ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՄԵՂՔ ԵՒ ՆԵՐՈՒՄ, ՀԱՒԱՏՔ, ԾԱՌԱՅԻ ՄԸ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.

Եսայիի մարգարէութենէն 38.1-8:

Պօղոս առաքեալին Եբրայեցիներուն ուղղած նամակէն 1.1-14:

Ղուկասի Աւետարանէն 17.1-10:

Ղուկաս աւետարանիչի վերոնշեալ հատուածին մէջ կը խսօուի երեք իրողութիւններու մասին.

ա. Մեղքի եւ ներումի:

բ. Հաւատքի:

գ. Ծառայի մը պարտականութիւններուն:

Այսօր մենք պիտի անդրադառնանք առաջին կէտին: Այսպէս.

Մեղք եւ ներում. կարդա՛նք Աւետարանական հատուածը եւ խորհրդածենք:

«Յիսուս Իր աշակերտներուն ըսաւ.

-Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան։ Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին, քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր։ Հետեւաբար, զգուշացէ՛ք։ Եթէ եղբայրդ մեղք գործէ՝ յանդիմանէ՛ զինք, եւ եթէ զղջայ՝ ներէ՛ իրեն։ Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ՝ “կը զղջամ”, պէտք է ներես իրեն» (Ղկ 17.1-4):

Մեղքը մարդուն մեծագոյն թշնամին է, որ զինք առանձնացնելով ու հեռացնելով իր իսկութենէն, էութենէն, կը տանի դէպի կորուստ, դէպի կործանում: Անհատական գետնի վրայ մարդ եթէ մեղք գործէ, գիտակցի իր մեղանչական վիճակին, ապա պէտք է անպայմանօրէն զղջայ եւ ներողութիւն խնդրէ Հօր Աստուծմէ, որպէսզի արդարանայ եւ Երկրորդ Գալուստի ժամանակ պատրաստ ըլլայ դիմաւորելու Տէր Յիսուսը:

Մեղքի մասին յաճախ կը խօսուի, մերօրեայ հոգեւորականները յաճախ կը զգուշացնեն մեզ մեղանչելէ, անցեալին՝ Եկեղեցւոյ Հայրերն ու եկեղեցական գրողները հսկայ հոգեւոր ժառանգութիւն ձգած են մեզի, ուր յաճախ կը հանդիպինք մեղք հասկացողութեան մասին, գլխաւորաբար զգուշացման եւ արթնութեան կոչերով ընկերացած:

Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեան կը գրէ. «Մեղքը Աստուծոյ օրէնքներուն հակառակիլն է, հետեւաբար մեղքը կը բարկացնէ զԱստուած»: Հետեւաբար, մեղքը հակառակութիւն է, թշնամանք է Աստուծոյ, որ միաժամանակ կը շարժէ Աստուծոյ բարկութիւնը:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերեան Հայրապետը կը գրէ. «Մեղք գործողը ծառայ է, թէեւ իր գլուխին հազարաւոր թագեր ունենայ, իսկ ով որ ճշմարտութիւնը կ՚արարէ, թէեւ մարդոց մէջ վերջինը ըլլայ, արքայէն աւելի արքայ է»: Աստուած մարդը ազատ ստեղծեց եւ անոր ինքնիշխան կամք տուաւ, այսինքն՝ զօրութիւն, իմաստութիւն եւ կարողութիւն տուաւ անոր ինքզինք ղեկավարելու ու կառավարելու համար: Մարդը, սակայն, չգիտակցելով իր ձրիաբար ստացած հարստութեան, մեղքին պատճառով աղքատացաւ եւ ծառայ դարձաւ. ծառա՛յ՝ մեղքին: Ըստ Ոսկեբերան Հայրապետին, այդպիսին հազարաւոր թագեր ալ ունենայ իր գլուխին՝ ծառայ է, ու ծառայ կը մնայ. իսկ ճշմարտութեան զինուորն ու կողմնակիցը, թէեւ աղքատ ըլլայ ու մարդոց մէջ վերջինը, արքայէն աւելի արքայ է:

Գէորգ Չէօրեքճան Կաթողիկոս կը գրէ. «Մեղքը մեղք կը ծնի: Սկիզբը կաթիլ մը միայն, որ յետոյ սակայն, հեղեղ կը դառնայ եւ մարդը կը քշէ կը տանի դէպի անդունդ»: Մարդ յաճախ երբ սխալ մը կամ մեղք մը գործէ, ինքզինք արդարցնելու համար, կ՚ըսէ. «Մարդ սխալական է. եղածը փոքր սխալ մըն է…». ճի՛շդ է, որ մարդ սխալական է, բայց ատիկա արդարացում մը չի՛ կրնար ըլլալ, եւ երջանկայիշատակ Կաթողիկոսին վերոնշեալ արտայայտութիւնը, յստակ վկայութիւն մըն է այդպիսիներուն համար, թէ մեղքին փոքրը կամ մեծը, աչք ծակողը կամ աննշանը, թեթեւը կամ ծանրը չկայ, քանի որ մեղքը մեղք կը ծնի, մեծ մեղքը՝ մեծ, իսկ փոքրը՝ փոքր, հետեւաբար մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ եւ հեռու մնայ ամէն տեսակի մեղքերէն, թէ՛ մեծ եւ թէ՛ մանաւանդ փոքր, որովհետեւ շատ յաճախ փոքր մեղքերը աւելիով կը վնասեն մեզի քան մեծերը. այս մասին Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ. «Թէեւ մարդ չ՚ուզեր հաւատալ, բայց ստիպուած եմ ըսել, որ երբեմն աւելի ջանալու ենք թեթեւ մեղքերէն փախչիլ՝ քան ծանրէն, որովհետեւ ծանր մեղքերը իրենք իրենց սոսկում կը բերեն, իսկ թեթեւներուն՝ դիւրաւ ընտանի կը դառնանք ու բանի տեղ չդնելով՝ չենք ջանար ուղղել եւ մեր անհոգութեամբ քիչ ժամանակի մէջ այնքան կը մեծնան՝ որ այլեւս չենք կրնար հրաժարիլ անոնցմէ»:  

Ղուկասի Աւետարանէն վերը մէջբերած մեր հատուածին մէջ կը խօսուի մեղքի տեսակի մը մասին, որ մարդուն վնաս պատճառելէ բացի, նաեւ վնաս կը պատճառէ իր դիմացինին՝ իր նմանին:

Տէր Յիսուս կ՚ըսէ. «Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան: Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին, քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր։ Հետեւաբար, զգուշացէ՛ք»: Յստակ եւ միաժամանակ խի՛ստ զգուշացում մըն է, հեռու մնալու գայթակղութեան պատճառ ըլլալէ, ո՛չ միայն փոքրիկներուն, այլեւ բոլորին նկատմամբ:

Այսօր, մենք յաճախ մեր վերաբերմունքին մէջ անուշադիր կը գտնուինք, եւ մեզի հաճելի ու ճիշդ եղածը առանց վարանելու կը կատարենք, առանց մտածելու մեր դիմացիններուն մասին: Մարդու իրաւունքի եւ ազատամտութեան սխալ ըմբռնումը մարդը վերածած է եսասէր եւ իր դիմացինին մասին չմտածող արարածի մը: Մարդ, իրաւ է, որ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ ինքն իրեն, սակայն ուշադրութիւն դարձնելն ու ինքն իր անձը աստուածացնելը տարբեր բաներ են:

Մենք մեր իւրաքանչիւր քայլին համար պէտք է զգոյշ ըլլանք եւ գիտակցութիւնը ունենանք, թէ մեր իւրաքանչիւր արարքին համար հանդերձեալին մէջ հաշիւ պիտի տանք:

Մեր եղբայրը չգայթակղեցնելու մասին Սրբազան Պօղոս առաքեալ այսպէս կը գրէ. «Քանի ուրեմն մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անձին համար հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ, այսուհետեւ դադրի՛նք իրար քննադատելէ, եւ փոխարէնը ջանանք մեր եղբայրներուն գայթակղութեան եւ մեղանչումին պատճառ չդառնալ:

Յիսուս Քրիստոսով հետեւեալը ապահովապէս գիտեմ, թէ ինքնին պիղծ բան չկայ: Բան մը պիղծ կ՚ըլլայ ա՛յն մարդուն համար, որ զայն պիղծ կը համարէ: Եթէ գիտես թէ քու ուտելովդ եղբօրդ խղճմտանքը կը վիրաւորես, սիրով շարժած չես ըլլար՝ երբ ուտես: Քու կերակուրովդ պատճառ մի՛ դառնար որ կորսուի եղբայրդ, որուն համար Քրիստոս Իր կեանքը տուաւ: Առիթ մի՛ տար որ բարի եւ ուղիղ սեպած բանդ հայհոյութեան պատճառ դառնայ: Որովհետեւ Աստուծոյ Արքայութիւնը կերակուր կամ ըմպելիք չէ, այլ՝ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութիւն, Սուրբ Հոգիէն տրուած: Եւ ով որ ասոնցմով կը ծառայէ Քրիստոսի, անիկա Աստուծոյ հաճելի եւ մարդոց գովելի կ՚ըլլայ:

Արդ, այսուհետեւ խաղաղութիւն փնտռենք եւ աշխատինք իրարու հաւատքը ամրապնդել: Չըլլա՛յ որ կերակուրի պատճառով Աստուծոյ գործը քանդես: Ամէն բան ինքնին մաքուր է. բայց սխալ է բան մը ուտել, երբ ատիկա ուրիշ մը կը գայթակղեցնէ: Աւելի ճիշդ է՝ ո՛չ միս ուտել, ո՛չ գինի խմել, ո՛չ ալ ուրիշ որեւէ բան ընել՝ որով եղբայրդ կը գլորի կամ կը գայթակղի կամ կը տկարանայ: Այս մասին քու համոզումդ՝ քու եւ Աստուծոյ միջեւ թող մնայ: Երանի՜ անոր որ ինքզինքը դատապարտութեան չ'ենթարկեր այնպիսի բաներով՝ որով իր ընկերոջ փորձութեան պատճառ կ՚ըլլայ: Միւս կողմէ, եթէ մէկը կասկած ունի իր կերածին անմաքրութեան մասին, Աստուծոյ դատապարտութեան ենթակայ է՝ եթէ ուտէ, որովհետեւ իր արարքը հաւատքի արդիւնք չէ: Եւ ինչ որ հաւատքէն չի գար՝ մեղք է» (Հռ 14.12-23): Իսկ Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ խօսելով կուռքերուն զոհուած կերակուրներուն մասին, ի միջի այլոց այսպէս կը գրէ. «Բայց, զգո՛յշ եղէք. չըլլայ որ ձեր ազատութիւնը գայթակղութեան պատճառ դառնայ տկարներուն համար: Եթէ մէկը տեսնէ որ դուն՝ որ գիտակցութիւն ունիս՝ մեհեանի մը մէջ սեղան նստեր ես, ինք՝ խղճմտանքը տկար եղողը՝ պիտի չքաջալերուի՞ կուռքերուն զոհուած կերակուրներէն ուտելու: Եւ ահա, քու “գիտութիւն”դ պատճառ պիտի ըլլայ որ կորուստի մատնուի հաւատքով տկար եղբայր մը, որուն համար Քրիստոս մեռաւ: Եւ երբ այսպէս ձեր եղբայրներուն հանդէպ մեղք կը գործէք՝ անոնց տկար խղճմտանքը վիրաւորելով, Քրիստոսի դէմ մեղք գործած կ՚ըլլաք: Ահա թէ ինչու, եթէ իմ ուտելս կը գայթակղեցնէ հաւատակից եղբայրս՝ բնաւ միս չեմ ուտեր, որպէսզի եղբայրս չգայթակղեցնեմ» (Ա. Կր 8.9-13):

Տէր Յիսուս գայթակղութեան պատճառ չըլլալու մասին խօսելէ ետք, կը շարունակէ, այս անգամ ներումի մասին խօսելով. «Եթէ եղբայրդ մեղք գործէ՝ յանդիմանէ՛ զինք, եւ եթէ զղջայ՝ ներէ՛ իրեն։ Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ՝ “կը զղջամ”, պէտք է ներես իրեն»: Ներումի բացառիկ օրինակ մըն է Տէր Յիսուսին այս ըսածը: Մենք յաճախ կը դժգոհինք կամ կը դժկամինք, ըսելով թէ ի՛նչպէս կարելի է ներել, չէ՞ որ այսքան վնաս պատճառեց ինծի, չէ՞ որ այսքան վիրաւորեց ինծի, չէ՞ որ այսպէս, այնպէս, չէ՞ որ, չէ՞ որ…: Մարդկային չոր տրամաբանութեամբ՝ արդար եւ իրաւ: Սակայն, պահ մը մտածենք Տէր Յիսուսի մասին, երբ դաժան ու վայրագ չարչարանքներու ենթարկուելէ ետք, խաչը ուսին շալկած Գողգոթա բարձրացաւ եւ այնտեղ խաչուեցաւ…: Այդ բոլոր չարչարանքներէն ետք, խաչին վրայ՝ փշէ պսակը գլուխին, ի՞նչ խնդրեց Աստուծմէ… «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն» (Ղկ 23.34): Տէր Յիսուսէ աւելի՞ ծանր նեղութեան արժանացած ենք մեր նմաններուն կողմէ… կասկածելի է… հետեւաբար, եթէ Քրիստոսի անունը կը կրենք եւ մենք մեզ եկեղեցւոյ անդամ կը համարենք, ապա պարտաւոր ենք նմանիլ մեր Երկնաւոր Եղբօր՝ Ով Իր կեանքը որպէս փրկագին տուաւ մեզի համար, որպէսզի մեզ վերստին Աստուծոյ որդեգրութեան արժանացնէ:

Առիթով մը, երբ Առաքեալները խնդրեցին Տէր Յիսուսէն իրենց աղօթք սորվեցնէ, անոնց սորվեցուց՝ այսօրուն մեզի ծանօթ Տէրունական աղօթքը, որու մէջ այսպէս կը դիմենք Աստուծոյ. «Ներէ՛ մեր յանցանքները, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս մեղք գործած են» (Մտ 6.12): Այս նախադասութենէն կրնանք եզրակացնել, թէ ներուելու համար նախ պէտք է ներենք, այսինքն՝ մինչեւ մենք չներենք մեր նմաններուն, Աստուած եւս մեզի չի՛ ներեր մեր յանցնանքները:

Սուրբ Օգոստինոս Երանելին կը գրէ. Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Ուխտ եւ դաշինք մըն է մեր եւ Աստուծոյ միջեւ: Մեր Տէր Աստուածը կ՚ըսէ. ներեցէ՛ք, որպէսզի ներուի ձեզի. արդարեւ, եթէ չներենք, մեր մեղքերուն մէջ կը մնանք մենք մեզի հակառակելով եւ ո՛չ թէ Անոր...: Ձեր սիրտովը ներեցէ՛ք՝ որ Աստուած կը տեսնէ, որոհետեւ, մարդ երբեմն իր բերանով կը ներէ, սակայն իր սիրտին մէջ կը պահէ: Բերանով կը ներէ՝ մարդոց համար, սակայն սիրտին մէջ կը պահէ, որովհետեւ Աստուծոյ աչքերէն չի՛ վախնար»:

Սուրբ Եղիշէ Վարդապետը կը գրէ. «Այս ճշմարիտ աղօթք է՝ բանական եւ գործնական. երբ դուն ընկերոջմէդ չե՛ս պահանջեր քու պարտքդ, այդ ատեն Աստուած ալ կը ներէ քեզի քու բոլոր յանցանքներդ եւ անմեղ կը դարձնէ: Լսէ՛ Պետրոսին, որ [Տիրոջ կը հարցնէր, թէ քանի՞ անգամ պէտք է իր եղբօրը ներէ, երբ ան իր դէմ մեղանչէ, մինչեւ եօ՞թ անգամ], եւ թէ ինչպէս մեր Տիրոջմէ սորվեցաւ, որ անոր ըսաւ, թէ՝ “[չեմ ըսեր քեզի թէ եօթը անգամ], այլ՝ եօթը անգամ եօթանասուն” (տե՛ս Մտ 18.21-22): Պետրոսը իբրեւ մարդ սահման դրաւ, մեր Տէրը չսահմանափակեց Իր Աստուածութեան բարերարութիւնն ու մարդասիրութիւնը: Մենք մեր խօսքով ու գործով անընդհատ կը մեղանչենք, Աստուած կը տեսնէ եւ զանց կ՚ընէ, որպէսզի Իր երկայնամտութեամբ մեզ ապաշխարութեան դարձնէ: Մարդուն համար չմեղանչելը կատարեալ արդարութիւն է, իսկ եթէ իբրեւ մարդ կը մեղանչէ, թող շտապէ զղջալ ու ապաշխարել: Անոր ողորմութեան դռները բաց են, Ան զանոնք չի՛ փակեր ապաշխարողներուն դիմաց: Մանաւանդ անոնք, որոնք հաւատքով խնդրել գիտեն, կրնան նաեւ առաքինութեամբ ճգնիլ՝ հոգեւոր վաստակներու համար. անոնք ո՛չ միայն իրենց ընկերներուն կը ներեն՝ իրենց դէմ գործած մեղքերը, այլ՝ նաեւ, իրենց ունեցուածքն ալ աքատներուն կը բաժնեն: Աստուծոյ զօրութիւնն է, որ զանոնք դէպի առաքինութիւն կը մղէ, [եւ կ՚ընեն], ինչպէս որ նախնիները կ՚ընէին. “Արտ կամ տուն ունեցողները զանոնք կը ծախէին եւ ծախուածներուն դրամը կը յանձնէին առաքեալներուն” (Գրծ 4.34-35)...: ...Եւ դուն, երբ ընկերոջդ պարտքերը կը թողուս, ո՛չ թէ ատելով կ՚ատես ունեցուածքդ, այլ՝ քու կատարած քիչ ողորմութեամբ, Աստուած քու ունեցած բազմաթիւ պարտքերդ կը թողու, որ ունէիր: Հետեւէ՛ այս խօսքերուն. երբ ընկերոջդ ներես, դուն, նոյնպէս, արժանի կ՚ըլլաս ներումի»:

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին կը գրէ. «“Ներէ՛ մեր յանցանքները, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են”: Այնքա՜ն է Աստուծոյ սիրոյն եւ խնամքին յորդորութիւնը, որ կը կամենայ, որպէսզի բոլորն ալ ճշմարտութեան գիտութեան գան: Եւ այս ապրիլը եւ ճշմարտութեան գիտութեան գալը, որ երբե՛ք ատելութիւն եւ նախանձ չունենանք իրարու հանդէպ եւ ո՛չ ալ ոեւէ մէկուն յանցանքները մեր միտքին մէջ պահենք: Ինչպէս որ Տէրը մեզի համար գթութեան եւ ողորմութեան անդունդները կը խնդրէր Հօրմէն, ըսելով. “Որպէսզի մէկ ըլլան, ինչպէս Ես եւ Դուն մէկ ենք (Յհ 17.11)” եւ “ինչպէս որ Դուն, ո՛վ Հայր, Իմ մէջս ես եւ Ես Քու մէջդ, այնպէս ալ անոնք մեր մէջ ըլլան (Յհ 17.21)”...»:

Հետեւաբար, հեռո՛ւ փախչին մեղքէն եւ մեղանչական կեանքէն, դառնանք Աստուծոյ, մեր ձեռքերն ու աչքերը երկինք բարձրացնենք եւ խնդրենք Անկէ, որպէսզի մեզ պէտք եղած իմաստութիւնը շնորհէ, որպէսզի հեռո՛ւ մնանք մեղքերէն, հեռո՛ւ մնանք չարէն, հեռո՛ւ մնանք մեր նմանները գայթակղեցնելէ՝ յատկապէս փոքրիկները, հաւատքը նոր ընդունածները, եւ ներելու արուեստին տիրանանք, որպէսզի ներենք բոլորը, եւ մեր ներումով՝ մենք եւս արժանի ըլլանք Աստուծմէ ներում գտնելու, Որուն, Իր Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին փառք, յաւիտեաններէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

10 դեկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2022