ՀԱՅ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ՊԵՐՃ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ ԿՈԹՈՂԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ՝ ԾՈՎՈՒՆ ՄԷՋ

Փաթրաս տանող ճանապարհներէն կը նշմարուի Յունաստանի ամենէն նշանաւոր կամուրջներէն մին, որ նաեւ տեղ գտած է 21-րդ դարուն կառուցուած եօթ նշանաւոր կամուրջներու ցանկին մէջ: Հայ է անոր ճարտարապետը: Այս մասին կը յայտնեմ կամուրջին շատ մօտ գտնուող Ռիօ պանդոկի (ուր իջեւանած ենք) աշխատակազմին, կը զարմանան, միթէ՞ մեր նշանաւոր այս կամուրջին ճարտարապետը ձեր հայրենակիցն է: Կամուրջին նկարը տպուած է Յունաստանի տեսարժան վայրերու գիրքերուն մէջ, իսկ մանաւանդ Փելոփոնէս թերակղզին ներկայացնող բոլոր ուղեցոյցներուն մէջ առաջնային է այս գեղեցիկ ցանցաւոր կամուրջին նկարը, որ կ՚երեւի թերակղզիի կեդրոնական քաղաքներէն եւ կառուցուած է Յոնիական ծովի Կորնթական նեղուցին վրայ՝ իրար կապելով Ռիօ եւ Անթիրիօ քաղաքները, բառացիօրէն թերակղզիի երկու հեռաւոր ծայրերը: Կամուրջը այդպէս ալ կը կոչուի՝ Ռիօ-Անթիրիօ, բայց ան ունի նաեւ պաշտօնական անուանում՝ Խարիլաոս Թրիքուփիս: Այս հսկայ կամուրջը կառուցուած է ընդամէնը տասներեք տարի առաջ, 2004 թուականին, Աթէնքի մէջ Ողիմպիական խաղերու անցկացման առթիւ, սակայն յատկանշական է, որ անոր կառուցման գաղափարը տրուած է տակաւին 19-րդ դարուն՝ յոյն քաղաքական գործիչ, Յունաստանի 1875-1895 թուականներու վարչապետ Խարիլաոս Թրիքուփիսի կողմէ, որու անունն ալ պաշտօնապէս կը կրէ կամուրջը:

Այս կամուրջը ունի 2880 մեթր երկարութիւն, 27.2 մեթր լայնութիւն: Հիմնական թռիչքի երկարութիւնը 560 մեթր է։ Ամէն առտու տեսանելի է, թէ ինչպէս հեծանւորդներ, հետիոտներ խումբերով կ՚ընթանան հեծանւորդներու եւ հետիոտներու համար նախատեսուած գօտիներու վրայէն, հարիւրաւոր ինքնաշարժներ եւ հանրաշարժներ կ՚երթեւեկեն՝ թերակղզիի երկու քաղաքները կապելով իրարու, նմանապէս նաւեր կ՚անցնին անոր տակէն: Սակայն կամուրջը ունի շատ հետաքրքրական առանձնայատկութիւն մը։ Ան շինուած է այնպէս, որ մայրցամաքէն տարեկան 35 մմ. հեռացող Փելոփոնէս թերակղզիին հետ հնարաւորութիւն ունի շարժուիլ… Անոր ճարտարապետը հայազգի Պերճ Միքայէլեանն է, որուն վստահուած է տակաւին 19-րդ դարուն յղացուած այս գաղափարը իրականութիւն դարձնել: Երբ 1999 թուականին սկսած է կամուրջին կառուցման բարդ աշխատանքը՝ ոչ ոք կը պատկերացնէր, թէ ինչպիսի տեսք պիտի ունենայ ան, եւ շատեր ալ թերահաւատօրէն կը վերաբերէին հարիւր տարի առաջ մարդու մը երազանքի իրականութիւն դառնալը մեր օրերուն: Հինէն եկած մտայղացումը իրականացուած է ժամանակակից միջոցներով՝ գործածելով կամուրջաշինութեան բոլոր արդիական նիւթերն ու հնարաւորութիւնները: Աշխարհի ամենէն երկար նկատուող կամուրջն է, որ հիւսուած է երկաթալարե-

րով եւ կայմապարաններով: Անոր հիմքերը պառկած են ծովի յատակը: Ռիօ-Անթիրիոն Յունաստանի արդի ճարտարապետութեան գլուխ գործոցներէն մին է, նուաճում մը, որ ինչպէս «Նէյշընըլ Ճէոկրաֆիք» գրած է, կտրուկ փոխած է Յունաստանի տնտեսութեան վիճակը: Պերճ Միքայէլեան իր ճարտարապետական աշխատանքը իրագործած է ֆրանս-յունական ընկերութեան մը միջոցաւ, որ կը գլխաւորէ ֆրանսական Vinci SA կազմակերպութիւնը, իր մէջ ընդգրկելով նաեւ յունական շինարարական ու ճարտարագիտական ընկերութիւններ:

«Պի. Պի. Սի.» ժամանակին փաստավաւերագրական շարժանկար նկարահանած է այն մասին, թէ ինչպէս ծովուն յատակը հիմքեր կը պատրաստուին՝ կամուրջը յենելու համար: Ժամանակակից սարքեր օր ու գիշեր աշխատած են ջուրին մէջ ամուր յենարան ստանալու համար, եւ միաժամանակ կամուրջի ձգողական յատկութիւնը յառաջ բերելու, որպէսզի ժամանակի հետ մայրցամաքէն սողացող թերակղզիի հետ կամուրջն ալ իր չափերը ինքնաբերաբար փոխէ: Բայց այդ մէկը անտեսանելի գործընթաց մըն է եւ միայն ճարտարագէտին յայտնի է, թէ ինչպէս իրագործելի է այդ հնարքը: Ժամանակակից ճարտարագիտութիւնը աներեւակայելի իրագործումներ կ՚ընէ այսօր: Կը շինուին կամուրջներ, կապուղիներ, ստորջրեայ եւ վերջրեայ կառոյցներ, ճոպանուղիներ, խորունկ ձորերու վրայէն անցնող կախուղիներ, որոնց վրայէն մարդիկ կ՚անցին, որոնք այդ ճամբաները կը յաղթահարեն ոչ միայն որպէս արկածային զբօսաշրջութեան սիրահարներ, այլ երբեմն՝ անհրաժեշտաբար է, որ կը մղուին ատոր՝ մէկ բնակավայրէն միւսը տեղափոխուելու համար: Հետաքրքրական է տեսնել կամուրջաշինութեան զարգացման ընթացքը՝ մարդկութեան զարգացման զուգահեռ: Հին ժամանակ գերաններէ կազմուած կամուրջները այսօր փոխակեր-պըւած են մետաղաշինական կամ քարէ վիթխարի կառոյցներու, որոնց վրայէն հսկայական ծանրութիւն կը տեղափոխուի:

Հայաստանի մէջ նոյնպէս հինէն բազմաթիւ կամուրջներ շինուած են։ Հայերու մօտ աւանդաբար զարգացած եղած է կամուրջաշինարարութիւնը: Պերճ Միքայէլեան, որ այսօր կը նկատուի ժամանակակից ճարտարապետ-ճարտարագէտ, յայտնի է, որ հին աւանդական մեթոտներու ուսումնասիրութենէն հասած է մինչեւ նոր ժամանակներ՝ կիրառելով արդի միջոցներ եւ ճարտարագիտական նուաճումներ: Համացանցին մէջ առկայ են անոր աշխատանքները մանաւանդ Ֆրանսայի տարածքին եւ այդ աշխատանքներուն մէջ նկատելի է աւանդական ու ժամանակակից կամուրջաշինական ժանրերու համադրումը: Հետաքրքրական է, որ Ռիօ-Անթիրիոյէն յետոյ Ֆրանսայի մէջ նմանատիպ նախագծերով եւ արտաքին տեսքին նմանող այլ կամուրջներ եւ ուղանցոյցներ, ուղեկամուրջներ շինուած են:

Ռիօ-Անթիրիօ կամուրջի ճարտարապետութեան հեղինակ Պերճ Միքայէլանին մասին համացանցի մէջ քիչ տեղեկութիւններ կան, կարելի է ըսել՝ գրեթէ չկան, բացի այն աշխատանքներէն, որոնց հեղինակն է ան: Իսկ թէ ո՛ւր ծնած է ան եւ ի՛նչ ճանապարհ անցած է, կը բացակայի անոր անունին քով: Նմանապէս անոր մասին տեղեկութիւններ չգտանք նաեւ Ռիօ-Անթիրիօ կամուրջի թանգարանին մէջ, ուր ներկայացուած է միայն անոր անունը, իբրեւ կառոյցի ճարտարապետութան հեղինակ: Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են սարքաշինական նմոյշներ, որոնք գործածուած են կամուրջի շինարարութեան ժամանակ, ինչպէս նաեւ նախագծեր, լուսանկարներ կամուրջի հանդիսաւոր բացումէն, նշանաւոր մարդոց այցեր եւ այլն: Թանգարանի մուտքը վճարովի է, ինչպէս նաեւ վճարովի է երթեւեկութիւնը կամուրջի վրայէն. ինքնաշարժով երթեւեկութիւնը կ՚արժէ 13.2 եւրօ, իսկ հանրաշարժով՝ 60 եւրօ:

Աթէնքի մէջ կայացած Ողիմպիական խաղերու ջահը նաեւ այս կամուրջի վրայէն անցած է: Կամուրջի գործածութեան 13-րդ տարուան անդրադարձին մէջ նշուած է, որ առաջին տարուընէ մինչեւ այսօր կամուրջը ապահոված է 1.2 միլիոն լրացուցիչ փոխադրումներ Փելոփոնէս թերակղզիի որոշ հատուածներու միջեւ, ուր կամուրջի գոյութենէն առաջ միայն լաստանաւերով կարելի էր հասնիլ: Կամուրջի շինարարութիւնը արժեցած է 630 միլիոն եւրօ, որ յատկացուցած է Յունաստանի կառավարութիւնը՝ փոխառութիւն ընելով Եւրոպական Ներդրումային դրամատունէն: Յատկանշական է, որ կամուրջի շինարարութիւնը աւարտած է իր ժամկէտէն կանուխ եւ Ողիմպիական խաղերէն մէկ շաբաթ առաջ արդէն բացուած է։ Ողիմպիական կրակը, ի թիւս այլ նշանաւոր վայրերու, անցած է նաեւ այս կամուրջի վրայէն: Գործածութեան բացուելէն շուրջ վեց ամիս յետոյ՝ 2015 թուականի Յունուար ամսուն կամուրջի կայմապարաններէն մին պոկուած եւ ջուրի մէջ ինկած է, առանց վնաս հասցնելու երթեւեկողներուն, եւ որ վերականգնելէն ետք առայսօր կամուրջը կը գործէ անխափան: Տնտեսական, հասարակական նշանակութիւն ունենալէ զատ կամուրջը պարզապէս գեղեցիկ ճարտարապետական շինութիւն մըն է, որ կը հիացնէ զբօսաշրջիկները: Օրուան բոլոր ժամերուն անոնք լուսանկարներ կը քաշուին կամուրջի բոլոր կողմերէն: Կամուրջի ճերմակ ճոպանները հետաքրքրական գուներանգ կը ստանան մանաւանդ իրիկնամուտին՝ մայր մտնող արեւին տակ փայլելով եւ այդ ոսկեգոյն ու արծաթագոյն փայլքի ստուերները ջուրերուն մէջ նետելով…

«ՀԵՂՈՒԿ ՈՍԿԻ»Ն՝ ԱՄԷՆՈՒՐ

Փելոփոնէս թերակղզիի զանազան վայրերուն մէջ տակաւին թարմ են որմազդները Օգոստոսի սկիզբը տեղի ունեցած Ձիթաիւղի եւ ձիթապտուղի փառատօնին, որ միջազգային բնոյթ ստացած է եւ կրկին զբօսաշրջային գրաւչութիւն կը հաղորդէ Յունաստանի գեղեցիկ թերակղզիներէն Փելոփոնէսին: Յունաստանի քանի մը վայրերուն մէջ տեղի կ՚ունենան նմանատիպ փառատօներ, ծանօթ է մանաւանդ Սպարտայի Ձիթաիւղի եւ ձիթապտուղի փառատօնը, որուն ընթացքին լաւագոյն կերպով կը հռչակուի երկրի հարստութիւններէն ձիթենին, ձիթապտուղը, իւղը եւ իւղէն պատրաստուածները:

Յունաստանի, բացառապէս ամէն մէկ խանութի, սրճարանի, յուշանուէրային կրպակի մէջ մեզ կը զարմացնէ ձիթապտուղի իւղի տիրական ներկայութիւնը: Յոյները կը հպարտանան իրենց շատ մը հարստութիւններով, այդ կարգին՝ ձիթապտուղի իւղով, որ հին ժամանակ «հեղուկ ոսկի» անուանած են զայն: Այսօր ալ ձիթապտուղի իւղը իր ամուր ու տպաւորիչ համով եւ բուժական յատկութիւններով ոսկիի համազօր արժէք ունի առողջ ապրելակերպի հետեւողներուն համար: Յունաստանէն դուրս ան փնտռուած է իբրեւ մաքուր իւղ, որ բուժիչ է, կազդուրիչ եւ գեղեցկագիտական մեծ նշանակութիւն ունի:

Յունական զանազան վայրերուն մէջ ձիթապտուղի իւղը կ՚առաջարկեն տարբեր ձեւերով՝ ուտելի հեղուկ վիճակէն մինչեւ աւելի թանձր, բաց գոյնէն մինչեւ գոց: Բազմազան են խնամքի միջոցները, որոնք բնական ձիթաիւղով պատրաստուած են: Հին յոյները համոզուած եղած են, որ այդ բոյսը մարդոց նուիրած է Աթենա աստուածուհին եւ պաշտած են զայն՝ որպէս իմաստութեան եւ պտղաբերութեան խորհրդանիշ: «Հեղուկ ոսկի» կոչուած իւղը փոխանակած են որեւէ ապրանքի հետ։ Կ՚ըսեն, թէ հին ժամանակ աւանդոյթ եղած է, որ այն տունը, ուր արու զաւակ ծնած է, շեմին ձիթենիի ճիւղ ամրացուցած են: Այսօր ալ յունական գիւղերէն անցած ճանապարհին կարելի է տեսնել տուներու դռներուն վրայ հիւսուած ձիթենիի ճիւղեր, ինչ որ արդէն ժամանակակից ձեւաւորման մաս մը կազմէ, եւ ճերմակ ներկուած փայտեայ դռներու վրայ գեղեցիկ կը դիտուի: Յայտնի է նաեւ, որ հին ժամանակ Ողիմպիական խաղերու յաղթողներուն յանձնած են իւղով լի անօթ, բայց պայման էր, որ իւղը պէտք է պատրաստուած ըլլար Աթենայի տաճարին մօտ աճող ձիթենիներէն։ Հին ժամանակ նաեւ մահապատիժ հասած է անոր, ով ձիթենին հատած է: Բերքը պէտք էր միայն ձեռքով հաւաքուէր եւ հատիկ առ հատիկ, որպէսզի պտուղը գետին չիյնար:

 Ուղեցոյցի մը մէջ կը կարդանք, որ ձիթենիի բոյսի եւ պտուղներու բուժիչ յատկութիւնները տակաւին բարձր գնահատած է հին աշխարհի մեծ ուսուցիչ Արիստոտելը: Ան նոյնիսկ յատուկ գիտութիւն ստեղծած է, որուն նպատակը ձիթենիի յատկութիւններուն ուսումնասիրութիւնն էր։

Փելոփոնէս թերակղզիի Սպարտա քաղաքին մէջ կը գործէ նաեւ Ձիթապտուղի եւ ձիթաիւղի թանգարանը, որ մարդկութեան նիւթական ժառանգութեան պահպանման բացառիկ վայր մըն է: Թանգարանին մէջ կարելի է հրաշալի կերպով զգալ, թէ ինչպիսի ճանապարհ անցած է ձիթապտուղը. կրօնքի, առասպելաբանութեան, գրականութեան, ճարտարագիտութեան, սնունդի արդիւնաբերութեան եւ կեանքի ոչ մէկ ասպարէզ անմասն մնացած է անոր ներկայութենէն: Հնագոյն ձիթհան քարերէն մինչեւ ներկայ իւղ քամող սարքերը ցուցադրուած են թանգարանին մէջ: Թանգարանը նաեւ հարուստ գրադարանով օժտուած է, ուր գտնուող գիրքերը՝ գրական, պատմական, գիտական տեղեկութիւններ կը ներկայացնեն ձիթենիի մասին:

Յատկանշական են նաեւ յունական հագուստները, զարդեղէնները, տան իրերը, որոնց վրայ ձիթենիի ճիւղի նախշերը դրուագուած են: Յունաստանը, ինչպէս երկրի որեւէ թանգարանի մէջ, այս թանգարանին մէջ ալ կրկին կը ներկայանայ իր հնագոյն պատմութեամբ, գրողներով, պատմիչներով, գոյներով եւ հարստութեամբ:

Ցաւալի է միայն այն, որ Հայաստանէն Յունաստան եկող քիչ, գրեթէ եզակի զբօսաշրջիկներ կան, որոնք նման վայրեր կ՚այցելեն եւ կը փորձեն երկիրը բացայայտել մանաւանդ թանգարաններու միջոցաւ: Պակաս հետաքրքրական չէ նաեւ Փաթրասի Հնագիտական թանգարանը, ուր կարելի է տեսնել եւրոպական քաղաքակրթութեան այն հզօր ուժը, որ սկիզբ առած է այստեղէն: Կ՚արժէ զբօսաշրջային ընկերութիւններուն ներկայացնել մուշտակի պտոյտները այլեւս այլ պտոյտներով փոխարինելու առաջարկը, որպէսզի զբօսաշրջիկներուն առաջարկեն մէկ այլ Յունաստան՝ գրական, գիտական ու պատմական իր հրաշալի անցեալով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2017