր ձեռագիրը. «Սիօն». 1927։

- Դուրեան Ե.. Շտկուած տողեր ձեռագրերու մէջ. «Սիօն». 1928։

- Թորոսեան Յ.. Համեմատութիւն մը Յովհաննու Մանդակունւոյ «Վասն փոխոց եւ վաշխից» եւ Ս. Բարսղի «ընդդէմ վաշխողաց» ճառերուն. «Բազմավէպ». 1927. թիւ 48։

- Ծովական Ն, (Պողարեան Նորայր). Ողբ ի վերայ անապաշխարհ մեղաւորաց. «Սիօն». 1963։

- Սարգիսեան Հ, Բ.. Քննադատութիւն Յովհանն Մանդակունւոյ եւ իւր երկասիրութեանց վրայ. Վենետիկ-Ս. Ղազար. 1895։

- Տէր-Մկրտչեան Կ.. Յովհան Մանդակունի եւ Յովհան Մայրագոմեցի. «Շողակաթ». 1913։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018