Մարդը՝ Նախքան Արհեստագիտութիւնը
Անշուշտ, որ այլեւս կարելի չէ պատկերացնել աշխարհը՝ զուրկ արհեստագիտական բարիքներէ, սակայն այս մարզի մասնագէտները այժմ կը պատկերացնեն տասնամեակ մը, կամ քսանամեակ մը ետք արհեստագիտական բարիքներով առաւելագոյնս օժտուած աշխարհ մը: Կենսական է, որ այս բոլորին մէջ հիմնական արժէքը կը մնայ ՄԱՐԴԸ իր հնարամտութեամբ՝ իբրեւ հիմնաքարը արհեստագիտական նորանոր նուաճումներու:
*
«5 ՃԻ» (5G)-ՈՎ ՕԺՏՈՒԱԾ ԱՇԽԱՐՀ ՄԸ Ի՞ՆՉ ԲԱՆԻ ՊԻՏԻ ՆՄԱՆԻ
Ձեր սմարթֆոնը աւելի արագ հաղորդակցութեան կապ պիտի ունենայ վստահաբար: Բայց ատիկա պարզապէս երեւութական բաժինն է, «5 Ճի»-ն ի՛նչ բանի կրնայ ունակ ըլլալ: Անթել հաղորդակցութեան ճարտարագիտութեան մէջ ամէն ոք համաձայն է, որ մինչեւ տասնամեակին աւարտը «5 Ճի»ն տրամադրելի կ՚ըլլայ:
Բայց ատիկա ի՞նչ բանի պիտի օգտագործուի: Հարցումը տակաւին օդին մէջ կը մնայ:
«Նոքիա» ընկերութիւնը վերջերս տեղեկութիւններ հրապարակեց ծրագիրի մը մասին՝ մանրամասնութիւններ ներկայացնելով «5 Ճի»ի իր տեսլականին վերաբերեալ: «Նոքիա»ի «5 Ճի»ի նախատեսութիւնը կը ներառէ քանի մը զարմացնող կարողութիւններ. «5 Ճի»ն ինքնաշարժ վարելը աւելի ապահով պիտի դարձնէ, ակնթարթային կրկնանկարները (replay) աւելի ակնթարթային պիտի ընէ, եւ բժիշկները վիրաբուժութեան ընթացքին պիտի օգտագործեն անթել կառավարուող մարդամեքենաներ…
Եւ, այո՛, «5 Ճի»ն աւելի արագ պիտի ըլլայ:
ԱՒԵԼԻ ԱՐԱԳՈՒԹԻՒՆ
«Նոքիա»( Nok), որ նպատակադրած է «5 Ճի»ի աշխարհի ամենէն մեծ դերակատարներէն մէկը ըլլալ, կը պնդէ, որ ինք փորձարկած է «5 Ճի»ի կապը՝ երկվայրկեանի մը մէջ ներբեռման 30 «ճիկապայթ» արագութեամբ: Ատիկա 1000 անգամ աւելի է, քան՝ ձեր միջին «4 Ճի» կապը:
Իրական աշխարհի մէջ շատ քիչ կարելիութիւն կայ, որ ձեր հեռաձայնը այդքան արագութիւն ունենայ: Ծառեր, շէնքեր, ձեր հեռաւորութիւնը բջիջային աշտարակէն եւ ձանձրացող այլ յաճախորդներ, որոնք կը փորձեն օգտագործել ցանցը, կտրուկ կերպով պիտի դանդաղեցնեն այն արագութիւնը, որուն «Նոքիա» կրցած է հասնիլ գիտաշխատանոցի մը մէջ:
Այդուհանդերձ, անթել ճարտարարուեստի մասնագէտները կը կարծեն, որ «5 Ճի»ն իսկապէս արագ պիտի ըլլայ. 10-100 անգամ աւելի արագ, քան՝ «4 Ճի»ն: Այս արագութեան շնորհիւ աւելի յաճախորդներ կարելիութիւնը պիտի ունենան միաժամանակ հաղորդակցիլ՝ ցանցին տալով աւելի հզօրութիւն եւ հաղորդակցութիւնները, կապերը աւելի վստահելի դարձնելով բջիջայինի բաժանորդներուն համար:
ՏԵՍԱՆԻՒԹԻ ԲԱԶՄԱԿԻ ՍՓՌՈՒՄ
Մարզական խաղավայրերուն մէջ տեղադրուած են հսկայ պաստառներ, դաշտէն բաւական հեռու հատուածին մէջ գտնուող-ներուն համար: Բայց ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, եթէ դուք մրցումը կամ համերգը ուղղակի, նոյն պահուն դիտէք ձեր բջիջայինին վրայ: Դուք նոյնիսկ կրնաք նոյն ակնթարթին կրկնախաղը (replay) դիտել: Եւ տեսանիւթը կ՚ըլլայ ցնցող «4 քէյ, շուրջ չորս անգամ «Ւհ Տի»էն աւելի յստակ: Եւ ասիկա կարելի պիտի դառնայ «5 Ճի» ցանցով, կը հաւատայ «Նոքիա»:
ԻՆՔՆԱԿԱՌԱՎԱՐՈՒՈՂ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐ
Այսօրուան ինքնակառավարուող վարորդական փորձի ինքնաշարժները կ՚աշխատին անթել ցանցերով:
Ի յայտ եկած խնդիր մըն է յապաղումին չափը, կամ ուշացումը, ինքնաշարժին «սենսըր»ին եւ տեղեկութիւն ուղարկող կեդրոնին միջեւ:
Երբ ինքնակառավարուող ինքնաշարժները իրականութիւն դառնան, ատոնք պէտք է բացայայտեն խոչընդոտ մը եւ անմիջապէս հաղորդեն տուեալներու կեդրոնին եւ սարքէն անյապաղ ստանան հրահանգներ: Հակառակ պարագային ինքնաշարժը կրնայ արկածի ենթարկուիլ:
«5 Ճի»ի ամենէն մեծ խոստումներէն մէկն է աննշան յապաղումով մնայուն հաղորդակցութեամբ օժտել առանց վարորդի ինքնաշարժները: Ատիկա կտրուկ կերպով կրնայ բարելաւել ինքնաշարժին անվտանգութիւնը եւ նուազեցնէ խճողումները:
ՑԱՆՑՈՒԱԾ ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՆԵՐ
Վիրաբուժութիւն կատարող մարդամեքենայ-սարքերը կրնան բժիշկներուն համար շատ օգտակար գործիքներ ըլլալ: Բայց ատոնք պէտք է արձագանգեն ճիշդ ժամանակին, ճիշդ բժիշկին հրահանգած ատեն: Նոյնը կը վերաբերի այն մարդամեքենաներուն, որոնք ճարտարարուեստի մարզին մէջ կը կատարեն բարդ հրահանգներ, որոնք այլ սարքերու հետ ակնթարթի մը մէջ պէտք է հաղորդակցին:
«5 Ճի»ի առաւելութիւններուն շնորհիւ՝ ցանցուած մարդամեքենաները ապագային պիտի կատարեն աւելի բարդ աշխատանք, կ՚ըսէ «Նոքիա»:
«ՎԻՐՉՈՒԸԼ» ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Երբ դուք կ՚անցընէք վիրչուըլ իրականութեան դիմակը, դուք այլ մարդոց հետ կրնաք «մտնել» վիրչուըլ աշխարհը: Դուք կրնաք հաղորդակցիլ անոնց հետ, տեսախաղերու մասնակցիլ անոնց հետ եւ նոյնիսկ ափ-ափի վիրչուըլ հարուածել: «Նոքիա» կը հաւատայ, որ «5 Ճի»ով, վիրչուըլ իրականութիւնը օգտագործողները «պիտի կարենան համագործակցիլ այնպէս մը, որ կարծես անոնք ֆիզիքական նոյն վայրին մէջ կը գտնուին»: Ատիկա կրնայ մուտք գործել տեսախաղերու եւ հեռաւոր համագործակցութեան նոր դարաշրջան մը:
«5 Ճի»ն ծնունդ պիտի տայ մարդկային կարելիութիւններու յաջորդ հանգրուանին՝ բերելով գրեթէ ամէն բանի մեքենական ինքնագործումը», ըսաւ Մարկոս Ուելտոն, «Նոքիա»ի գլխաւոր ճարտարագէտը: Ան աւելցուց. «Այս մեքենական ինքնագործումը, պայմանաւորուած ատակ, անտեսանելի ցանցով մը, պիտի ստեղծէ առեւտրական նոր ասպարէզներ, նոր ծառայութիւններ, եւ ի վերջոյ՝ աւելի ազատ ժամանակ մարդոց համար»:
ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԵՂՄԱՑՆԷ ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՑԱՒԵՐԸ ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԳԱՂԹԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ
Հազարաւոր փոշոտ կրպակներ եւ տնակներ. սկիզբը չես խորհիր, որ այդ տեղը յարմար վայրն է, ուր արհեստագիտութիւնը կրնայ բարգաւաճիլ: Բայց Սուրիոյ սահմանին մօտ գտնուող Յորդանանի Զաաթարի գաղթակայանը կը հիւրընկալէ այդ մարզին մէջ կենսունակ հաւաքականութիւն մը:
Գաղթակայանին մէջ այժմ կը բնակին աւելի քան 80 հազար սուրիացիներ, որոնք խոյս տուած են պատերազմէն: Հակառակ աներեւակայելի դժուարութիւններուն, որոնց բախած է մեծամասնութիւնը, նախաձեռնութեան կենսունակ ոգի մը կայ հոն: Գաղթակայանի գլխաւոր փողոցը կը կոչ-ւի Շամ Էլիզէ, որ Շամ (Դամասկոս) եւ փարիզեան Շան զ՚Էլիզէ անուններուն բառախաղն է: Փողոցին մէջ շարուած են հարիւրաւոր կրպակներ, ուր ամէն բան կայ՝ հարսանեկան հագուստներէն մինչեւ բջիջային հեռաձայններու նորոգութիւն: Այս փողոցին մէջ մենք հանդիպեցանք հաշմանդամ հնարիչ Սաուֆան Հարպի, որ երեք տարիէ կը բնակի Զաաթարիի մէջ: Ան Սուրիայէն խոյս տուած է ընտանիքին երկու անդամներուն հետ, որոնք նոյնպէս հաշմանդամ են:
Սաուֆան երբ առաջին անգամ հասաւ, սկիզբը դժուարութիւն ունեցաւ բնակելու գաղթակայանին մէջ, ուր փողոցները ասֆալտապատուած չէին եւ ինք չէր ուզեր ապաւինիլ մարդոց, իր հաշմանդամի աթոռը հրելու կամ զինք շալկելու համար:
Սաուֆան իր եղբօրը հետ քննարկեց գաղթակայանին մէջ գտնուող փոխնորդ կտորներով ելեկտրական հեծանիւ մը ստեղծելու կարելիութիւնը: Տեղական զօդող մեքենայի մը օգնութեամբ իր ծրագիրները կեանքի կոչուեցան:
«Քանի որ ես հաշմանդամ եմ, ստիպուած եմ ստեղծագործ ըլլալ եւ գտնել ուղիներ, որոնք կ՚օգնեն ինծի կարելի եղած չափով դիւրին ապրելու իմ կեանքս, ըլլայ ատիկա Սուրիոյ մէջ կամ հոս, նոյնն է», կ՚ըսէ Սաուֆան: «Մարդիկ սկիզբը կը զարմանային, երբ գաղթակայանին մէջ այսպիսի հեծանիւ մը կը տեսնէին: Անոնք այսպիսի բան մը նախապէս բնաւ չէին տեսած: Ոմանք հաւնեցան, ուրիշներ զարմացան», կ՚աւելցնէ ան:
Անշուշտ գաղթակայան ապաստանածներուն համար արհեստագիտութիւնը մատչելի դարձնելու բազմաթիւ պատնէշներ կան: Ելեկտրական հոսանքը գաղթակայանին մէջ օրական միայն 12 ժամ կը տրուի, եւ դրամը անբաւարար է:
Սաուֆան կ՚ուզէ իր ճարտարագիտական հմտութիւնները աւելցնել ակադեմական դասընթացքներով: «Եթէ կարելի ըլլայ, ես կ՚ուզէի արհեստագիտական ճիւղ մը ուսանիլ, որովհետեւ ես գաղափարներ ունիմ, բայց ուսումը անհրաժեշտ է: Ես այլ գաղափարներ ունիմ, բայց աջակցող չունիմ: Նոյնիսկ ամենէն պարզ գաղափարը իրականացնելու համար որոշ գումարի մը կարիքը կայ», կ՚ըսէ Սաուֆան:
ԲՋԻՋԱՅԻՆ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐԻՔ՝ ԱՂԷՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՓՐԿԱՐԱՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ
Երբ պատերազմը կամ բնութեան աղէտները ամբողջ աշխարհին մէջ քանդումներ կը պատճառեն, եւ միլիոնաւոր մարդիկ տեղահան կ՚ըլլան կամ անօթեւան կը մնան, հաղորդակցութիւններն ու հոսանքի ենթակառոյցները յաճախ վնասուած կամ անգոյ կ՚ըլլան: Սակայն մարդիկ անպայման կ՚ուզեն իրենց հարազատները տեղեակ պահել, թէ իրենք ապահով են եւ կ՚ուզեն գիտնալ, թէ ի՛նչ կը պատահի:
«Մարդիկ երբ կը հասնին գաղթակայան՝ ամենէն առաջ կը հարցնեն, թէ ո՞ւր կրնան լիցքաւորել իրենց բջիջային հեռաձայնները, եւ թէ՝ արդեօք համացանցի միացում կա՞յ», կ՚ըսէ ՄԱԿ-ի Գաղթականներու գոր-ծակալութեան մէջ նորարարութեան մասնագէտ Ճոն Ուարնս՝ աւելցնելով. «Ասոնք մարդոց համար յաճախ աւելի կարեւոր կը թուին, քան՝ սննդամթերքն ու ջուրը»:
Բարեգործական միութիւններու եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու համար սննդամթերքի, պատսպարանի եւ դեղօրայքի ապահովումն ու դասաւորումները նոյնիսկ աւելի կը դժուարանան՝ առանց պատշաճ հաղորդակցութեանց միջոցներու: Ուրեմն, ճարտարագիտական շարք մը ընկերութիւններ նոր փորձերու նախաձեռնած են այս մարտահրաւէրին դիմաց:
Մինչ ճարտարագիտութիւնը առանձին չի կրնար արգելք հանդիսանալ տառապանքին, որ անխուսափելիօրէն կը յաջորդէ բնութեան կամ մարդոց պատճառած աղէտներուն, ատոր աւելի լաւ օգտագործումը առնուազն կրնայ բարելաւել կառավարութիւններու եւ փրկարար գործակալութիւններու արձագանգը՝ որոշ ինքնավարութիւն մը վերադարձնելով մարդոց, որոնք արդէն գրեթէ ամէն բանէ զրկուած են:
«ԱՆՏՐՈՅՏ 6.0»Ը ԿՐԿՆԱՊԱՏԿԵՑ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ՄԷՋ ԻՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Ամսուան մը ընթացքին կրկնապատ-կըւած է քանակը այն սարքերուն, որոնց վրայ «ՕՍիԱնտրոյտ Մարշմալլօ» տեղադ-րըւած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՍիՆեթ» (CNet):
«ՕՍիԱնտրոյտ Մարշմալլօ» համակարգի հրապարակումը տեղի ունեցած էր Նոյեմբեր 2015-ին, եւ աւելի քան չորս ամսուան ընթացքին ատիկա կրցած էր տեղադրել բոլոր «Անտրոյտ» սարքերու տէրերու միայն 2.3 առ հարիւրը: Այս տուեալները հրապարակուած են Մարտ ամսուան սկիզբը:
Այդուհանդերձ, ամսուան մը ընթացքին նոր համակարգը օգտագործողներուն թիւը կրկնապատկուած է՝ հասնելով 4.6 առ հարիւրի նիշին: «Կուկըլ» տուեալները կը ստանայ՝ վերլուծելով այն սարքերը, որոնցմէ օգտատէրերը մուտք կը գործեն «Կուկըլ փլէյ»: Համակարգի ամենէն ժողովըր-դական վարկածը առայժմ կայուն կը մնայ «Անտրոյտ Լոլիփոփ»ը:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ»