100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ՝ ՆՈՐ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱԶՆԱՒՈՒՐ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՄԵՆԱՇԱՏ ՄԷՋԲԵՐՈՒՈՂ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԵՐԱԺԻՇՏԸ

«Ռատիօ Ֆրանս»ի մաս կազմող «Mouv» հանրային ձայնասփիւռային ալիքը տարեվերջին ուշագրաւ հաղորդում մը պատրաստած էր ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ, երաժիշտ, դերասան Շարլ Ազնաւուրի մասին: Հաղորդման գլխաւոր ըսելիքը այն էր, որ այսօր Ազնաւուրի երգերը աշխարհի տարածքին ամենէն շատ մէջբերուող ֆրանսական երգերն են, եւ այդ մէկը այդպէս է նոյնիսկ երգիչի մահէն հինգ տարի յետոյ: Ձայնասփիւռային կայանը այս առումով որպէս օրինակ բերած է լատինական ռափի աստղ Պետ Պանիի վերջին ստեղծագործութիւնը՝ «Մոնաքօ»ն, որուն մէջ երաժիշտը ոչ միայն գործածած է Ազնաւուրի «Երէկ կրկին» երգը, այլեւ ներառած է անոր ձայնը: Պետ Պանի Ազնաւուրի ձայնը համադրած է ժամանակակից գործիքաւորման հնչիւններով եւ իւրայատուկ իմաստ հաղորդած իր երգին:

Կը թուի, թէ «Վատ նապաստակ» (Պետ Պանի) անունով յայտնի ռափերը իր որդեգրած ժանրով եւ գործունէութեամբ շատ հեռու է ֆրանսական քնքոյշ երգի աստղ Ազնաւուրի ժանրէն, սակայն ռատիօկայանը պարզած է, որ Ազնաւուր տակաւին իր կեանքի օրօք արժանացած է ռափըրներու ուշադրութեան, եւ այդ ժանրի երգիչները մէկ անգամ չէ, որ ոգեշնչուած են Ազնաւուրի արուեստէն:

Առհասարակ, Ազնաւուր այն արուեստագէտներէն էր, որ խոչընդոտ մը չունէր որեւէ ժանրի երաժիշտի հետ գործակցելու եւ բնական նայած է իր երգերը ռափ ժանրի մէջ հնչեցնելու գաղափարին: Ան, ըլլալով դասական արժէքներու կողմնակից, կը սիրէր ու կը քաջալերէր ժամանակակիցը արուեստին մէջ:

Ձայնասփիւռային կայանը յիշեցուցած է ամերիկացի ժամանակակից յայտնի երգչուհի Պլու Քանթրելի եւ ֆրանսացի փոփ երգիչ Շոն Փոլի կողմէ Ազնաւուրի երգերու նմուշառումները: Անոնք իրենց երգերուն մէջ գործածած են Ազնաւուրի ծանօթ երգերէն:

Ֆրանսացի մէկ այլ ռափ երգիչ՝ Փասսին նոյնպէս իր երաժշտական ստեղծագործութեան մը մէջ անդրադարձած է Ազնաւուրի երգերուն՝ մաս մը ընդգրկելով ազնաւուրեան երաժշտութենէն:

«Ռատիօ Ֆրանս»ի երիտասարդական հաղորդումներու այդ կայանը յիշեցուցած է, թէ ինչպէ՛ս ֆրանսացի ժամանակակից երգիչ, «Սնայփըր» խումբի ռափըր Աքեթօ ոգեշնչուած է Ազնաւուրի երաժշտութենէն եւ ստեղծած իր հանրահռչակ երաժշտական մեներգը: Յատկանշական է, որ ռափ ժանրի մէջ երգիչը գործածած է Ազնաւուրի «Մաման» հռչակաւոր երգը: Երգը սիրուած մօր մը մասին է, որուն կեանքի վերջին ժամերուն սատարելու կու գան հարազատները, մտերիմները... 1962 թուականին ֆրանսացի բանաստեղծի մը խօսքերով Ազնաւուրի գրած այս երգը անհաշիւ անգամ կատարուած է թէ՛ իր, թէ՛ զանազան երգիչներու եւ խումբերու կողմէ՝ երկար ժամանակ Ֆրանսայի տարածքին մնալով առաջին հորիզոնականի վրայ: «Մաման» երգը Ազնաւուրի կատարմամբ 1964 թուականին առաջնակարգ տեղեր գրաւած է նաեւ Պելժիոյ, Իտալիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ: Այս երգը դարձած է Շարլ Ազնաւուրի առաջին երգը, որու վաճառքի ցուցանիշը հատած է մէկ միլիոն օրինակի սահմանագիծը: «Ռատիօ Ֆրանս» այս առիթով ալ կը յիշեցնէ, որ այսօր ալ Ազնաւուրի երգերը կը շարունակեն մեծ եկամուտներ բերել ընտանիքին, եւ այդ եկամուտները կը տնօրինեն անոր ժառանգները, որոնք, ինչպէս ֆրանսական ալիքը կը նշէ՝ հաշտ ու համերաշխ են, ժառանգութեան հարցին մէջ խնդիրներ չեն ստեղծեր եւ համախմբուած են:

Մասնաւորապէս «Մոնաքօ» երգին առթիւ յայտնի դարձաւ, որ Պետ Պանի Ազնաւուրի ժառանգներուն կու տայ երգի տարածումէն գոյացած հասոյթի յիսուն տոկոսը, քանի որ նշանաւոր դարձած իր ռափին մէջ գործածած երգին բնօրինակը կը պատկանի Ազնաւուրին: Այդ մէկը կը նկատուի խոշոր գումար, նկատի առնելով, որ Պանի մօտ երեք միլիառ լսումներ ունեցող երգիչ մըն է:

…ԱՆԳԱՄ ՄԱՀԷՆ ԵՏՔ

Ֆրանսական լրատուամիջոցը կը նկատէ, որ այսօր Ազնաւուրի հեղինակային երգերը տարեկան մօտ տասը միլիոն եւրոյի եկամուտ կը բերեն ժառանգներուն, որոնք կը հետապնդեն երգիչին հեղինակային իրաւունքները:

Շարլ Ազնաւուր գրած է շուրջ 1300 երգ, խաղացած է 60 շարժանկարներու մէջ, աշխարհով մէկ վաճառուած է անոր 200 միլիոնէ աւելի ձայնասկաւառակը եւ այսօր ալ՝ մահուընէ հինգ տարի յետոյ անոր երգերը նոյն հետաքրքրութեամբ եւ սիրով կը լսուին, կը տարածուին եւ կը գործածուին զանազան նախագիծերու մէջ: Ազնաւուր ո՛չ հսկայ արտաքին տեսք մը ունէր, ո՛չ ալ պատեր թնդացնող ձայն մը, սակայն իր ունեցած մեղմ ձայնով, անկրկնելի տաղանդով եւ արուեստի հանդէպ անկեղծ նուիրումով գրաւած է ողջ աշխարհը: Անշուշտ, նաեւ ծայր աստիճան աշխատասէր եղած է:

Ազնաւուր չէր սիրեր, երբ իրեն «կենդանի առասպել» կ՚ըսէին, ան չէր սիրեր նաեւ, երբ իր ծննդեան օրը կը նշէին: Երգիչը համոզուած էր, որ նոյնիսկ տարիքը առած մարդը պէտք է զինք պահէ երեսուն տարեկանի պէս: Սակայն, միեւնոյն ժամանակ ան կը փափաքէր ապրիլ մէկ դար եւ 100-ամեակին ալ համերգ ունենալ Հայաստանի մէջ: Հակառակ որ երգիչը մահացաւ 95 տարեկանին, սակայն, ստոյգ է, որ ան անմահ է, անոր անունը միշտ կ՚ապրի մարդկութեան պատմութեան մէջ եւ իր ստեղծած արուեստն ալ յարատեւ կը հիացնէ մարդկութիւնը:

Հայաստանի, Ֆրանսայի եւ աշխարհի շատ երկիրներու մէջ այս տարի պիտի նշուի աշխարհահռչակ երգիչի 100-ամեակը: Յառաջիկայ մայիսը յոբելենական ամիսն է, սակայն ձեռնարկները կը շարունակուին մէկ տարի:

Իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ Ազնաւուր ըսած է, որ չէր ուզեր մահանար անկողինին մէջ. «Կը սիրեմ այն մարդիկը, որոնք կ՚անհետանան յանկարծակի»: Եւ այդպէս ալ 2018-ի հոկտեմբերի 1-ին հեռացաւ ան՝ այն տունին մէջ, ուր վերջին տարիներուն գտած էր իր խաղաղութիւնը…

ՁԻԹԱԻՒՂ ԱՐՏԱԴՐՈՂԸ՝ ԱԶՆԱՒՈՒՐ

Յայտնի չէ, թէ երբո՛ւընէ սկիզբ առած է Շարլ Ազնաւուրի սէրը ձիթենիներու հանդէպ, սակայն հաստատ է, որ Ազնաւուր ձիթենիներու ուսումնասիրութեամբ, մշակմամբ եւ ձիթաիւղի արտադրութեամբ արդէն տարուած էր իր մահէն աւելի քան տասը տարի առաջ:

Վերջին տարիներուն զանազան գիրքեր լոյս տեսան, որոնք լոյս կը սփռեն Շարլ Ազնաւուրի կեանքի քիչ լուսաբանուած էջերուն վրայ: Ձիթենիներու մշակութիւնը երգիչի կեանքի այդ էջերէն մէկն է: Անոր արտադրած ձիթաիւղը կը յայտնուէր նոյնիսկ Էլիզէի պալատի խոհանոցին մէջ:

Ֆրանսայի հարաւային լաւագոյն շրջանի մը՝ Միտիի մէջ Ազնաւուրի հիմնած ձիթենիներու այգին առասպելական նշանակութիւն ունեցաւ երգիչի կեանքի օրօք, սկսան արտադրուիլ իր անունով բուսաիւղեր: Ազնաւուր իր երկարակեցութեան գաղտնիքը տեղ մը կը բացատրէր նաեւ յաճախ ձիթենիներու հետ ըլլալով, իր սարքած ձիթաիւղը գործածելով: Ան սկիզբը իբրեւ հաճոյք կը զբաղէր ձիթենի մշակելով, յետոյ արդէն իբրեւ եկամտաբեր գործ սկսաւ վերաբերիլ ատոր: Երկրի լաւագոյն ճաշարանները կը գնէին Ֆրանսայի ամենէն նշանաւոր երգիչներէն մէկուն անունը կրող իւղը, ինչ որ պատիւ կը բերէր ճաշարանին, միւս կողմէ ալ այն իրաւ որակեալ էր: Ինչպէս ամէն գործի մէջ, հոս ալ Ազնաւուր ներդրած էր ջանք ու եռանդ եւ ջանացած լաւագոյն ձէթը քամել:

Նոյն ջանասիրութեամբ ան ատկէ առաջ նարդոս՝ լաւանտ կ՚աճեցնէր, սակայն ձիթապտուղի ծառերու այգին հիմնելով, ամբողջութեամբ նուիրուած էր այդ գործին: Միշտ կ՚ըսէր, թէ ձիթենիները կը խնամէ այնպէս, ինչպէս ուրիշները իրենց վարդերը կը խնամեն եւ մեծ հաճոյք կը ստանայ բերքաբերութենէն: Նոյնիսկ Ֆրանսայէն դուրս հետաքրքրութիւն կար «Ազնաւուր» վաճառանիշով ձիթաիւղին հանդէպ:

ՎԵՐՋԻՆ ԸՆԹՐԻՔԸ

«Ազնաւուր»ի ձիթաիւղը կը գործածէր նաեւ Ֆրանսայի հնագոյն հայկական ճաշարաններէն մէկը՝ Վալանսի «Սասուն» ճաշարանը: 1970-ականներուն հիմնուած այս վայրը Ազնաւուրի սիրելի ճաշարաններէն մէկն էր: Ճաշարանի տէրը՝ Յակոբ Թումանեան, Փարիզ տեղափոխուած է Լիբանանէն եւ հիմնած հայկական այդ վայրը, որ սիրելի ճաշարան դարձած է շատ յայտնի մարդոց համար: Ազնաւուր Փրովանս իր ճանապարհին վրայ անդաւաճան կերպով միշտ այդտեղ կը ճաշէր՝ վայելելով հայկական ճաշերն ու միջավայրը, ինչպէս նաեւ ընկերացած էր ճաշարանի սեփականատիրոջ հետ եւ կը զրուցէին հայկական նիւթերով: Ազնաւուրին այդ տեղի մասին ըսած է քրոջ ամուսինը՝ երաժիշտ Ժորժ Կառվարենց եւ ան ալ ծանօթացուցած է ճաշարանի տիրոջ հետ: Վերջին անգամ Ազնաւուր «Սասուն» այցելած է մահէն մէկ ամիս առաջ՝ սեպտեմբերի 2-ին: Այդ մէկը դարձած է անոր վերջին ընթրիքը՝ հայկական այդ օճախին մէջ: Ճաշարանը այսօր կը պահէ Ազնաւուրին յիշատակը՝ լուսանկարները, ստորագրութիւնը, նուէրները, զորս ան ընծայած է Յակոբ Թումանեանին…

ԻՐ ԱՆՈՒՆՈՎ

Շարլ Ազնաւուրի հարիւրամեակի առթիւ Փարիզի քաղաքապետարանը, յարգանքի տուրք մատուցելով ֆրանսահայ արուեստագէտին եւ մարդասէրին, Էլիզէի պալատի այգիներու ընդգրկուն հատուած մը կը վերանուանէ Շարլ Ազնաւուրի անունով։ Փարիզի կեդրոնը գտնուող այս տարածքը ժամանակաւորապէս փակ կ՚ըլլայ վերանորոգման ու բարեկարգման աշխատանքներու նպատակով եւ կը վերաբացուի հանրութեան առջեւ 2024-ի գարնան:

Ազնաւուրի անունով բազմաթիւ անուանակոչութիւններ եղած են: 2010 թուականին լեռնագնաց Սերկէյ Գահվէճեան նուաճած է Փամիրի գագաթներէն մէկը, զոր անուանած է Շարլ Ազնաւուրի անունով։ Լերան գագաթին լեռնագնացը իր աշխարհահռչակ հայրենակիցի նկարը տեղադրած է։

ԸՆԴԱՄԷՆԸ 19 ՏԱՐԵԿԱՆ ԷԻ…

ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ

«Ես կը յիշեմ այդ ամսաթիւը, որովհետեւ այդ օրը ստեղծուեցաւ իմ առաջին երգս՝ «Ես գինովցած եմ»: Մինչեւ հիմա կը յիշեմ մելանին, թուղթին բոյրը, գարնանային արեւուն ջերմութիւնը եւ իմ առաջին, իսկական աշխատանքային օրուան անդորրը: Յետոյ, երբ արդէն կը վաճառէի այդ երաժշտութիւնը, ինծի համար շատ ծանր եղաւ իմ առաջին ձեռագրէն բաժնուիլը: Ատոր համար վերջին պահուն էջին անկիւնը գրեցի՝ 1944 թուականի ապրիլի 12 ու ստորագրեցի: Ես այդպիսի ամսաթիւեր եւ ստորագրութիւններ տեսած էի հաստ վէպերու աւարտին: Այդ ժամանակ ընդամէնը 19 տարեկան էի: 19 տարեկանին չէի կարծեր, որ իմ ամբողջ կեանքս պիտի նուիրեմ այս գործին: Ես չէի գիտեր, որ ընդմիշտ կերտելու եմ իմ կերպարս: Անյայտ մարդու մը կերպար՝ անյայտներու մէջ, ոչ շատ գեղեցիկ մարդու մը կերպար՝ շատ գեղեցիկներու մէջ:

«Ես չէի գիտեր, չէի մտածած: Միայն ես չէի ուզեր աւելի ուշ վերածուիլ խեղճուկ մարդուկի մը, որ տեղ չի գտներ այս ընդարձակ աշխարհին մէջ, խեղճուկ մարդուկ մը, որ գլուխը կը մտցնէ յոյսի բոլոր ճեղքերէն ներս՝ որոնելով երջանկութիւն եւ սէր, որ այլեւս երբեք չի գար…»:

ԻՄ ԽԵՆԹ ՏԱՐԻՆԵՐՍ

Ոսկի տարիք է, երբ կը սիրես ու կը սիրուիս:

Բախտս բերած է, որ սիրելով ամուսնացայ եւ կրնամ ըսել, որ կէս դար է ընտանիքիս մէջ ամէն ինչ կարգին է: Ուլլան ինձմէ շատ երիտասարդ է, բայց կը համարձակիմ մտածել, որ տարիքային տարբերութիւնը այնքան ալ չ՚երեւիր: Իմ արհեստս անոր հոգը չէ (հոգիիս խորքով համոզուած եմ, որ հակառակը ինծի համար հաճելի պիտի չըլլար): Ան երբեք չէ խանգարած աշխատանքս, յարգած է մտորումներու, ստեղծագործելու իմ երկար պահերը: Բարեբախտաբար: Քանզի չէի ուզեր, որ մէկը խորհուրդ տար, թէ ինչպէս գրեմ: Կը սիրեմ, երբ աշխատած ժամանակ զիս հանգիստ կը ձգեն: Ուլլան ծնած է ցուրտ երկրի մը մէջ ու կը վախնայ տաքէն: Ես՝ հակառակը: Սակայն մեր այս տարբերութիւնը երբեք վէճեր չէ բորբոքած: Իմ մասնագիտութեանս տէր մարդու մը հետ ապրիլը պէտք է որ լաւ բան մը չ՚ըլլար: Ուլլան կը սիրէ պարզ կեանքը, ժամանակը անցընել երեխաներուն հետ, խնամել մեր շուները, տան գործերով զբաղիլ: Ոչ մէկ ցուցամոլութիւն, թանկարժէք զարդ կամ մուշտակ: Ան ինծի պարզութիւն սորվեցուցած է, իսկ ես անոր կեանքին քիչ մը խենթութիւն բերած եմ: Այս բոլորը ինծի մտածել կու տան, որ մեր համատեղ կեանքի բոլոր տարիներուն կատարեալ զոյգ մը եղած ենք:

Յիսուն տարի անցաւ,
Իսկ մեր սէրը
Քեզի պէս
Ոչ մէկ կնճիռ ունեցաւ:

Տիկնոջս՝ Ուլլային մասին խօսիլը իսկապէս դիւրին չէ: Նախ, ան կը սարսափի, երբ կը խօսինք իր մասին, յետոյ՝ զսպուածութեան մարմնացում է, չի սիրեր ինքզինք ցոյց տալ, ոչ ալ՝ լուսանկարուիլ: Ինչպէս ճաբոնցիները կ՚ըսեն՝ «Գամը պէտք չէ պատը անցնի»: Երբ առաջին անգամ հանդիպեցանք, մեզի համար վեց ամսուան մը համատեղ կեանք կը գուշակէին: Ուլլան սկանտինաւիացի բողոքական է, ու կարծես Ինկմար Պերկմանի շարժանկարներէն դուրս եկած ըլլայ, ես՝ աւելի Սերկէյ Փարաճանովի ձեւուածքն էի՝ աւելի շատ թափառաշրջիկ, քան՝ նստակեաց: Իմ ողջոյններս՝ «Անոնք ստեղծուած չեն համատեղ կեանքի համար» կանխատեսողներուն: Հակառակ մեր տարբերութիւններուն, երեք երեխան եւ յիսուն տարուան մեր անաղմուկ, անցնցում եւ ներդաշնակ կեանքը կարող են լռեցնել «ես քեզ կը զգուշացնէի» ըսողները: Շոու-պիզնըսի յարափոփոխ սիրային աշխարհին մէջ մեզ կարելի է դասել «Կինէս»ի մրցանիշներու գիրքին յաւակնորդներու կարգին ու ասիկա տակաւին համատեղ կեանքին վերջը չէ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2024