ԱՐԴԵՕՔ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՒԾՈ՞ՒՄ Է…
Հասարակութիւններու զարգացման համար յաճախ խոշորացոյցի տակ կը դրուի կրթութեան համակարգը։ Բայց եւ այնպէս, ըստ իս, ի սկզբանէ պէտք է քննակուին մեր հաղորդակցութեան կապերու խզման, մարդ ըլլալու, մարդկութեան մէջ անհատի մոլորութեան մասին հարցեր։ Կը կարծենք, թէ մարդոց հաղորդակցման խնդիրներու հիմնական լուծումը կրթութիւնն է։ Անշուշտ, հասարակութեան սխալները հնարաւոր է ուղղել կրթութեան միջոցով, ինչ որ մարդկային մշակոյթի փոխանցման գործն է։ Այնուամենայնիւ, սխալ համակարգի մէջ կրթութեան ճիշդ ձեւաւորում հնարաւոր չէ։ Այս տեսակ կրթութիւնը վնասաբեր, նոյնիսկ վտանգաւոր է։ Ցաւօք սրտի, մենք կրթական միջավայրէն ներս երեխաներուն միշտ կը կրկնենք մեր սխալները, տգիտութիւնը։ Չափազանցութիւն չ՚ըլլար ըսել, թէ անհեթեթութիւն է նաեւ ծիծաղելի համարել մեծահասակներուն կրթութիւն տալը։
Կրթութիւնը դարման է, բայց ի՞նչ տեսակ կրթութիւնը։ Կրթութեան մասին մեր ընկալումը լրիւ սխալ է։ Մինչդեռ կրթութիւնը եղած է ընկերային փորձառութեան փոխանցումը նախապատմական ժամանակներուն, ինչ որ այսօր եղած է մարդկութեան ուշադրութիւնը շեղելու գործունէութիւն: Թէեւ այդ մէկը պէտք է ապահովէ մարդ արարածի գոյատեւումը, սակայն, նաեւ հող կը նախապատրաստէ անոր ոչնչացման համար։ Կրթութիւնը մրցավազք չի նշանակեր: Իւրաքանչիւր ոլորտէ ներս ներկայ դարաշրջանի «շոումեն»ներու մրցավազքն ու շեղումը տարածուած է նաեւ կրթութեան մէջ։ Մարդ աշխարհ չէ եկած մրցելու, հետեւաբար անհատականութիւնը կարելի չէ գնահատել թիւերով: Մարդ արարածը, անշուշտ, զարգանալու համար կարիքն ունի մրցակցութեան, բայց մարդու կեանքի կամ գոյատեւման հիմնական նպատակը մրցիլը չէ։
Տեղեկատուութեան հեշտ հասանելիութեան դարուն առանձին խնդիր է դպրոցի մեթոտը, որ մեծամասնութեամբ ներկայ դարաշրջանի մտքի եւ իրականութեան ներհակ երեւոյթներէն գլխաւորը կարելի է համարել։ Որեւէ պահու հեշտութեամբ հասանելի տեղեկատուութիւնը երեխաներուն կը ներարկուի եւ ուսուցիչը չի կրնար այլ գործի ձեռնարկել՝ քան թութակ ըլլալը։ Դպրոցը պէտք չէ միայն գիտելիք տայ, այլ՝ պէտք է այդ գիտելիքը կիրարկելու մեթոտ սերմանէ։ Կրթութիւնը իր լաւագոյն շրջանը ունեցած է նախապատմական ժամանակներուն։ Այդ մէկը լաւագոյնս ըրած են մեր որսորդ-հաւաքիչ նախնիները, որոնք իրենց երեխաներուն սորվեցուցած են որսալ եւ կրակ վառել։ Երեխաները անհրաժեշտ է դաստիարակել գիտելիքով, բայց պէտք չէ բաւարարուիլ այսքանով: Հիմնական նպատակը անոնց որսալն է, «կրակ վառելը». այսինքն՝ սորվեցնել անոնց մտածել եւ հնարաւորութիւն տալ ինքնուրոյն հասնիլ գիտելիքի։
Մենք իրականութեան մէջ յաջող չենք մեր որսորդ-հաւաքիչ նախնիներու նման, որոնք կը ծաղրենք՝ որպէս պարզունակ։ Սխալ կը խորհինք՝ հաշուի առնելով, որ կրթութիւնը միայն երեխաներու համար է։ Մարդ կը սորվի ամէն պահ եւ սորվելով աւելի կը կապուի աշխարհի հետ։ Սխալ կառուցուածքի ցուցիչ է նաեւ մարդոց դպրոցէն դուրս կրթութեան անտեղեակութիւնը։ Ուղղորդման ըմբռնումը պէտք է ձեւաւորուի ճանապարհ ցոյց տալու համար ժամանակակից մարդոց, որոնց համար գիտելիքը դիւրաւ հասանելի է եւ սա մեզ կը ստիպէ մտածել ո՛չ միայն երեխաներու, այլեւ ամբողջ մարդկութեան մասին:
Հասարակութիւններու մեծամասնութեան մէջ դպրոցները արդիւնաւէտ չեն՝ եթէ անոնց չաջակցի մեծահասակներու կրթութիւնը։ Կարելի է ըսել, որ կրթութիւնը հասարակութիւններու սխալներու ուղղումն է, անոնց ցաւերու դարմանն է, բայց ներկայիս ան պարզապէս եռանդի վատնում, մսխում կը նշանակէ։ Որպէսզի ապահովուի ընկերային խնդիրներու լուծում՝ կրթութիւնը պէտք է արձագանգէ հասարակութեան կարիքներուն։ Աշխարհի վրայ մարդոց սահմանափակման վերջ դնելու եւ տարբերութիւնները ընդունելու անհրաժեշտութիւնը հասարակութեան լուսաւորութիւնը ապահովելն է։ Արդարեւ, դպրոցական կրթութիւնը նաեւ պէտք է կեդրոնանայ ո՛չ միայն գիրքի, այլ մարդու գոյատեւման համար անհրաժեշտ գիտելիքի վրայ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ