«ՇՈՒՇԻ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԵՐԹԸ
Կարելի է այսպէս վկայակոչել այս փառատօնը՝ «Յաղթանակի փառատօն»: Վերջերս մշակութային բարձր մակարդակով «Շուշի» պարախումբը ներկայացաւ այս մեծ ոստանի հայութեան, երբ Նիւ Ճըրզիի Ֆելիշըն գոլէճի «Ճոն Պրեսլին» հանդիսասրահը ապրեցաւ հայ ժամանակակից երգարուեստի եւ պարի անմոռանալի ամբողջական պահեր:
1992-էն սկսեալ Ս. Վարդան Մայր տաճարի «Շուշի» պարախումբը եւ անոր գեղարուեստական ղեկավարը՝ Սեդա Բասքալեան-Գանթարճեան անկտրում հաւատքով կը շարունակեն իրենց աշխատանքը մեծ թիւով պարմանուհիներու եւ երիտասարդներու շրջանակին մէջ սիրցնելով հայ պարը: 1995-ին Շուշիի ազատագրումով պարախումբը կ՚որդեգրէ իր անունը հոգեւին կապելով անդամները մեր ազատագրական պայքարին ու հայոց Արցախին:
Քսաներեք տարիներ ետք, ահա՛ ան կը շարունակէ կանգուն մնալ իր հարիւրտասն անդամներով, մեծաւ մասամբ պարուհիներէ բաղկացած: Պարախումբին աշխատանքներուն ետին կայ մեծ թիւով անդամներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որ թիկունք կը կանգնի Սեդային:
«Յիշէ՛ 1915-ը» այս տարուան յայտագրին հրաւիրուած էին Հայաստանէն թէ Մեծագոյն Նիւ Եորքի մեր շրջանէն, տաղանդաւոր արուեստագէտներ, որոնք եկան աւելցնել, արդէն իսկ հրամցուած որակաւոր յայտագրին փայլքը, զայն վերածելով իսկական փառատօնի մը: Այսպէս՝ օրուան հիւրը՝ Արա Գէորգեան, որ անցեալին ալ մասնակցած էր «Շուշի»ի ելոյթին, երաժշտութեան ղեկավար՝ Անդրանիկ Մուրատեան, մենակատարողներ՝ Անտրէ, Լէյլա Սարիբէկեան, Սալբի Մայլեան, Արմէն Յովհաննիսեան, Յասմիկ Մէյխանէճեան, Սոլանժ Մերտինեան, Անահիտ Զաքարեան եւ մենապարող՝ Արսէն Սարգսեան։ Բոլորն ալ եկան հմայել 1300-է աւելի ներկաները:
«Շուշի»ն իր հիմնադրութենէն ի վեր տուած է հիւրախաղեր զանազան հայկական գաղութներէն ներս։ Թուելով մի քանին անոնցմէ, բացի Միացեալ Նահանգներու հայաշատ համայնքներէն, Հարաւային Ամերիկա՝ Պուէնոս Այրէս եւ Մոնթեվեկիօ, Միջին Արեւելք՝ Ամման, Դամասկոս, Հալէպ ու Պէյրութ եւ դեռ Մոսկուա, Արցախ եւ անշուշտ՝ Հայաստան: Ու այս բոլոր հիւրախաղերով ծանօթացուցած է աւանդական պարը եւ ազգային մշակոյթը սփիւռքահայուն: Անշուշտ դիւրին աշխատանք չէ նախաձեռնել նման շրջապտոյտներ հարիւրէ աւելի մասնակիցներով, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, տանիլ հեռաւոր հորիզոններ, կտրել ովկանոսներ եւ բարձրանալ բեմ: Ահա՛, հոս ալ կը կայանայ Սեդային կազմակերպական արժանիքը՝ կողքին իր արուեստագէտի ունեցած բնատուր տաղանդին: Պարախումբը արժանի դարձաւ 2013-ին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Միջազգային պարային խորհուրդի «Առաջատար պարախումբ» ճանաչման, նկատելով անոր կատարողական արուեստն ու որակը: Եւ այս արդէն միջազգային ցուցանիշ մը որպէս կու տայ նոր հանգամանք մը պարախումբին, բաղդատած այլապէս մեզի սիրելի մեր միւս պարախումբերուն ընտանիքէն ներս:
Ելոյթներէն անդին, կարեւոր էր որ Սեդան ու «Շուշի»ի անդամուհիները արժանանային պատուի: Ու Նոյեմբեր 7, 2015, Շաբաթ օր երեկոյեան, Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատուասիրութիւն մը, մասնակցութեամբ պարախումբի անդամներուն, ծնողներուն, բարերարներուն, եւ մանաւա՛նդ Սեդայի գաղափարակից ընկերներուն:
Արժանի գնահատանքի արտայայտութիւններ տեղի ունեցան. Քերըն Նարկիզեան-Թուֆայեան կատարեց բացումը եւ հրաւիրեց Նիւ Ճըրզիի Հայկական ռատիօժամի վարիչ Վարդան Ապտօն, որ մի՛շտ եղած է քաջալերողը պարախումբի տարածուն գործունէութեան: Սրտի խօսքերով հանդէս եկան Լորիկ Սեդրակեան, Ալեքս Նակիզեան, հայրենի տաղանդաւոր երգահան Արա Գէորգեան: Հեռարձակուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարին խօսքը, ուր գնահատանքի արտայայտութիւնով ան կը խրախուսէ պարախումբը շարունակելու իր առաքելութիւնը:
Հուսկ կը հրաւիրուի Սեդա Գանթարճեան տալու իր խօսքը: Ան մեծապէս շնորհակալ կ՚ըլլայ յանձնախումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ՝ բարերարներուն, որոնք կարելի դարձուցին յաջողութեամբ պսակելու այս համերգը: Մասնաւոր շնորհակալութիւն կը յայտնէ ամուսնոյն՝ Զարեհին, որ ամենայն համբերատարութեամբ կը թոյլատրէ իր ընտանեկան ժամանակէն լայնօրէն յատկացնելու պարախումբի փորձերուն ու հիւրախաղերուն: Շնորհակալութիւն կը յայտնէ Արփի Արսլանեանին, որ իր տրամադրութեան տակ եղող պահեստարանները տրամադրած է պարախումբին տարազներու որպէս շտեմարան: Ու դեռ ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ յայտագրին մասնակից բոլոր հիւր արուեստագէտներուն:
Երեկոյթին հոէն էր անշուշտ Սեդայի եղբայրը՝ Սարգիս Բասքալեան, որ յիսնամեակ մը առաջ եղաւ հիմնադիրը հայ պարարուեստի տարածման երբ հիմնեց ՀԲԸՄ-ի «Անդրանիկ» պարախումբը՝ անդարնիկը հայկական պարախումբերուն: Ան երջանիկ էր, որ իր աշխատանքը ունեցած էր բեղուն արդիւնք բեմ հանելով, հայկական տարազներով, հարիւրէ աւելի պարմաններ ու երիտասարդներ: Ու աւելի երջանիկ էր ան Սեդայի թոռնիկով, չորսամեայ Ռոմընով, երբ կը բերէր իր մասնակցութիւնը այս համոյթին՝ հաւատարիմ ընտանեկան աւանդութեանց:
Անշուշտ երջանիկ էի ես եւս, որովհետեւ, այդ սրահին մէջ եղող ներկաներէն՝ Սարգիսէն ետք, ամենահին ծանօթն էի եղած Սեդային: Կը բնակէինք Պէյրութի նոյն թաղամասը՝ Պապ Իտրիս, ու Սեդան եւ քոյրը՝ Սօսին եւ մենք՝ եղբայրս՝ Զարեհն ու ես, քալելով կը յաճախէինք ՀԲԸՄ-ի «Երուանդ Տէմիրճեան» նորաբաց վարժարանը: Ու մնացինք ընտանեկան բարեկամներ ու գործակիցներ:
Այսպիսի հի՜ն բարեկամութիւն մը մեզ բերաւ Ատլանտեանի այս ափերուն: Սեդան մնաց հաւատարիմ իր արուեստին եւ կուսակցական ուխտին:
Կը շնորհաւորեմ զինք:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024