ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՕՏԻՆԵՐՈՒ ՈՒԺՆ ՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏԻ ՄԷՋ
Մեր ինքնութեան վկայութիւնները ամփոփող վայր մըն է Հայոց Ազգագրութեան թանգարանը, որ ժողովուրդը կը կոչէ Սարտարապատի թանգարան: Սարտարապատի յուշահամալիրի անբաժան մաս կազմող այս թանգարանին մէջ հայկական ազգագրութիւնն ու ազատագրական պայքարը խորհրդանշող ամենանուիրական իրերն են, որ դարերով հաւաքուած եւ իբրեւ բացառիկ արժէքներ ներկայացուցած են ցուցադրութեան:
Ամրոցի կը նմանի այս թանգարանը, որ անմահ ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեան ճիշդ այդպէս ալ նախագծած է այս շէնքը՝ առանց լուսամուտներու, եւ միայն շէնքի հարաւային կողմէն երկու լուսամուտ կը նային մէկը Արագածին, միւսը՝ Արարատին: Այս մէկը եւս խորհրդանշական է…
Թանգարանի՝ 70 հազար կտորէ կազմուած հաւաքածոները անգին ազգային հարստութիւն են, որ թանգարանը ամէն առիթով կը բանայ այցելուներուն առջեւ: Հետաքրքական են մանաւանդ թեմաթիք ցուցահանդէսները: Վերջին ցուցադրութիւնը նուիրուած է հայկական գօտիներուն եւ կը կրէ «Հայկական գօտիներու ուժն ու խորհուրդը» խորագիրը:
Գօտին եղած է հայկական ժողովրդական տարազի անբաժանելի մասը եւ անպայման իր խորհուրդը ունեցած է՝ կախուած տեսակէն, կրողի տարիքէն, ընկերային դիրքէն եւ այլ հանգամանքներէ: Գօտիները ոչ միայն զարդարած են հայկական լեռնաշխարհի հնաբնակ մարդու հագուստը, այլեւ տեղեկութիւններ ամփոփած են իրենց զարդանախշերուն մէջ, եւ այսօր այդ հնադարեան գօտիներուն նայելով՝ մենք պատկերացում կը կազմենք զանազան դարաշրջաններու բնակած մարդոց հոգեւոր ընկալումներու եւ ապրումներու մասին:
Գօտիները մաս կը կազմեն Ազգագրութեան թանգարանի ոսկեայ եւ արծաթեայ իրերու հաւաքածոներուն:
Անոնց մէջ ուշագրաւ են մանաւանդ 19-րդ դարուն պատկանող եւ 20-րդ դարու սկզբին ստեղծուած արծաթեայ եւ ոսկեզօծ մօտաւորապէս 750 գօտիներ, գօտիներու 220 մասեր, 280 ճարմանդներն ու գօտիներու զարդատախտակները՝ պատրաստուած Հայաստանի եւ Կովկասի յայտնի հայ վարպետներու ձեռամբ: Հայոց Ազգագրութեան թանգարանի հաւաքածոյի մէջ ներառուած են նաեւ հայ վարպետներու պատրաստած գօտիներու քանի մը նմոյշներ, որոնք 18-րդ դարուն կը պատկանին։ Թանգարանի մասնագէտները այս ցուցադրութեան առթիւ կը յիշեցնեն, որ հայոց մէջ մետաղի գեղարուեստական մշակումը լայն տարածում եւ զարգացում ապրած է նոյն այդ ժամանակաշրջանին՝ 18-19-րդ դարերուն եւ ատոր արդիւնքին ալ արծաթեայ գօտիները կը գործածուէին Հայաստանի բոլոր գաւառներու մէջ։
Հայկական աւանդական զարդերու մէջ գօտիները ամենամեծ տեղը կը գրաւեն. անոնք ոչ միայն տաբատը կը պահէին, զգեստը կը սեղմէին, այլեւ կը գեղեցկացնէին կրողը, ինչպէս նաեւ՝ գօտիները հին ժամանակ ունեցած են չարխափան նշանակութիւն: Կրելով գօտին, մարդը հաւատացած է, որ հեռու է չար աչքէ եւ գօտի դնելով՝ ապահով ու երջանիկ կեանքի տիրացած է: Այդ իմաստները հայ վարպետները պատկերած են մանաւանդ գօտիներու ճարմանդներու վրայ. օձագլուխ, աղաւնաձեւ, գլանաձեւ, գորտաձեւ, նշաձեւ, կլոր, գմբէթաձեւ եւ այլ կերպերով շինուած ճարմանդներուն ամէն մէկը մէկ նշանակութիւն ունեցած է: Կիները կրած են նշաձեւ, աղաւնաձեւ ճարմանդներով, ուրիշ թռչուններու եւ կենդանիներու գլուխներով գօտիներ, որոնք չարխափան նշանակութիւն ունենալէ զատ նաեւ պտղաբերութեան խորհրդանիշ եղած են: Տարածուն եղած են մանաւանդ գորտաձեւ ճարմանդները: Հայոց մէջ գորտի պաշտամունքը կապուած է Նար աստուածուհիի հետ, յետոյ վերագրուած է սիրոյ աստուածուհի Աստղիկին եւ պտղաբերութեան, մայրութեան դիցուհի Անահիտին: Ազգագրական եւ հնագիտական նիւթերը կը հաւաստեն, որ գորտը կապուած էր ջրային տարերքի հետ եւ հաւատալիքներու մէջ խորհրդանշած է արգասաւորութիւն: Գորտաճարմանդ գօտիները ծառայած են նաեւ իբրեւ հմայիլ, յղի կիներ շատ սիրած են կապել զանոնք:
Երեխաները ծնելէն յետոյ ալ կախած են նորածիններու գլխավերեւը՝ կրկին հաւատալով, որ մանուկները կը պաշտպանեն չար աչքէ:
Ցուցադրուած գօտիներու մէջ շատ են նաեւ Նախքան Քրիստոս դարերուն պատկանող գօտիները, որոնք գտնուած են հնավայրերու պեղումներէն:
Անոնք ի յայտ եկած են Լճաշէն, Մեծամօր, Շիրակաւան, Նոյեմբերեան, Շամիրամ, Բջնի եւ այլ վայրերու հնագիտական պեղումներու արդիւնքին եւ կը փաստեն, որ տակաւին Նախքան Քրիստոս Հայկական բարձրավանդակին մէջ բնակած մարդը տիրապետած է մետաղի գեղարուեստական մշակման քանի մը եղանակի՝ դրուագման, ձուլման, փորագրման, հիւսման, ընդելուզման եւ այլ կերպերով: Այդ ժամանակուայ վարպետները պատրաստած են ինչպէս կաշիէ եւ պրոնզեայ գօտիներ, այնպէս ալ կարողացած են հմտօրէն մշակել արծաթն ու ոսկին եւ ատոնցով շինել գեղեցիկ զարդեր։
Գօտիներու որոշ տեսակներ եղած են իշխանութեան խորհրդանիշ, իսկ չափերու ու պատկերազարդումներու ճոխութեամբ պայմանաւորուած որոշուած է նաեւ կրողի հարստութեան, կարողութեան չափը եւ անոր ընկերային կարգավիճակը: Գօտին կապած են գօտկատեղը եւ պորտի վրայ ամրացուցած, իսկ պորտը հնագոյն հաւատալիքներու մէջ եղած է մարմնի կեդրոնը, սերունդի հիմքը, մարդու ձեւաւորման սկիզբը:
Գօտին պահպանուած է նաեւ միջնադարեան Հայաստանի թէ՛ արքայական հանդերձանքի եւ թէ տարազի այլ համալիրներու մէջ։ Արքայական կամարը ճոխ էր, ակներով զարդարուն եւ մարգարտազարդ։ Նման ճոխ գօտիներ կրած են նաեւ թագուհիները։ Յայտնի է, որ Բագրատունի արքաները այլ զարդնշաններու հետ կրած են գօտի՝ կամար: Կիլիկեան արքաները եւս կրած են «ականազարդ կամարներ», իսկ Լեւոն Դ. թագաւորի գօտին «առաջակողմէն մագոգաձեւ եւ ծաղկանման դրուագով էր»։
Միջնադարին զարդարանքի որոշ տեսակներ դուրս մղուած են գործածութենէն, իսկ 19-րդ դարուն տղամարդու երբեմնի հարուստ զարդարանքէն՝ ուլունքաշարէն, գլխազարդէն, ճակատակալէն, ապարանջանէն, բազպանէն, մատանիներէն, գօտիէն. աւանդական կենցաղի մէջ մնացած են միայն մատանին ու գօտին։
Տղամարդու արծաթեայ գօտին մեծ ճարմանդ ունեցած է եւ ընկալուած է որպէս տղամարդկութեան, առնականութեան եւ ուժի խորհրդանիշ, իսկ ոսկեայ գօտին՝ ունեւորութեան եւ ընկերային բարձր շերտի պատկանելութեան ցուցիչ:
18-19-րդ դարերուն հայ տղամարդիկ արծաթեայ գօտին առաջին անգամ կապած են իրենց պսակի օրը եւ զայն նուէր ստացած են հարսնացուէն կամ իրենց ծնողքէն:
Գօտին գրականութեան մէջ գործածուած է նաեւ «կամար» անունով, իսկ գաւառներու մէջ զանազան անուններ ունեցած է: Մոկսի, Շատախի եւ այլ վայրերու մէջ գօտին կոչած են «մեջաց շալ», Սասունի, Մուշի, Տարօնի, Հարքի եւ այլ շրջաններու մէջ ըսած են «մեղրի թել», իսկ Կարինի, Կարսի, Բագրեւանդի, Շիրակի, Ջաւախքի մէջ զայն կոչած են «գոգնոցի կապ»: Տարածուն է նաեւ «քեամար» անունը:
Հետաքրքրական ստուգաբանութիւն եւ բացատրութիւններ ունին նաեւ հայկական այն ասոյթները եւ բառակապակցութիւնները, որոնց մէջ եւս օգտագործուած է գօտին կամ քեամարը:
Հայոց մէջ հասունցած, ամուսնանալու իրաւունք ունեցող տղան անուանած են «գօտիացու»: «Գօտին լայն կապել» նշանակած է բարեկեցիկ կեանք վարել, «գօտին հաստցնել»՝ հարստանալ եւ հակառակը՝ «չուան գօտի ըլլալ»՝ աղքատանալ։ «Գօտեւորել», «գօտեպնդուիլ» արտայայտութիւնները կը նշանակեն կազմ ու պատրաստ ըլլալ, իսկ «գօտիէն կախ իյնալ»՝ հզօր անձին խնդրանքով դիմել։
Տղամարդու գօտին արձակելը նշանակած է իշխանազրկում եւ շնորհազրկում, քանի որ գօտին անոր իշխանութեան եւ կարգավիճակի խորհրդանիշն էր:
Ազգագրութեան թանգարանի ցուցադրութեան զուգահեռ նաեւ այսպիսի հետաքրքրական պատմութիւններ կը ներկայացնեն այցելուին:
Նկատելի է, որ ցուցադրութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն թանկարժէք մետաղներով եւ քարերով պատրաստուած գօտիները, իսկ ամենահին գօտին պրոզեայ պեղածոյ գօտին է, որ մեր ժամանակներ հասած է Նախքան Քրիստոս 19-րդ դարէն: Մասնագէտներ անկրկնելի կը նկատեն Վան-Վասպուրականի գօտիները, որոնք բարդ նախշերով զարդարուած են, նոյնիսկ պատմական կոթողներու գծագրութիւն կայ անոնց վրայ: Ցուցադրուած են նաեւ Սիւնիքի, Արցախի վարպետներու գործեր, որոնք ժամանակին նոյնպէս շատ յարգի եղած են:
Ազնուազարմ տիկնայք սովորաբար պճնուած են այնպիսի թանկարժէք կամարներով, որոնց պերճութիւնն ու գեղեցկութիւնը գովերգած են նոյնիսկ բանաստեղծները:
Ինչպէս հայկական տարազն է բազմաբնոյթ եւ ամէն մէկ նահանգէ կախուած՝ շատ տարբեր եղած է, այնպէս ալ անոնց վրայ կապուած գօտիները բազմազան են:
Տարազը նոյնպէս իր խորհրդանիշները ունեցած է. ընդհանրապէս, մասնագէտներ հաստատած են, որ հայկական տարազի մէջ կը գերակշռեն Երկրի չորս տարրերու՝ հողի, ջուրի, օդի եւ կրակի գոյները, որոնք 14-րդ դարու հայ փիլիսոփայ Գրիգոր Տաթեւացիի վկայութեամբ, կ՚արտայայտեն հողին սեւութիւնը, ջուրին ճերմակութիւնը, օդին կարմիրը եւ կրակին դեղինը: Տարազի մաս կազմող ծիրանին խորհրդանշած է խոհեմութիւն եւ ողջախոհութիւն, կարմիրը՝ արիութիւն եւ մարտիրոսութիւն, կապոյտը՝ երկնաւոր արդարութիւն, սպիտակը՝ մաքրութիւն:
Ուրախալի է, որ այսօր վերադարձ կայ ազգային ակունքներուն եւ տարազն ալ, իբրեւ ազգայինի մէկ մաս, կը վերադառնայ մեր կեանք:
Շատցած են ժամանակակից ձեւարարները եւ նորաձեւութեան տուները, որոնք իրենց նորաոճ հագուստներուն մէջ հայկական տարազի մասեր կը ներառեն: Եւ գօտին, իբրեւ տարազի անբաժան իր, ներկայ է ժամանակակից հայկական նորաձեւութեան մէջ:
Թերեւս չկայ հայ, որ չերազէ գոնէ մէկ օրով կրել իր պապենական տարազը: Ազգային տարազ կրելու առաջին իսկ պահէն կը փոխուին մարդուն զգացողութիւնները, ան մտովի կը տեղափոխուի 18-19-րդ դարերու հայաշխարհ, ուր բոլորովին ուրիշ կեանք ու բարքեր եղած են: Գօտիներուն նուիրուած այս ցուցադրութիւնը նոյնպէս մեզ կը տանի անցեալ, ուր հայ մարդը ապրած է ազգային աւանդոյթներով: Ցուցահանդէսը կը գործէ մինչեւ 2024 թուականի գարունը:
ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ
Անդին մշտական ցուցադրութեան դրուած է թանգարանի՝ աւելի քան 70 հազար առարկաներէ կազմուած հնագիտական հաւաքածոն։ Ցուցադրուած առարկաներէն յիշարժան են ուշ պրոնզի եւ վաղ երկաթի դարաշրջանի պրոնզէ արձանիկները, Ն.Ք. Գ. հազարամեակի Հայկական լեռնաշխարհի բնակիչ ցեղապետի կիսանդրին, կաւէ կրակարանը, զէնքի տեսակները եւ այլն։
Պրոնզէ դարու շերեփը կը կազմէ թանգարանի հնագիտական հաւաքածոյի զարդը։ Յայտնաբերուած է 1977 թուականին՝ Լոռի Բերդ գիւղի ուշ պրոնզէ դարու դամբարանէն եւ ըստ երեւոյթին օգտագործուած է ծիսական արարողութիւններու ժամանակ նոյն դամբարանին մէջ թաղուած քուրմի կողմէն։
Եղջերուներու արձանախումբը արձանադրօշ է՝ յայտնաբերուած 1975 թուականին՝ Լոռի Բերդի դամբարանադաշտին մէջ։ Այն ձուլածոյ է, թեմաթիք եւ ոճական առանձնայատկութիւններով կը համապատասխանէ Հայաստանի ուշ պրոնզէ դարու արուեստին, պատրաստուած է տեղական վարպետ-արուեստագէտի ձեռքով։ Արձանի դրօշակը ունի պաշտամունքային նշանակութիւն, օգտագործուած է ծիսական արարողութիւններու ժամանակ։
Թանգարանի ազգագրական հաւաքածոյի կազմը կ՚ընդգրկէ հայ ազգային հանրութեան արեւմտահայ եւ արեւելահայ համալիրներու, տարբեր պատմական ժամանակաշրջաններուն վերաբերող մշակութային արժէքներ։
Գործուածքի հաւաքածոն ամենախոշորն է թանգարանի միւս հաւաքածոներու համեմատութեամբ. գորգի, ասեղնագործութեան եւ ժանեակի, տարազի վերաբերող թանգարանային առարկաներու ընդհանուր քանակը կը գերազանցէ 8 հազարը։ Անոնցմէ յատկապէս դիտարժան է գորգերու հաւաքածոն, որու հնագոյն նմոյշը 17-րդ դարէն է։ Տարազի հաւաքածոն՝ աւելի քան 1600 կտորէ կազմուած, կը ներառէ 19-20-րդ դարերը:
Ժանեակներու եւ ասեղնագործ անձեռոցներու, սփռոցներու հաւաքածոն՝ աւելի քան 2500 միաւոր, նոյնպէս կը ներկայացնէ պատմական Հայաստանի գեղարուեստական գործուածքի ինքնատիպութիւնը։ Ի թիւս այլ գործուածքի նմոյշներու, ուրոյն տեղ ունի նաեւ գորգանկարներու հաւաքածոն, թիւով 150 հատ գորգագործութեամբ ստեղծուած նկար կայ:
Թանգարանի մէջ մետաղեայ իրերու հաւաքածոյի մաս կը կազմէ ոսկիով ու արծաթով պատուած, փորագրուած դաշոյններու հաւաքածոն, որ մեծ մասամբ հայ վարպետներու ձեռքի գործն է։
Աւելի քան հազար առարկայ ընդգրկող ապակիի հաւաքածոյի մէջ կարեւոր են սեղանի սպասքի նմոյշները, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական ոճաւորումով առանձնացող կենցաղային առարկաները։
Հայկական Ազգագրութեան թանգարանը ունի նաեւ Կուտինայի խեցեգործութեան հարուստ հաւաքածոյ, որ նուէր է յունահայ Յակոբ Ճելալեանէն։
Թանգարանի հիմնական ցուցադրութեան մէջ ուրոյն տեղ ունի ուտեստի ցուցադրանքը։ Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են հայոց աւանդական ուտեստի համակարգին մէջ մշակուած եւ պահպանուած ազգային աւանդոյթներն ու առանձնայատկութիւնները։
Թանգարանին մէջ կը պահպանուին հայ ժողովուրդի տնտեսական հիմնական եւ օժանդակ գործերու, տնայնագործութեան ու արհեստներու դարաւոր աւանդոյթները արտացոլող աւելի քան 4500 գործիք եւ այլ առարկաներ։ Այս հաւաքածոն դիտողին պատկերացում կու տայ հայոց տնտեսական կեանքի եւ նիւթական մշակոյթի մասին։
Թանգարանին մէջ կը պահպանուի նաեւ 306 նուագարան, որոնցմէ 290-ը հայկական ժողովրդական նուագարաններ են։ Կայ 100 լարային, 159 փողային, 31 հարուածային գործիք, իսկ 16-ը՝ աշխարհի ժողովուրդներու երաժշտական գործիքներ են: Հաւաքածոյի ամենահին նուագարանները 1689 եւ 1696 թուականներով թուագրուող պղինձէ ծնծղաներն են, որոնց վրայ հայատառ արձանագրութիւններ կան։ Հաւաքածոյի զարդերը ճանչցուած են երաժիշտներու՝ Լեւոն Մատոյեանի, Գուրգէն Միրզոյեանի, Լեւոն Կարախանի, Սողոմոն Սէյրանեանի, Վաչէ Յովսէփեանի, Արամ Մերանգուլեանի, Սաշա Օկանեզաշվիլիի նուագարանները։
Կիրառական արուեստի հաւաքածոյի, աւելի քան 2000 ստեղծագործութիւններու մեծ մասը կը ներկայացնէ հայոց աւանդական մշակոյթի, ինչպէս նաեւ հայրենի երկրի ու բնութեան ոգին։
Հայաստանի ազգագրութենէն զատ, հոս ցուցադրուած են նաեւ աշխարհի ժողովուրդներու ազգագրութեան նմոյշներէն: Այդ հաւաքածոյի հիմնական մասը կը կազմեն Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ափրիկէի երկիրներու մէջ ստեղծուած փայտէ արձանիկներ, դիմակներ եւ այլ առարկաներ։ Հաւաքածոյին մէջ փոքրաքանակ առարկաներով ներկայացուած են նաեւ Ովկիանոսքի, Հնդկաստանի, Հարաւ-արեւելան Ասիոյ (Չինաստան, Ճաբոն, Վիեթնամ) ժողովուրդներու մշակոյթի տարրեր:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան