ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆԻ ԱՆՏԻՊՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

Նկատի ունենալով, որ մեր ընթերցողներէն շատեր կրնան ծանօթ չըլլալ Աբրահամ Ալիքեանի գրականութեան՝ անցեալ երկուշաբթի օրուան թիւին մէջ յարմար նկատած էի տալ անոր թարգմանած բանաստեղծական կտորներէն մէկը՝ Էտկար Ալան Փոյի «Ագռաւը» գլուխ գործոցը: Հոն ի յայտ կու գայ Ալիքեանի թէ՛ բանաստեղծական ու թէ՛ թարգմանչական տաղանդն ու կարողութիւնը: Եթէ թարգմանութեան փոխարէն ներկայացնէի անոր ինքնագիր գործերէն նմոյշներ, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար ձեզի ծանօթացնել Ալիքեան թարգմանիչը: Իսկ ինչ կը վերաբերի այսօրուան իմ յօդուածիս, այո՛, անոր նիւթը դարձեալ Ալիքեանի շուրջ կը դառնայ, սակայն այս անգամ գլխաւորաբար պիտի անդրադառնամ անոր անտիպներուն, որոնց մէջ կան թէ՛ ինքնագիր ու թէ՛ թարգմանական կարեւոր գործեր: Անշուշտ միջանկեալ նաեւ ներկայացուցած եմ անոր կեանքն ու գրական գործունէութիւնը, որպէսզի գիտնաք, թէ ո՛վ է այս մեծ անծանօթը:

Աբրահամ Ալիքեանի ձայնը կրնայ տիրապետող թենօր մը չըլլալ,- եւ չէ՛,- բայց ձա՛յն մըն է, եւ այդ ձայնը ի՛ր ձայնն է: Ու ժամանակն է, որ քիչ մըն ալ ականջ տանք մեղմ ձայներուն, խուսափուկ երանգներուն, նրբութիւններուն, շշուկներուն, լայնահուն զեղումներուն հետ՝ չմոռնանք մրմունջով արտայայտուող հոգիները, այս դարուն մէջ հազիւ լսելի, բայց անգամ մը լսուելէ ետք անմոռանալի Սամէնները, Պոտլեռները, Վեռլէնները... Աբրահամ Ալիքեանը անոնց արձագանգն է, ու մեղք է, որ չլսուի իր ձայնը...

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Միշտ մտահոգած է զիս ու տակաւին կը մտահոգէ,- առնուազն ինծի համար,- մեծ բանաստեղծ ու թարգմանիչ Աբրահամ Ալիքեանի անտիպներուն ճակատագիրը, որ, ցաւօք, դեռ կը մնայ անորոշ, եւ անկեղծօրէն չեմ ալ գիտեր, թէ ստոյգ ե՛րբ պիտի յստականայ ան: Սակայն նախքան այդ ո՞վ է Աբրահամ Ալիքեան:

Ան ծնած է 28 մայիս 1928-ին Ալեքսանտրէթ, Եգիպտոս (այժմ՝ Թուրքիա): Նախնական կրթութիւնը ստացած է ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան վարժարանէն (մինչեւ 1939-ը): Ալեքսանտրէթի պարպումէն ետք ընտանեօք կը հեռանան իրենց բոյնէն, կը հասնին Սուրիոյ Թարթուս քաղաքը, ուր ամիս մը կը մնան, ապա կ՚անցնին Պէյրութ: Կը յաճախէ Նշան Փալանճեան ճեմարանը: Հոն բարեբախտութիւնը կ՚ունենայ աշակերտելու Լեւոն Շանթին, Նիկոլ Աղբալեանին եւ Կարօ Սասունիին: Անոնց շունչին տակ կը կազմաւորուի իր ազգային դիմագիծը: 1947-ին կը հրատարակէ իր երախայրիքը՝ «Հորիզոն» բանաստեղծութիւններու գրքոյկը: Նոյն տարին կը ներգաղթէ Հայաստան: 1949-ին կ՚աւարտէ Երեւանի Պետական համալսարանի լեզուաբանական բաժանմունքը, ուր իբրեւ դասախօս կ՚ունենայ Հրաչեայ Աճառեանը: Ստալինեան վարչակարգի սպառնալիքներուն տակ կը մեկնի Մոսկուա: 1951-ին լոյս կը տեսնէ իր «Նախերգանք» հատորը, որ, սակայն, կը ստիպուի վերածելու արեւելահայերէնի, քանի որ արեւմտահայերէնը այն օրերուն կը համարուէր «ժարկոնային աղտոտ լեզու» (մինչեւ Պէյրութ վերադարձը ան ստիպուած կը շարունակէ արեւելահայերէնով գրել): 1954-ին կ՚աւարտէ Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան ինստիտուտը, ուր եւ կը դասախօսէ երկար տարիներ՝ նախ 1952-էն 1980, ապա 1982-էն 1987 թուականներուն: Այնուհետեւ յաջորդաբար լոյս կը տեսնեն իր քերթողագիրքերը. 1959-ին՝ «Կանաչ սօսափ» (Երեւան)՝ նուիրուած իր մտերիմ ընկերոջ՝ Անդրանիկ Թերզեանի յիշատակին, 1965-ին՝ «Բարեյուսոյ հրուանդան» (Երեւան), 1968-ին՝ «Աչքեր» (Երեւան), 1974-ին՝ «Նժար» (Երեւան), 1983-ին՝ «Արեւմաղ» (Երեւան), 1991-ին՝ «Թուղթ չափաբերական» (Փարիզ), 1993-ին՝ «Ծղրիթը» (Պէյրութ), 1995-ին՝ «Հեզ իրիկուն» (Անթիլիաս), 1998-ին՝ «Ֆարայա» (Անթիլիաս), 2004-ին՝ «Ծղրի՛թը, նորէ՜ն» (Պէյրութ):

1992-ին կը վերադառնայ Պէյրութ: Տարի մը ճեմարանի մէջ հայագիտութիւն դասաւանդելէ ետք, հակադրութեան մը պատճառով կը հեռանայ իր պաշտօնէն ու իր ընտանիքին հետ կը քաշուի Ֆարայա: 1995-էն 2005 կը դասաւանդէ Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ: 2008-ին հայրենի գրականագէտ Եուրի Խաչատրեանի խըմ-բագրութեամբ լոյս կը տեսնէ «Հեզ իրիկուն»ը, որ կ՚ընդգրկէ Ալիքեանի բանաստեղծութիւններու ընտրանին ու շարք մը թարգմանութիւններ ֆրանսերէնէ ու անգլերէնէ, իսկ 2009-ին՝ «Հանդիպակաց ափեր»ը, որ Ալիքեանի՝ տարբեր առիթներով ու տարբեր հանդէսներու մէջ հրատարակուած գրական անդրադարձներն են: 2012-ին, լքուած իր կնոջմէն ու զաւակէն, կ՚իյնայ Պուրճ Համմուտի Ազգային ծերանոցը, ուր կը մահանայ 15 յունիս 2013-ին:

Ունի թարգմանական հարուստ վաստակ: Նշենք իր թարգմանական գործերէն մի քանին. Անտրէ Սթիլ՝ «Առաջին հարուածը» (1955), Շարլ Ազնաւուր՝ «Սէր սրտի չափով» (1968), «Ծաղկաքաղ ֆրանսիական դասական քնարերգութեան» (1976), Անտրէ Մորուա՝ «Տոն Ժուան կամ Պայրոնի կեանքը» (1980) եւ այլն:

Ան ամուսնացած է երկու անգամ. առաջինը՝ իր դասախօսուհիին՝ Լիտիա Ֆէյկինայի հետ (մահացած 1968-ին), որմէ ունեցած է մանչ զաւակ մը՝ Վարուժան, ապա Լիւտմիլայի հետ: Վերջինէս ունի երկու մանչ՝ Շանթ եւ Ռուբէն:

Այս շա՜տ հակիրճ կենսագրականէն ետք վերադառնանք մեր բուն նիւթին՝ անոր անտիպներուն:

Ալիքեանի նման մեծատաղանդ բանաստեղծի մը պարագային ցաւալի է տեսնել, որ անոր անտիպ գործերը,- կասկած չկայ անոնց արժէքին վրայ,- «շղթայուած» կը մնան,- ինչպէս կ՚ըսէ բանաստեղծ Լեւոն Արտազեան, որ միեւնոյն ատեն Ալիքեանի վերջին մտերիմներէն էր,- անոր ընտանիքին, այսինքն՝ անոր կնոջ՝ Լիւտմիլային ու զաւկին՝ Ռուբէնին քով:

2018-ին պրն. Արտազեանը գրքոյկ մը հրատարակեց՝ նուիրուած Ալիքեանին. խորագիրը՝ «Ճակատագիր եւ պսակ»: Առաջին բաժինը Ալիքեանի կենսագրութիւնն է, երկրորդը՝ նոյնինքն Արտազեանի շարք մը ինքնագիր քերթուածները: Հակառակ անոր որ ամէն ինչ շատ սեղմ ու ամփոփ ձեւով ըսուած էր հոն, բայց եւ այնպէս կարեւոր հրատարակութիւն մըն էր այդ՝ որպէս սկիզբ, որ, ցաւօք, որբ ու մինակ մնաց, անկէ ետք նմանատիպ հրատարակութիւններ չեղան Ալիքեանի մասին: Ինչեւէ: Ո՞ւր պիտի հասնիմ: Արտազեան կենսագրական բաժնի աւարտին տուած է նաեւ անոր անտիպ գործերուն ցանկը. ահաւասիկ՝

1. «Ֆրանսական ծաղկաքաղ», Կիյոմ Ափոլիներէն մինչեւ դարուս վերջը:

2. «Պորիս Փասթեռնակ», որուն յառաջաբանը գրած է Օզերով:

3. Կրօնական շարք:

4. Արթիւր Ռեմպօ, «Տարուայ եղանակ մը դժոխքին մէջ» (արձակ):   

5. «Ժամ խաղաղական»:

6. Խառն քերթուածներ (լիբանանեան շարք):

Ա՛րդ, անհրաժեշտ է ամէն գնով փրկել, իմա՝ «ազատագրել» վերոյիշեալները: Ամենեւին կապ չունի՝ կը սիրե՞նք Ալիքեանի գրականութիւնը, թէ՞ ոչ: Բոլորովին երկրորդական խնդիր է այդ: Էականը այն է, որ ան իրապէս արժէք կը ներկայացնէ մեր գրականութեան համար: Զինք անտեսելնուս պատճառը ի՞նչ է, իր գործածած ոչ-միշտ գործածական բառե՞րը: Եթէ Ինտրայի նման բարդ գրող մը, թէկուզ կէս կամ մէկ դար ետք, յաջողեցաւ որոշ չափով աւելի սիրելի դառնալ ընթերցող որոշ շրջանակներու համար, Ալիքեանը, որուն ոճը, ի դէպ, բարդ չէ, արժանի է մեր բոլորին ուշադրութեան, ո՛չ վաղը, այլ հիմա, այսօր, այս պահէն սկսեալ: Որովհետեւ, պարզ է, եթէ այսօր զինք անտեսենք, վստահ եղէ՛ք, որ վաղը առօք-փառօք պիտի վերադառնանք իրեն: Միայն թէ ուշ չըլլայ այդ «վաղը»ն: Որքան տեղեակ եմ պրն. Արտազեանէն, անոր կինը՝ Լիւտմիլան, ու զաւակը՝ Ռուբէնը, այժմ Մոսկուա կը բնակին: 2012-ին, ինչպէս վերը նշեցի, լքելով Ալիքեանը՝ անոնք փախստական հոն գացած ու հաստատուած են. ցաւօք, ո՛չ տան հասցէ, ո՛չ հեռաձայնի թիւ, ո՛չ ալ ուրիշ որեւէ միջոց, որով կարելի ըլլար կապի մէջ մտնել անոնց հետ: Իրողութիւնը այն է, որ իմ շրջապատիս մէջ այն մը-տաւորականները, որոնց անձնապէս ծանօթ եմ, ոչ մէկ բան գիտեն անոնց մասին: Պէտք է ըսել, որ շա՜տ, շա՜տ լաւ «թաքնուած են»:

Ահա թէ ինչու ամէն անգամ երբ Ալիքեանի անտիպներուն մասին խօսէի պրն. Արտազեանին հետ ու հարցնէի, թէ չկա՞յ ձեւ մը զանոնք «փրկելու», ան գրեթէ միշտ նոյն պատասխանը կու տար՝ «դժուա՜ր է...»:

Սա ալ ըսեմ, որ ատենին, այսինքն՝ Ալիքեանի մահէն ետք, կարգ մը մտաւորականներ,- կը ներէ՛ք, որ անոնց անունները չեմ գիտեր,- ըստ պրն. Արտազեանի՝ որոշ չափով փորձած են այս ուղղութեամբ բան մը ընել: Սակայն պարզ է, որ երբ իրենց ջանքերը ապարդիւն անցած են, ետ քաշուած են անոնք ու ձգած, որ ժամանակը ի՛նք լուծէ այս խնդիրը:

Այստեղ ըրածս ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ յիշեցում, կարեւոր յիշեցում մը բոլոր այն գրականագէտներուն ու մտաւորականներուն, որոնք հետաքրքրուած են Ալիքեանով, կը սիրեն անոր գրականութիւնը,- թէեւ պայման չէ, որ սիրեն,- ու չեն հանդուրժեր, որ անոր նման մեծատաղանդ բանաստեղծի մը ու թարգմանիչի մը անտիպ գործերը մնան անկիւն մը, դարակի մը մէջ, կամ անողոքաբար թափուին զամբիւղը, ինչ որ անհաւանական չէ:

Շատ կ՚ուզէի, որ ինքս լուծած-վերջացած ըլլայի այս հարցը՝ առանց այս «պաշտօնական» յիշեցումին: Ի՜նչ լաւ կ՚ըլլար. այստեղ «յաղթական» կու գայի ու, ի լուր բոլորին, կը յայտարարէի՝ «ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆԻ ԱՆՏԻՊՆԵՐԸ՝ ԱՊԱՀՈՎ ՁԵՌՔԵՐՈՒ ՄԷՋ»: Սակայն դժբախտաբար իրողութիւնը այն է, որ ես առանձին չեմ կրնար գլուխ հանել այս գործը՝ հաւատալով, որ կան ինձմէ շատ աւելի կարող մարդիկ:

Ահաւասիկ այս յօդուածին բուն հասցէատէրերը:

Ի՜նչ խօսք, այնքան ալ դիւրին չէ այս հարցին լուծումը: Ինչպէս քիչ առաջ նշեցի, առայժմ ոչ ոք հաղորդակցութեան մէջ է Լիւտմիլայի կամ Ռուբէնի հետ: Մնաց որ արդէն նոյնիսկ եթէ ոեւէ մէկը ըլլար, դարձեալ ոչինչ պիտի փոխուէր: Պարզ է, որ անոնք պիտի չելլէին ու պիտի չնուիրէին Ալիքեանի անտիպները:

Լա՛ւ, ինչպէ՞ս լուծել, ուրեմն, այս գորդեան հանգոյցը:

2019-ի մայիսին, երբ առաջին անգամ հանդիպեցայ պրն. Ժիրայր Դանիէլեանին՝ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի իր գրասենեակին մէջ, երկա՜ր զրոյց մը ունեցանք Ալիքեանի մասին. հարցում-պատասխան, հարցում-պատասխան: Մօտաւորապէս մէկ ժամ խօսեցանք: Երբ իրեն հարցուցի, թէ ինչո՞ւ անոր կինը կը յամառի իր քով պահել ամուսնոյն ձեռագիրերը, ան թէեւ կատակով, բայց իրաւացիօրէն պատասխանեց. «Հաւանաբար ան մտադիր է զանոնք մի քանի ոսկիի ծախել»:

Ուրե՞մն. կարծեմ պատասխանը պրն. Դանիէլեանը ի՛նք տուած է:

Միմիայն փրկագինով կարելի է զանոնք «ազատ արձակել» իրենց «բանտարկութենէն»: Արդեօք դժուա՞ր է: Ո՛չ, թերեւս նուազագոյնն է, որ կարելի է ընել այս՝ ի յարգանս Ալիքեանի յիշատակին ու անոր պատկառելի վաստակին:

Կրկնելու գնով ըսեմ,- որպէս վերջաբան,- որ եթէ այսօր փորձուինք անտեսել Ալիքեանը,- ինչ որ կ՚ընենք,- անոր գրական ժառանգութիւնը եւ վերոյիշեալ հարցը՝ «ի՜նչ կ՚ուզէ, թող ըլլայ»ի տրամաբանութեամբ, վաղը թէ միւս օրը անպայմա՛ն մէկէնիմէկ պիտի սկսինք հետաքրքրուիլ անոնցմով, հաւատացէ՛ք, որովհետեւ ճշմարիտ տաղանդները ուշ կամ կանուխ իրենք զիրենք կը պարտադրեն, ու մենք ինքնաբերաբար,- եթէ նկատի առած էք, միշտ այսպէս կ՚ըլլայ,- մեր ուշադրութիւնը կը դարձնենք անոնց վրայ:

Այս անգամ եկէ՛ք, այդքան երկար չսպասենք, որովհետեւ պարզապէս անիմաստ է, ժամանակի զո՜ւր վատնում:

Արդեօք իրաւացի չե՞մ:

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2021