ԱԿՆԲԱԽ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԱՐՑԱԽԷՆ

Պետութիւններն, ազգերն ու ժողովուրդները, նոյնիսկ՝ քաղաքները ունին իրենց առանձնայատկութիւնները։ Ի տարբերութիւն մարդոց, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր էութիւնը. զոր օրինակ՝ բնաւորութեան յատուկ գիծերը, մտածելակերպը, նախասիրութիւններն ու սովորութիւնները՝ տարածքաշրջանի մը ժողովուրդի առանձնայատկութիւնը կը բնորոշուի՝ հաշուի առնելով տուեալ տարածքաշրջանի բնակչութեան ընդհանրական գիծերն ու նմանութիւնները։

Սիրելի ընթերցող, այսօր կը փափաքիմ ձեր ուշադրութեան ներկայացնել հինգ ակնբախ առանձնայատկութիւն՝ Արցախէն։ Թերեւս, ոմանց արցախեան այս առանձնայատկութիւնները կրնան թուիլ անընդունելի, արտասովոր կամ նոյնիսկ տարօրինակ։ Առանձնայատկութիւններու շարքը կազմած է Արցախի Ուրախներու եւ հնարամիտներու միութեան նախագահ, «Արցախեան շեշտադրում» համացանցային ալիքի հիմնադիր՝ Դաւիթ Վանեան։

Հայոց աշխարհի դրախտավայր անկիւններէն մին՝ Արցախը իր ստորեւ ներկայացուելիք առանձնայատկութիւններով հանդերձ՝ կրնայ յառաջատար հորիզոնականներ զբաղեցնել համայն աշխարհի մէջ։

Եւ այսպէս.

Հինգերորդ հորիզոնական.

Արցախի մէջ գրեթէ ի սպառ կը բացակայի կանանց կողմէ սիկառի օգտագործումը։

Այո՛, այո, ճիշդ հասկցաք, արցախցի իգական սեռի ներկայացուցիչները  չեն ծխեր։ Թէպէտ, աշխարհի, մասնաւորապէս զարգացած ու յառաջատար երկիրներու մէջ կանանց կողմէ սիկառի օգտագործումը վաղուց ընդունուած եւ հասարակ երեւոյթ մըն է, սակայն Արցախի մէջ այն ամօթ է եւ անընդունելի։ Գրեթէ ոչ մէկ կին կը ծխէ։ Եթէ նոյնիսկ կան այդպիսիներ, ապա անոնք ալ երբեւէ հասարակական վայրերու մէջ չեն համարձակիր ծխել։ Պատճառը՝ վախի մթնոլորտը չէ, ուղղակի յարգանքը ձեւաւորուած մտածելակերպի ու աւանդոյթի նկատմամբ։

Զոր օրինակ, անհնարին է, որ արցախցի երիտասարդուհի մը իր ընկերոջ հետ առաջին ժամադրութեան ընթացքին պայուսակէն հանէ սիկառը եւ հանգիստօրէն սկսի ծխելու։ Տուեալ պարագային երիտասարդուհին վայրկենապէս կը կորսնցնէ իր սիրեցեալը, շարժելով վերջինիս նողկանքն ու հիասթափութիւնը իր անձին նկատմամբ։ Վատագոյն պարագային, կրնայ որպէս պարգեւ՝ ապտակի մը արժանանալ…

Ձեւաւորուած գեղեցիկ սովորոյթը չի վերաբերիր Արցախ ժամանող զբօսաշրջիկներուն, սփիւռքահայերուն եւ նոյնիսկ հայաստանցիներուն։ Թէպէտ վերջիններս ալ իրենց հերթին յարգալից կը վերաբերին մեր այս սովորութեան ու կը փորձեն զայն չխախտել։ Իսկ խախտողներուն նկատմամբ արցախցիները ներողամիտ կը գտնուին։ Չէ՞ որ ծխելը յանցանք կամ անպատիւ արարք մը չէ։ Այն ուղղակի վնասակար է առողջութեան եւ անընդունելի է տեղացի իգական սեռին կողմէ։ Արդարեւ, ոմանց արցախեան այս առանձնայատկութիւնը կրնայ թուիլ անընդունելի, արտասովոր կամ նոյնիսկ յետամնաց ու տարօրինակ։ Սակայն, ըստ իս, այն խորքային է եւ կրնայ օրինակ հանդիսանալ շատերու համար։

Չորրորդ հորիզոնական.

Գողտրիկ Արցախ աշխարհի տարածքին վրայ ի սպառ կը բացակայի  «խաղատուն»երու, «գիշերային ակումբ»ներու, ինչպէս նաեւ նմանօրինակ արատաւոր ժամանցի վայրերու գոյութիւնը։ Ասոնք կախուածութիւն յառաջացնող, մարդը թէ՛ հոգեպէս, թէ ֆիզիքապէս ոչնչացնող վայրեր են։ Ո՛չ մէկ ծնող կրնայ պարծենալ, թէ իր զաւակը խաղամոլ է։ Արդեօք, մարդ կրնա՞յ խաղամոլութեամբ դրամ շահիլ, ընդհակառակն՝ կը կորսնցնէ ունեցած-չունեցածը։ Եւ կամ, ո՞ր ծնողը կրնայ պարծենալ, թէ իր զաւակը մերկապարուհիի մը, հոգւով անբարոյականի մը հետ ամուսնացած է, լաւ ընտանիք, հաւատարիմ կին ու զաւակներ ունի։

Յիրաւի, ողջունելի է նմանօրինակ արատաւոր երեւոյթներու ի սպառ բացակայութիւնը մեր լեռնաշխարհէն։ Իբր այդ ալ, կը ցանկամ իմ խորին երախտիքը պարտիլ Արցախի իշխանութիւններուն։ Թո՛ղ, որ սա արցախցիի համար շարունակական բնոյթ ունենայ։

Երրորդ հորիզոնական.

Արցախցին կը սնանի միմիայն մաքուր ու բնական սնունդով։

Այստեղ ամէն ինչ բնական է, առանց քիմիական յաւելումներու։ Զոր օրինակ, տեղացին իր թէյը կը պատրաստէ սար ու ձորէն հաւաքած, բուժիչ եւ բազում օգտակար յատկութիւններ ունեցող ուրցէն, ինչպէս նաեւ զանազան բոյսերէ ու ծաղիկներէ։ Մեր ժողովուրդը յագեցնող ուտելիքներն են՝ բնական պարարտանիւթերով հարուստ հողի մէջ աճած կանաչեղէնը, բանջարեղէնը եւ պտղատու ծառերու՝ զանազան կենսանիւթերով հարուստ արեւահամ պտուղները։ Ինչպէս նաեւ, պարտէզներուն մէջ քուճուճ  ընող (քուճուճ կամ քթօթ ընող.- կտուցով եւ ճանկերով հողը, աղբը եւ այլն փորելով՝ կեր փնտռող հաւ) հաւերու միսն ու հաւկիթը, մարգագետիններու ու սարերու մէջ արածող մեծ եւ պզտիկ եղջերաւոր կենդանիներու միսն ու կաթնամթերքը։ Չմոռնամ նշել նաեւ մաքուր օդը։ Արդարեւ, այս բոլորը կու գան ապահովելու, ինչու չէ նաեւ բացայայտելու արցախցիներու տոկուն առողջութեան ու երկարակեցութեան գաղտնիքը։

Երկրորդ հորիզոնական.

Արցախը աշխարհի ամենէն անվտանգ ու ապահով երկիրներէն մին է։ Այստեղ գոյութիւն չունին յանցագործ խմբաւորումներ։ Իսկ յանցագործութիւններու եւ գողութիւններու թիւը չնչին է։ Երեխաներու անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը երաշխաւորուած է։ Զոր օրինակ, օրուան ամէն ժամուն ծնողը կրնայ իր զաւակը ուղարկել խանութ կամ փողոց խաղալու։ Մարդիկ գիշերուայ ուշ ժամերուն հանգիստ կրնան ճեմել քաղաքին մէջ։ Ոչ մէկը ուրիշ մը կ՚անհանգստացնէ։ Բաց աստի, նշեմ, որ Արցախի մէջ դպրոցականները առանձին դպրոց կ՚երթան ու տուն կը վերադառնան։ Կան աշակերտներ, որոնց կրթական հաստատութիւնները իրենց տուներէն մէկ կամ երկու քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին։ Անոնք, ամէն օր քայլելով կ՚անցնին այդ ճամբան։ Առաւօտեան եւ յետմիջօրէին, իւրաքանչիւր դպրոցի շրջակայքին կը գտնուին տղոց պահապան հրեշտակները՝ ճանապարհային ոստիկանները, որոնք կ՚ապահովեն վերջիններուս անվտանգ ճանապարհահատումը։ Բաց աստի, առանց ժամ ու պատարագ հարցնելու ծնողը կրնայ թաքսի պատուիրել եւ վարորդէն խնդրել, որ իր երեխան ապահով հասցնել համապատասխան վայր։ Մարդիկ իրենց ինքնաշարժները առանց կղպելու կրնան կայանել փողոցը։

Մասնաւոր շնորհակալութիւն Արցախի օրինապահ մարմիներուն, 24 ժամ շարունակ աչալուրջ ու բարեխղճօրէն իրենց ծառայութիւնը կատարելու համար, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան՝ իրենց ազնուութեան ու կարգապահութեան համար։

Եւ վերջապէս, առաջին պատուաւոր հորիզոնականը կը զբաղեցնէ Արցախի, մասնաւորապէս մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մաքրութիւնը։

Արցախ այցելող իւրաքանչիւր անձ, պարզապէս կը հիանայ քաղաքի մաքրութեամբ։ Արցախցին իր քաղաքը տունին պէս մաքուր կը պահէ։ Ո՛չ մէկը գետին աղբ կը նետէ, քանզի ամէն ոք կը գիտակցի, որ աղբի տեղը միմիայն աղբամանն է։ Իսկ եթէ յանկարծ ինչ որ մէկը ինքզինքին թոյլ տայ գետինը աղբ նետել, անտարակոյս անծանօթի մը կողմէ այնպիսի նկատողութիւն կ՚արժանանայ, որ ամօթէն գետինը կը շիկանայ։ Մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մաքրութիւնը նախեւառաջ կը պարտինք ժողովուրդին, այնուհետեւ՝ քաղաքապետարանին, մասնաւորապէս երեկոյեան ուշ ժամերուն քաղաքս աւլող տարեցներուն։ Այդ մեծապատիւ մարդիկ իրենց աշխատանքը մեծագոյն սիրով կը կատարեն։

Ստեփանակերտի մէջ մշտապէս կատարեալ մաքրութիւն տիրելու նպատակաւ, ամէն օր միջօրէին, ձեռնոց հագած քանի մը կին, ի ձեռին տոպրակ, քաղաքի մէկ ծայրէն միւսը կ՚անցնին, հաւաքելով սխալութեամբ գետին ինկած աղբերը։

Մաղթանքս է, որպէսզի արցախահայութիւնը երբեւէ չկորսնցնէ իր ազնուութիւնը, ազգային դիմագիծն ու նախախնամութիւնները։ Թող, որ ամբողջ աշխարհը փոխուի, իսկ մենք մնանք նոյնը՝ միշտ սրտացաւ ու միշտ բարի։ Աշխարհի դրական փոփոխութիւնները գործածելով՝ կատարելագործուինք։ Փորձենք ձերբազատիլ մեր թերութիւններէն ու տկարութիւններէն, որպէսզի հայու անունը աշխարհի երէսին բարձր պահենք։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 19, 2019