ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՕՁՈՒՆ ԵՒ ԱՐԴՎԻ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, Մեծ պահքի երրորդ շաբաթ օրը, աւանդաբար, կը տօնէ Հայ Եկեղեցւոյ նշանաւոր աստուածաբան-եկեղեցականներու՝ Սուրբ Յովհան Օձնեցի հայրապետի, Սուրբ Յովհան Որոտնեցի եւ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի վարդապետներու եւ Երուսաղէմի Սուրբ Յովհան հայրապետի յիշատակութեան օրը:
Հայաստանի մէջ մանաւանդ, աւանդաբար ուխտագնացութեամբ կը նշուի աստուածաբան, իմաստասէր, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ սուրբերու շարքին դասուած Սուրբ Յովհաննէս Օձնեցի Իմաստասէր Կաթողիկոսի յիշատակութեան օրը:
Յառաջիկայ կիրակի, օրհնութեամբ Գուգարաց թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Եպիսկոպոս Յակոբեանի, կը կազմակերպուի համաթեմական ուխտագնացութիւն՝ դէպի Արդվի եւ Օձուն: Արդվիի մէջ կը գտնուի Յովհաննէս Օձնեցիի տապանաքարը, իսկ Օձունը անոր ծննդավայրն է: Երկու հրաշալի վայրեր՝ հայրենի Լոռիի անկրկնելի բնաշխարհին մէջ, ուր պարզ այցելութիւնը նոյնիսկ ուխտագնացութեան կը վերածուի:
Գուգարաց թեմի կազմակերպած այս ուխտագնացութիւնը աւանդական է եւ այլ զանազան առիթներով եւս կ՚ոգեկոչուի Ամենայն հայոց կաթողիկոս, եկեղեցական գործիչին յիշատակը, նոր սերունդին կը ներկայացուի մարդու մը գործը, զոր մեր ժողովուրդը մեծարած է «Իմաստասէր» անունով։
Գիտութեան հանդէպ սէրը, ինչպէս նաեւ առաքինութեամբ եւ հոգեւոր սխրանքներով լեցուն անոր կեանքը լաւագոյնս ի ցոյց կը դնեն իր կերպարը: Ան, ըստ վարքագիրներու, հոգեւոր ու մտաւոր կատարելութենէ զատ, փայլած է նաեւ արտաքին վայելչութեամբ: Ասողիկ կը գրէ. «Տեսքով շատ գեղեցիկ», Կիրակոս Գանձակեցի կը նկարագրէ. «Հասակով վայելչակազմ», Յովհաննէս Դրասխանակերտցի՝ «Պայծառ դէմքով, թիկնեղ եւ բարձրահասակ»: Հակառակ իր մարմնի եւ արտաքին զգեստներու վայելչութեան, ծածուկ՝ մերկ մարմնին, այծի մազէ պատրաստուած կոշտ զգեստներ հագնիլը սովորութիւն դարձուցած էր, կենցաղին մէջ ալ պահքը, աղօթքը եւ գիշերային հսկումները բնաւ չեն պակսած: Իսկ ընդհանրապէս, Յովհաննէս Օձնեցին նախ կը բնորոշուի որպէս բարեփոխիչ կաթողիկոս:
Այս կիրակի հաւատացեալները, Օձունի Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ներկայ կ՚ըլլան ուխտի Սուրբ եւ անմահ Պատարագին, որմէ ետք կը կատարուի յիշատակութեան կարգ՝ Սուրբ Յովհաննէս Օձնեցի Հայրապետին մատուռ-դամբարանին մէջ:
717-728 թուականներու Ամենայն Հայոց Յովհաննէս Օձնեցի Կաթողիկոսին նախորդած է Եղիա Ա. Արճիշեցին, յաջորդած՝ Դաւիթ Ա. Արամոնեցին։ Գահակալութեան տասնմէկ տարիներուն ընթացքին Յովհաննէս Օձնեցի Կաթողիկոսը կարողացած է դիմակայել բիւզանդական ու արաբական ճնշումներուն, ձգած է նաեւ հարուստ ու արժէքաւոր գրական ժառանգութիւն:
Ուսանած է Թէոդորոս Քռթենաւորի մօտ (Այրարատի Արագածոտն գաւառին մէջ), այնուհետեւ՝ Սիւնեաց դպրոցին մէջ։
Եպիսկոպոս ձեռնադրուելէ ետք կարգուած է տեղեկութեամբ մը՝ Արագածոտն գաւառի, իսկ որոշ ուսումնասիրողներու կարծիքով՝ Գուգարաց նահանգի թեմերէն մէկուն առաջնորդը։
Կաթողիկոս ընտրուելէն ետք՝ 719 թուականին, կը մեկնի Արաբական խալիֆայութեան մայրաքաղաքը՝ Դամասկոս, Օմար ամիրապետէն կը խնդրէ թեթեւցնել Հայ Եկեղեցւոյ հարկային լուծը, բռնի կրօնափոխ չընել առաքելադաւանները, դադրեցնել հալածանքները։ Ամիրապետը կ՚ընդառաջէ Յովհաննէս Օձնեցիի խնդրանքներուն, իսկ կաթողիկոսը իր հերթին կ՚երաշխաւորէ արաբական լուծի նկատմամբ հայերուն հնազանդութիւնը։ Կաթողիկոսը նաեւ կը յաջողի հասնիլ արաբական տիրապետութեան դէմ 8-րդ դարու սկիզբը ապստամբած հայ նախարարներու համաներման։ Արտագաղթած հայ նախարարներուն կ՚արտօնուի վերադառնալ հայրենիք եւ վերատիրանալ իրենց պաշտօններուն։ Յովհաննէս Օձնեցին կ՚ապահովէ նաեւ արաբական իշխանութիւններու աջակցութիւնը քաղկեդոնականութեան, պաւլիկեաններու դէմ Հայ Եկեղեցւոյ պայքարին մէջ։
Կաթողիկոսը Հայաստան կը վերադառնայ արաբական զօրքի ուղեկցութեամբ, անոնց աջակցութեամբ ամէնուրեք կը վերականգնէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դիրքերը, կը մաքրէ երկիրը յոյն հոգեւորականներէն եւ բիւզանդական զօրամիաւորումներէն։
Յովհաննէս Օձնեցի բարեփոխած է Հայ Եկեղեցւոյ արարողակարգը եւ ծիսակարգը, պայքարած է հերետիկոսներու ու աղանդներու դէմ։ Անոր կաթողիկոսութեան օրով հրաւիրուած են երկու եկեղեցական ժողովներ՝ 720 թուականին Դուինի մէջ, որ կ՚ընդունի 32 կանոն եւ 726 թուականին՝ Մանազկերտի մէջ։ Երկրորդ ժողովին ընթացքին կ՚ամրագրուի Հայ Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը Քրիստոսի մարմնի անապականութեան խնդիրին վերաբերեալ, կ՚ամբողջացուին եւ վերջնական տեսքի կը բերուին Հայ Եկեղեցւոյ դաւանաբանական սկզբունքները, քրիստոսաբանական համակարգը։
Յովհաննէս Օձնեցիի ձեռնարկներէն է «Կանոնագիրք հայոց»ի կազմումը։ Անոր կը վերագրուի նաեւ «Գիրք թղթոց» ժողովածուին խմբագրումը։ Կաթողիկոսին պատուէրով Գրիգորիս Արշարունին գրած է իր «Ընթերցուածոց մեկնութիւն»ը, զբաղած է նաեւ թարգմանչական գործունէութեամբ, նորոգած է Օձունի եկեղեցին։ Կը պատմուի անոր սրբակեաց վարքին եւ բազում առաքինութիւններուն մասին։
Կեանքին վերջին տարիները, որպէս նստավայր, ընտրած է իր հայրենի Օձուն գիւղը, զբաղած է ուսուցչական գործունէութեամբ, աղօթած ու վարած է ճգնակեացի կեանք, որուն մասին հիւսուած են բազմաթիւ աւանդազրոյցներ։ Կը պատմուի նոյնիսկ անոր հրաշագործութիւններուն մասին։
Մահէն ետք անոր գերեզմանը կը դառնայ սրբատեղի եւ ուխտագնացութեան վայր։ Ահա ինչ կը կարդանք «Ազգապատում»ին մէջ. «Օձնեցիի գերեզմանը, որպէս ուխտատեղի, մինչ այժմ կը պատուի հաւատացեալներու կողմէ, կը գտնուի Արդվի գիւղին մէջ՝ հին Օձունի արեւմտեան կողմը: Օձնեցին իր ուսումնական զարգացածութեամբ, եկեղեցական նախանձայուզութեամբ եւ վարչական կարողութեամբ, արդարեւ կը նկատուի կաթողիկոսական գաւազանագիրքի լուսաւոր պարծանքներէն մէկը: Ան, իր այդ կարողութիւններուն շնորհիւ, խաղաղ կենցաղ ապահոված եւ նոր կեանք նուիրած է ազգին, իսկ եկեղեցականներուն՝ անխռով ապրելակերպ: Հակառակ Օձնեցիի անունը իր յաջորդներուն մօտ միշտ պատուաւոր տեղ գրաւած եւ Գրիգոր Տղայի եւ Ներսէս Լամբրոնացիի կողմէ միշտ մեծաբանուելով յիշուած ըլլալուն, սակայն, անոր անունը տօնելի սուրբերուն հետ դասուիլը վերջին ժամանակներու որոշում է: Պէտք է ըսել, որ բացի 1774 թուականին տպագրուած Սիմոն Երեւանցիի տօնացոյցէն, ա՛լ աւելի հին տեղեկութիւն չգտանք, որ ան տօնուած ըլլայ, թէեւ իբրեւ սուրբ անոր տօնուելու եւ Յայսմաւուրքներուն մէջ ընդգրկուելու մասին յիշատակութիւններ կան»:
ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Յովհաննէս Գ. Օձնեցիէն մեզի հասած են աստուածաբանական-դաւանական, ծիսապաշտամունքային բնոյթով երկեր, ճառեր, շարականներ։ Ամենայայտնի գործերն են «Ատենաբանութիւն»ը, «Ճառ ընդդէմ պաւղիկեանց»ը եւ «Ճառ ընդդէմ երեւութականաց»ը։ «Ատենաբանութեան» նպատակը մինչ այդ Հայ Եկեղեցւոյ ժամերգութեան մէջ առկայ խառնաշփոթը վերացնելն ու զայն միօրինակութեան բերելն էր։
«Ընդդէմ պաւղիկեանց» ճառը գրուած է Հայաստանի մէջ այդ շրջանին տարածուած պաւլիկեան աղանդին դէմ, իսկ «Ճառ ընդդէմ երեւութականաց»ը՝ երեւութականներու աղանդին դէմ։
Յովհաննէս Գ. Օձնեցի հեղինակած է «Յաղագս կարգաց եկեղեցւոյ», «Հատուածք բանից ի Հաւաքմանց յաղագս կարգաց եկեղեցւոյ», «Վասն մեծի աւուր միաշաբթին», «Սակս գիշերային ժամու» եւ այլ երկեր, ճառեր, թուղթեր («Հիմնարկէք եկեղեցւոյ», «Օրհնութիւն նորաշէն եկեղեցւոյ», «Սակս ժողովոցն որ եղեւն ի Հայս», «Խոստովանութիւն անշարժ յուսոյ...») եւ այլն։
Ուսումնասիրողներ նկատած են, որ ան իր գրուածքներուն մէջ կը դրսեւորէ աստուածաբանական փայլուն գիտելիքներ եւ խոր վերլուծութիւններ կատարելու կարողութիւն։
Յովհաննէս Գ. Օձնեցիի՝ մեզի հասած շարականներուն յատուկ է աստուածաբանական եւ դաւանաբանական խորութիւն, անոնք գրուած են գեղեցիկ լեզուով։
ՕՁՆԵՑԻԻ ԻՐԱՒԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ
Յովհաննէս Օձնեցի յայտնի է նաեւ որպէս իրաւագէտ։ Ան կրցաւ հաւաքել գոյութիւն ունեցող առանձին-առանձին բազմաթիւ եկեղեցական կանոններ՝ կազմելով «Կանոնագիրք հայոց» անունով աշխատութիւնը, որ ըստ ուսումնասիրողներուն, «հայ ժողովուրդի միասնականութեան, պետութեան հզօրացման, Հայ Առաքելական Եկեղեցին անդաւաճան մնալու անգնահատելի աշխատութիւն է»։ Այդ գործը համընդհանուր ճանաչում գտած է որպէս ժամանակի իրաւագիտական ծաւալուն աշխատութիւն եւ մինչ օրս կը գործածուի Հայոց Եկեղեցւոյ կողմէ (որոշ լրացումներով)։
ՇԱԲԱԹ ՕՐԸ՝ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐ
Այս շաբաթ օր կը նշուի նաեւ յիշատակութեան օրը Ս. Յովհաննէս Որոտնեցի (1315-1388) եւ Ս. Գրիգոր Տաթեւացի (1346-1410) վարդապետներուն, որոնց անունները կապուած են իրարու հետ: Ս. Գրիգոր Տաթեւացին՝ Հայ Եկեղեցւոյ «Եռամեծ» վարդապետն ու մեծագոյն աստուածաբանը, ուսանելով Սուրբ Յովհաննէս Որոտնեցիի մօտ, յետագային իր բարձրակէտին հասցուցած է ուսուցիչին կողմէ հիմնուած Տաթեւի նշանաւոր դպրոցը: Մեր տօնացոյցին մէջ անցած վերջին սուրբն է ան եւ մեր Եկեղեցւոյ վերջին «Եռամեծ» վարդապետը:
Ուսումնասիրողներ կը նկատեն, որ իրմէ ետք այդպիսի նկարագրով, ոգիով, գործունէութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ կրօնական գործիչ չէ ունեցած Հայ Եկեղեցին: Տաթեւացին կը նկատուի հայրը եւ հիմնադիրը մեր ներկայ վարդապետական դրութեան եւ դասակարգին, «Որով ալ մեր եկեղեցւոյ այժմեան վարդապետները կը նկատուին Գրիգոր Տաթեւացիի հետնորդները», կը գրէ Օրմանեան:
Տաթեւացին հեղինակ է աստուածաբանական մեծարժէք աշխատութիւններու ու քարոզներու, որոնցմէ մանաւանդ կը նշուին «Գիրք հարցմանց»ը եւ քարոզագիրքերը: Տաթեւացիի գրառումներուն շնորհիւ մեզի հասած է նաեւ Որոտնեցիի գրական ժառանգութեան մէկ մասը:
Հայ Եկեղեցւոյ երեք սուրբերուն հետ նոյն օրը կը նշուի նաեւ 4-րդ դարու Երուսաղէմի Ս. Յովհան Հայրապետի յիշատակութեան օրը: Ս. Յովհան Երուսաղէմցին որպէս Երուսաղէմի հայրապետ 386 թուականին յաջորդած է Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմցիին: Յայտնի էր ընդարձակ գիտելիքներով եւ առաքինի վարքով, բարեհոգի եւ հանդուրժող բնաւորութեամբ, որուն շնորհիւ, իր կեանքին ընթացքին, զայն կը կոչէին «սուրբ եւ սքանչելի հայրապետ»: Ոմանք ալ կը կասկածէին, որ կը յարի հերձուածողներուն, քանզի սուրբ հայրապետը չէր շտապեր յարաբերութիւնները խզել անոնց հետ, որոնք վերջնականապէս չէին շեղած ուղղափառութենէն: Ան մեծ համբերութեամբ կը տանէր իրեն ուղղուած բոլոր զրպարտանքները՝ սիրով ու անվեհեր հանդարտութեամբ պարզաբանելով իր դիրքորոշումը: Այնուհանդերձ, շատ ջանքեր պահանջուեցան, որ Սուրբ Յովհանը մեղադրողները ի վերջոյ ընդունին անոր դաւանական համոզմունքներուն անաղարտութիւնը:
Մինչեւ կեանքին վերջը Սուրբ Հայրապետը իր հօտը պահպանած է ամէն տեսակ հերձուածողական մոլորութիւններէ, իսկ վախճանէն առաջ ժողովներ գումարելով՝ վճռական դեր խաղացած է դատապարտելու համար Պեղագիոսի ուսմունքը, որ կը պնդէր, թէ փրկութեան համար բաւական են մարդկային ջանքերը առանց աստուածային շնորհի:
Սուրբ Յովհան խաղաղութեամբ ննջած է 417 թուականի յունուարին՝ ձգելով բարի յիշատակ եւ դասուելով սուրբ հայրապետներու կարգին:
Անոնց նուիրուած յատուկ որեւէ շարական չկայ, յիշատակութեան օրը կ՚երգուին թարգմանչաց եւ հայրապետաց շարականներէն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան