ԽՈՐԱՆԱՇԱՏ-800. ՈԳԵՂԷՆ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀԸ
Հայաստանի մէջ շուքով նշելու սկսած են Խորանաշատ վանական համալիրի հիմնադրման 800-ամեակը: Մայիս 11-29-ը նախատեսուած յոբելենական ձեռնարկները կրկին վեր պիտի հանեն այն խորհուրդը, որ 13-րդ դարուն Վանական Վարդապետի հիմնած հոգեւոր կառոյցը արդէն ութ դարէ ի վեր՝ անսասան կը պահէ ու կը փոխանցէ: Տաւուշի աշխարհի Չինարի գիւղին մօտ գտնուող Խորանաշատ պատմական վանքը արդէն երեսուն տարիէ ի վեր՝ սահմանամերձ գօտիի մէջ է. հայ-ատրպէյճանական սահմանին շատ մօտ գտնուող Չինարիի ուղղութեամբ ամենախաղաղ օրերուն նոյնիսկ կրակոցները չեն դադրած, եւ այդ վտանգը այսօր ալ առկայ է: Չինարիէն մօտաւորապէս 3 քիլօմեթր հիւսիս-արեւելք, անտառապատ սարի արեւմտահայեաց լանջին կը գտնուի Խորանաշատը՝ իր Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Կիրակի, Սուրբ Ճգնաւոր եկեղեցիներով, մատուռներով, գաւիթով եւ օժանդակ շինութիւններով: Գուցէ այս եկեղեցիներու առկայութեամբ ալ պայմանաւորուած է վանական համալիրի անուան ծագումը. վարկած կայ նաեւ, որ Խորանաշատ անուանումը կապուած է վանքի գլխաւոր եկեղեցիի աւագ խորանի բազմախորշ կիսաբոլորակ պատի հետ…
Դարերով կանգուն մնացած վանական համալիրին նուիրուած միջոցառումներու շարքը խօսուն խորագիր ունի՝ «Ոգեղէն սահմանապահը»։ Ձեռնարկներու մեկնարկը «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանէն էր. տեղի ունեցաւ խորանաշատեան օրերուն նուիրուած ասուլիս եւ բացուեցաւ ցուցահանդէս՝ «Խորանաշատի ձեռագրական գանձերը» խորագրով: Ցուցադրուած են պատմական վանքին մէջ ստեղծուած եւ այնտեղ պահպանուած բացառիկ ձեռագիրներ, այդ կարգին՝ Խորանաշատի նշանաւոր Աւետարանը:
Գրչութեան եւ դպրութեան կեդրոն եղած է վանքը: Խորանաշատի դպրանոց-վարդապետարանի առաջին աշակերտներէն էին Կիրակոս Գանձակեցին, Վարդան Արեւելցին եւ այլ նշանաւոր գործիչներ: Հոն ուսանած են Գրիգոր Ակներցին, Ստեփանոս Աղթամարցին, Առաքելը, ականաւոր փիլիսոփայ Սոսթենէսը, Հայսմաւուրքային ժողովածոներու խմբագիր՝ Ներքին Խաչէնի արքեպիսկոպոս Իսրայէլը, Գրիգոր Աղթամարցին եւ այլք: Միջնադարեան Հայաստանի ամենանշանաւոր կրթական, գիտամշակութային ու աստուածաբանական կեդրոններէն մէկն էր, որ հայ աստուածաբան, մեկնիչ, մատենագիր, մանկավարժ, պատմագիր եւ տոմարագէտ Վանական Վարդապետը, հիմնելով 1220-ական թուականներու սկզբին, ինքն ալ վարած է վարդապետարանի ուսուցչապետութիւնը մինչեւ իր մահը (1251 թուականը)։ Այնուհետեւ վարդապետարանը գլխաւորած է անոր ազգական ու աշակերտ Գրիգորիս Վարդապետը։ Խորանաշատի վարդապետարանը եղած է պատմագրական թեքում ունեցող դպրոց, ուր ուսանած են 7-8 տարի։ Դասաւանդած են պատմութիւն, աստուածաբանութիւն, իմաստասիրութիւն, մատենագիտութիւն, երաժշտագիտութիւն, քերականագիտութիւն, աստղաբաշխութիւն, տոմարագիտութիւն, բնագիտութիւն, բուսագիտութիւն, նաեւ ընդօրինակած են ձեռագիրներ։ Վանական Վարդապետի որոշ երկեր («Մեկնութիւն Հոբայ», «Հարցմունք եւ պատասխանիք» եւ այլն) որպէս դասագիրք կամ համառօտ ուղեցոյց ծառայած են աշակերտներուն համար։ Սաներէն շատեր ուսումնառութեան տարիներուն զբաղած են գիտութեամբ, եւ աւարտելէ ետք ստացած են վարդապետական աստիճան եւ գործած՝ ինքնուրոյն: Վանական Վարդապետի մահէն ետք Խորանաշատի վարդապետարանի փառքը սկսած է արագօրէն խամրիլ, սակայն վերելք ապրած են Խորանաշատ վանքի օրինակով ստեղծուած բարձրագոյն ուսումնագիտական կեդրոնները, ուր գործած են Վանական Վարդապետի աշակերտները։
Խորանաշատը շատ երկար տարիներ չէր գործեր, եւ ահաւասիկ, 2019 թուականին, հարիւրամեակներու դադարէ յետոյ հոն պատարագ մատուցուած եւ որոշուած է, որ 2022 թուոականին պիտի տօնուի 200-ամեակը, իսկ մայիս 28-ն ալ հռչակուած է իբրեւ Խորանաշատի ուխտի օր: Անշուշտ, այն ժամանակ ոչ ոք կը պատկերացնէր, որ 200-ամեակը պիտի նշուի լարուած սահմանային պայմաններու ներքոյ՝ պատերազմէն ետք ընկճուած հայրենիքի ոչ ուրախ օրերուն: Անկախ ամէն ինչէ՝ ոգեղէն խորհուրդը պիտի փոխանցուի, մայիս 28-ին Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի, համայնքապետարանին հարակից տարածքի վրայ Սուրբ Խաչով եւ Աւետարանով կը կատարուի Անդաստանի արարողութիւն: Այդ առիթով Խորանաշատ կը տարուի 1224 թուականին վանքին մէջ գրուած Աւետարանը: Այն մէկ գիշեր պիտի պահուի վանքին՝ իր ծննդավայրին մէջ: Այս Աւետարանը դաժան ճակատագիր ունեցած է. 1236 թուականին մոնղոլները գողցած են այն, իսկ Վանական Վարդապետը եւ Կիրակոս Գանձակեցին գերի տարած:
Կիրակոս Գանձակեցին փախած է գերութենէն, իսկ Վանական Վարդապետին, մեծ փրկագին վճարելով, ազատած են Գագ բերդի իշխանները։ Վանականը 1239 թուականին Խորանաշատի Աւետարանը գտած է Թիֆլիզ եւ խոշոր գումարով զայն վերադարձուցած: Աւետարանը գրուած է Ջաջուռ Խաղբակեանի դստեր եւ Կուկ Սեւադեաց իշխանի կնոջ՝ Վանենիի պատուէրով ու նկարազարդուած: Յայտնի չեն ձեռագրի գրիչն ու ծաղկողը: Ծաղկողը գործածած է ոսկի եւ բազմազան գոյներ: Աւետարանը ունի չորս աւետարանիչներու պատկերներ, ութ խորաններ, կիսախորաններ, զանազան լուսանցազարդեր: 1517 թուականին Աւետարանը տարուած է Տաթեւ, ուր Ալեքսանոս Աբեղան ոմն Ղասումի խնդրանքով փոխած է արծաթեայ կազմը, նոր կոստղազարդ կաշիէ կողք դրած է մետաղեայ անկիւնազարդերով եւ առաջին փեղկին ալ՝ մետաղեայ խաչ մը: Մատեանը այս տեսքով ալ հասած է մեզի: 16-րդ դարուն կրկին գերեվարուած է ձեռագիրը եւ փրկագնուելով մելիք Յովասափի կողմէ՝ ընծայուած Վանի Սուրբ Վարդան Զօրավար եկեղեցիին: 1915 թուականին բանասէր Ս. Տէր-Աւետիսեան Վանի մէջ կը տեսնէ Աւետարանը եւ նահանգապետ Դիթմէնի միջնորդութեամբ զայն կը ղրկէ Սուրբ Էջմիածին: Գերեվարութիւններու ճանապարհ անցած Աւետարանը խորհրդանշական կերպով կ՚ըլլայ ուխտի օրուայ խորհրդանիշը եւ յոբելենական ձեռնարկներուն զարդը: «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան կարեւոր իրողութիւն մը յայտնեց ու ըսաւ. «Մատենադարանին մէջ պահուող որոշ ձեռագիրներ տարին մէկ անգամ շատ բացառիկ առիթներով դուրս կը բերուին եւ կը տարուին այս կամ այն եկեղեցի, որուն հետ ինչ-որ կապ ունին, սակայն նոյն օրը ետ կը տարուին Մատենադարան:
«Մենք այս հարցին մէջ փոքր-ինչ պահպանողական ենք, ձեռագիրը նոյն օրը ետ պիտի բերուի, բայց Խորանաշատի 800-ամեակի առթիւ մեր ոգեւորութիւնը այնքան մեծ է, որ մենք Մատենադարանի պատմութեան մեջ առաջին անգամ բացառութիւն պիտի ընենք եւ 1224 թուականին գրուած Խորանաշատի Աւետարանը մէկ օր պիտի գիշերէ վանքին մէջ»:
Պատարագէն ետք տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբի համերգը: Մայիս 29-ին կը կայանայ «Խորանաշատ 800» պատկերագիրքին շնորհանդէսը: Գիրքին մէջ Խորանաշատը կը ներկայացուի որպէս գրչութեան կեդրոն, անդրադարձ կայ նաեւ Վանական Վարդապետի մատենագրական ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ Խորանաշատի ճարտարապետական առանձնայատկութիւններուն: Իսկ շնորհանդէսին կը յաջորդէ գիտաժողով՝ նուիրուած գիտական, հոգեւոր այս կեդրոնի հիմնադրման 800-ամեակին: Ձեռնարկները այսքանով չեն աւարտուիր. թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Չինարիի մէջ ողջ տարուայ ընթացքին կը կազմակերպուին գիտական, հոգեւոր, մշակութային այլ ձեռնարկներ եւս: Իսկ ինչպէս արդէն յայտնած էինք՝ 2022-ի վերջաւորութեան, Հաղարծինի վանական համալիրին մէջ, կը բացուի մշտական ցուցադրութիւն մը, որ բացառիկ պիտի ըլլայ իր տեսակին մէջ: Ցուցահանդէսը պիտի ներկայացնէ Տաւուշի վանքերուն մէջ ստեղծուած ձեռագիր ժառանգութիւնը։ Այդ ցուցահանդէսին նոյնպէս մաս պիտի կազմէ Խորանաշատի ձեռագրական ժառանգութիւնը: «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանէն ներս կը պահուին Խորանաշատի մէջ, 1223-ին գրուած «Ժողովածոյ» (գրիչ Ստեփանոս Աղթամարցի) «Նարեկ»՝ գրուած 1283-ին (գրիչ Մարտիրոս), «Աւետարան»՝ գրուած ԺԵ. դարուն, «Ժամգիրք»՝ գրուած 1672-ին, «Մաշտոց»՝ գրուած 1774-ին (գրիչ Աւետիս) եւ այլ ձեռագրեր: Խորանաշատի 800-ամեակի առթիւ կրկին կ՚ոգեկոչուի անոր հիմնադիրը՝ 13-րդ դարու հայ պատմագիր, աստուածաբան, եկեղեցական մեծ գործիչ Յովհաննէս Վանական Վարդապետը, որ կոչուած է նաեւ Վանական Վարդապետ Տաւուշեցի: Իր անունը վիճելի կը մնայ։ Ըստ ոմանց անիկա պարզապէս կը կոչուէր Վանական Վարդապետ, իսկ ըստ այլոց՝ Յովհաննէս Վանական Վարդապետ։
Ծնած է 1181-ին Աղուանքի Տաւուշ գաւառին մէջ, որուն համար կոչուած է Տաւուշեցի։ Նախ կ՚աշակերտէ իր Պօղոս եղբօր եւ ապա Մխիթար Գօշի՝ Գետիկ վանքին մէջ, ուրկէ կը ստանայ վարդապետական գաւազան։
Վանական Վարդապետ յայտնի է իբրեւ շինարար, ներհուն ուսուցիչ եւ ուսեալ սերունդ պատրաստող անձնաւորութիւն մը։ Անիկա իր հայրենի գաւառի՝ Տաւուշի մէջ, հիմնադիրը կ՚ըլլայ Խորանաշատ վանքին, ուր սեփական մեծ դպրոց մը կը հիմնէ եւ իբրեւ մեծ ուսուցիչ կը հասցնէ աշակերտներ, որոնց մէջ նշանաւոր են Կիրակոս Գանձակեցի, Վարդան Պատմիչ եւ Մաղաքիա Աբեղայ պատմիչները։
Խորանաշատի վանքը 1125-ին, ապա՝ 1236-ին կ՚աւերուի թաթարական արշաւանքներու հետեւանքով։ Վանական Վարդապետ նոյն թուին մոնղոլ թաթարներուն ձեռքը գերի կ՚իյնայ իր աշակերտին՝ Գանձակեցիին հետ։ Ինքը կ՚ազատի եւ կ՚անցնի Տփղիս 1236-ին։ Կը վերադառնայ եւ կը նորոգէ Խորանաշատի վանքը եւ կը շարունակէ իր ուսուցչապետական գործը։ Կը վախճանի 1251-ին, 70 տարեկանին։
Վանական Վարդապետ զբաղած է ուսուցչական եւ գրողներ պատրաստելու գործով, ինչպէս նաեւ ժամանակ տրամադրած է գրելու այնպիսի գործեր, որոնք եթէ իր ուսուցչութեան չափ կարեւոր չեն, այնուամենայնիւ արժանի են յիշատակուելու։
ՏԱՒՈՒՇԻ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ԲԱԳՐԱՏ ԵՊՍԿ. ԳԱԼՍՏԱՆԵԱՆ
«Շուրջ հինգ տարի առաջ Խորանաշատի մէջ առաջին անգամ, հարիւրամեակներու ընդհատումէն ետք եպիսկոպոսական Սուրբ Պատարագ մատուցուած է։ Եւ ատիկա մեզի համար նոր լիցք էր, նոր հրաւէր էր, որ մենք կարողանանք Խորանաշատի դերը, նշանակութիւնը, կարեւորութիւնը փոխանցել լայն հանրութեան, մեր ողջ ժողովրդին։ Խորանաշատը սահմանապահ վանք է։ Այդպէս ստացուած է։ Ժամանակին այն կը գտնուէր Հայաստանի սիրտին մէջ, պատմութեան հոլովոյթի մէջ այն դարձած է սահմանապահ վանք՝ ուղղակիօրեն գտնուելով դիրքերէն մի քանի մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Այս բոլոր տարիներու ընթացքին անխափան կերպով՝ թէ՛ Սուրբ Պատարագի մատուցում, թէ՛ հոգեւոր զանազան արարողութիւններ իրականացուցած ենք մեր աղօթքի միջոցով, եւ այս բոլորը ուղեկցուած է բնականաբար մեր զինեալ ուժերու աջակցութեամբ, մասնակցութեամբ, նաեւ պահպանութեամբ, որոնք գիշեր-ցերեկ այնտեղ հսկողութիւն կ՚իրականացնեն: Այդ իմաստով մայիս 28-ը հռչակեցինք Խորանաշատի ուխտի օր: Հայ ժողովուրդի պատմական հայրենիքի վկայութիւնն է Խորանաշատը, որ թէ՛ ֆիզիքապէս կանգուն է, թէ՛ կը շարունակէ պահպանել իր հոգեւոր ու կրթամշակութային դերը»։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 01/31/2025