ԳԱԳԱԹՆԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Լոնտոնի Ս. Մարթին եկեղեցւոյ Սենեկային նուագախումբն ու աշխարհահռչակ ջութակահար, նուագախումբի ղեկավար Ճոշուա Պել անցեալ շաբաթավերջին անմոռանալի համերգով մը հանդէս եկան Երեւանի մէջ։ Օփերայի համալիրէն ներս, «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որ արժանացաւ երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Խումբը, որ առաջին անգամ հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ, խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, «Երեւանեան հեռանկարներ» միջազգային երաժշտական փառատօնին շրջագծով կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը։ Փառատօնի գեղարուեստական ղեկավարը՝ Ստեփան Ռոստոմեան յայտնեց, որ ութ տարիէ ի վեր բանակցութիւններ կը վարէին նման մենակատար մը հրաւիրելու համար եւ իրենց տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ փառատօնի հիմնադրութեան 15-ամեակի յոբելենական տարուան զուգադիպիլը անոր այցելութեան։ Ռոստոմեան մատնանշեց, թէ սա փառատօնի գագաթնակէտային համերգներէն մին էր՝ աւելի քան երբեք կազմակերպուած։ Արդարեւ, իրենք նոյնաժամանակ երկու մեծութիւններ ներկայացուցին հանդիսատեսին՝ թէ՛ մենակատարը եւ թէ նուագախումբը։
Ճոշուա Պել, որ աշխարհի գրեթէ բոլոր հնարաւոր մրցանակները նուաճած է, յայտնեց՝ թէ տարիներէ ի վեր կ՚երազէր Հայաստանի մէջ նուագել։ Ամերիկացի ջութակահարը ըսաւ, թէ իր մասնագիտական փորձառութիւնը յղկուած է նաեւ ամերիկահայ հեղինակաւոր երկու ջութակահարներու՝ Իվան Գալամեանի եւ Վարուժան Կոճոյեանի շնորհիւ։
Լոնտոնի Ս. Մարթին եկեղեցւոյ Սենեկային նուագախումբը հիմնուած է 1958 թուականին։ Ճոշուա Պել այս նուագախումբը կը ղեկավարէ արդէն չորս տարիէ ի վեր։ Այս ժամանակաշրջանին միայն «Սոնի» ընկերութեան հետ աւելի քան քառասուն ձայնասկաւառակ թողարկուած է։
Ճոշուա Պել Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, թէ բացի տաղանդէն, օժանդակութենէն երաժիշտի մը որոշ յաջողութիւններու հասնելուն համար անհրաժեշտ է ոչ միայն անընդմէջ աշխատանք, այլ նաեւ փոքր հասակէ ուղղորդուածութիւն։ «Ես բախտաւոր էի, մեր ընտանիքին մօտ կը տիրէր երաժշտական մթնոլորտ։ Զանազան մասնագիտութեան տէր մարդիկ են, բայց շատ երաժշտասէր եւ փոքր տարիքէն մեր բոլորը ստիպեցին այս կամ այն նուագարանը նուագել. բան մը, որուն համար այնքան երախտապարտ եմ ծնողներուս», ըսաւ Պել։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024