ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԳԱՌՆՈՒԿԻ ՄՈՐԹՈՎ ԱՂՈՒԷՍՆԵՐ
Պօղոս Առաքեալ «մեր հասարակաց հաւատքի ճամբով իմ հարազատ որդիս» (Տիտ 1.4) Տիտոսին ուղղած նամակին մէջ, այսպէս կը գրէ. «Որովհետեւ բազմաթիւ անհնազանդներ, դատարկախօսներ եւ միտք պղտորողներ կան, մանաւանդ հրէութենէ դարձածներուն մէջ, որոնց բերանը պէտք է փակել, որովհետեւ անոնք ամբողջ տուներ կը քանդեն, շահամոլութենէ տարուած ուսուցանելով բաներ, որ պէտք չէ ուսուցանել» (Տիտ 1.10-11):
Քրիստոնէութեան առաջին դարերէն մինչեւ մեր օրերը Առաքեալին նկարագրած անհնազանդներ, դատարկախօսներ եւ միտք պղտորողներ եղած են, կան եւ պիտի ըլլան, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը ազատութեան կրօնք է, մարդու միտքի ազատութիւնը յարգող կրօնք է, այլ խօսքով՝ քրիստոնէութիւնը չ՚արգիլեր ոչ մէկուն խօսելու եւ արտայայտուելու: Քրիստոնէութեան շնորհած այս ազատութիւնը սակայն, շատեր ճիշդ կերպով չեն ընկալեր եւ իրենց հասկցածին ձեւով կը մօտենան շնորհուած այդ ազատութեան, որով ո՛չ միայն իրենք կը սայթաքին ու կը մոլորին, այլեւ պատճառ կը դառնան շատերուն սայթաքումին ու մոլորութեան:
Մերօրեայ կեանքը եթէ պահ մը ուշադրութեամբ քննենք, պիտի նկատենք, թէ մեր շուրջը ինչքան «քարոզիչ»ներ շատցած են, ինչքան քրիստոնէութեան անունը կրող «եկեղեցի»ներ յառաջացած են եւ օր օրի կ՚աճի թիւը անոնց: Գիշերը քնացողը առաւօտեան կ՚արթննայ, Աստուածաշունչ մը կը դնէ թեւին տակ եւ սկսի քարոզել, յայտարարելով, թէ Աստուծմէ պատգամ ստացած է, Աստուած յայտնուած է իրեն եւ ըսած՝ որ Իր խօսքը քարոզէ, բարի լուրը տարածէ մարդոց մէջ՝ զանոնք Երկինքի Արքայութիւն հրաւիրելով: Այսպիսիները, իրենց թոյնախառն քաղցր խօսքերով հեշտութեամբ կը խաբեն եւ իրենց թակարդներուն մէջ կը ձգեն հոգեւոր սնունդի կարօտ եղող մարդիկը, այսինքն՝ իրենց թիրախը խոցուած մարդիկն են, որոնց ինչ ալ հրամցնես, սիրով կը վերցնեն, կ՚ընդունին, առանց մտածելու: Աւելին, այսպիսիները, իրենց «քաղցր» խօսքերով կամաց-կամաց իրենց թակարդներուն մէջ յայտնուածներուն ուղեղները կը թմրեցնեն, կ՚անզգայացնեն, որով անոնք քայլող մարդ-մեքենաներու կը վերածուին, եւ այդ «քարոզիչ»ները իրենց ուզած ձեւով կը վարուին եւ կամ կ՚առաջնորդեն այդ մարդիկը:
Ճիշդ է, որ անոնք կը խօսին Աստուծոյ, Տէր Յիսուսի, Սուրբ Հոգիին, Երկինքի Արքայութեան, մարդոց հոգիներու փրկութեան, եւ այլնի մասին, սակայն իրենց հասկցածին համաձայն եւ իրենց ուզածին պէս: Արդարեւ, այդպիսիները փոխանակ իրենք զիրենք եւ իրենց կեանքը յարմարեցնելու Աստուածաշունչին, այլ խօսքով՝ փոխանակ Աստուածաշունչը եւ այնտեղ արձանագրուած ճշմարտութիւնները իրենց կեանքին ուղեցոյց ընելու, Աստուածաշունչն է, որ կը յարմարեցնեն իրենց կեանքին, առօրեային, ընկալումներուն եւ զգացումներուն, եւ ըստ այնմ կը մօտենան Աստուածաշունչին եւ ըստ այնմ «կը բացատրեն», «կը մեկնեն» այնտեղ արձանագրուած ճշմարտութիւնները: Բնականաբար նման մօտեցում մը միայն կորուստի կրնայ առաջնորդել, եւ ո՛չ թէ փրկութեան:
Աստուած Իր խօսքը քարոզելու համար, աւելի ճիշդ՝ Իր խօսքը մարդոց հասանելի դարձնելու համար թէ՛ Հին Ուխտին մէջ եւ առաւելապէս Նոր Ուխտին մէջ մարդիկ ընտրեց, որոնց միջոցով Իր խօսքը փոխանցեց մարդոց, այսինքն՝ պատահական մարդիկ չէին, որոնք Աստուծոյ խօսքը քարոզեցին մարդկութեան, այլ՝ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած: Եւ այդ ընտրուած մարդիկը իրենց քարոզութեամբ, ապրելակերպով եւ կատարած գործերով կենդանի վկայութիւն կը դառնային այն փաստին, որ իրենք Աստուծմէ ընտրուած են, եւ Աստուծոյ խօսքը, պատգամը, բարի լուրն է, որ կը փոխանցեն: Այսօր, սակայն, պատկերը ամբողջութեամբ տարբեր է: Վերը նշեցի, թէ այսօր որու միտքէն որ անցնի քարոզիչ դառնալ, գիշերը կը քնանայ եւ առաւօտեան կ՚արթննայ Աստուծմէ «յայտնութիւն» ստացած՝ Անոր խօսքը քարոզելու, մարդոց դէպի Աստուած, դէպի Երկինքի Արքայութիւն առաջնորդելու: Մէկ անգամ այդպիսիներուն լսելը, սակայն, բաւարար է, հասկնալու համար, թէ անոնք Աստուծոյ հետ ընդհանրապէս առընչութիւն չունին եւ իրենց կատարածը պարզապէս խաբէութիւն է, եւ ոչ աւելին:
Պօղոս Առաքեալ արդարեւ այսպիսի մարդոցմէ էր, որ կը զգուշացնէր Տիտոսը, ըսելով թէ՝ «բազմաթիւ անհնազանդներ, դատարկախօսներ եւ միտք պղտորողներ կան, մանաւանդ հրէութենէ դարձածներուն մէջ, որոնց բերանը պէտք է փակել, որովհետեւ անոնք ամբողջ տուներ կը քանդեն, շահամոլութենէ տարուած ուսուցանելով բաներ, որ պէտք չէ ուսուցանել» (Տիտ 1.10-11): Պահ մը եթէ ուշադրութիւն դարձնենք այդ քարոզիչներուն հետեւողներու կեանքին, անպայման կը նկատենք, որ տուեալ անձերու ընտանեկան յարկէն ներս խնդիրներ կան, անվերջանալի խնդիրներ: Բնականաբար, որեւէ տան մէջ կրնան խնդիրներ ըլլալ, սակայն այստեղ հարցը լրիւ այլ գետնի վրայ է. նմաններու խնդիրները ընդհանրապէս հաւատքի գետնի վրայ են, ինչո՞ւ. որովհետեւ տան հայրը ըսենք՝ Առաքելական Եկեղեցւոյ անդամ է, մայրը՝ ինչ որ շարժումի, մէկ զաւակը՝ մէկ ուրիշ շարժումի, միւս զաւակը՝ այլ շարժումի մը, եւ այսպէս, ամէն մէկը իրը կը փորձէ պարտադրել, իրը կը փորձէ առաջ տանիլ, ինչո՞ւ, քանի որ քարոզիչը այդպէս «ուսուցանած է», քարոզիչը այդպէս թելադրած է: Նման պարագաներու մէջ ամենէն մեղմը Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս աւանդական եկեղեցիներու հետեւորդները՝ անդամներն են, որոնք ամենէն մեղմ վերաբերմունքը կ՚ունենան, որովհետեւ այդ կը սորվեցնէ մեզի մեր եկեղեցին, աւելի՝ ա՛յդ կը սորվեցնէ մեզի Աստուածաշունչը:
Մերօրեայ քարոզիչները ճիշդ է, որ Աստուածաշունչը կը քարոզեն, ճիշդ է, որ ամէն ինչ Աստուածաշունչով կը փորձեն բացատրել եւ փաստել, բայց շատ յաճախ Աստուածաշունչի տառէն կախուելով, տեղ չեն ձգեր Աստուածաշունչի ոգիին, այլ խօսքով՝ Աստուածաշունչը բառացի եւ տառացի հասկնալով ու բացատրելով, շատ յաճախ չե՛ն թափանցեր ըսուած ու արձանագրուած խօսքերուն խորքին, լաւապէս եւ ճիշդ կերպով հասկնալու համար ըսուածը: Աւելին, Աստուածաշունչի որեւէ գիրքէն համար մը վերցնելով, զայն կը կտրեն իր բովանդակութենէն, իր ընդհանուր պարունակութենէն, եւ իրենց ուզածին պէս կը փորձեն բացատրել զայն, որով կը խեղաթիւրեն Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը:
Մամբրէ Վերծանողը Աստուածաշունչ կարդալու մասին այսպէս կը գրէ. «Երբ ձեռնամուխ կ՚ըլլաս աստուածային գիրքերը ընթերցելու եւ խօսքերուն զօրութիւնը իմանալու, կ՚աղաչեմ, ուշադրութիւն դարձուր, որ ո՛չ մէկ տառ վրիպի միտքէդ: Բոլոր գրուածները երկնաւոր իմաստութիւն կը պարունակեն եւ իմաստուն միտքերու հոգեւոր խօսքեր կը ծնին, [որոնք] չհասկցողներուն համար ամուլ են, իսկ հասկցողներուն համար՝ բազմուսոյց: Այդպէս ալ՝ իւրաքանաչիւր միտք լսած ատեն. ով ճիշդ կը հասկնայ, անոր միտքին ճաշակելիքը կը քաղցրանայ»: Իսահակ Ասորին այսպէս կը գրէ. «Եթէ մէկը բազմիմաստ համարներ կը կարդայ՝ չխորանալով անոնց իմաստին մէջ, ապա սիրտն ալ աղքատ, անհաղորդ կը մնայ, եւ անոր մէջ կը մարի սուրբ զօրութիւնը, որ հոգիի հրաշալի ընկալումի պարագային՝ սիրտին քաղցրութիւն կը պատճառէ»: Իսկ Սիմէոն Նոր Աստուածաբանը կը գրէ. «Ընթերցողները առանց որեւէ դժուարութեան աշխարհիկ գիրքերը կը հասկնան, սակայն աստուածային եւ փրկագործական Գիրքերը ոչ ոք կրնայ ինքնուրոյն հասկնալ կամ ընկալել՝ առանց Սուրբ Հոգիի օգնութեան»: Վերը մէջբերուած հատուածներէն յստակ կը դառնայ, որ Աստուածաշունչը բոլորին համար հասանելի գիրք է եւ բո՛լորը կրնան եւ պէտք է կարդան զայն, սակայն ուշադրութեամբ պէտք է կարդալ եւ Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ, որպէսզի մեր կարդացածները հասկնալի դառնան եւ մեր հոգիներուն փրկութեան ծառայեն: Արդարեւ, անցեալին եւ մերօրեայ քարոզիչները՝ միտք պղտորողները, անտեսելով այս բոլորը իւրովի կը փորձեն մեկնաբանել Աստուածաշունչը, զայն բաժիններու մասնատելով եւ ըստ իրենց հաճոյքին բացատրութիւններ տալով, որով իրենց խօսքերը հաճելի կը դարձնեն իրենց լսողներուն եւ այդպիսիով զանոնք իրենց թակարդներուն մէջ ուժեղ կերպով կը պահեն, եւ այդպիսով փոխանակ իրենց հետեւորդները Տէր Յիսուսին կապելու, իրենց անձերուն կը կապեն, եւ փոխանակ իրենց հետեւորդներուն սորվեցնելու զԱստուած փառաւորել եւ զԱստուած մեծարել, Աստուծոյ փառքը կը սեփականացնեն եւ իրենք կը ստանան փառք ու մեծարանք: Ահա այսպիսիներէն է, որ կը զգուշացնէ Պօղոս Առաքեալ Տիտոսին եւ Տիտոսի ընդմէջէն բոլոր ժամանակներու քրիստոնեաներուն:
Հետեւաբար ուշադիր պէտք է ըլլանք եւ պէտք չէ հաւատանք բոլոր անոնց, որոնք Աստուծոյ անունով կը խօսին ու կը քարոզեն, այլ՝ Աստուծմէ պէտք է խնդրենք, որպէսզի լուսաւորէ մեր միտքերը տեսնելու ճշմարտութիւնը:
Աւարտելու համար կարդանք Պօղոս Առաքեալին այս տողերը. «Խղճմտանքով մաքուր մարդուն համար ամէն բան մաքուր է. մինչդեռ պիղծ եւ անհաւատ մարդոց համար չկա՛յ որեւէ մաքուր բան, որովհետեւ իրենց միտքն ու խիղճը ապականած են: Կը յայտարարեն՝ թէ կը ճանչնան զԱստուած, բայց իրենց գործերով կ՚ուրանան զայն, քանի որ պիղծ են, անհնազանդ եւ որեւէ բարի գործի անպէտ» (Տիտ 1.15-16):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
14 փետրուար 2022, Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024