ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՄՕՏԵՑՈՒՄ. ՊՂԱՏՈՆԻ ՔԱՐԱՆՁԱՒԻ ԱՅԼԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հին յոյն փիլիսոփայ Պղատոնի «Հանրապետութիւն» ստեղծագործութեան մէջ տեղ գտած է քարանձաւի այլաբանութիւնը, որ կը ստիպէ մտածել «իրականութեան» մասին։

Նախ՝ ի՞նչ է քարանձաւի այլաբանութիւնը. Պղատոնի յառաջ քշած տեսութիւնն է, որու մասին նշուած է Հանրապետութիւն»ի 7-րդ գիրքին մէջ։ Պղատոնի տեսութեան համաձայն, մարդիկ (բացի մտածողներէ) քարանձաւի մը մէջ թեւերէն իրարու շղթայուած, կռնակը դէպի քարանձաւին դուռը, իսկ երեսը դէպի դատարկ պատ դարձած գերիներ են։ Մարդիկ պատի վրայ կը տեսնեն իրենց ետին գտնուող կրակի առջեւէն անցնող կերպարներու ցոլացումը, ստուերը, որոնց անուններ կու տան, կը զուարճանան եւ իրենց կեանքը այսպէս կը շարունակուի։ Մարդիկ՝ որպէս իրականութիւն ըմբռնած են այդ ստուերները։ Մինչդեռ փիլիսոփաներ, որքան ալ դժուար ըլլայ, կրնան ազատիլ այդ շղթաներէն եւ տեսնել կեանքի իսկական իմաստն ու ճշմարտութիւնը՝ համարձակօրէն դառնալով դէպի լոյս։ Սակայն նոյնքան դժուար կ՚ըլլայ քարանձաւ վերադառնալէ յետոյ այլ մարդոց պատմել իրենց տեսածները եւ համոզել զանոնք, քանի որ գերութիւնն ու խաւարը յարմարաւէտ են, իսկ ճշմարտութիւնը տեսնել եւ լոյսին նայիլ կը պահանջէ համարձակութիւն։ Մարդիկ առանց կասկածելու կ՚ընդունին իրենց առջեւ դրուածը, շղթաներով դիտել պատին ցոլացած ստուերները եւ սպառել միայն տրուածը:

Եթէ ​​տեսութիւնը ուսումնասիրենք՝ վերոյիշեալ այլաբանութեան մէջ կան հասարակութիւնը խորհրդանշող քարանձաւ, աւանդութիւնները, սովորութիւնները եւ բարոյական կանոնները խորհրդանշող շղթաներ, հասարակութեան անդամները՝ մարդիկ եւ ճշմարտութիւնը խորհրդանշող լոյս։ Մարդիկ իրենց դաստակէն շղթայուած են ընկերային կանոններով եւ երեսը թեքած՝ ճշմարտութեան։ Քարանձաւի պատին կ՚երեւին կենդանիներ կամ առարկաներու արտացոլացումները, որոնք կանգնած են իրականութիւնը խորհրդանշող լոյսի դիմաց։ Անոնք կը բաւարարուին տեսնել միայն պատի վրայի արտացոլացումները, քանի անոնք շղթայով կապուած են եւ իրենց շարժունակութիւնը շատ սահմանափակ է։ Իրենց աչքերը սովոր են խաւարին՝ անընդհատ մութ միջավայրի մէջ գտնուելու պատճառով եւ չեն կրնար տեսնել իրականութեան լոյսը։ 

Շղթայուած մարդոցմէ մէկը կ՚ազատի շղթաներէն եւ բնականաբար՝ քարանձաւէն, ի վերջոյ հասնելով իրականութեան լոյսին։ Վերոյիշեալ անձը կը դժուարանայ վարժուիլ լուսաւոր միջավայրին՝ անընդհատ մութին մէջ գտնուելու պատճառով։ Բայց յետոյ, ժամանակի ընթացքին, աստիճանաբար անոր աչքերը կը վարժուին լոյսին եւ կը ծանօթանայ պատին արտացոլած արարածներու, առարկաներու իսկական ձեւերուն։ Աւելի վերջ ան կը վերադառնայ քարանձաւ, որպէսզի պատմէ իր ականատես դարձած իրողութիւնները։ Ի հարկէ, անոր աչքերը այս անգամ չեն վարժուիր խաւարին։ Իրականութեան լոյսը տեսած մարդը այլեւս խաւարի հետ խնդիր չունի։ Հիմնական խնդիրն է պատմել իրականութիւնը եւ միւսները համոզել իր տեսածներուն մասին։ Շղթայուած անձերը, անշուշտ, կը գերադասեն չընդունիլ, քանի որ անոնք երբեք դուրս չեն եկած քարայրէն եւ իրենց աչքերը սովոր են խաւարին։ 

Պղատոն այս այլաբանութեամբ կը փորձէ ձեւով մը պատմել Սոքրաթեսի մասին, որ ճանչցուած էր այդ ժամանակի մտքի յանցագործ ը եւ դատապարտուած էր մահապատիժի։ Միւս կողմէ, կայ մետայլի այլ երեսակը, որ կ՚ապացուցանէ հասարակութիւն-անհատ յարաբերութիւններու թէժ իրողութիւնը։ 

Կը դատապարտուին, նոյնիսկ մահապատիժի կ՚ենթարկուին անոնք, որոնք դուրս կու գան քարայրէն եւ գերիներուն կը պատմեն լոյսը (Սոքրաթեսի նման)։ 

Այս մասին պէտք է մտածել րոպէներով, ժամերով, շաբաթներով ամիսներով եւ նոյնիսկ տարիներով:  Մարդիկ, որոնք կասկածի տակ չեն դներ իրենց տեսածները եւ կ՚ապրին կասկածելու, մտածելու վախով, միշտ կը դատապարտուին ապրիլ այդ շղթաներով։ Բայց ցաւօք, շատեր նոյնիսկ տեղեակ չեն հասարակութեան շղթաներէն։ Ամենացաւալին այն է, թէ իրականութեան լոյսէն շեղողներ եւ շղթաները կազմողներ նոյն անձերն են։ 

Իրենց կեանքի ամբողջ տեւողութեան յամառօրէն հարց տալէ հրաժարած, «ձիու ակնոց» դրած եւ միայն տրուածը սպառած մարդիկ են հասարակութեան շղթաները։ Անոնք, այլ խօսքով՝ հասարակութեան քաղցկեղն են։ 

Պղատոն չէ նշած այն բանը, թէ եթէ քաղցկեղը յառաջդիմէ, մարդիկ, որոնք կը գիտակցին իրականութեան լոյսին, ցաւօք ամէն օր, շղթաներով պիտի շարունակեն իրենց աչքերը բանալ։

Հոն ուր լոյս կայ, հո՛ն կայ կեանք, հո՛ն կայ կենդանութիւն…

Երբ լոյսը կեանք է եւ կեանքը՝ հաճելի, ապա մարդիկ ինչո՞ւ յաճախ կը նախընտրեն մութը. պատճառը միայն տգիտութիւնը չէ, այլ՝ իրենց չար գործերը աւելի ազատ կ՚իրագործեն խաւարին մէջ եւ աւելի ապահով կը զգան իրենք զիրենք մութին մէջ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2020