ՅՈՅՍՆ ՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄԸ՝ ՄԻՇՏ ՆԵՐԿԱՅ
Աւանդաբար տարին կը սկսինք հայ գրողներու Կաղանդի գրութիւններով՝ յուսալով, որ անցեալի մեր յիշատակները ուղենիշ կ՚ըլլան ողջ տարուան ընթացքին, եւ մեծերու իմաստալից խօսքը կրկնապէս խորհրդաւոր շուք կու տայ մեր թուացեալ անշուք կեանքին: Կեանքը այլեւս առաջուան համն ու հոտը չունի եւ, անցեալի յիշատակներու մէջ է թերեւս, որ պիտի գտնենք այդ պերճութիւնը եւ բերենք մեր օրեր: Այդ իմաստները արտայայտուած են գրողներու մանաւանդ Կաղանդի գրութիւններուն մէջ: Կաղանդի նիւթը եւ Կաղանդ պապայի կերպարը տեղ գտած են հայ գրողներէն շատերու գիրքերու մէջ: Այսօր ժպիտներ պարգեւող եւ առատաձեռն Կաղանդ պապաները անցեալին միշտ չէ, որ անհոգութիւն եւ երջանկութիւն բերած են, սակայն սպասուած եղած են եւ ծածուկ իմաստ ունեցած: Դժուար մանկութեան տխուր վերյուշերը արեւմտահայ գրողներու Կաղանդի նիւթով գրութիւններուն մէջ լաւագոյն կերպով արտացոլուած են, ուր կը տեսնենք նաեւ հոգեկան ցաւալի փլուզումներ, կեանքի տխուր դիպուածներ, բայց եղած է ապագայի հանդէպ անսահման յոյս, ինչ որ անոնք փոխանցած են այդ գրութիւններով:
Անցեալ տարիներուն տարեսկիզբի այս օրերուն տպագրած ենք, Քասիմի (Միսաք Գօչունեանի), Փայլակի (Ժագ Սայապալեանի), Յակոբ Օշականի, Վահան Թէքէեանի, Լեւոն Բաշալեանի եւ այլոց Կաղանդի գրութիւնները:
Այդ բոլորի մէջ նկատելի է, որ Կաղանդը եւ անոր առընչուող աւանդոյթները անբաժան եղած են մանաւանդ Յակոբ Օշականի պատմուածքներու մէջ: Այդ պատմութիւններով ընթերցողը աւանդոյթներէն զատ կը տեղեկանայ նաեւ աւանդական հայ գիւղի երեխաներու հոգեբանութեան, սպասումներուն, մտածումներուն եւ անոնց աչքերով դիտելով տօնը՝ կը հասկնայ շատ աւելին: Յակոբ Օշականի այս երկու պատմուածքները կը ներկայացնենք առաջին անգամ եւ կու գան լրացնելու Օշականէն մինչ այժմ տպագրած միւս Կաղանդի պատմութիւններուն շարքը:
ԿԱՂԱՆԴԻ ՀԵՔԻԱԹ
Գեղէն վեր, վախկոտութիւնը կը փախի բլուրներէն, անոնց կողերը կը լայննան ու կը հաստնան, ու անոնց գագաթի կոկիկ խորացումները կը բեկբեկին զարտուղի սլացքներէ:
Անոնք փէշերնին իրարու նետած, իրարու թեւ ինկած՝ կը քալեն, բաժնուած իրարմէ սեւ-սեւ գիծերով։ Այդ հեղեղատներուն խորը կ՚ապրին գետին բոլոր ջուրերը:
Անոնցմէ շատեր հիմա երկաթէ խողովակներուն գերութեանը տակ ստիպուած են հեռանալ ձորերուն հրապոյրներէն, գալու համար գեղ, աղտոտ քարերուն, աղտոտ լաթերուն վրայ պղտորելու իրենց արծաթ մաքրութիւնը։
Խնայուած են սակայն քանի մը աչքեր:
- Աւետումին աղբիւրը, ուր կ՚երթայ գիւղացին լուալու իր հունտը, իր մաքիին պտուկները: Չմօտեցուող խորշերու մէջ նոր հարսեր իրենց արգանդը կը թրջեն անոր պաղուկ ջուրերէն:
Խնայուած է Վիճակին աղբիւրը, գեղին շատ մօտ, ուր կը վազեն աղջիկները ծաղիկներ փետտելու, բախտ կարդալու, կաթ ու կարագ ուտելու։
Խնայուած է Կաղանդին աղբիւրն ալ, ջուրերուն ամենէն հպարտը ու ամենէն բարբարոսը։
Ան ճիշդ բլուրին մէջքին կը բանայ իր աչքը, շրջապատուած ժայռերու եւ անթափանց մացառներու զրահէն։ Քանի՜-քանի անգամներ գիւղացին կրակ է նետած հոդ՝ մէջտեղ հանելու համար այդ վայրենի աղբիւրին մարմինը։ Սակայն աներեւոյթ ձեռք մը բոցին լեզուները կարմիր փունջերու պէս իրար է կապած, յատակի կանաչին վրայ թափած, մեռցուցած է զանոնք:
Մամուռներուն տակէն ջուրի անհամար թելեր իրենց անկողինը կը փորեն, աւազի հատիկներ կը գլորեն, պզտիկ դողեր կու տան եզերքի քնացող ծաղիկներուն ու կ՚երթան վար, իրարու միանալու քարէ գուռի մը մէջ։
Ու գուռէն ջուրը կ՚իյնայ միշտ վերապահ, միշտ խրտչող ալիքներով։
Լաւ համբաւ չունի այդ աղբիւրը։ Գեղէն հեռու, լերան շուքէն շարունակ ընկճուած, քիչ անգամ արեւ գրկելուն, ան չէ ճանչցած ուխտով աղջիկներուն սարսուռը, չէ գինովցած անոնց համով-համով երգերէն, չէ պագած հողէն ելած սունկի պէս ծիծերուն մանրիկ բերանները, մոմերուն ոսկին, խունկերուն բամպակը չեն կամարած անոր վրայ։ Ու բոլոր ոտքէ հեռու տեղերուն չար անունը փակած է իր ճակտին։ Հոն արծիւներ կը մեռնին ու գազաններ կը ծնին։
*
Աւանդութիւնը անոր կը կապէ սակայն հրաշքի յիշատակներ ու զարհուրհելի մահեր։
Անոր բերնէն չես գիտեր որքան առաջ, բայց տարիին լուսնալիք իրիկունը ոսկի վազած է։ Դարձեալ տարիին լուսնալիք գիշեր, անոր ճամբուն վրայ գեղացի քաջերու կարմիր ոսկորներ տեսնուած են։
Ու այս ամէնը պատմուած կցկտուր բառերով, թերի պատկերներով, սարսափի խելայեղ հաճոյքի անցումներով պատած է լեզուէ լեզու։ Մաշած դիւցազնութիւններ, խեղդուած երջանկութիւններ իրարու յաջորդած են Կաղանդի հեքիաթներու մէջ։
Աղբիւրը միշտ երիտասարդ, միշտ վայրենի ու այլամերժ, կը մնայ սակայն միշտ ալ կենդանի ժողովուրդի հոգիին մէջ: Անոր կը հակին բոլոր խենթ երեւակայութիւնները, որոնք ոսկիին փառքը կը հեգեն իրենք իրենց:
*
Բոլոր ցիրուցան դրուագներէն հատ մը սակայն կը պատմուի տակաւին ամէն տարի Կաղանդի սեղանին շուրջը, մանաւանդ մասնակի շահեկանութեամբ մը, երբ դուրսը ձիւնն ու հովը իրարու հետ կը պլլուին։
Երիտասարդ տղայ մըն է աւանդութեան հերոսը:
Հեքիաթը տարտամ է անոր անձին շուրջը, չի գիտեր անոր անունը, աչքերուն գոյնը, բան չ՚ըսեր անոր հասակին ու լաթերուն վրայ։ Բայց աչքի ինկող կողմնակցութեամբ մը կու տայ անոր շատ մանր դիտուած նշանած մը՝ պերճ բառեր ունի աղջկան աչքերուն, մազերուն ու ֆիտանի պէս երկայն հասակին վրայ:
Կ՚ուշանայ պզտիկ մանրամասնութեանը մէջ անոր շնորհներուն. կը փայլեցնէ անոր մատները սուղ մատնիներով անոր մազերուն վրայ եռանկիւն համայիլը՝ ասոր պզտիկ ոսկիներուն պճլտուն երաժշտութիւնն անգամ նոթելով։
Հեքիաթը կ՚անցնի վար, կ՚առնէ անոր ուսերուն մարմարը, կը կաղապարէ անոր ջուխտակ ստինքները, ձիւն կը տեղայ երկու ծիծերուն հովիտին մէջ, ու կաթէ շինուած երկինքի մը պէս պատկերելէ վերջ անոր ծոցը՝ կը տխրի մէկէն, այդ երկինքին վրայ ոսկիէ մանեակի մը մահիկը աղերսելով։
Հեքիաթը քիչ-քիչ չարաճճի կը դառնայ։ Տօնին (Ծնունդ) կալերուն պարը կը բանայ մեր աչքին, աղջիկները գոյնզգոյն ծաղիկներու պէս կը փռէ ձիւնապատ կալերուն վրայ, զանոնք կը թռցնէ իրենց լաթերուն ծիածանին մէջ, իրենց ոսկիներուն լուսնկային մէջ:
Ու հեքիաթը կը ծիծաղի աղքատ երիտասարդին վրայ, որուն նշանածը ոչ ոսկի ունի, ոչ ալ Տօնի շրջազգեստ։ Դիւային է հեքիաթը, երբ երիտասարդին մտքին առջեւ կը պարզէ աղբիւրին հրաշքը, փարչերով ոսկին…
Ո՛չ մէկ բառ ձիւնին վրայ, որ ուրիշ պատմութիւններու նայելով ան տարին սկսի Ս. Յակոբէն դանդաղ, դանդաղ երերալէն, կը գոցէ քիչ օրուան մէջ տանիքներուն առուները, փողոցները ճերմակով կը պատնէ, բլուրներուն վրայ ծառերը կը թաղէ։ Ու հեքիաթը չար հեգնութիւնով մը Կաղանդ իրիկունով երիտասարդը փոխանակ մեռելտուն խթումի, շարականի ղրկելու, ճամբայ կը հանէ դէպի բլուրները, ուսին տուած փարչ մը, կէս գիշերուան ոսկիին սպասցնելու:
*
Կաղանդը կը ծնի։ Աղջիկները իրենց ոսկիները կախած՝ պուպուկ լաթերով ժամ կ՚երթան, ժամէն կը շտկին ազգականի տուներ, ձեռք պագնելու, պարգեւ դիզելու համար։ Կը պտտի անոսկի նշանածն ալ անօրինակ երիտասարդին, որ չէ դարձած աղբիւրէն:
Հեքիաթը հոս ոչինչ կ՚ըսէ տղուն վրայ, մինակ կը յիշէ Կաղանդի աղբիւրին մօտ ձիւնին մէջ խրուած փարչ մը, չուխայի մը սեւը, վարտիքի մը կապոյտը, գզգզուած ու ծուէն-ծուէն տարուած հովերէն:
Ու քանի մը ահարկու բառեր ունի, կարմրած ձիւնին վրայ, կարմիր ոսկորի կտորներ իրարմէ յափշտակելու զբաղած արծիւներու մասին, լայն-լայն կը բանայ անոնց թեւերուն կոր եռանկիւնը ու անոնց մագիլներուն խաչը արիւնոտ ձիւնին վրայ:
Հեքիաթը չի մոռնար նաեւ հեռաւոր, վայրագ ոգի մըն ալ աւելցնել պատկերին վրայ, ձիւնին մէջ կոկոզած գազաններուն եղերգութիւնը, որ հովին հետ ճիտ ճիտի կ՚երթայ հեռուները մեռնելու։
ԿԱՂԱՆԴԻ ՀԵՔԻԱԹ
Միտքս կու գայ։ Գետնէ տուն մըն էր, աւելի ճիշդը՝ հողէ մեծ սենեակ մը։ Ածուխի պէս փայլուն գերաններ իրարու կու գային մեր գլխուն վերեւ ու անոնցմէ կախ ու ծոյլ-ծոյլ իրենց վրայ դարձող սերկեւիլի ու խնձորի բոլորակները կը յիշեմ այսօրուան պէս։
Դրան մօտիկ, Կաղանդի սեղանը, իր եօթը լեցուն ամաններով։ Ու օճախին շուրջը թաղին բոլոր ինծիպէսները, ու մեր մէջտեղը հօրքուրս՝ բարի ու անուշ պառաւ աղջիկ, ճերմակ մազերով, թարթիչէ ու լոյսէ զուրկ աչքերով։
Ի՜նչ համով էր գզուըտուքը ծունկ մը տեղի համար։
Հօրքուրս պողին երկու փուլերը ամո՛ւր մը գօտիին փաթը անցուցած չորուկ մատներովը կը հսկէր իր գիրկը լեցնող պիլիթին ու պաստեղին։ Մեր շարժումներէն, մեր հեւուքէն կը հասկնար մեր հոգին, մեր անառակ տղու չարութիւնները, երբ լակոտին մէկը կատուի թաթ մը փորձէր պողին մէկ պատուած գանձին:
-Խելօք կեցէ՛ք, ատենը չեկաւ։
Գիտէինք, որ ան իրկունը մեր ամէնուն հայրերը մեռել-տուն կ՚երթային խաչ ու աղօթք ընելու, հոգու դդում ուտելու։ Մինչեւ որ հօրս չոր հազը չառնէր ախոռին խորունկէն, հօրքուրս չորուկ մատները չէր բաժներ իր գիրկէն.
-Տղա՛քս, խունկը կէս-ճամբան կը մնայ, մեռելներուն աչքը ճամբան կը պաղի ետքէն։
Ու մենք քար դնելով մեր անհամբեր փորին վրայ՝ կ՚իյնայինք իրարու հետ։ Ինծի համար անպատմելի հաճոյք մըն էր օճախին ետին իրարու վրայ շարուած կաղնիի աղուոր ճիւղերուն հետ խաղալ շարունակ, սուր երկաթով մը չարչարել կարմիր միսերը, բոց տալ փայտին վրայ գոց-կապոյտ մամուռներուն ու անոնց հոգու պէս անուշ ծաղիկներուն։ Ուրիշ մը գործ կ՚ընէր իրեն տալմապազէն կախ հողէ ամանին մէջ բամպակէ պատրոյգին քիթէն սեղմել։ Ու կրակին կայծերը կ՚երթային համբուրուիլ կանթեղին երգող ցոլքերուն հետ:
Տե՜ս հոն՝ հին բոլոր իմ ընկերները, Քուչիկը, Շիշտոն, Փախուկ Դաւիթը, Կուր-Օվնէսը։ Ի՜նչ ալ լեզուանի էր շան տղան՝ Կարմիրենց Պետիկը, երբ գլխիկը հօրքուրիս ծունկին դրած.
-Հոգեկդ ուտիմ, հօրքուրս, ա՛լ չհասա՞ւ խունկը։
Ու ամէնս մէկ կը կրկնէինք մեր աղաչանքը։
-Չէ, տղաքս, չէ։ Խելօք նստեցէք։ Ոսկիին հեքիաթը պատմեմ ձեզի։
Ու մենք ամէն տարի, ատ իրկուն մտիկ ըրած էինք արդէն Ոսկիին հեքիաթը: Բայց հօրքուրս պատմելու ձեւ ունէր։ Մեր անհանգիստ շարժումները քիչ-քիչ կը մեղմանային, մեր քիթերը դրած հօրքուրին արգելափակ գանձին վրայ կը սպասէինք։
*
Ինծի կու գայ, թէ հօրքուրիս հեքիաթը պատահած էր շատ առաջները, երբ գեղին մէջ մեր գիտցած տուներն ու մարդերը չէին եղած։
Այն ատեն մեր տան տեղը խոշոր լեռ ըլլալու էր։ Ու հօրքուրս գլուխը վեր առած իբր թէ մատովը ցոյց կու տար սեւցած գերանները, որոնք գեղին մօտիկէն, Ծմակէն բերուած էին:
Բայց Սուրբի աղբիւրին վերօք, Պսակուած-Քարին կուշտիկը շատ պզտիկ հիւղակի մը խօսքը կ՚ընէր ան:
Ու մենք գոց գիտէինք Մեծ-Քարը, որ մինչեւ մեր օրերը կը կենար հոն։ Ի՜նչ խոշոր էր։ Սարին մէկ երեսը լման կը բռնէր անոր հասակը:
Հիւղակին հետքն անգամ կերած էին տարիները: Բայց հօրքուրս խաչով ու պատարագով երդում կը հանէր բերնէն, թէ Գափիկանց մայրին, պատկառելի ծառ մը, որ խնայուած է գեղացիէն, բուսած էր ճիշդ ու ճիշդ տանը տեղը այն աղջկան, որուն փարչը ոսկի վազած էր։
Այդ ահարկու քարերուն սիրտին մէջ հիւղակը կար հին օրերուն, հոն կ՚ապրէին մինակուկ, աշխարհքին չարերէն հեռու քոյր մը ու աղբար մը:
Հօրքուրս ամէն տարի չէր մոռնար աղջկան ոսկի մազերը երկնցնել մինչեւ անոր կրունկները։ Այնպէս աղուոր ալ կու գար։ Ու հօրքուրս գովեստ ունէր անոնց կարմիր աքլորին, խելօք այծին, որ դունչիկը տուած օճախի շեմին՝ հանդարտ-հանդարտ կ՚աղար իր ակռաներով։
Ու կը նկարագրէր ան շատ համով Կաղանդի իրկուն մը, երբ մեռել-տուն երթալ չկար, ու պաստեղ ու շարոց ուտելու համար այսպէս ժամերով հոգի չէին քակեր պզտիկները։ Մեզի ի՜նչ փոյթ, թէ անոր գիշերին մէջ, դուրսը, հովն ու անձրեւը, ձիւնն ու ցուրտը իրարու ետեւէ կ՚իյնային։
Ու կը պատմէր։ Ան հովերուն թեւ կու տար, ամպերուն՝ ձայն ու կրակ։ Անոր անձրեւը խելօք ու նիհար անձրեւը չէր հիմկու օրերուն, անոր հեղեղը ձորակին մէջ առասպելի դեւերուն չափ ուժով կը պոռար։ Ի՜նչ անուշ էին բառերը, որոնք աղջկան բունը կը տեսցնէին մեզի։
Մինչեւ հոդ պատմութիւնը հանդարտ էր։ Մենէ շատեր իրենց ականջը կը յատկացնէին ախոռին հասնելիք հազին, կամ կ՚աշխատէին հօրքուրին կոյր հսկողութիւնը խաբել։
Բայց յանկարծ հեքիաթին մէջ այծին բոժոժը՝ մեղմ՝ կը հնչէր։ Կենդանին երկու տոտիկներուն վրայ կը շտկէր մեղմով։ Հիւղակին դուռը կը զարնէին։
Ամէնքս ալ ինքնաբերաբար պարտաւորուած էինք պատմուածքին հետեւելու:
Աղջիկը կ՚ելլար պառկած տեղէն, օճախին մէջ անթեղուած կրակին վրայէն մեկդի կ՚առնէր մոխիրին հաստ խաւը։ Մութին մէջ կարմիր ճառագայթում մը աղջկան դէմքին վրայ կը ցաթէր։ Ու Աստուծոյ մը վայելող անվախութեամբ մը ան կ՚երթար դուռը բանալու:
Մեր վրայէն սոսկում կ՚անցնէր անպայման, երբ դուռին առջեւ փառաւոր ձիու վրայ նստած փառաւոր երիտասարդ մը կ՚ըսէր աղջկան.
-Աղուոր աղջիկ, թրջեր եմ անձրեւէն, ինծի ներս կ՚առնե՞ս:
Ու աղջիկը ներս կ՚առնէր տղան։ Կրակին շուրջի փայտերը կը մէկտեղէր։ Բոցը կը լուսցնէր հիւղակը ամբողջ։ Ու բոցը կը խաղար քնացած աղբօրը երեսին վրայ ու կը կոտրտուէր այծին անուշ աչքերուն մէջ։
Աղջիկը կը հանէր անոր թրջած լաթերը, կը չորցնէր բարակ կրակին դէմ, հաց ու ընկոյզ կը բերէր երիտասարդին առջեւ: Մինչ դուրսը անոր ձին դաշնաւոր ձեւով մը սմբակները շեմին կը զարնէր։
-Աղուոր աղջիկ, ջուր ալ կու տա՞ս։
Աղջիկը կ՚երթար փարչին մօտ, ոտքին վրայ առած՝ կը ծռէր զայն՝ փայտէ գուշին մէջ ջուր լեցնելու համար:
Մենք շատ լաւ գիտէինք փարչին պարապ ըլալը։
Հօրքուրս կը կենար հոդ՝ մեզի հարցնելու համար.
-Հիմա ի՛նչ ընել։
Ու կրկնուած բառերով ան կը նկարագրէր անձրեւին սաստկութիւնը, քարէ ճամբայէն ոռնալով թռչող ջուրին կատաղութիւնը, գիշերուան զարհուրհելի սեւութիւնը, ուր կրնաս մատդ աչքդ խոթել ու չտեսնել ըրածդ։ Աղբիւրը, Սուրբին աղբիւրը գիշերով գտնել ո՛ր քաջին գործն է, նոյնիսկ հիմա, երբ գեղացին ապառաժէն վար ճամբայ է քակած։
Մենք լուռ էինք:
Հօրքուրս ժպիտով մը փարչը շալակը կու տար աննման աղջկան, զայն աղբիւր կը ղրկէր խուշի պէս թռցնելով, որպէսզի տան հիւրը չնեղուի ծարաւէն։
Երիտասարդը նստած կ՚ըլլար, աղբարը միամիտ քնացած։
Ու ջուրին ձայնը գլգլ կը հնչէր փայտէ գաւաթին մէջ ու աղջիկը ձեռք կ՚առնէր զայն բերելու երիտասարդին, երբ յանկարծ աքաղաղը՝ թափ տալով թեւերուն՝ կէս-գիշերուան երգը կը պոռար։
Մեր կռնակէն պաղ բան մը մեր սիրտերը կը զարնէր, երբ աղջկան առջեւէն երիտասարդը կը հալէր ու հով կ՚ըլլար ձիուն հետ։
Ու որքան հմայուած կ՚ըլլայինք, երբ առանց գիտնալու բոլորս մէկ.
-Վա՜շ…
Կը պոռայինք աղջիկին հետ, որ փայտէ գաւաթը կրակին մօտ դրած ատենը ջուրը ոսկի դարձած կը տեսնէր:
Ու հօրքուրս կը պարզէր փարչը ամբողջ, ու անոր նեղկուկ բերանէն խոշոր-խոշոր, կլոր-կլոր ոսկիները իրարու հետ իյնալէն կը թափէին իր ոտքին։
Քիչ չանցած՝ հօրս հազը կը լսէինք ախոռէն:
Հօրքուրս հազիւ կը յաջողէր մեր անհամբերութիւնը զսպել, չորուկ մատները կը քակէր գանձին վրայէն, մէկ ձեռքը պողին ճեղքէն ներս խոթելով կ՚առնէր իւրաքանչիւրին բաժինը, ու՝
-Բարի Կաղանդ, Աստուած ամէն տարի հասցնէ աս օրին, ըսելով կը կենար։
Առաջ անցնելու կռիւը, իրար հրելու խենթութիւնը վերջ կ՚առնէր մէկէն, երբ հօրս հասակը շուքի մը պէս գծուէր կէս-բացուած դրան մէջ։
Ու կարգով կը մօտենայինք հօրքուրիս չորուկ ձեռքին ու կը պագնէինք զայն հաճոյքով։
Ու ամենէն վերջը երկիւղած յարգանքի մը մէջ կը տեսնայինք հայրս, որ հին գտակը հանած գլխէն՝ ծունկի կու գար պառաւին առջեւ պագնելու անոր երկու ձեռքերը։
-Մեծնա՛ս, Աստուած զաւակներուդ թագ ու պսակին հասցնէ։
Ու Հօրքուրիս ձայնը այս անգամ դողացող, յուզուած բան մը կը կաթէր իր մէջէն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան