«ՎԱՐՁՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ»

«Կաղանդին, ձագուկս, Կաղանդին,
քիչ մըն ալ համբերէ:
Պատասխանը նոյնն էր միշտ, նոյնիսկ երբ
միայն շաբաթ մը անցած ըլլար Կաղանդէն»

Վարձու ուրախութիւն…

Վահրամ Մավեանի մէկ գրութեան վերնագիրն է, իբր այդ ալ այս գրութեան վերնագիրը չակերտներու մէջ առած եմ: Վերնագիր մը, որ ինչպէս իմ, կրնայ նաեւ շատ մը ընթերցողներու մօտ զարմանք յառաջացնէ եւ հազար ու մէկ հարցումներու դուռ բանայ:

Առաջին հարցումը, սակայն, որ կրնայ ծագիլ ցանկացած ընթերցողի մօտ, այն է, որ ուրախութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ վարձու ըլլալ, կամ վարձքով ինչպէ՞ս կարելի է ուրախութիւն ձեռք բերել: Արդար եւ իրաւ հարցադրում: Պատասխանը այս հարցումներուն կրնայ տարբեր ըլլալ անձէ անձ, բայց թերեւս միակ հասարակ յայտարարը, որ կրնայ բոլորին պատասխանին մէջ ըլլալ, այն միտքն է, որ դժուար թէ մարդ կարենայ վարձքով ուրախութիւն ձեռք բերել՝ իսկակա՛ն ուրախութիւն:

Արդարեւ, Մավեան իր այս խորագիրը կրող գրութեան մէջ կը ներկայացնէ Տիգրանակերտէն Երուսաղէմ եկած Սարգիս անունով մէկը, որ տեղի բնակիչներուն ծանօթ եղած է «ջուրի պատկեր քաշող Սարգիս» կոչումով: Սարգիս, իր մայրը կորսնցնելէ ետք ամուսնացած է Լաթաքիայէն աղջկայ մը հետ, ունեցած են երեք զաւակներ: Սարգիս միապաղաղ, կղզիացած կեանք մը ապրած է, զբաղած իր աշխատանքով ու տունով.

«Սարգիսին կղզիացած այս կեանքը կը թաւալէր ինքն իր վրայ՝ ասդին անդին զարնուելով կեանքի խութերուն: Կը տրտմէր, կը զայրանար, կը զղջար երբեմն նոյնիսկ ամուսնացած ըլլալուն, կ՚ընդվզէր յետոյ յանկարծ, ու երբ յուսահատութիւնը իջնէր հոգիին՝ կը թրջուէին աչքերը նոյնիսկ չոր այս մարդուն» (Վարամ Մավեան, «Ամբողջական երկեր», Բ. Հրատարակութիւն, Ս. Էմիածին, 1996, էջ 142-143):

Սարգիսի կեանքին ամենէն իւրայատուկ եւ միւս օրերէն զանազանուող օրը եղած է Կաղանդին օրը, որ ընդհանրապէս տարածուած եղած է մի քանի ժամուան վրայ՝ երեկոյեան, կաղանդի սեղանին շուրջ. «Այդ գիշեր բոլորովին անճանաչելի կը դառնար կարծէք խստադէմ այս մարդը ու կը խօսէր, կը ժպտէր, կը կատակէ՜ր նոյնիսկ հարսին հետ ու կը գգուէր զաւակները՝ որոնք սովորական օրերուն այնքան կը սոսկային իրմէ» (նոյն, անդ՝ էջ 143):

Կաղանդի այս գիշերը Սարգիսը իր զաւակներուն ու կնոջ միշտ ուրախացուցած է Ֆօնօկրաֆի երաժշտական գործիքով, որ «կը լարէր զայն ահագին աղմուկով, եւ կրկին ու կրկին անգամ կը նուագէր ունեցած իր երեք թրքերէն երգերը. «Աման Տօքթօր», «Նէ Օլուր» եւ «Իւմիւտլէրիմ Հէբ Գըրըլտը»:

Սակաւախօս ու անժպիտ այս հայը որքա՜ն կը հրճուէր տեսնելով ուրախութիւնը իր շուրջ դարձող պզտիկներուն, ու հպարտութիւնը՝ Լաթաքիայէն բերուած գեղեցիկ բայց տգէտ իր հարսին:

Պէտք էր տեսնել տակաւին, թէ սպառած ի՜նչ հետաքրքրութիւնով մըն էր որ անկէ վերջ, տարուան ընթացքին, պզտիկները հարց կու տային իրենց հայրիկին.

-Հայրիկ, ֆօնօկրաֆ ե՞րբ պիտի նուագես նորէն:

-Կաղանդին, ձագուկս, Կաղանդին, քիչ մըն ալ համբերէ:

Պատասխանը նոյնն էր միշտ, նոյնիսկ երբ միայն շաբաթ մը անցած ըլլար Կաղանդէն» (նոյն, անդ՝ էջ 143):

Սարգիսը որոշ ժամանակ մը ետք, իր հետ առնելով իր կինն ու զաւակները մեկնած է Հայրենիք: Անոր մեկնելէն տարիներ ետք, Սէլիմ անունով հնավաճառի մը խանութին դիմաց կատարուած աճուրդի մը ժամանակ, ուր տեսակ-տեսակ առարկաներ եղած էին, «այնտեղ էր նաեւ Ֆօնօկրաֆը, որ Կաղանդի իրիկուն մը տեսած էի Սարգիսենց տունը: Ճարպիկ մարդ է Սէլիմը, ըսի ես ինծի, օգտուեր է դարձեալ Հայաստան մեկնողներէն:

-Արշա՛կ, այդ անկիւնի գործիքը ուրկէ ո՛ւր ձեռք անցուցեր է վարպետդ, հարցուցի սնտուկներէն մէկուն վրայ նստած աշկերտին:

-Ասո՞ր կ՚ակնարկես, ըսաւ Արշակ, գործիքին լայն փողը անփութօրէն մէկ կողմ հրելով: Տասը տարիէն աւելի հոս է ասիկա: Վարպետը ձեռքէ չէր հաներ զայն՝ որովհետեւ իր ծախելիք գինով տարին անգամ մը, Կաղանդի շաբաթը, վարձու կու տար ջուրի պատկեր քաշող Սարգիսին: Սարգիսին Հայաստան երթալէն ի վեր հետաքրքրուող չկայ ալ, մէկ կողմ նետուած է խանութին մէջ փոշիներուն տակ:

Ջուրի պատկեր քաշող Սարգիսը՝ Կաղանդի գիշերուան իր ուրախութիւնը քանի մը ժամուան համար վարձու կ՚առնէր ուրեմն Սէլիմէն» (նոյն, անդ՝ էջ 144):

Ահաւասիկ ամփոփ կէտերով Վահրամ Մավեանի «Վարձու ուրախութիւն» գրութեան բովանդակութեան:

Սարգիսը, մէկն է այն հարիւրաւոր, եթէ ոչ հազարաւոր հայրերէն, որոնք իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ, իրենց հասկցած ձեւով կը փորձեն նուազագոյն կերպով, եւ երբեմն նոյնիսկ մի քանի ժամուան համար անկեղծ ու ջերմ ուրախութիւն եւ ժպիտ պարգեւել իրենց զաւակներուն, կիներուն:

Սարգիսը, անտաշութեան եւ միաժամանակ պարզութեան ու քնքուշութեան տիպար մըն է: Կոշտութեան եւ նրբութեան ամբողջութիւն մըն է, որ հակառակ կեանքի ընթացքին ունեցած դժուարութիւններուն կամ անյաջողութիւններուն, իր հասկցած ձեւով, իր ըմբռնումով կը փորձէ իր հայրութիւնը ցուցաբերել իր զաւակներուն նկատմամբ:

Սարգիսի այս վարձու ուրախութեան օրինակը, արդարեւ, մեզմէ ո՛չ շատ հեռու անցեալին մէջ կատար-ւած իրական դէպք մը եղած է, մեզմէ շուրջ եօթ-ութ տասնամեակներ առաջ: Սարգիսի ժամանակներէն մինչեւ մեր ներկայ օրերը սակայն բազմաթիւ բաներ փոխուած են, կեանքին նայելու եւ կեանքը ապրելու մարդուն տեսադաշտը շա՜տ փոխուած է: Այս փոփոխութեան պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ կեանքին արագ յառաջընթացը՝ յատկապէս վերջին շուրջ երկու տասնամեակներուն: Եթէ մինչեւ երկու-երեք տասնամեակ առաջ աշխարհը մարդուն համար աննուաճելի էր, եւ մարդ նոյնիսկ չէր կրնար երեւակայել, որ կրնայ օր մը գալ եւ աշխարհը իր ափերուն մէջ առնէ, ապա այսօր, մարդ ո՛չ միայն աշխարհը իր ափերուն մէջ առած է, այլեւ իր «գրպանին» մէջ իսկ դրած է…

Ներկայ մեր կեանքին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներն ու փոփոխութիւնները չեն կրնար, աւելի ճիշդ պէտք չէ արգելք կամ պատճառ հանդիսանան ընտանիքի հասկացողութեան խաթարման, կամ վերացման (չնայած այսօր միասեռականներու կողմէ զաւակներ որդեգրելու երեւոյթը մեզ կը տանի այդ արդիւնքին…), որովհետեւ ընտանիքի մը բաղկացուցիչ անդամները միշտ իրարմով է, որ կան, մէկուն բացակայութեամբ ամբողջը կը տուժէ, միաժամանակ, ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ ունի իր դերն ու դերակատարութիւնը տուեալ ընտանիքին կայացման եւ բարօր ապրելուն մէջ: 

Վերադառնալով Սարգիսի վարձու ուրախութեան… Պահ մը այսօր եթէ իւրաքանչիւր ծնող՝ հայր ծնող, ինքն իրեն հարցնէ, «ես ուրախութեան պատճառ կը դառնա՞մ իմ զաւակներուս, կամ կողակիցիս…», ի՞նչ պիտի ըլլայ պատասխանը արդեօք…

Բնականաբար իւրաքանչիւր ծնող կը մտածէ իր ընտանիքին մասին եւ կարելին կ՚ընէ, որպէսզի ուրախացնէ իր ընտանիքին անդամները՝ զաւակը կամ զաւակները, կինը. այս մէկը բնական վերաբերմունք է, չըսելու համար քաղցր պարտաւորութիւն մը, որ իւրաքանչիւր հայր պէտք է կրէ իր ուսերուն վրայ:

Միւս կողմէ սակայն, այսօրուան այսպէս յորջորջուած «զարգացած» աշխարհին մեզի «պարտադրած» պայմաններուն լոյսին տակ, կարծէք անցեալին ճակատի քրտինքով վաստակուած անկեղծ, սիրառատ ու ջերմութեամբ լեցուն «վարձու ուրախութիւն»ը վերածուած է սովորական երեւոյթի, բայց՝ ա՛ռանց անկեղծութեան, ջերմութեան ու սիրոյ… Պարտադրած բառը չակերտներու մէջ դրի, որովհետեւ կեանքը չի՛ կրնար մեզի ոչինչ պարտադրել, եթէ մենք թոյլ չտանք անոր, այլ խօսքով, մենք որպէս Աստուծմէ ազատ ստեղծուած արարածներ, որոշելու եւ ընտրելու առիթ ունինք, եւ մեր այդ որոշոման ու ընտրութեան արդիւնքով է, որ մենք մեզ ենթակայ կը դարձնենք «պարտադրանքներու»:

«Վարձու» բառը ի տարբերութիւն անցեալին, այսօր սկսած է ուղղակիօրէն ըմբռնուիլ՝ չոր ու տափակ հասկացողութեամբ: Հարցնենք մենք մեզի. «Ի՞նչ տեսակի ուրախութիւն է, որ այսօր մենք մեր զաւակներուն կու տանք»: Բնակաբար պատասխանները կրնան տարբեր ըլլալ դարձեալ…, բայց երբ ակնարկ մը նետենք մեր ապրած ընկերութեան, պիտի նկատենք, որ այսօր բազմաթիւ ծնողներու մօտ ուրախութիւն պարգեւելու հասկացողութիւնը կը կայանայ՝

- Խաղալիքներու,

- Հեռախօսներու,

- Համակարգիչներու,

- Հագուստներու,

- Համերգներու,

- Խաղավայրերու,

- Ինքնաշարժներու,

- Ծաղկեփունջերու,

- Արձակուրդներու,

- Պտոյտներու,

- Ճաշարաններու,

- Լողաւազաններու կամ ծովափերու,

- Ուտել-խմելու, եւ այլնի մէջ…, եւ շատ յաճախ առանց իրենց…

Վերը յիշատակուած երեւոյթները բոլորն ալ մեր այսօրուան կեանքին անբաժան մէկ մասնիկը դարձած են, եւ առանց այդ երեւոյթներուն դժուար է պատկերացնել մեր ընկերային կեանքը, խնդիրը, արդարեւ, այս բոլորին մէջ չէ, այլ՝ այս բոլորին հետ մեր վերաբերմունքին մէջ, եւ շատ յաճախ մինչեւ վերաբերմունքին հասնիլը, մեր զաւակներուն հետ ունեցած մեր յարաբերութիւնը:

Եթէ վերը յիշատակուած բոլոր երեւոյթները մարդ կրնայ հայթայթել իր զաւակներուն, բայց սէր, գուրգուրանք, ջերմութիւն, անկեղծութիւն եւ ընկերային յարաբերութիւն չկայ իրենց մէջ, ապա այդ բոլորը անիմաստ եւ անարդիւնք կը դառնան:

Ի՞նչ իմաստ ունին այդ բոլորը, եթէ մենք ժամանակ չենք տրամադրեր մեր զաւակներուն հետ խաղալու:

Ի՞նչ իմաստ ունին այդ բոլորը, եթէ մենք լսող ականջ չենք դառնար մեր զաւակներուն, լսելու անոնց հարցումները, պատասխանելու անոնց, բաւարարութիւն տալու անոնց հետաքրքրասիրութիւններուն, ինչու չէ նաեւ քաջալերելու եւ ոգեւորելու զանոնք իրենց մտածումներուն եւ գաղափարներուն համար:

Ի՞նչ իմաստ ունին այդ բոլորը, երբ մենք մեր զաւակներէն աւելի ժամանակ կը տրամադրենք մեր ընկերներուն, մեր շրջապատին, մեր աշխատանքին, մեր քմահաճոյքներուն, այնքանով, որ նոյնիսկ կէս ժամն անգամ կը զլանանք մեր զաւակներուն մեր ժամանակէն:

Ի՞նչ իմաստ ունին այդ բոլորը, երբ կը զլանանք մեր ձեռքերը բանալ՝ գրկելու համար մեր զաւակները, գգուելու համար զանոնք, սիրելու, ջերմացնելու:

Ի՞նչ իմաստ ունին այդ բոլորը, երբ կը ծուլանանք մեր ոտքերը շարժել՝ մեր զաւակներուն հետ մի քանի քայլ քալելու, կամ խաղալու, աւելին՝ մեր զաւակներուն քայլել սորվեցնելու…

Մեր զաւակներուն կ՚ուզե՞նք ուրախութիւն պարգեւել, ապա պիտի սիրենք զանոնք, ժամանակ պիտի տրամադրենք անոնց, լսող ականջ, գրկող ձեռք եւ քայլող ոտք պիտի դառնանք անոնց համար, մէկ խօսքով ամէն բան պէտք է ընենք, որպէսզի անոնք առանձին կամ օտար չզգան, որպէսզի ինքնավստահ, սիրով լեցուն՝ առ ընտանիք եւ առ շրջապատը, խելացի, ուսումնատենչ, ծնողասէր, հայրենասէր ու եկեղեցասէր զաւակներ դառնան անոնք:

Աշխարհիկ այդ հաճոյքները հաւատացէք, որ ժամանակաւոր են եւ անարդիւնք, որովհետեւ կեանք ու ջերմութիւն չկայ անոնց մէջ, դուք ձեր զաւակներուն այդ կեանքն ու ջերմութիւնը տուէք, որպէսզի ձեր տուածը անպտուղ եւ անարդիւնք «վարձու ուրախութիւն» չըլլայ, այլ՝ իսկական ուրախութիւն, որու արդիւնքները անպայմանօրէն պիտի տեսնէք ու վայելէք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

6 սեպտեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2021