Սփիւռ­քա­հայ Գրող­նե­րը Ի Պա­տուի

Նա­խորդ շա­բաթ ներ­կայ ե­ղանք եր­կու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց ըն­թաց­քին պատ­ւուե­ցան սփիւռ­քա­հայ եր­կու գրող­ներ, ար­ձա­կա­գիր` Մով­սէս Պչաք­ճեա­նը եւ բա­նաս­տեղծ Զահ­րա­տը:

Նո­յեմ­բեր 3-ի կէ­սօ­րին Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը գրող Մով­սէս Պչաք­ճեա­նը պա­տուեց շքան­շա­նով մը: Մօտ քա­ռա­սուն հո­գի հա­ւա­քուած էին Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան սե­նեակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ, ձուա­ձեւ սե­ղա­նի մը շուրջ: Մուտք գոր­ծեց նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նը եւ  գրա­ւեց իր դիր­քը սե­ղա­նին գլու­խը: Ան խօ­սե­ցաւ Մով­սէ­սի ու­սուց­չա­կան, ե­կե­ղե­ցա­սի­րա­կան եւ գրա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին, դրուա­տեց զայն եւ ա­պա ա­նոր յանձ­նեց Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեա­նի ա­նուան նա­խա­րա­րու­թեան մե­տայ­լը: Այս առ­թիւ խօսք ա­ռին` Մե­րու­ժան Տէր-Գու­լա­նեա­նը, Սու­րէն Դա­նիէ­լեա­նը, Թո­րոս Թո­րա­նեա­նը, Մար­գար Շա­րապ­խա­նեա­նը, Գրի­գոր Ջա­նի­կեա­նը, Վա­հագն Սարգ­սեա­նը եւ նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Սերժ Սրա­պիո­նեա­նը: Բո­լորն ալ շնոր­հա­ւո­րե­ցին Մով­սէ­սը եւ անդ­րա­դար­ձան ա­նոր վաս­տա­կին եւ  խրա­խու­սե­ցին զայն, որ շա­րու­նա­կէ գրել: Ա­ւար­տին խօսք ա­ռաւ Մով­սէ­սը, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նա­խա­րա­րին եւ խոս­տո­վա­նե­ցաւ, որ ո­րոշ ժա­մա­նա­կէ ի վեր դադ­րած էր գրե­լէ ա­ռող­ջա­կան պատ­ճառ­նե­րով, սա­կայն հի­մա ա­ւե­լի լաւ կը զգայ եւ պատ­րաստ է կրկին ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու:

Կը զար­մա­նամ, որ ոչ ոք կ՚անդ­րա­դառ­նայ Մով­սէ­սի իւ­րա­յա­տուկ լե­զուին եւ ար­տա­յայտ­չա­կան ո­ճին, որ ըստ իս, իր ա­մե­նէն յատ­կան­շա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւնն է…

Հա­ւա­քէն ետք մտանք նա­խա­րա­րին աշ­խա­տա­սե­նեա­կը, որ փոքր թան­գա­րա­նի մը տպա­ւո­րու­թիւ­նը կը ձգէ: Սփիւռ­քի տա­րած­քին իր շրջա­գա­յու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին նա­խա­րա­րին ստա­ցած յու­շա­նուէր­նե­րը դա­սա­ւո­րուած են պա­տե­րուն վրայ, սե­ղա­նիկ­նե­րու վրայ եւ նոյ­նիսկ պա­տե­րուն տակ: Այս յու­շա­նուէր­նե­րու աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը այն­քան այ­լա­զան է, որ ինք­նա­բե­րա­բար կը տխրինք: Աշ­խար­հի զա­նա­զան ան­կիւն­նե­րը ծուա­րած հա­յե­րը, այս­պէս թէ այն­պէս, տա­կա­ւին կը կառ­չին ի­րենց ինք­նու­թեան…

Նո­յեմ­բե­րի 5-ին Գրող­նե­րու միու­թեան տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պոլ­սա­հայ յայտ­նի բա­նաս­տեղծ Զահ­րա­տի ծննդեան 90-ա­մեա­կին նուի­րուած ձեռ­նարկ մը, մէկ տա­րի ու­շա­ցու­մով: Բա­նաս­տեղ­ծի կնոջ՝ Ա­նա­յի­սի ներ­կա­յու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար ե­ղած է այս ու­շա­ցու­մը: Յո­բե­լեա­նը կազ­մա­կեր­պուած էր Գրող­նե­րու միու­թեան եւ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ:

Ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ Գրող­նե­րու միու­թեան տան մեծ սրա­հին մէջ: Բե­մին խոր­քը փակ­ցուած Զահ­րա­տի նկա­րը մտա­ծել կու տայ ին­ծի, որ իս­կա­պէս վա­յե­լուչ եւ գե­ղա­դէմ ե­ղած է ան:

Ձեռ­նար­կը  տե­ւեց եր­կու­քու­կէս ժամ: Ո­մանք չսպա­սե­ցին ա­նոր ա­ւար­տին` սրա­հը լքե­լու հա­մար: Ափ­սո­սա­ցինք, որ մեր ժա­մա­նա­կա­կից բա­նաս­տեղծ­նե­րը, գրաքն­նա­դատ­ներն ու մտա­ւո­րա­կան­նե­րը ներ­կայ չէին: Սրա­հը մեծ մա­սամբ լե­ցուած էր ե­րի­տա­սարդ­նե­րով, հա­ւա­նա­բար` բա­նա­սի­րա­կա­նի ու­սա­նող­ներ: Զահ­րա­տը լայն ճա­նա­չում ու­նի հոս եւ լաւ համ­բաւ կը վա­յե­լէ: Ար­դեօք Գրող­նե­րու միու­թե­նէն օ­տա­րա­ցու­մով կա­րե­լի՞ է բա­ցատ­րել այս բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը: Միայն Պո­լի­սէն յա­տուկ այս ա­ռի­թով ե­կած յայտ­նի աս­մուն­քող Սիլ­վա Կո­մի­կեա­նի՝ Զահ­րա­տի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րուն մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը լսե­լու հա­մար իսկ կ՚ար­ժէր ներ­կայ ըլ­լալ: Ան թա­փան­ցած է բա­նաս­տեղ­ծի գոր­ծին էու­թեան եւ պարզ ու հա­ղոր­դա­կան ո­ճով  կեն­դա­նա­ցուց Զահ­րա­տի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը: Հան­դի­սա­վա­րը եւ գլխա­ւոր բա­նա­խօ­սը Գրող­նե­րու միու­թեան քար­տու­ղար Պետ­րոս Տե­միր­ճեանն էր, որ ար­ժե­ւո­րեց բա­նաս­տեղ­ծին վաս­տա­կը եւ անդ­րա­դար­ձաւ ա­նոր իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն: Խօսք ա­ռին` Գրող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Ե­դուարդ Մի­լի­տո­նեա­նը, Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Սերժ Սրա­պիո­նեա­նը, ե­րաժշ­տա­հան Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նը, գրող, թարգ­մա­նիչ Ա­րեւ­շատ Ա­ւա­գեա­նը, հա­լէ­պա­հայ գրող Թո­րոս Թո­րա­նեա­նը եւ գրա­կա­նա­գէտ Սու­րէն Դա­նիէ­լեա­նը:

Իր սրտի խօս­քը ը­սաւ նաեւ գրո­ղին կի­նը` Ա­նա­յիս Եալ­տըզ­ճեա­նը, որ Պո­լի­սէն Ե­րե­ւան ժա­մա­նած էր այս ա­ռի­թով: Ա­մէն ան­գամ որ կը հան­դի­պիմ մա­հա­ցած գրո­ղի մը այ­րիին, որ իր կեան­քի նպա­տա­կա­կէ­տը դար­ձու­ցած է իր հան­գու­ցեալ ա­մուս­նոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը միշտ կեն­դա­նի պա­հե­լը, կը յու­զուիմ: Նման ե­րե­ւոյթ­ներ շատ են մեր ժա­մա­նա­կա­կից ի­րա­կա­նու­թեան մէջ:

Մաս­նա­գէտ չեմ, բայց ին­ծի կը թուի, որ Զահ­րատ այն քի­չե­րէն է եւ թե­րեւս միա­կը, որ յա­ջո­ղե­ցաւ բա­նաս­տեղ­ծա­կան նոր շար­ժում­նե­րը ան­ցը­նել իր հո­գիի եւ հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թեանց ու լե­զուի բո­վէն եւ ստեղ­ծեց ու­րոյն վաս­տակ եւ աշ­խարհ: Հե­տե­ւա­բար ան հե­տե­ւորդ չէ, այլ ա­ռաջ­նորդ` իր ընտ­րած ձե­ւին եւ բո­վան­դա­կու­թեան մէջ:  Այս ա­ռի­թով կրկին կը հա­ղոր­դուինք իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րուն եւ իր խո­րունկ միտք բա­նիին հետ: Հա­մա­ցան­ցին վրայ կը գտնենք աս­մուն­քող­նե­րու ամ­բողջ հոյլ մը, որ փոր­ձած է մեկ­նա­բա­նել Զահ­րա­տը:

Է­ԼԻԶ ՇԱ­ՐԱՊ­ԽԱ­ՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015