ԻՆՉՈ՞Ւ ԿՈՒ ԼԱՅ ԿԻՆԸ
Աշխարհի զարդը կինն է, ինչպէս որ ծաղիկը պարտէզի մէջ:
Բազմիցս խորհած եմ, թէ ինչպէ՞ս սա փխրուն էակը կրնայ քաջաբար մարտնչիլ կեանքի զանազան դժուարութիւններու դէմ, որու մէկ բջիջը ես եմ: Ա՜խր ուրկէ՞ իմ մէջ այսքան ուժ ու համբերութիւն, սէր ու բարութիւն: Ինչպէ՞ս կրնանք մենք անսասան կենալ մրրիկներու ատեն... Աւելի՛ն, երկունքի ցաւեր քաշելէ վերջ կը թուի, թէ ուր որ է պիտի սպառիս, սակայն ընդհակառակը՝ մայրանալէ վերջ կնոջ ուժն ու եռանդը կը բազմապատկուի:
Այս եւ բազում այլ հարցերու պատասխանը վերջերս գտած եմ սա փոքրիկ պատմուածքի մէջ.
*
-Ինչո՞ւ կու լաս, մայրիկ,- կը հարցնէ փոքրիկ տղան մօրը:
-Որովհետեւ ես կին եմ,- կը պատասխանէ մայրը:
-Ես քեզ չեմ հասկնար,- կ՚ըսէ տղան:
Մայրը ուղղակի կը գրկէ զայն ու կ՚ըսէ.
-Դուն երբեք չես հասկնար, սակայն հոգ չէ...
Այնուհետեւ տղան կը հարցնէ իր հօրը.
-Ինչո՞ւ մայրիկը առանց պատճառի կու լայ:
-Բոլոր կանայք առանց պատճառի կու լան,- կ՚ըսէ հայրը:
Տղան կը մեծնայ: Ան շարունակ կը խորհի, թէ ինչո՞ւ կանայք կու լան եւ օր մըն ալ կը դիմէ Աստուծոյ՝ հարցնելով.
-Տէր Աստուած, ինչո՞ւ կանայք կու լան այդքան հեշտութեամբ:
Աստուած կը պատասխանէ.
Երբ ես ստեղծեցի կինը, որոշեցի, որ ան պէտք է ըլլայ իւրայատուկ: Ես անոր տուի բաւականաչափ ուժեղ ուսեր, որպէսզի ան կրէ աշխարհի բեռը, սակայն տուի նաեւ բաւականաչափ նուրբ թեւեր՝ սփոփանք, հանգստութիւն պարգեւելու համար:
Ես անոր տուի ներքին ուժ՝ դիմանալու երկունքի ցաւերուն ու մերժումներուն, հարուածներուն, որոնք ան բազում անգամ կրնայ ստանալ իր իսկ զաւակներէն:
Ես անոր տուի ամրութիւն՝ որպէսզի կարողանայ շարունակել մինչեւ իսկ հիւանդութեան կամ յոգնած պահին անտրտունջ հոգ տանելու իր ընտանիքին, ընկերներուն, բարեկամներուն, նոյնիսկ եթէ միւս բոլոր մարդիկ դադրին այդ ընելէ:
Ես անոր տուի զգայնութիւն՝ սիրել իւր զաւակները բոլոր հանգամանքներու մէջ, նոյնիսկ երբ զաւակը իրեն խիստ ցաւ մը պատճառէ:
Ես անոր տուի զօրութիւն, որ կը ստիպէ զայն աւելի լաւ զգալ մանկան թոթովանքը եւ ցրուել պատանիի մտահոգութիւններն ու վախերը:
Ես անոր տուի ուժ՝ հոգ տանելու ու խնամելու իր ամուսինը՝ չնայած վերջինիս սխալներուն ու թերութիւններուն, եւ կերտեցի զայն տղամարդու կողէն՝ պաշտպանելու համար տղամարդու սիրտը:
Ես անոր տուի իմաստութիւն՝ հասկնալու համար, որ լաւ ամուսինը երբեք չի վիրաւորեր իր կինը, սակայն երբեմն կը փորձէ անոր ուժը եւ իր կողքին աներեր կանգնելու անոր հաստատակամութիւնը:
Եւ այս բոլոր դժուարութիւններու դիմաց ես անոր տուի նաեւ արցունք՝ թափելու որեւէ պահի, երբ ունենայ անոր կարիքը: Այդ անոր միակ տկարութիւնն է... Երբ կը տեսնես կին մը, որ կու լայ, ըսէ անոր, թէ որքան շատ կը սիրես զինքը ու անոր բացատրէ, թէ ան ինչեր կ՚ընէ մարդկութեան համար… Եւ նոյնիսկ եթէ ան շարունակէ լալ, դուն անոր սիրտը ջերմացուցած կ՚ըլլաս:
Ան իւրայատուկ է...
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան